Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­Երբ 2002 թո­ւա­կա­նին ­Թուր­քիոյ մէջ իշ­խա­նու­թեան գլուխ ե­կաւ «Ար­դա­րու­թիւն եւ ­Զար­գա­ցում» կու­սակ­ցու­թիւ­նը, ա­նոր հիմ­նա­դիր ­Ռե­ճեփ ­Թա­յիպ Էր­տո­ղան բա­րե­պաշտ մահ­մե­տա­կա­նի տպա­ւո­րու­թիւն կը ձգէր, որ կը ձգտէր ջնջել կա­շա­ռա­կե­րու­թիւ­նը եւ բա­րե­լա­ւել ­Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն կեն­սա­մա­կար­դա­կը:

­Վեր­ջին 13 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին Էր­տո­ղան աս­տի­ճա­նա­բար վե­րա­ծո­ւե­ցաւ կա­շա­ռա­կեր բռնա­կա­լի` նո­րօ­րեայ Օս­մա­նեան ­Սուլ­թա­նի հո­վե­րով տարուած: Ար­դե­՞օք ի սկզբա­նէ ան ե­ղած է գառ­նու­կի մորթ հա­գած գայլ, թէ՞ շփա­ցած է մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան կոյր ա­ջակ­ցու­թեան եւ շռայլ գո­վա­սանք­նե­րու պատ­ճա­ռով:

­Յատ­կան­շա­կան է, որ նա­խա­գահ Օ­պա­մա Էրտո­ղա­նը կ­՛ա­նո­ւա­նէր մէ­կը աշ­խար­հի այն հինգ ղե­կա­վար­նե­րէն, ո­րոնց հետ ինք յատ­կա­պէս մտե­րիմ էր: Օ­պա­մա եւ այլ պե­տու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը վեր­ջա­պէս հասկ­ցան, որ ի­րենց ստեղ­ծած հրէ­շը դուրս ե­կած է կա­խար­դա­կան շի­շէն եւ վե­րահս­կո­ղու­թե­նէն:

Էր­տո­ղա­նի հան­դէպ վստա­հու­թեան չա­րա­շահ­ման գլխա­ւոր զո­հը ոչ այլ մէկն էր, քան նոյ­նինքն ­Սու­րիոյ նա­խա­գահ ­Պաշ­շար Ա­սա­տը:

­Թէ որ­քան ամ­բար­տա­ւան դար­ձած են Էր­տո­ղան եւ ­Թուր­քիոյ ղե­կա­վար­նե­րը, ցոյց կու տան ստո­րեւ մէջ­բե­րո­ւած հա­տո­ւած­նե­րը ա­նոնց վեր­ջին հրա­պա­րա­կա­յին ե­լոյթ­նե­րէն, ինչ­պէս ներ­կա­յա­ցո­ւած է ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի Լ­րա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու ­Հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու ­Հիմ­նար­կին կող­մէ.

- ­Յու­նո­ւար 21ին ­Պոլ­սոյ մէջ կա­յա­ցած Իս­լա­մա­կան Եր­կիր­նե­րու ­Միջ-խորհր­դա­րա­նա­կան ­Միու­թեան հա­մա­ժո­ղո­վին՝ Էր­տո­ղան իր ճա­ռով ա­ւե­լի շատ նմա­նե­ցաւ Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թեան ա­ռաջ­նոր­դի, քան թէ Ն.Ա.Թ.Օ.ի ան­դամ պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի` կոչ ը­նե­լով մահ­մե­տա­կան եր­կիր­նե­րուն «միա­ւո­րո­ւիլ եւ պար­տու­թեան մատ­նել ­Լոու­րընս Ա­րա­բա­ցիի յետ­նորդ­նե­րը, ո­րոնք կը ձգտին քայ­քա­յել ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քը»: Ան մե­ղադ­րեց Ա­րեւ­մուտ­քը իս­լա­մա­կան աշ­խար­հի դէմ դա­ւադ­րու­թիւն կազ­մա­կեր­պե­լու եւ մահ­մե­տա­կան­նե­րու եղ­բայ­րաս­պա­նու­թեան պատ­ճառ դառ­նա­լուն հա­մար:

