Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­Մեր հե­րոս­նե­րը՝ Աս­լանն ու ֆար­հա­տը այս ան­գամ կը տես­նենք ­Վաս­պու­րա­կան աշ­խար­հի սրտին վրայ, հին շրջան­նե­րուն ­Տոսպ, կամ ­Շա­մի­րա­մա­կերտ ալ կո­չո­ւած ­Վան քա­ղա­քը շքա­ւո­րող հսկայ քա­րա­ժայ­ռի ստո­րո­տին, ուր մեր հե­րոս­

նե­րը կու­սա­կալ փա­շա­յի կող­մէ տրա­մադ­րո­ւած ա­ռաջ­նոր­դի մը ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ պի­տի ծա­նօ­թա­նա­յին ­Վա­նայ բեր­դին ու շրջա­կայ­քի հնու­թիւն­նե­րուն։

 

­

Հաս­նե­լով քա­րա­ժայ­ռի բարձ­րու­թեան վրայ բազ­մած բեր­դին ստո­րո­տը, սկսան բարձ­րա­նալ քա­րէ մա­շո­ւած սան­դուխ­նե­րով դէ­պի վեր։ ­Սար­սա­փե­լի ճնշող տպա­ւո­րու­թիւն կը գոր­ծէր այս բեր­դը Ֆար­հա­տի վրայ. ա­նոր ա­հա­ւո­րու­թեան առ­ջեւ մարդ կար­ծես կը ման­րա­նար, կը փոք­րա­նար եւ կը կորսնց­նէր իր ամ­բողջ քա­ջու­թիւ­նը։

Այս­տեղ խօս­քը դար­ձեալ կու տանք ­Ֆար­հա­տին, այլ խօս­քով վի­պա­գիր ­Ռաֆ­ֆին.

- Աս­լա­նը չկա­մե­ցաւ իս­կոյն բերդ մտնել, այլ սկսաւ հե­տա­զօ­տել նախ շրջա­կայ­քը։ Ա­մէն տեղ կ­՚ե­րե­ւէին հնու­թեան հե­տաքր­քիր մնա­ցորդ­ներ, ա­մէն տեղ քա­րե­րու ճա­կա­տին կը տես­նէինք բազ­մա­տող բե­ւե­ռագ­րեր։ Երբ ա­նոնց մա­սին հար­ցու­ցի Աս­լա­նին, ան խիստ ան­փոյթ կեր­պով պա­տաս­խա­նեց. «­Զիս չեն հե­տաքրք­րեր այդ մե­ռած տա­ռե­րը»։ Ու­րեմն ի՞նչ կը հե­տաքրք­րէր զին­քը, ինչ կ­՚ո­րո­նէր ան այս ա­մա­յի քա­րափ­նե­րու մէջ, այն­քան խո­րին ու­շադ­րու­թեամբ։ Ան բան մը կ­՚ո­րո­նէր, ո­րով­հե­տեւ ես շատ ան­գամ կը նկա­տէի, իր յի­շո­ղու­թեան գրքոյ­կը կը հա­նէր ծո­ցէն եւ բան մը կը գրէր ա­նոր վրայ։

