Այսօրուան իր համարով՝ «Ազատ Օր» կը դառնայ 70 տարեկան։
Չենք հաշուեր մինչեւ Երկրորդ Աշխարհամարտ մեր թերթին կտրած ուղին՝ «Նոր Օր» անունով։ Այդ առումով՝ 70 առաւել քսան այսքան տարուան վաստակ մըն ալ կ'աւելնայ մեր թերթի տարիքին վրայ։
Յամենայնդէպս, «Ազատ Օր» անունով ահա եօթանասուն տարիներէ ի վեր անխափան կը հրատարակուի Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կ. Կոմիտէին պաշտօնաթերթը։
Դաշնակցական պաշտօնաթերթ ըլլալու իր կոչումով իսկ՝ միայն դաշնակցականներուս չի պատկանիր, այլեւ ամբողջ մեր գաղութի հայորդիներուն կը պատկանի «Ազատ Օր»ը։
Մենք հպարտ ենք, որ իր հրատարակութեան առաջին իսկ օրէն, մեր թերթը ամէն ճիգ թափած է եւ յաջողած է հաստատակամ փարած մնալ Յունաստանի ամբողջ հայութեան ազգային կեանքի շարժիչն ու հայելին եւ, միաժամանակ, յառաջապահ արթուն պահակը ըլլալու իր կոչումին եւ առաքելութեան։
Մենք նոյնպէս հպարտ ենք, որ ինչպէս յունահայ գաղութը, այնպէս ալ «Ազատ Օր»ը այս ամբողջ տասնամեակներուն իր ողջ էութեամբ ապրեցաւ ու բաբախեց հանուր հայութեան հետ՝ ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի, հայ կեանքի վերիվայրումներուն հետ ամէնօրեայ կապ պահելով։
Մենք ուրախ չենք, որ ամբողջ Եւրոպայի տարածքին «Ազատ Օր»ը այսօր կը հանդիսանայ միակ հայ օրաթերթը։ Մնացած ենք առանձին, որովհետեւ հայ մամուլի համընդհանուր տագնապին դէմ յանդիման՝ մեր աւագ պաշտօնակիցները չկրցան տոկալ եւ ընկրկեցան, կամ ալ ընդմիշտ փակուեցան։
Տագնապը կը բախէ նաեւ «Ազատ Օր»ի դռները, թէ՛ նիւթական հնարաւորութեանց սղութեան, թէ՛ հայ մամուլի առաքելութեան նուիրուելու պատրաստ «խենթերու» շարքերուն նոսրացման եւ թէ, ընդհանրապէս, մտաւորական մեր ուժերուն տեղատուութեան հետեւանքով։
«Ազատ Օր» իր 70րդ տարեդարձը նաեւ խոր անձկութեամբ նշելու հոգը կ'ապրի, որովհետեւ պետական սնանկացման ահաւոր ոլորապտոյտին մատնուած ամբողջ Յունաստանին հետ, ծանրօրէն խոցուած է կարողականութիւնը յունահայ մեր գաղութին։
Աւելի քան 70 տարի «Ազատ Օր»ը կանգուն պահած մեր ընթերցողները, նաեւ ու մանաւանդ՝ ազգային մեր կազմակերպ կառոյցները այսօր մեծ դժուարութիւն ունին ապահովելու նիւթական երաշխիքները մեր թերթի անխափան հրատարակութեան։
Բայց մենք ծնունդն ենք եւ սնանած ենք մարտունակ աւանդովը գաղափարական այն շարժումին, որուն բնաբանը միշտ ալ եղած է՝
«Նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար»։
Այսօր մենք կը վառենք մեր թերթին 70ամեակին մոմը եւ զայն մարելու պահուն կը վերանորոգենք, բոլորիս անունով, տասնամեակներ առաջ մեր կատարած հաւաքական երդումը.-
Հայ տունը պիտի չզրկենք մեսրոպեան տառերու ամէնօրեայ այցելութենէն եւ ջերմութենէն։