Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Արշալոյս Կիւրեղի Տէր-Նազարեան
Ծ­նեալ 1905 թո­ւին, ­Բա­բերդ, ­Լու­սոնք գիւղ

Իմ գլխէս գի­տե՞ս ին­չե՜ր ան­ցած են։ Ես գլուխս ա­զա­տած եմ այդ շու­նե­րէն։

Ես ծնած եմ 1905 թո­ւին, ­Բա­բուր­դի (­Բա­բերդ) ­Լու­սոնք գիւ­ղը։ ­Մեծ հայրս՝ ­Տէր ­Նա­զա­րէ­թը, ե­ղած է շատ հա­րուստ։ Ես ծնած եմ ար­տե­րու մէջ։ ­Մայրս՝ Ա­ղաւ­նին, հայրս՝ ­Կիւ­րե­ղը, եղ­բայր­ներս՝ ­Մի­սա­քը եւ ­Յա­կո­բը, քոյ­րերս՝ ­Վար­դու­հին,

Թռ­վան­դան եւ ես։ ­Մեր նման հա­րուստ կա­լո­ւա­ծա­տէր չկար։ Իմ պա­պը տէր­տէր էր։

­Թուր­քե­րը կու­գա­յին եւ կը հարց­նէին.- ­Տէր ­Նա­զա­րէ­թի տու­նը ո՞ւր է։

Ա­միս­նե­րով կը նստէին, կ­’ու­տէին, կը խմէին։

­

Կա­րաս­նե­րու մէջ մեղր ու­նէինք, զէյ­թուն, պա­նիր ու­նէինք։ Ա­մէն ինչ հէ՜չ ե­ղաւ։ ­Մեր ամ­բար­նե­րը կը տնքա­յին ու­տե­լիք­նե­րէ։ ­Տէր ­Նա­զա­րէ­թը շատ բա­րե­գործ էր, թուր­քե­րու հետ ալ լաւ ըն­կե­րու­թիւն կ­’ը­նէր։ ­Մին­չեւ ան­գամ թուր­քի արտ տո­ւած էր, որ ցա­նէ։ Օր մը այդ թուր­քը գաղտ­նի ե­կաւ մեր տու­նը, լուր տո­ւաւ, որ սուլ­թա­նը հրա­ման տո­ւաւ ի­րենց, ը­սաւ.- «­Գա­ցէ՛ք, թա­լա­նէ՛ք, բե­րէ՛ք էդ կեա­ւու­րի հարս­տու­թիւ­նը»։

­Գի­շե­րը մեր տղեր­քը՝ իմ հօ­րեղ­բայր­նե­րը, զէն­քե­րը ա­ռին, դուրս ե­կան տու­նէն։ ­Մէրս ա­նոնց հետ պա­շար դրաւ։ ­Մենք հա­րիւր ձի ու­նէինք։ Ա­խո­ռէն քա­շին, տա­րին։

­Մեր տղեր­քը ե­լան գա­ցին Անդ­րա­նի­կի խում­բին միա­ցան մեր սա­րե­րուն վրայ։ ­Մենք հանգս­տա­ցանք, որ գիւ­ղի ե­րի­տա­սարդ­նե­րը հե­ռա­ցան գիւ­ղէն։

1915ի ա­ռա­ւօտ մը թուր­քի զի­նո­ւո­րը լցո­ւաւ մեր գիւ­ղը, մեր տու­նը։ Ի­րից­կի­նը՝ տա­տիկս, նստած էր թո­նի­րի գլխուն, հաց կը թխէր։ ­Թուր­քե­րը տե­սան, որ մենք շատ հա­ւեր ու­նինք, հրա­մա­յե­ցին՝ հա­ւե­րը մոր­թել ու խո­րո­վել։ Ի­րից­կին տա­տի­կիս թե­ւերն ալ հա­ւե­րը խո­րո­վե­լու տաք-տաք շամ­փուր­նե­րով դա­ղե­ցին, տա­տիկս մե­ռաւ։

