Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­Հռ­չա­կա­գի­րի գով­քէն ետք, պի­տի կա­րե­նա՞նք գո­վել նաեւ «ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւ­նը» մեր...ղե­կա­վար­նե­րուն:

Ու­զենք թէ չու­զենք, չա­կեր­տենք թէ ան­չա­կերտ ներ­կա­յաց­նենք, փաս­տօ­րէն մեր ղե­կա­վար­ներն են ա­սոնք, ո­րոնք 100-ա­մեա­կի մէջ, Ապ­րիլ 24-ի սե­մին, ա­նօ­րի­նակ մո­լուց­քով սուր կը ճօ­ճեն ի­րա­րու, ի­րենց հե­տե­ւորդ­նե­րը զօ­րա­շար­ժի մղե­լով նե­րազ­գա­յին կեան­քը կը պա­ռակ­տեն՝ առ ո­չինչ հա­մա­րե­լով հռչա­կա­գի­րին առ­թած հա­մա­հայ­կա­կան պայ­քա­րի տրա­մադ­րու­թիւնն ու խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը:

 

­Պատ­մա­կա­նօ­րէն մեր համ­բա­ւեալ ան­միա­բա­նու­թեան հա­ւա­տար­մու­թիւն յայտ­նե­լու ցու­ցադ­րու­թի՞ւն է սա թէ ղե­կա­վար­նե­րու ան­տե­ղի ու ան­ժա­մա­նակ եւ խայ­տա­ռակ մրցակ­ցու­թիւն:

Ան­պայ­ման ­Թուր­քիոյ նոր «սուլ­թան»ը՝ Էր­տո­ղան ու­նե­ցաւ ու­րա­խու­թիւ­նը հի­նին՝ Ապ­տիւլ ­Հա­մի­տի ու­նե­ցա­ծին պէս, որ ըստ զրոյ­ցի մը, երբ ա­նոր կը տե­ղե­կաց­նեն հայ­կա­կան երկ­րորդ յե­ղա­փո­խա­կան կու­սակ­ցու­թեան մը նո­րո­վի կազ­մու­թիւ­նը, ան փո­խա­նակ մտա­հո­գո­ւե­լու, ձեռ­քե­րը կը շփէ գո­հու­նա­կու­թեամբ ու կը բա­ցա­կան­չէ. «ինչ լաւ լուր, հի­մա ա­ւե­լի հան­գիստ պի­տի քնա­նամ, քա­նի որ վստահ եմ, թէ ա­նոնք ի­րա­րու դէմ պի­տի կռո­ւին եւ պի­տի մոռ­նան զիս...»:

­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Յանձ­նա­ժո­ղո­վի խմբագ­րած եւ Հ­Հի նա­խա­գա­հին իսկ կող­մէ ստո­րագ­րո­ւած ու հրա­պա­րա­կո­ւած հռչա­կա­գի­րի բո­վան­դա­կու­թիւնն ու նպա­տա­կադ­րում­նե­րը հա­մազ­գա­յին սպա­սում­նե­րուն ար­ձա­գան­գե­լէ ետք, միաս­նա­կան պայ­քա­րի հրա­ւէր են միա­ժա­մա­նակ՝ ամ­բողջ հա­յու­թեան հա­մար:

­Կը կար­ծո­ւէր, որ այդ հրա­ւէ­րին ո­գիով վա­րա­կո­ւած են մեր ղե­կա­վար­նե­րը եւ ա­տով պի­տի ո­գեշն­չեն նաեւ հայ զան­գո­ւած­նե­րը:

­Բայց ա­հա­ւա­սիկ, պե­տա­կան ու­ժի բրտու­թեան յե­նած, միեւ­նոյն նա­խա­գա­հը ի լուր մարդ­կանց կը յայ­տա­րա­րէ, թէ ինք վճռած է քա­ղա­քա­կա­նա­պէս ու տնտե­սա­պէս չէ­զո­քաց­նել-փճաց­նել ­Հա­յաս­տա­նի մե­ծա­գոյն «ընդ­դի­մա­դիր» (իբ­րեւ թէ «այ­լընտ­րան­քա­յին») Բ.Հ.­Կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­գահ ­Գա­գիկ Ծա­ռու­կեա­նը, ա­նոր քա­ղա­քա­կան յա­ւակ­նու­թիւն­նե­րը կը նկա­տէ վտան­գա­ւոր եւ զայն կը հռչա­կէ «չա­րիք» ­Հա­յաս­տա­նի հա­մար: Իր կար­գին, խորհր­դակ­ցա­կան նիս­տէ մը ետք, ­Գա­գիկ ­Ծա­ռու­կեան կ'ո­րո­շէ նե­տո­ւած ձեռ­նո­ցը վերց­նել եւ փո­խա­դար­ձա­բար ծանր ամ­բաս­տա­նու­թիւն­ներ կը կա­տա­րէ նա­խա­գա­հի հաս­ցէին, քա­ղա­քա­ցիա­կան անհ­նա­զան­դու­թեան կո­չե­րով կը պա­հան­ջէ իշ­խա­նա­փո­խու­թիւն...:

­Չենք գի­տեր եւ ոչ ալ հե­տաքրք­րո­ւած ենք, թէ ինչ տե­սա­կի սեւ կա­տու մը ան­ցած է ե­րէ­կի դաշ­նա­կից այս ղե­կա­վար­նե­րուն մի­ջեւ: ­Շար­ժա­պատ­կե­րի ոս­տի­կա­նա­կան պատ­մու­թիւ­նե­րէն գի­տենք սա­կայն յան­ցա­գործ աշ­խար­հի կեն­սա­կեր­պի տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը.- ա­նօ­րի­նու­թիւն­ներդ ու չա­րա­շա­հում­ներդ ար­տօ­նո­ւած են եւ ի­րա­ւուն­քի բա­ժինդ ա­պա­հո­վո­ւած՝ գոր­ծա­դաշ­տի քու սահ­ման­նե­րուդ մէջ: ­Ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը կը խախ­տի ու պա­տե­րազ­մը կը սկսի, ե­թէ փոր­ձես ոտնձ­գու­թիւն կա­տա­րել ու տա­րա­ծո­ւիլ միւ­սին սահ­մա­նին մէջ: Այն ա­տեն է ա­հա, որ զօ­րա­ւո­րը կը յաղ­թէ: ­Թէ ի՞նչ գին կը վճա­րո­ւի այդ յաղ­թա­նա­կին հա­մար, ար­դէն ա­տի­կա ան­կա­րե­ւոր ման­րա­մաս­նու­թիւն մըն է միայն...:

­Չենք գի­տեր եւ չենք ալ հե­տաքրք­րո­ւած, թէ ով յաղ­թա­կան պի­տի ել­լէ այս եր­կու ղե­կա­վար­նե­րու գօ­տե­մար­տէն: ­Բայց գի­տենք, որ ատ­կէ պի­տի վտան­գո­ւի մեր միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը, ո­րուն հա­մար ալ մեր հե­տաքրք­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցած կը պա­հենք 100-ա­մեա­կի հռչա­կագ­րին վրայ, անձ­կա­գին որ ա­նոր ո­գին յաղ­թա­նա­կէ:

­Հար­ցա­կան կը մնայ նաեւ, որ այս եր­կու ա­խո­յեան­նե­րուն ար­բա­նեակ միւս ղե­կա­վար­նե­րը, ինչ­պէս եւ խորհր­դա­տու­նե­րը (ա­սոնք ալ երկ­րորդ կար­գի ղե­կա­վար­ներ) եր­բե­ւի­ցէ փոր­ձե­ցի՞ն ար­դեօք հա­մո­զե­լու ի­րենց պա­րագ­լուխ­նե­րը, որ հրա­ժա­րին մտադ­րու­թե­նէ մը, որ կը հա­կադ­րո­ւի հռչա­կա­գի­րի ո­գիին եւ միայն վնաս կը պատ­ճա­ռէ հա­յու­թեան ու հայ­րե­նի­քին, թէ ա­նոնք ալ մտա­ծե­ցին, որ նման փորձ մը կրնայ խան­գա­րել ի­րենց ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­ներն ու սե­փա­կան օ­րա­կար­գի խնդիր­նե­րը լու­ծե­լու հե­տապն­դում­նե­րը:

Կա­րօ Ար­մէ­նեան ա­ռա­ջինն էր թե­րեւս, որ այս եր­կու ղե­կա­վար­նե­րու զի­րար փճաց­նե­լու «պա­տե­րազմ»ը յայ­տա­րա­րե­լէ ան­մի­ջա­պէս ետք, իր դի­մա­տետ­րին վրայ սրտա­ռուչ սաստ-յոր­դո­րով զգաս­տու­թեան կոչ ուղ­ղեց ա­նոնց՝ «սա­ռեց­նել նե­րազ­գա­յին քէ­նե­րը»: ­Կոչ, ո­րուն տակ վստա­հա­բար պի­տի ու­զէր ստո­րագ­րել ա­մէն հայ մարդ: ­Մա­մու­լի մէջ վեր­ջերս հրա­տա­րա­կած իր ծան­րակ­շիռ խո­հագ­րու­թիւ­նը, «­Պան­թուր­քիզ­մի Գ­րա­ւը եւ Ար­ցա­խի հար­ցը» խո­րագ­րով, ընդգ­ծո­ւած յի­շե­ցումն է ազ­գի ղե­կա­վար­նե­րուն՝ լու­ծե­լի մեր ա­ռաջ­նա­հերթ հար­ցին:

­Բայց, քի­նախնդ­րու­թեամբ ու իշ­խա­նա­տեն­չու­թեամբ ա­ռաջ­նոր­դո­ւող քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վար­ներ յա­ճախ կ­'ան­տե­սեն երկ­րի ու ազ­գի ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը, կը դառ­նան հե­ղի­նակ չհա­շո­ւար­կո­ւած ա­րարք­նե­րու եւ կը ստեղ­ծեն ան­հա­կակշ­ռե­լի կա­ցու­թիւն­ներ: Ո­րով, մե­զի եւ յատ­կա­պէս պատ­գա­մա­խօս հե­ղի­նա­կու­թիւն­նե­րուն կը մնայ տե­ղաց­նել ու ա­ւե­լի հնչեղ բարձ­րա­ձայ­նել զգօ­նու­թեան կո­չե­րը, ա­ռաջքն առ­նե­լու յոյ­սով կան­խա­տե­սե­լի վտան­գին: Ու­րիշ ի՞նչ կրնանք ը­նել ար­դէն: Այս պա­րա­գա­յին լռու­թիւ­նը ոս­կի չէ:

Իբ­րեւ հայ մարդ ու պարզ քա­ղա­քա­ցի, ի լուր խմո­րո­ւող վտան­գին եւ մեր ան­զօ­րու­թեա­նը մէջ, հո­գե­կան գա­լա­րում­ներ կ­'ու­նե­նանք եւ մենք մե­զի կ­'ուղ­ղենք պա­տաս­խան չու­նե­ցող ափ­սո­սան­քի հար­ցում մը.-
Ո՞ւր են յիս­նա­մեա­կի ղե­կա­վար­նե­րը , թէ՛ հայ­րե­նի­քի եւ թէ՛ սփիւռ­քի:

Միհ­րան   Ք.