Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Պատմական Սալնոյ-Ձորը իր ալիքաւոր լեռներով սեղմեր է իր գրկին մէջ այդ քարեղէն քաղաքը։ Քարեղէն կ՚ըսենք, որովհետեւ բոլոր տուները շինուած են մաքուր, հարթ տաշուած թխագոյն քարով։ Երեք գետեր, զանազան կողմերէ գալով եւ քաղաքի մօտակայքին միանալով, կ՚անցնին ձորի անդնդային խորութեան միջով։

Հա­զիւ թէ կա­րե­լի է գտնել քա­ղաք մը, որ Բա­ղէ­շի նման ին­քու­րոյն ձեւ ու­նե­նայ, եւ հա­զիւ թէ ո­րե­ւէ տեղ բնու­թիւ­նը ստեղ­ծա­գոր­ծած է այն­պի­սի դիր­քեր, ո­րոնք քա­ղա­քին տո­ւած են այդ ին­քու­րոյն ձե­ւը։

Պատ­մա­կան Սալ­նոյ-­Ձո­րը իր ա­լի­քա­ւոր լեռ­նե­րով սեղ­մեր է իր գրկին մէջ այդ քա­րե­ղէն քա­ղա­քը։ Քա­րե­ղէն կ­՚ը­սենք, ո­րով­հե­տեւ բո­լոր տու­նե­րը շի­նո­ւած են մա­քուր, հարթ տա­շո­ւած թխա­գոյն քա­րով։ Ե­րեք գե­տեր, զա­նա­զան կող­մե­րէ գա­լով եւ քա­ղա­քի մօ­տա­կայ­քին միա­նա­լով, կ­՚անց­նին ձո­րի անդն­դա­յին խո­րու­թեան մի­ջով։ Գե­տի աջ ու ձախ ա­փե­րէն կը բարձ­րա­նան սանդ­խա­ձեւ թում­բեր, ո­րոնց վրայ շի­նո­ւած են տու­ներ եւ տնկո­ւած ծա­ռե­րով կազ­մո­ւած են պար­տէզ­ներ, այն­պէս որ երբ ցա­ծէն վեր նա­յիս, կը թո­ւի թէ կը տես­նես Շա­մի­րա­մի օ­դա­յին պա­լատ­նե­րը, կա­խո­վի պար­տէզ­նե­րով։

Կը քա­լես Բա­ղէ­շի փո­ղոց­նե­րով, յա­տա­կը քար, պա­տե­րը քար, կը մտնես պար­տէզ­նե­րը, ցան­կա­պա­տը քար, դռնե­րը քար,- եւ այդ քա­րա­շէն աշ­խար­հը կը սքան­չաց­նէ քեզ իր վսե­մու­թեամբ։ Կը նա­յիս դէ­պի ձո­րի անդն­դա­յին խո­րու­թիւ­նը։ Տուն մը միւս տան վրայ, պար­տէզ մը միւս պար­տէ­զին վրայ, աս­տի­ճա­նա­բար կ­՚իջ­նեն մին­չեւ գե­տի ա­փե­րը, ուր գե­տեզ­րի ամ­բողջ եր­կա­րու­թեամբ կը տա­րա­ծո­ւին քա­ղա­քա­ցի­նե­րու այ­գի­նե­րը։

Նա­յե­լով այս բո­լո­րին վրայ, սիրտդ կը բա­բա­խէ վսեմ հպար­տու­թեամբ, երբ կը տես­նես, թէ ինչ­պէ՜ս հայ մար­դը գի­տէ մա­քա­ռիլ վայ­րե­նի բնու­թեան հետ, գի­տէ լեռ­նե­րու ա­պա­ռա­ժոտ անձ­կու­թեան մէջ ի­րեն հա­մար դրախտ ստեղ­ծել։

Մի­թէ այդ դրախ­տին կա­րօ­տը չէ՞ր, որ ա­լե­հեր Սա­րո­յեա­նին կը բե­րէր իր պա­պե­րուն հիմ­նած քա­ղա­քը, ուր գտած էր հօ­րե­նա­կան տու­նը… Ա­պա թէ ոչ, ի՞նչ բան պի­տի մագ­նի­սի պէս քա­շէր Ա­րամ Գա­րաօղ­լա­նեա­նին այդ քա­րա­կերտ քա­ղա­քը, ե­թէ ո՛չ հայ­րե­նա­բաղ­ձու­թիւ­նը, ա­ւե­լի ճիշդ բա­ցատ­րու­թեամբ՝ հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը…։