­Թուր­քե­րը պա­պի­կիս ը­սին.- ­Դու տէր­տէր ես, շատ ոս­կի ու­նիս, հա­նէ՛, տո՛ւր։ ­Պա­պի­կիս ալ բռնե­ցին, մօ­րու­քը վա­ռե­ցին։ ­Պա­պիկս յու­սա­հա­տո­ւած ը­սաւ.- ­Նալ­լա՜թ ըլ­լի, ա­ռէ՜ք, տա­րէ՜ք, ժա­մի խո­րա­նը սուրբ մը թա­ղո­ւած է, գա­ցէ՛ք, այն քա­րին տակն են ոս­կի­նե­րը։

­Թուր­քե­րը գա­ցին, հա­նե­ցին, եր­կու խուր­ջին լե­ցու­ցին ոս­կիով, բե­րան­նե­րը կա­րե­ցին մա­խա­թով, ե­կան պա­պի­կիս գլուխն ալ տո­ւին. հոն սպա­նե­ցին։ ­Յե­տոյ ալ ան­ցան հարս­նե­րուն, հօ­րեղ­բօրս կի­նը՝ Իս­կու­հին ը­սաւ.- Շ­նե՛ր, ա­ռա՛ք ոս­կի­նե­րը, հի­մա ի՞նչ կ­’ու­զէք,- ա­ռաւ իր ե­րե­խի­քին ջու­րը գցեց, ինքն ալ ի­րեն գցեց ջու­րը խեղ­դո­ւե­ցաւ։

­Զա­թի կնիկ­նե­րուն կը տա­նէին մօ­տիկ գե­տը, հա­գուստ­նե­րը կ­’առ­նէին, ի­րենց ալ քա­մակ­նե­րուն քա­ցով կը խփէին, գե­տը կը գցէին։ Իմ պա­պա­յին տա­րած գցած էին գիւղ մը՝ մութ տեղ, սո­ված-ծա­րաւ պա­հած էին, ծե­ծած, բան­տար­կած էին փակ տեղ մը։ ­Պա­պաս ալ շի­նա­րար էր։ Ան մութ տե­ղը, հո­ղին մէ­ջէն եր­կաթ մը գտաւ, սկսաւ պա­տը քան­դել. փա­խաւ։ ­Թուրք մը տե­սաւ իր փախ­չի­լը, պա­պաս իր ձեռ­քի եր­կա­թով խփեց ա­նոր գլխուն, ան սատ­կե­ցաւ։ ­Պա­պաս ա­նոր հա­գուստ­նե­րը հա­նեց, ին­քը հա­գաւ, ա­նոր փաս­փորն ալ ա­ռաւ, գնաց Ս­տավ­րո­պոլ։ ­Մեզ ալ գիւ­ղէն քշե­ցին, բո­լոր ըն­տա­նի­քով ոտ­քով քա­լե­լով գա­ցինք։ ­Քա­ռա­սուն օր մե­զի ոտ­քով քշե­ցին, վեր­ջա­պէս հա­սանք Երզն­կա քա­ղաք։ ­Ժո­ղովր­դին հա­ւա­քե­ցին, որ լցնեն գե­տը։ Ե­կան բո­լոր թուր­քե­րը, կայ­նե­ցան։ Աղ­ջիկ-կնիկ, բո­լո­րին գե­տը գցե­ցին, ա­լի­քը տա­րաւ։ ­Մենք փա­խանք։ ­Հա­սանք գիւղ մը։ ­Տե­սանք հա­յե­րուն կո­տո­րած էին։ ­Գիւ­ղը դա­տարկ էր։ Մ­տանք կի­սա­ւեր տուն մը։ Իմ ախ­պեր­նե­րը, մենք բո­լորս սո­ված էինք։ ­Տա­տիկս ը­սաւ.- ­Յա­կո՜բ ջան, չա­րու­խի տա­կէն եր­կու ոս­կի հա­նէ, մա­ծուն առ­նենք։

­Հա­զիւ նստած մա­ծուն կ­’ու­տէինք, տե­սանք, որ եր­կու թուրք ե­կան մտան, ախ­պեր­նե­րուս՝ ­Յա­կո­բին ու ­Մի­սա­քին բռնե­ցին տա­րին մոր­թե­լու։ Մ­նա­ցինք իմ քոյ­րե­րով, մայրս ու ես։ ­Մէկ ալ տե­սանք թուրք մը մեր դէ­մը մեզ կը նա­յի։ Ե­կաւ հօ­րեղ­բօրս կնի­կին ը­սաւ.- Այդ աղջ­կան տուր տա­նեմ, լաւ կը պա­հեմ։ ­Մէկ է, ձե­զի ջու­րը պի­տի գցեն, պալ­քի ան սաղ մնայ։