- ­Վեր­ջերս ­Ճի­պու­թի կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան ժա­մա­նակ, Էր­տո­ղան պար­ծան­քով ը­սաւ.- «­Թուր­քիան հզօր եր­կիր է: Ե­թէ դուք [Եւ­րո­միու­թիւն] ­Թուր­քիան դեռ կը դի­տէք որ­պէս երկ­րի մը, որ պի­տի ա­ղա­չէ ձեր (Ե.Մ.) դրան առ­ջեւ, ա­պա՝ ­Թուր­քիան այն եր­կի­րը չէ, որ խնդրէ»: Իսկ ի պա­տաս­խան ­Թուր­քիոյ մէջ լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու դէմ կի­րա­ռո­ւած պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հնչած եւ­րո­պա­կան քննա­դա­տու­թեան` Էր­տո­ղան յայ­տա­րա­րեց Ե.Մ. ղե­կա­վար­նե­րուն.- «­Ձե­զի պա­հե­ցէք ձեր գա­ղա­փար­նե­րը» եւ ա­ւել­ցուց.- «­Բա­րի ե­ղէք գալ ­Թուր­քիա, որ­պէս­զի ­Թուր­քիա՛ն ձե­զի ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան դա­սեր տայ»:

- ­Թուր­քիոյ փոխ-վար­չա­պետ ­Նու­ման ­Քուր­թուլ­մուշ, ու­ղեկ­ցե­լով Էր­տո­ղա­նին Ափ­րի­կէ կա­տա­րած ճամ­բոր­դու­թեան ժա­մա­նակ, ա­նա­մօ­թա­բար գոր­ծա­ծեց ցե­ղա­պաշ­տու­թեան քար­տը` դի­մե­լով տե­ղա­ցի­նե­րուն այս­պէ՛ս.- «Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ան­կու­մէն ետք, ափ­րի­կէ­ցի­նե­րը ա­ռա­ջին ան­գամ կը տես­նեն սպի­տակ ձեռք, որ չի շա­հա­գոր­ծեր, չի ստրկաց­ներ կամ բռունց­քով չի հա­րո­ւա­ծեր ա­նոնց գլխուն. սպի­տակ ձեռք, որ չի շա­հա­գոր­ծեր ա­նոնց հան­քե­րը, չի ջնջեր ա­նոնց ար­ժէք­նե­րը, չի ձու­լեր զա­նոնք կամ չի դի­տեր զա­նոնք որ­պէս ստո­րա­դաս ա­րա­րած­ներ: Ա­նոնք կը տես­նեն ­Թուր­քիոյ սպի­տակ ձեռ­քը, որ ա­նոնց բո­լո­րը կ­՛ըն­դու­նի որ­պէս հա­ւա­սար եւ եղ­բայր…. ­Մենք կը փոր­ձենք օ­ժան­դա­կել այս սե­ւա­մորթ, բայց ջեր­մա­սիրտ մար­դոց վե­րած­նուն­դին»:

­Քուր­թուլ­մուշ հա­ւա­նա­բար յոյ­սով էր, որ իր ափ­րի­կեան ունկն­դիր­նե­րը ան­տե­ղեակ պի­տի ըլ­լան, թէ Էր­տո­ղան յա­ճա­խա­կի կ­՛օգ­տա­գոր­ծէ «զէն­ճի» (սե­ւա­մորթ) նսե­մա­ցու­ցիչ եւ ցե­ղա­պաշ­տա­կան եզ­րոյ­թը` ցած դա­սա­կար­գի մար­դիկ բնու­թագ­րե­լու հա­մար…

- Չ­ցան­կա­նա­լով ամ­բար­տա­ւա­նու­թեամբ եւ կրօ­նա­կան մո­լե­ռան­դու­թեամբ ետ մնալ Էր­տո­ղա­նէն եւ ­Քուր­թուլ­մու­շէն` վար­չա­պետ ­Տա­ւու­թօղ­լու ան­ցեալ ա­միս ­Զիւ­րի­խի մէջ տեղ­ւոյն թուրք բնակ­չու­թեան բազ­մա­մարդ հան­րա­հա­ւա­քին յայ­տա­րա­րեց.-