Այդ մի­ջո­ցին, մեր ա­ռաջ­նոր­դը, որ իբ­րեւ զար­գա­ցած մարդ ու մա­նա­ւանդ իբ­րեւ հնա­գէտ, փա­շան տո­ւած էր մե­զի, ցոյց կու տար վի­րա­պի մը բա­ւա­կան լայն բե­րա­նը.- «­Նա­յե­ցէք սա ծա­կին, ան կ­՚իջ­նէ ցած, մին­չեւ երկ­րի խոր­քե­րը, յե­տոյ ստո­րերկ­րեայ ո­լոր-մո­լոր ճա­նա­պարհ­նե­րով կը հաս­նի մին­չեւ ծո­վա­կին յա­տա­կը։ ­Հոն կը բա­ցո­ւի ոս­կեայ դուռ մը եւ մար­դուն ներս կը տա­նի բիւ­րե­ղեայ հրա­շա­լի ա­պա­րան­քի մէջ։ ­Հոն մար­ջա­նի (բուս­տի) մշտա­դա­լար ծա­ռե­րու տակ կը ճե­մեն յա­ւեր­ժա­կան հու­րի­ներ, փէ­րի­ներ, ա­ւե­լի պայ­ծառ, քան նոր ծա­գող ա­րե­գա­կը իր վար­դա­կար­միր ճա­ռա­գայթ­նե­րով։ ­Հոն հա­զա­րան բլբու­լը կը կե­րակ­րո­ւի մար­գա­րիտ­նե­րով. եւ փղոսկ­րեայ վան­դա­կի մէջ, ա­մէն մի վայր­կեան կը փո­խէ հա­զա­րա­ւոր ե­ղա­նակ­ներ, հա­զա­րա­ւոր նո­ւագ­նե­րով։ Ա­նոր եր­գի ձայ­նէն ա­նու­շա­հոտ վար­դե­նի­նե­րը կը գտնո­ւին մշտա­կան զմայլ­մուն­քի մէջ։ Այն­տեղ ա­րա­րած­նե­րը չեն ծե­րա­նար, այլ կը վա­յե­լեն յա­ւեր­ժա­կան սէր եւ ման­կու­թիւն։ ­Բայց բիւ­րե­ղեայ ա­պա­րան­քի ոս­կեայ դու­ռը ա­մե­նուն առ­ջեւ չի բա­ցո­ւիր, ո­րով­հե­տեւ ան կա­խար­դո­ւած է եւ խորհր­դա­ւոր թի­լիս­ման ու­նի։ ­Մի ծե­րու­նի տէր­վիշ, որ իր աչ­քով տե­սեր է այդ բո­լո­րը, խոս­տա­ցած է տալ ինձ այդ թի­լիս­մա­նը։

Աս­լան ժպտաց թուրք հնա­գէ­տի միամ­տու­թեան վրայ։ Ա­նոր ցոյց տո­ւած հո­րը ու­րիշ բան չէր, այլ հին, ստո­րերկ­րեայ անց­քե­րէն մէ­կը, որ ժա­մա­նա­կին ծա­ռա­յեր էր կամ որ­պէս փա­խուս­տի ճա­նա­պարհ, կամ հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն էր ու­նե­ցած ու­րիշ ամ­րու­թիւն­նե­րու հետ, ո­րոնք շատ հե­ռու չեն բեր­դէն։ Այս տե­սակ հո­րեր շատ էին, կար­ծես քա­րա­փի մթին խոր­քե­րը հսկա­յա­կան մրջնա­նոց մը ըլ­լար իր բազ­մա­թիւ խոր­շե­րով եւ խո­ռոչ­նե­րով, ուր մար­դիկ եր­բեմն գոր­ծեր էին։ ­Բայց իմ ու­շադ­րու­թիւ­նը գրա­ւե­ցին ե­րե­սու­նէ ա­ւե­լի մեծ եւ փոքր այ­րեր ու ըն­դար­ձակ քա­րան­ձաւ­ներ, ո­րոնք նոյն­պէս փո­րո­ւած էին քա­րա­փի մէջ, ո­րոնց մէկ քա­նիին մէջ մենք կրցանք մտնել։ Ա­նոնց վրայ կ­՚ե­րե­ւէր ժա­մա­նա­կի ար­հեստն ու ճար­տա­րու­թիւ­նը, եւ ա­նոնց­մէ շա­տե­րը զար­դա­րո­ւած էին սե­պա­ձեւ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րով։

«Ա­ւան­դու­թիւ­նը, ը­սաւ Աս­լա­նը, այս բերդն ու այս այ­րե­րը ­Շա­մի­րա­մին կ­՚ըն­ծա­յէ, որ­պէս՝ նի­նո­ւէա­ցի թա­գու­հիին գան­ձա­տու­նը, մթե­րա­նոց­նե­րը, պա­հես­տի տե­ղե­րը եւ բաղ­նիք­նե­րը։ Իսկ այս բո­լո­րը ա­ւե­լի հին են, քան թէ ­Շա­մի­րա­մը, թէեւ մեր ծե­րու­նի ­Խո­րե­նա­ցին հնա­գի­տա­կան միամ­տու­թեամբ նոյն­պէս ա­նոր կ­՚ըն­ծա­յէ։