Ինձ տո­ւին ա­նոր ձեռ­քը։ Ան ալ ինձ բե­րաւ իր տու­նը։ Է՜, դրա հար­սը մե­ռեր է, ե­րե­խան մնա­ցեր է ան­տէր, ես պի­տի պա­հեմ։ Ես հա­րուս­տի աղ­ջիկ, ես կրնա՞մ այդ ե­րե­խան պա­հեմ։ Ե­րեք օր մնա­ցի, տե­սայ չեմ կա­րո­ղա­նայ, է­լա դռնե­րը բաց թո­ղի փա­խայ, մտա­ծում եմ՝ եր­թամ ինձ ջու­րը գցեմ՝ պրծնեմ։ ­Մէկ ա, մեր գեր­դաս­տա­նէն մե­նակ ես մնա­ցի, բո­լո­րին գցե­ցին ջու­րը։ ­Ճա­նա­պա­րին լսե­ցի թուր­քե­րը կը խօ­սէին.- «Էր­մէ­նի մէ­զէ­րին­դա հէչ էր­մէ­նի քալ­մա­դը, հէ­փի­սի­դէ սու­յա աթ­դըմ» (հայ­կա­կան գե­րեզ­մա­նա­տա­նը ոչ մի հայ չմնաց, բո­լո­րին ջու­րը գցե­ցի)։

Ես այդ խօս­քե­րը լսե­ցի՝ ու­րեմն բո­լո­րին ջու­րը գցե­ցին։ Նս­տայ լա­ցայ։ ­Մէկ ալ եր­կու թուրք կնիկ ե­կան հար­ցու­ցին ինձ.- «­Կու­գա՞ս մեր տու­նը»։

Ա­նոնք ալ մեծ զի­նո­ւո­րա­կա­նի կնիկ­ներ էին։ Ա­նոնց հետ գա­ցի։ Իմ ձեռ­քէն բռնե­ցին, տա­րին եր­կու փո­ղոց էն կող­մը։ Ինձ լո­ւա­ցին, շո­րեր հագ­ցու­ցին, ե­րեք տա­րի պա­հե­ցին։ Ա­նունս ­Կիւլ­լի դրած էին։ Օր մը ինձ հար­սա­նիք տա­րին։ ­Տե­սայ՝ մեր հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւո­րա­կա­նի շուր­ջա­ռով, վե­ղա­րով ու գա­ւա­զա­նով մէ­կը մէջ­տեղ ե­լաւ, սկսաւ տնազ ը­նել։ Ես ջղայ­նա­ցայ։

Ինձ կը ղրկէին ի­րենց եղ­բօր տու­նը մի բան բե­րել-տա­նե­լու։ Օր մը սու­բե­րէ­յի թխե­ցին, ձեռքս տո­ւին, որ տա­նեմ ի­րենց եղ­բօր տու­նը։ ­Ճամ­բուն վրայ այդ հին թուր­քը ինձ հան­դի­պե­ցաւ, ճանչ­ցաւ, սկսաւ վա­զել ե­տե­ւէս։ ­Հէնց մօ­տե­ցաւ՝ սու­բե­րէ­յին տո­ւի ա­նոր գլխուն վրայ ու ես փա­խայ։ Ի­րի­կու­նը, որ մեր տղա­մար­դիկ տուն ե­կան, այդ թուր­քին գա­ցին ծե­ծե­ցին։

Ե­րեք տա­րի յե­տոյ, որ ռու­սը ե­կաւ, ինձ թաք­ցու­ցած էին, որ չգտնեն։ ­Քա­նի որ որբ հա­յե­րուն կը հա­ւա­քէին, կը տա­նէին հայ­կա­կան որ­բա­նոց։ ­Ռու­սե­րը կ­’ը­սէին.- «­Հա­յե­րուն ով որ վնաս տայ՝ կը պատ­ժենք»։