***

Բա­ղէ­շը կը գտնո­ւի չորս վան­քե­րու պաշտ­պա­նու­թեան տակ։ Ա­նոնց­մէ մէ­կը՝ Ամ­լոր­դու վան­քը կը գտնո­ւի քա­ղա­քի կեդ­րո­նը, նոյ­նա­նուն թա­ղին մէջ։ Ան­կէ կէս ժամ հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ կանգ­նած է Գո­մաց Ս. Աս­տո­ւա­ծած­նի վան­քը, յե­տոյ Ա­ւե­խու Ս. Աս­տո­ւա­ծած­նի վան­քը եւ խնդրա­կա­տար Ս. Աս­տո­ւա­ծած­նի վան­քը։ Թա­դէոս ա­ռա­քեա­լը ուխ­տեր էր Հա­յաս­տա­նի մէջ հա­զար վան­քեր հիմ­նել Ս. Աս­տո­ւա­ծած­նի ա­նու­նով. յի­շեալ ե­րե­քը միայն հիմ­նեց Բա­ղէ­շի մօ­տա­կայ­քը։

Բա­ցի չորս վան­քե­րէն, չորս հո­յա­կապ ե­կե­ղե­ցի­ներ քա­ղա­քի մէջ հո­գե­ւոր սնունդ կը մա­տա­կա­րա­րեն բնա­կիչ­նե­րուն։ Կարմ­րակ կո­չո­ւած ե­կե­ղե­ցին՝ իր մէջ կը պա­հէ Յ. Ք­րիս­տո­սի ա­րեան կա­թի­լը. ան այն աս­տի­ճան պաշ­տե­լի է, որ ա­նոր ա­նու­նով կ­՚երդ­նուն մին­չեւ իսկ մահ­մե­տա­կան­ներ։

***

Քա­նի որ խօ­սե­ցանք կրօ­նա­կան շի­նու­թեանց, վան­քե­րու եւ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մա­սին, մենք կրկին ա­կանջ պի­տի տանք Ռաֆ­ֆիի - Աս­լա­նի բեր­նով - ը­սած խօս­քե­րուն, զորս Աս­լան կ­՚ար­տա­սա­նէ՝ ժո­ղո­վուր­դին մէջ կրօ­նի քա­րոզ­չու­թեան հա­մար Հա­յաս­տան լե­ցո­ւած բո­ղո­քա­կան եւ կա­թո­լիկ մի­սիո­նար­նե­րու հան­դի­պե­լով, երբ ե­րի­տա­սարդ Ֆար­հա­տը՝ նե­ղա­նա­լով ա­տոնց ա­տեն-ա­տեն կա­տա­րած ան­հե­թե­թու­թիւն­նե­րէն ու չա­փա­զան­ցու­թիւն­նե­րէն, պոռթ­կում­ներ ցոյց կու տար։

Աս­լան կը մտա­ծէր, որ զա­նոնք հա­լա­ծե­լը ոչ մէկ օգ­տա­ւէտ հե­տե­ւան­քի կը հասց­նէ զի­րենք։ Ա­տոր փո­խա­րէն, ի­րենց կը մնար աշ­խա­տիլ հա­մո­զո­ւած ու դա­ւա­նա­փոխ ե­ղած­նե­րուն հա­մար եւ զա­նոնք կրկին կա­պել ազ­գին, ե­թէ ոչ կրօն­քով, գո­նէ ազ­գայ­նա­կան կա­պե­րով, որ ա­ւե­լի ա­մուր է եւ հաս­տա­տուն.-­Հա­յոց ազ­գա­յին կրօն­քը։

Հա­յե­րը, ա­մե­նա­հին ժա­մա­նակ­նե­րէն սկսեալ, զար­մա­նա­լի ըն­դու­նա­կու­թիւն մը ու­նին, ե­թէ ոչ նոր կրօն­ներ ստեղ­ծե­լու, գո­նէ օ­տար­նե­րէն ի­րենց ըն­դու­նած կրօն­նե­րուն ազ­գա­յին գոյն ու ձեւ տա­լու։