-Ի՞նչ կ­՚ը­սէ ­Խո­րե­նա­ցին, հար­ցու­ցի ես խո­րին հե­տաքրք­րու­թեամբ։

­Կար­ծես, Աս­լա­նը ­Խո­րե­նա­ցու գիր­քը այն­պէս սեր­տած ըլ­լար, որ­պէս ես ­Սաղ­մո­սը. ան ան­գիր կար­դաց պատ­մու­թե­նէն այդ բեր­դին վե­րա­բե­րող մա­սը, յե­տոյ աշ­խար­հա­բա­րի թարգ­մա­նեց ին­ծի.- «Իսկ ան­ձա­ւի ա­րե­ւա­հա­յեաց կող­մը, այն­պի­սի նիւ­թի կարծ­րու­թեան մէջ, ուր այժմ եւ ոչ մի գիծ եր­կա­թով փո­րել կա­րե­լի է, (­Շա­մի­րամ) պէս պէս տա­ճար­ներ, օ­թե­ւան­նե­րու սե­նեակ­ներ, գան­ձե­րու տներ եւ եր­կար այ­րեր հրա­շա­կեր­տեց, յայտ­նի չէ ի՛նչ բա­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան հա­մար։ ­Բայց քա­րի ամ­բողջ ե­րե­սի վրայ, որ­պէս գրի­չով մո­մը հար­թե­լով, շատ գրեր ար­ձա­նագ­րեց, ո­րոնց վրայ նա­յիլն միայն զար­մանք կը պատ­ճա­ռէ»։

Ո՛ր­քա­նով ու­ղիղ էր ­Խո­րե­նա­ցիի կար­ծի­քը, ես այդ չէի կրնար դա­տել, միայն կը տես­նէի, որ ը­սած­նե­րուն բո­լո­րը կա­յին։ ­Բայց Աս­լան կ­՚ը­սէր, թէ այս ա­մէ­նը այն ա­մե­նա­հին ժա­մա­նակ­նե­րէն են մնա­ցեր, երբ մար­դիկ տու­ներ չէին շի­ներ, այլ այ­րե­րու մէջ կը բնա­կո­ւէին։ Այդ իմ խել­քին ալ դիւր կու գար, ո­րով­հե­տեւ կը տես­նէի, որ այ­րե­րէն շա­տե­րը այն­քան ա­հա­գին մե­ծու­թիւն ու­նէին, ուր կա­րող էին ամ­բողջ ըն­տա­նիք­ներ բնա­կիլ։

­Բեր­դի շրջա­կայ­քը ման գա­լէ յե­տոյ, մենք մտանք բուն բեր­դին մէջ։ Այդ ան­մատ­չե­լի ամ­րո­ցը, ինչ­պէս ը­սի, նստած է ժայ­ռոտ քա­րա­փի գլխին, որ ուղ­ղա­ձիգ բարձ­րու­թեամբ քա­շո­ւած է դէ­պի եր­կինք եւ այն­տե­ղէն ահ­ռե­լի կեր­պով կը հսկէ ամ­բողջ քա­ղա­քի վրայ։ ­Դէ­պի ա­մէն կողմ, ուր կը նա­յիս, դար­ձեալ կ­՚ե­րե­ւին ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք լուռ եւ ան­բար­բառ կը նա­յին մար­դուս ե­րե­սին, կար­ծես, ը­սել ու­զեն. «­Մենք միշտ կը մնանք ան­վեր­ծա­նե­լի եւ եր­բեք չպի­տի ե­րե­ւան հա­նենք հնու­թեան գաղտ­նի­քը»։