Ա­նոնց պա­տո­ւա­լի լու­սա­մու­տին սետ­կա քա­շած էր։ ­Դու­ռը փակ էր։ ­Մի հատ քալ­փա­թին գտայ, քա­շե­ցի, ին­կայ թի­կուն­քիս վրայ, բայց դու­ռը բա­ցո­ւե­ցաւ։ Ոտ­քի ե­լայ, փի­լա­քա­նը դրի, տե­սայ մի հատ ռուս, մի հատ հայ զի­նո­ւոր, ը­սի.- ­Բէն Էր­մէ­նի իմ (Ես հայ եմ)։

Ա­նոնք լսե­ցին ին­ծի, ը­սին.- ­Դու հա՞յ ես, թռի՝ բռնենք։

Ես ը­սի.- Ես չեմ կա­րող թռնել։ Ե­րե­կո­յեան ժա­մը հին­գին ե­կէք ինձ ու­զէք։

­Հա­րե­ւա­նը լսեց, ե­կաւ ու խա­բար տո­ւաւ։ Եր­կու քոյ­րե­րը ե­կան, լա­լով ինձ կը խնդրէին՝ ը­սէ «Ես մու­սուլ­ման եմ»։

Ը­սի՝ «­Հա՛ , կ­’ը­սեմ»,- բայց ես գի­տեմ ինչ պի­տի ը­սեմ։

Ե­րե­կո­յեան այդ ռուս եւ հայ զի­նո­ւոր­նե­րը ե­կան, հե­տեր­նին հայ կնիկ մը՝ ա­նու­նը ­Զա­րու­հի։ Ե­կան ինձ հար­ցու­ցին.- ­Դու հա՞յ ես։

Ես ը­սի,- ­Հա՛, հայ եմ։

Ինձ ա­ռին, տա­րին։ ­Տի­կին ­Զա­րու­հին ինձ վեր­ցուց իր ծուն­կին, ը­սաւ.- ­Քու հօ­րեղ­բայր­նե­րը ­Բայ­բուրդ խա­նութ բա­ցած են։ ­Ռու­սը մտաւ, ա­զա­տեց ­Բայ­բուր­դը։

­Մէկ ալ հէրս ե­կաւ ինձ գտաւ։ ­Հէրս գա­ցած էր Ս­տավ­րո­պոլ, ինձ վեր­ցուց թրոյ­կա­յով, ես ու հէրս ե­կանք ­Բայ­բուրդ։ ­Տե­սանք՝ ա­մէն տեղ ա­ւեր։ ­Մեր տու­նը դա­տարկ։ ­Մէ­ջը բան չկայ։ ­Միայն մի հատ խնոց մնա­ցած էր։ Այն լաւ թուր­քը, որ ջար­դը սկսե­լէն ա­ռաջ ե­կած էր մե­զի ը­սած էր. «Ես ձեր հա­ցը շատ կե­րայ, վեր գա­ցէք ա­ռա­ւօ­տը փա­խէք ­Բայ­բուր­դէն», այդ թուր­քը ե­կաւ, ան բա­րի մարդ էր, տե­սաւ մեր վի­ճա­կը, բե­րաւ մեր կո­տո­շը կոտ­րած կո­վը, որ ին­քը տա­րած պա­հած էր, բե­րաւ, որ մենք ա­նոր­մով ապ­րինք։ ­Մեր քո­չից մէկ ալ ա­զա­տած էր իմ հօ­րեղ­բօր աղ­ջի­կը՝ Ե­ղի­սա­բէ­թը։ ­Թուրք մը փախ­ցու­ցած էր Ե­ղի­սա­բէ­թին, տա­րած ու պա­հած էր գո­մին մէջ։ Երբ 1918ին ռու­սե­րը ե­կան հա­յե­րը ա­զա­տե­լու, այս թուրք հէ­րը տղին կ­’ը­սէ.- «­Հո­րէն ջու­րը քա­շե­լով հո­րը գցէ»։ Ե­ղի­սա­բէ­թը գո­մին մէջ քնա­ցած պա­հուն, լսեց այդ խօս­քե­րը։ Երբ տղան Ե­ղի­սա­բէ­թը տա­րաւ հո­րին մօտ, ը­սաւ.- «­Ջու­րը վեր քա­շէ»։ Ե­ղի­սա­բէ­թը կ­’ը­սէ.- «Ես չեմ գի­տեր, ա­ռաջ դուն քա­շէ, ես տես­նեմ»։ Տ­ղան կը փոր­ձէ։ Ե­ղի­սա­բէ­թը տղա­յին հո­րին մէջ կը գցէ ու կը փախ­չի։ ­Ծա­ռի մը վրայ կը բարձ­րա­նայ։ ­Լու­սա­դէ­մին մի քա­նի զի­նո­ւոր կու­գայ։ Եղ­սիա­բէ­թը կը լսէ, որ հա­յե­րէն կը խօ­սին ու կ­’ը­սէ.- ­Վա՜յ, այս իմ Անդ­րա­նիկ քե­ռին է։