«Իս­լա­մը Եւ­րո­պա­յի բնիկ կրօնն է եւ պի­տի շա­րու­նա­կէ այդ­պէս մնալ: ­Հա­կա­ռակ խո­չըն­դոտ­նե­րու, նա­խա­պա­շա­րում­նե­րու եւ բազ­մա­թիւ սադ­րան­քա­նե­րու` ­Թուր­քիա պի­տի շա­րու­նա­կէ քա­լել Ե.Մ. ան­դա­մակ­ցու­թեան ճա­նա­պար­հով…. Ալ­լա­հի ո­ղոր­մա­ծու­թեամբ, մենք եր­բեք չենք խո­նար­հեր մեր գլու­խը: ­Մենք թոռ­ներն ենք ­Կա­լի­փո­լիի մէջ մարտն­չած հե­րոս­նե­րուն, ո­րոնք եր­բեք չեն խո­նար­հած ի­րենց գլու­խը: Երբ 2002ին մենք ե­կանք իշ­խա­նու­թեան, ա­նոնք (Ե.Մ.) ը­սին, որ ­Թուր­քիա շատ աղ­քատ, շատ տկար եր­կիր է եւ բեռ պի­տի դառ­նայ Եւ­րո­պա­յի հա­մար: Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն Ալ­լա­հին, ­Թուր­քիա այ­սօր ու­ժեղ եր­կիր է…. ­Մենք բեռ չենք Եւ­րո­պա­յի հա­մար: ­Թուր­քիա դար­ման է Եւ­րո­պա­յի հա­մար… ­Թուր­քիա դար­ման է ա­նոնց ցե­ղա­պաշտ հի­ւան­դու­թեան հա­մար: ­Մենք դար­ման ենք ա­նոնց տնտե­սա­կան անկ­ման հա­մար: ­Մենք դար­ման ենք ա­նոնց ու­ժի կո­րուս­տին հա­մար…. Ան­տա­լու­սիա­յէն (Ս­պա­նիա) մին­չեւ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թիւն, եւ կէս դար ա­ռաջ սուրբ եր­թով մեր ժո­ղո­վուր­դին, որ ե­կաւ այս­տեղ Ա­նա­տո­լիոյ բո­լոր կող­մե­րէն, Է­զէ­նի ձայ­նը (իս­լա­մա­կան ա­ղօթ­քի կանչ) բե­րաւ այս հե­րոս­նե­րը դէ­պի Եւ­րո­պա: Մզ­կիթ­նե­րու գմբէթ­նե­րը, որ ա­նոնք սփռած են այս աշ­խար­հա­մա­սին մէջ, պաշտ­պա­նո­ւած պի­տի ըլ­լան. մենք պի­տի շա­րու­նա­կենք պայ­քա­րիլ այն ձեռ­քե­րուն դէմ, ո­րոնք կը ձգտին ա­նոնց վնա­սել: Ես կը համ­բու­րեմ իմ եղ­բայր­նե­րուն ճա­կատ­նե­րը, ո­րոնք ­Թաք­պի­րը [«Ալ­լահ աք­բար» ա­ղօթ­քի կո­չը] հաս­ցու­ցին ­Զիւ­րիխ…. Որ­քան սուրբ էին այն մար­դիկ, որ ե­կան եւ սեր­մեր ցա­նե­ցին այս­տեղ, ո­րոնք, Ալ­լա­հի զօ­րու­թեամբ, պի­տի շա­րու­նա­կեն վե­րա­ճիլ ար­դա­րու­թեան հսկա­յա­կան ծա­ռի Եւ­րո­պա­յի կեդ­րո­նին: Ոչ ոք կրնայ կանգ­նեց­նել ա­սի­կա…»:

­Տա­ւու­թօղ­լու յա­մա­ռօ­րէն շա­րու­նա­կեց իր ան­հե­թեթ ու ամ­բար­տա­ւան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը ան­ցեալ շա­բաթ, այս ան­գամ ար­դէն Ան­գա­րա­յի մէջ՝ ը­սե­լով ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն.- «­Մենք դաս պի­տի տանք Եւ­րո­պա­յի ցե­ղա­պաշտ­նե­րուն»:

Յա­րութ ­Սա­սու­նեան «­Քա­լի­ֆոր­նիա ­Քու­րիըր»