«­Դուք ա­ւե­լի կը զար­մա­նաք, պա­րոն բժշկա­պետ, երբ կը տես­նէք ­Թոփ­րաք ­Քա­լէի եւ ­Ջար­խի-­Ֆա­լա­կի գաղտ­նի անց­քե­րը», ը­սաւ մեր ա­ռաջ­նոր­դը մի ա­ռան­ձին պար­ծեն­կո­տու­թեամբ, երբ լսեց Աս­լա­նի գո­վա­սանք­նե­րը, կար­ծես այդ հրա­շա­լիք­նե­րը իր պա­պերն էին ստեղ­ծա­գոր­ծեր։ «Երբ այս­տե­ղը վեր­ջաց­նենք, ես կը տա­նիմ ձեզ դէ­պի յի­շեալ հնու­թիւն­ներ, ո­րոնք բա­ւա­կան հե­ռու են այս­տե­ղէն։ ­Դուք հոն կը տես­նէք ա­ւե­լի զար­մա­նա­լի ստո­րերկ­րեայ անց­քեր, ո­րոնք այն­քան եր­կար կը տա­րա­ծո­ւին գետ­նի տա­կէն, որ շա­տե­րը հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն ու­նեն հենց այս բեր­դի հետ։

­Մենք ցած ի­ջանք բեր­դէն միեւ­նոյն քա­րէ սան­դուխ­նե­րով, ո­րոնց մա­սին Աս­լան կ­՚ը­սէր, թէ մի ժա­մա­նակ ­Գա­գիկ Արծ­րու­նին է տա­շել տո­ւեր, բայց այժմ հա­մա­րեա իս­պառ մա­շո­ւած էին։ ­Բեր­դի ստո­րո­տին, մեր ձիե­րը հե­ծանք ու դի­մե­ցինք դէ­պի ­Թոփ­րաք ­Քա­լէ եւ միւս հնու­թիւն­նե­րը։

­Բա­ւա­կա­նա­չափ հե­ռա­ցած էինք բեր­դէն, որ մեր շրջա­կայ­քը բա­ցո­ւե­ցան հիա­նա­լի տե­սա­րան­ներ. մէկ կող­մը կ­՚ե­րե­ւէր կա­նա­չա­զարդ Այ­գես­տա­նը, կ­՚ե­րե­ւէին նաեւ ­Վա­րա­գայ կա­նա­չա­զարդ լեռ­նե­րը, ո­րոնց կրծքին վրայ, խո­րին ջեր­մե­ռան­դու­թեամբ գրկո­ւած, բազ­մած էր ­Վա­րա­գայ գե­ղե­ցիկ վան­քը։ ­Միւս կող­մը, մա­նի­շա­կա­գոյն հա­յե­լիի նման, կը փայ­լէր ­Վա­նայ ծո­վա­կը։ Այդ ձո­ւա­ձեւ հա­յե­լին դրո­ւած էր հիա­նա­լի շրջա­նա­կի մէջ, զոր կը բո­լո­րէր ա­նոր գե­ղագ­րա­կան ե­զեր­քը՝ մեղմ, ա­լի­քա­ւոր բարձ­րու­թիւն­նե­րով, -ա­նոնք էին՝ Ար­տոս, Ար­նոս, ­Սի­փան, ­Նեբ­րովթ եւ Գր­գուռ լեռ­նե­րը, ո­րոնց գօ­տի­նե­րը չորս կող­մէն սեղ­մած էին ի­րենց մէջ ջրի այդ ա­ւա­զա­նը։

­Կար­ծես, այդ աշ­խար­հի հե­թա­նո­սա­կան եւ քրիս­տո­նէա­կան ժա­մա­նակ­նե­րու յի­շա­տա­կա­րան­նե­րը դեռ մին­չեւ այ­սօր մրցու­թեան մէջ էին ի­րա­րու հետ։ ­Մէկ կող­մը, բե­ւե­ռագ­րե­րով զար­դա­րո­ւած փա­ռա­ւոր շի­նո­ւածք­ներ ցոյց կու տա­յին ա­մե­նա­հին ան­ցեա­լը, միւս կող­մը, սփռո­ւած կը տես­նէինք բազ­մա­թիւ վան­քեր ու ե­կե­ղե­ցի­ներ։ Այդ վան­քե­րը դեռ շէն էին եւ լի բազ­մա­թիւ կրօ­նա­ւոր­նե­րով։ Իսկ ա­նոնց կող­քին, մենք կ­՚եր­թա­յինք տես­նել հին, մո­ռա­ցո­ւած մե­հեա­նի մը տխուր ա­ւե­րակ­նե­րը…։

ՍԱՐԳԻՍ ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ «Ակօս»