Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­Խոր ծե­րու­թեան մէջ, իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է ­Թուր­քիոյ յետ-պա­տե­րազ­մեան ար­ձա­կի վար­պե­տը՝ Եա­շար ­Քե­մալ:

Ազ­գու­թեամբ քիւրտ այս պատ­կա­ռե­լի ար­ձա­կա­գի­րը իր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան քան­քա­րը նո­ւի­րա­բե­րեց թրքա­կան ներք­ նաշ­խար­հի բա­ցա­յայտ­ման գոր­ծին: Իր վէ­պե­րը կը խօ­սին հո­գե­բա­նա­կան դա­ժան հա­կա­սու­թիւն­նե­րու մէջ բռնո­ւած այն պարզ մար­դոց մա­սին, ո­րոնք հա­լա­ծո­ւած են ի­րենց ճա­կա­տա­գի­րէն եւ չար­չա­րա­գին ճի­գե­րով կը փնտռեն ել­քը…

Իր հե­րոս­նե­րը ժա­ռան­գած են այն գիւ­ղաշ­խար­հը, ո­րուն վրա­յէն ան­ցած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան սեւ ստո­ւե­րը եւ ա­հա­ւա­սիկ սե­րունդ­ներ ետք ժա­մա­նա­կը կը մեր­ժէ սրբել մար­դոց կեան­քէն գոր­ծո­ւած մեծ ո­ճի­րին ա­նէծ­քը: ­Մար­դիկ կ­՛ապ­րին այդ ա­նէծ­քը ա­մէն օր ան­ծայր տգի­տու­թեան մէջ մշտնջե­նա­ւո­րե­լով ի­րենց յո­ռի բար­քե­րը եւ հա­ւա­քա­բար ամ­րագ­րե­լով դա­սա­կար­գա­յին շա­հա­գոր­ծու­մի այն դժո­խա­յին մե­քե­նան, որ կը ղե­կա­վա­րէ ի­րենց կեան­քե­րը:

Եա­շար ­Քե­մալ կը գրէ մեծ մարդ­կայ­նու­թեամբ եւ կա­րեկ­ցան­քով: Ան մէկ-մէկ կը յի­շեց­նէ իր ըն­թեր­ցո­ղին, որ այս հո­ղե­րը ու­նէին ի­րենց հա­րա­զատ տէ­րե­րը, շի­նա­րար մէկ ժո­ղո­վուրդ՝ որ վա­ղուց դադ­րած է ապ­րե­լէ հոս…

Ո՞ւր գա­ցին ա­նոնք՝ կ’ըլ­լայ յա­ջորդ եւ ան­խու­սա­փե­լի հար­ցու­մը՝ ա­ռանց յստակ պա­տաս­խա­նի: ­Կը պար­զո­ւի, որ իր հե­րոս­նե­րը նաեւ զրկո­ւած են այս ա­ռու­մով. ա­նոնք չու­նին պատ­մա­կան յի­շո­ղու­թիւն եւ ստի­պո­ւած են կրել այս ծանր բե­ռը:

Եա­շար ­Քե­մա­լի վէ­պե­րուն ըն­թեր­ցու­մը ին­ծի յի­շե­ցու­ցած է Թլ­կա­տին­ցիի գրա­կա­նու­թիւ­նը: ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զոհ՝ Թլ­կա­տին­ցին ապ­րե­ցաւ իր գա­ւա­ռա­կան ան­խա­թար հո­գիով, դաս­տիա­րա­կեց սե­րունդ­ներ ­Խար­բեր­դի իր դպրո­ցի յար­կին տակ եւ ա­նոնց շար­քե­րէն հրա­պա­րակ ի­ջան բազ­մա­թիւ շնոր­հա­լի գրա­գէտ­ներ, ինչ­պէս ­Ռու­բէն ­Զար­դա­րեան (իր կար­գին՝ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զոհ): Թլ­կա­տին­ցի նաեւ մեծ ար­ձա­կա­գիր մըն էր ան­սէ­թե­ւեթ եւ հա­մեստ պատ­մո­ղի իր դիր­քե­րէն: Իր պատ­մո­ւածք­նե­րը չեն ի­տէա­լա­կա­նաց­ներ գա­ւա­ռի կեան­քը: Ա­նոնց խստամ­բեր մթնո­լոր­տը ի­րա­կան հա­յե­լին է գա­ւա­ռի հա­յոց կեան­քին: Եա­շար ­Քե­մա­լի վէ­պե­րը իւ­րա­յա­տուկ ձե­ւով կը շա­րու­նա­կեն տա­րեգ­րու­թիւ­նը մարդ­կա­յին այն ի­րա­կա­նու­թեան, ո­րուն բա­բա­խուն վկա­յու­թիւ­նը կ­՛ապ­րի Ա­րեւմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թեան է­ջե­րուն մէջ: Եա­շար ­Քե­մալ կու տայ միւս ե­րե­սը գա­ւա­ռին: Ան կու տայ թուր­քե­րու «վե­րապ­րող» գա­ւա­ռին բնու­թա­գի­րը ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն տաս­նա­մեակ­ներ ետք՝ ան­պատ­մե­լի իր նե­րանձ­նու­թեամբ, կնճիռ­նե­րով եւ տա­ռա­պան­քով: Եա­շար ­Քե­մա­լի ժա­մա­նակ­նե­րը շատ ա­ւե­լի ան­թոյ­լա­տու էին քան այ­սօր եւ ան ե­ղաւ ա­ռա­ջին ձայ­նե­րէն մէ­կը իր ընդվ­զու­մը բարձ­րա­ձայ­նող:

Կա­րօ Ար­մե­նեան