Հա­յե­րը, ըն­դու­նե­լով օ­տար կրօն­քը, ա­նոր վրայ կը դնեն ի­րենց ազ­գա­յին դրոշ­մը, զայն կը յար­մարց­նեն ի­րենց պատ­մու­թեան, ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն, սո­վո­րու­թիւն­նե­րուն եւ ցե­ղա­յին յատ­կու­թիւն­նե­րուն։

Ա­տի­կա ազ­գա­յին մեծ ձիրք է, որ­մէ զուրկ են շատ ազ­գեր։

Գե­րի բե­րե­լով յու­նաց աս­տո­ւած­նե­րուն՝ մեր նախ­նիք հա­յա­ցու­ցին զա­նոնք, մին­չեւ ան­գամ ա­նոնց ա­նուն­նե­րը փո­խե­ցին։

Հ­րա­ւի­րե­լով պար­սից աս­տո­ւած­նե­րուն՝ նոյն­պէս վարուե­ցան ա­նոնց հետ։

Ք­րիս­տո­նէա­կան ե­կե­ղե­ցին ալ, որ Յի­սու­սի ա­ռա­քեալ­նե­րուն ձե­ռամբ հիմ­նո­ւե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի մէջ, Լու­սա­ւոր­չի ձեռ­քով բո­լո­րո­վին կեր­պա­րա­նա­փո­խո­ւե­ցաւ։

Հա­յե­րը չմիա­ցան ո՛չ Հ­ռո­մի եւ ո՛չ ալ Բիւ­զան­դիո­նի ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն հետ։

Վեր­ջին ժա­մա­նակ­նե­րուն, հա­յե­րու մէկ մա­սին մէջ մտան կա­թո­լի­կու­թիւ­նը եւ բո­ղո­քա­կա­նու­թիւ­նը։

Ա­ռա­ջի­նը՝ նոյն­պէս ազ­գա­յին կեր­պա­րանք ստա­ցաւ եւ դար­ձաւ իս­կա­պէս հայ-կա­թո­լի­կու­թիւն։ Հա­յե­րը պահ­պա­նե­ցին ի­րենց ե­կե­ղե­ցա­կան վա­ղե­մի ծէ­սե­րը, ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը, պաշ­տա­մուն­քը եւ, որ ա­մե­նագլ­խա­ւորն է՝ լե­զուն։

Իսկ բո­ղո­քա­կա­նու­թիւ­նը հա­յե­րու մէջ ազ­գա­յին գոյն չէ ստա­ցեր, այդ պատ­ճա­ռաւ պէտք է աշ­խա­տիլ հե­ռաց­նե­լու մի­սիո­նար­նե­րու թէ՛ ազ­դե­ցու­թիւ­նը եւ թէ՛ ներ­գոր­ծու­թիւ­նը, եւ կազ­մել ինք­նու­րոյն հայ-բո­ղո­քա­կան ե­կե­ղե­ցի։ Այդ կը լի­նի մեր գոր­ծու­նէու­թեան բուն նպա­տա­կը։

***

Կա­րե­լի՞ է չհիա­նալ Ռաֆ­ֆիի վե­րե­ւի սա վեր­ջին, ճշգրիտ վեր­լու­ծում­նե­րուն վրայ, ո­րոնք կա­տա­րո­ւած են աս­կէ մէ­կու­կէս դար ա­ռաջ։

Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով, որ մեր օ­րե­րուն դեռ նման հա­սու­նու­թիւն կար­ծես կը պակ­սի մեր ազ­գա­յին, հո­գե­ւո­րա­կան ու մտա­ւո­րա­կան դա­սե­րուն մէջ, կը շեշ­տենք, թէ մենք դեռ սոր­վե­լիք շատ բան ու­նինք մեր իս­կա­կան ազ­գա­սէր եւ մտա­ւո­րա­կան հե­ղի­նակ­նե­րու գոր­ծե­րէն։

ՍԱՐԳԻՍ ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ
«Ակօս»