Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­Ան­ցեալ տա­րո­ւան Օ­գոս­տո­սին իմ գրած խմբագ­րա­կա­նիս մէջ նա­խազգու­շա­ցու­ցած էի, որ ա­մե­րի­կա­հայ հա­մայն­քը եւ բա­րի կամ­քի տէր բո­լոր մար­դիկ պոյ­քո­թի կ’են­թար­կեն «Էն­հայ­զըր պուշ», «­Պո­յինկ», «­Շեւ­րոն», «Էն­թըրփ­րայս ռենթ է քար», «­Ճե­նը­րըլ է­լեքթ­րիք», «­Կոլտ­մըն սաքս», «­Կուկլ», ­Լոս Ան­ճե­լը­սի օ­դա­կա­յան, ­Ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին լի­կայ, Օք­լըն­տի նա­ւա­հան­գիստ եւ «Եու­նայ­թըտ էյր­լայնս» ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու ապ­րանք­ներն ու ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը, ե­թէ ա­նոնք չե­ղեալ չհա­մա­րեն ի­րենց պայ­մա­նա­գիր­նե­րը ­Թուր­քիոյ տխրահռ­չակ լո­պիա­կան վար­ձու ըն­կե­րու­թիւն­նե­րէն մէ­կուն` «­Կեփ­հարթ կրուփ»-ի հետ:

­Ճա­կա­տա­գի­րի հեգ­նան­քով, ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու տան մե­ծա­մաս­նու­թեան նախ­կին ղե­կա­վար ­Տիք ­Կեփ­հարթ ­Քոնկ­րե­սին մէջ իր եր­կա­րա­տեւ գոր­ծու­նէու­թեան ըն­թաց­քին պայ­քա­րած է ի նպաստ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման: ­Սա­կայն պաշ­տօ­նա­թո­ղու­թե­նէն շատ չան­ցած` ան դար­ձաւ հայ­կա­կան հար­ցե­րու մո­լի հա­կա­ռա­կորդ` դրամ աշ­խա­տե­լով ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թրքա­կան ժխտում­նե­րէն: ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան փաս­տա­թուղ­թե­րը կը բա­ցա­յայ­տեն, որ «­Կեփ­հարթ կրուփ»-ին վճա­րո­ւած է տա­րե­կան 1.4 մի­լիոն տո­լար` Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ ­Թուր­քիոյ շա­հե­րը յա­ռաջ քշե­լու հա­մար:

Ըստ «Օ­տա­րերկ­րեայ գոր­ծա­կալ­նե­րու ար­ձա­նագր­ման մա­սին» օ­րէն­քին, ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւն «­Կեփ­հարթ կրուփ»-ի ներ­կա­յա­ցու­ցած փաս­տա­թուղ­թե­րը ցոյց կու տան, որ ­Կեփ­հար­թը եւ ա­նոր գոր­ծըն­կեր­նե­րը ան­ցեալ տա­րի հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցած են ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու տան եւ ծե­րա­կոյ­տի տաս­նեակ ան­դամ­նե­րու հետ` աշ­խա­տանք­ներ տա­նե­լով ընդ­դէմ. 1) ­Քոնկ­րե­սի բա­նա­ձե­ւե­րու` ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ ­Թուր­քիոյ կող­մէ քրիս­տո­նէա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րը վե­րա­դարձ­նե­լու վե­րա­բե­րեալ, եւ 2) բա­ցա­յայ­տում­նե­րու, թէ ­Թուր­քիա ա­ջակ­ցած է իս­լա­մա­կան ժի­հա­տա­կան­նե­րուն` ­Սու­րիոյ հա­յաբ­նակ ­Քե­սապ քա­ղաք ա­նոնց ներ­խուժ­ման ժա­մա­նակ:

Ա­ւե­լի նող­կա­լի է, որ ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան փաս­տա­թուղ­թե­րը ցոյց կու տան, թէ ինչ­պէս 2014 թո­ւա­կա­նի Ապ­րիլ 24ի նա­խօ­րէին ­Կեփ­հար­թի գոր­ծըն­կեր ­Ճա­նիս Օ’քա­նը­լը կապ հաս­տա­տած է Ս­պի­տակ տան Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վար Պ­րայն ­Մաք­քէը­նի եւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի օ­րէնսդ­րա­կան հար­ցե­րով տե­ղա­կա­լի օգ­նա­կան ­Չատ Ք­րայ­քե­միը­րի հետ, որ­պէս­զի ձե­ւա­փո­խէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ նա­խա­գահ Օ­պա­մա­յի ա­մէ­նա­մեայ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը` ­Թուր­քիոյ վար­չա­պետ Էր­տո­ղա­նի խե­ղա­թիւ­րո­ւած եւ կեղ­ծա­ւոր նե­րո­ղու­թե­նէն ետք, զոր ան յայտ­նած էր Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ Ա. ­Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րու բո­լոր զո­հե­րուն հա­մար:

Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան փաս­տա­թուղ­թե­րը նաեւ կը բա­ցա­յայ­տեն, որ ­Կեփ­հար­թը եւ Օ’քա­նը­լը  3 ­Մարտ 2014ին «Թր­քա­կան օ­դու­ղի­նե­րով» մեկ­նած են ­Պո­լիս եւ Ան­գա­րա` ­Թուր­քիոյ ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խորհր­դա­կա­նի հետ հան­դի­պե­լու նպա­տա­կով: ­Կեփ­հար­թը ­Պո­լիս եւ Ան­գա­րա մեկ­նած է ­Փա­րի­զէն` եր­թու­դար­ձի հա­մար ծախ­սե­լով 1513 տո­լար, իսկ  Օ’քա­նը­լը ­Պո­լիս եւ Ան­գա­րա մեկ­նած է Ո­ւա­շինկ­թը­նէն` ծախ­սե­լով 6986 տո­լար եր­թու­դար­ձի հա­մար: Եր­կու լո­պիստ­նե­րը ե­րեք օր գի­շե­րած են ­Պոլ­սոյ «­Կան­րատ» պան­դո­կին մէջ, եւ իւ­րա­քան­չիւ­րին ծախ­սը կազ­մած է 710 տո­լար: ­Թուր­քիոյ մէջ գտնո­ւած ա­տեն ա­նոնք ծախ­սած են 600 տո­լար` լի­մու­զին­նե­րու ծա­ռա­յու­թեան վրայ:

Ան­ցեալ ա­միս Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խում­բը, Ա­մե­րի­կա­յի հայ­կա­կան հա­մա­գու­մա­րը եւ ­Հայ ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թիւ­նը (Ա­րե­ւե­լեան եւ Ա­րեւմ­տեան ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ) ա­ւե­լի քան 200 նա­մակ ու­ղար­կած են «­Կեփ­հարթ կրուփ»-ին եւ ­Թուր­քիոյ հա­մար աշ­խա­տող չորս այլ լո­պիա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու` «­Տիքս­թէյն շա­փի­րօ» ՍՊԸի, «Կ­րին­պըրկ թրո­րիկ», «Ալ­փայ­թակ» եւ «­Մի­ջազ­գա­յին ԼՊ» յա­ճա­խորդ հան­դի­սա­ցող գոր­ծա­րար­նե­րուն, հա­մալ­սա­րան­նե­րուն եւ հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն: Ն­ման նա­մա­կով մը ա­նոնք  խնդրած են «Եու­նայ­թըտ էյր­լայնզ»-էն պա­հան­ջել լո­պիա­կան ըն­կե­րու­թե­նէն դադ­րեց­նել իր  պայ­մա­նա­գի­րը ­Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան հետ, հա­կա­ռակ պա­րա­գա­յին օ­դա­նա­ւա­յին ըն­կե­րու­թիւ­նը պէտք է խզէ իր պայ­մա­նա­գի­րը լո­պիա­կան ըն­կե­րու­թեան հետ: Ե­թէ մին­չեւ ­Փետ­րո­ւար 28 ոչ մէկ գոր­ծո­ղու­թեան ձեռ­նա­կո­ւի, ա­մե­րի­կա­հա­յե­րը պէտք է բո­ղո­քի ցոյց կա­տա­րեն ինչ­պէս լո­պիա­կան ըն­կե­րու­թեան, այն­պէս ալ «Եու­նայ­թըտ էյր­լայնզ»ի դէմ:

­Թուր­քիոյ լո­պիա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն հա­կազ­դե­լու ջան­քե­րը տո­ւին ի­րենց ա­ռա­ջին պտուղ­նե­րը: ­Փետ­րո­ւար 23-ին Ա­րեւմ­տեան Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խում­բը յայ­տա­րա­րեց, որ ­Լոս Ան­ճե­լը­սի «­Մի­ջազ­գա­յին օ­դա­կա­յան­նե­րը» [LAWA], որ ամ­բող­ջու­թեամբ կը պատ­կա­նի ­Լոս Ան­ճե­լըս քա­ղա­քին, ո­րո­շած է խզել իր 845 հա­զար տո­լա­րի պայ­մա­նա­գի­րը «­Կեփ­հարթ կրուփ»-ին հետ, ան­կէ ետք, երբ  ան­ցեալ տա­րո­ւան ­Դեկ­տեմ­բե­րին Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խում­բը կոչ ուղ­ղած է քա­ղա­քա­պետ Է­րիք ­Կար­սե­թիին` «­Վերջ դնե­լու ­Լոս Ան­ճե­լըս քա­ղա­քի եւ ­Տիք ­Կեփ­հար­թի մի­ջեւ ե­ղած բո­լոր կա­պե­րուն»:

Ա­րեւմ­տեան Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ ­Նո­րա ­Յով­սէ­փեա­նը ող­ջու­նեց «LAWA-ի եւ ­Լոս Ան­ճե­լըս քա­ղա­քի պաշ­տօ­նա­տար ան­ձե­րու` զե­րօ հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու սկզբուն­քա­յին դիր­քո­րոշ­ման հա­մար` ընդ­դէմ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտո­ղա­կա­նու­թեան: LAWA-ի ո­րո­շու­մը կ­՛ար­տա­ցո­լաց­նէ ճիշդ կա­ռա­վար­ման բարձ­րա­գոյն չա­փա­նիշ­նե­րը եւ ա­ւե­լի կ­՛ամ­րապն­դէ ­Լոս Ան­ճե­լը­սի` իբ­րեւ  պե­տա­կան եւ մի­ջազ­գա­յին ա­ռաջ­նոր­դի հպարտ դիր­քո­րո­շու­մը ցե­ղաս­պա­նու­թեան կան­խար­գիլ­ման եւ մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան հար­ցե­րով: Որ­պէս ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ժխտող անձ` ­Կեփ­հար­թը ար­ժա­նի չէ ­Լոս Ան­ճե­լը­սի բնա­կիչ­նե­րու նոյ­նիսկ մէկ տո­լա­րին, եւ պէտք չէ ո­րե­ւէ կապ ու­նե­նայ մեր քա­ղա­քին հետ»:

 Ըստ Ա­րեմ­տեան Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խում­բին ձեռք բե­րած փաս­տա­թուղ­թե­րուն` ««­Կեփ­հարթ կրուփ» ըն­կե­րու­թիւ­նը LAWA-ի հետ ու­նե­ցած է «845 հա­զար տո­լա­րի պայ­մա­նա­գիր մը, ո­րուն վե­րա­բե­րող հա­մա­ձայ­նու­թիւն ձեռք բերո­ւած է 2012-ին ­Լոս Ան­ճե­լը­սի նախ­կին քա­ղա­քա­պետ Ան­թո­նիօ ­Վի­լա­րէյ­կո­սա­յի պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան ժա­մա­նակ: LAWA-ի հետ պայ­մա­նագ­րի հաս­տա­տու­մէն ետք, «­Կեփ­հարթ կրուփ»-ը կը ստա­նար ամ­սա­կան ա­ւե­լի քան 23 հա­զար տո­լար վար­ձատ­րու­թիւն` օ­դա­կա­յա­նի հա­մար իր աշ­խա­տան­քին դի­մաց, միա­ժա­մա­նակ ներ­կա­յաց­նե­լով ­Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան շա­հե­րը ընդ­դէմ ա­մե­րի­կա­հայ հա­մայն­քի շա­հե­րուն»:

Այս ա­ռա­ջին մեծ յաղ­թա­նա­կէն ետք ա­մե­րի­կա­հա­յե­րը պէտք է շա­րու­նա­կեն կոչ ուղ­ղել մնա­ցած 200 ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն` «­Կեփ­հարթ կրուփ»-ի եւ ­Թուր­քիոյ կող­մէ վար­ձու այլ լո­պիա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու յա­ճա­խորդ­նե­րուն` խզե­լու ի­րենց պայ­մա­նագ­րու­թիւն­նե­րը, քա­նի որ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտող­նե­րը վար­ձե­լը թէ ան­բա­րո­յա­կան է, թէ վատ ա­ռեւ­տու­րի ո­րո­շում…

­ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
“­Քա­լի­ֆոր­նիա ­Քու­րիըր”

Թարգ­մա­նեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի վե­րա­ծեց`
«Ե­ռա­գոյն» կայ­քը