Ան իր ըն­կե­րո­ջը կ­’ը­սէ.- Այս ան­տա­ռին մէջ սա­տա­նայ կայ։

Ե­ղի­սա­բէ­թը ծա­ռին վրա­յէն կ­’ը­սէ.- ­Չէ՛, ես եմ, Ե­ղի­սա­բէ­թը.- այդ­պէս կ­’ա­զա­տի։

Ե­րեք տա­րի յե­տոյ գա­ցինք ­Թիֆ­լիս։ ­Թիֆ­լի­սի մէջ մաս­նակ­ցե­ցայ թա­տե­րա­կան խում­բին։ ­Լաւ կ­’ար­տա­սա­նէի ու կ­’եր­գէի։ 1938 թո­ւին ալ ե­կանք Ե­րե­ւան։

Ֆրանսահայ գաղութ

­Լիո­նի հայ­կա­կան հա­մայն­քը

­

Լիո­նի հայ­կա­կան հա­մայն­քը սկսաւ կազ­մա­ւո­րո­ւիլ 1923ին, երբ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն փրկո­ւած զան­գո­ւած­նե­րը հա­սան Ֆ­րան­սա։

­Լիոն հաս­տա­տո­ւած ա­ռա­ջին հա­յը կը կո­չո­ւէր ­Ռա­ֆա­յէլ-Ա­րամ ­Տէր-­Զա­քա­րեան։ Ան Կ. ­Պո­լի­սէն ե­կած էր 1877ին եւ կը զբա­ղէր ոս­կե­թե­լի ար­տադ­րու­թեամբ։ 1918ին կը հիմ­նո­ւի ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Միու­թիւ­նը Ս­տե­փան ­Կա­րա­պե­տօղ­լո­ւի կող­մէ, որ ­Փոքր Ա­սիա­յէն ե­կած էր 1894ին եւ կը զբա­ղէր մե­տաք­սի վա­ճա­ռա­կա­նու­թեամբ եւ ո­րու շա­ռա­ւիղ­նե­րը մին­չեւ հի­մա կ­’ապ­րին ­Լիո­նի մէջ։ Չ­մոռ­նանք, որ ­Լիո­նը մե­տաք­սի մայ­րա­քա­ղաքն էր ­Վե­րած­նուն­դէն ի վեր։

1923էն սկսեալ հա­յե­րը կը հաս­տա­տո­ւին ­Ռոն-Ալ­պեան շրջա­նի մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ, ուր եր­կա­թա­գոր­ծու­թիւնն ու կտա­ւա­գոր­ծու­թիւ­նը աշ­խա­տա­ւոր ձեռ­քե­րու պէտք ու­նէին։ Ա­նոնց թի­ւը շուրջ 500 էր։ ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Միու­թեան նա­խա­գահ ­Սե­րով­բէ ­Փա­փա­զեա­նի օ­րով եւ Գ­րի­գո­րիս Ե­պիս­կո­պոս ­Պա­լա­քեա­նի ջան­քե­րով՝ կը կա­ռու­ցո­ւի ­Լիո­նի ա­ռա­ջին հայ­կա­կան մա­տու­ռը, 7րդ ­թա­ղա­մաս, ­Պեր­թը­լօ փո­ղոց թիւ 75։

Ա­ռանց մաս­նա­գի­տա­կան կա­րո­ղու­թեան տէր ըլ­լա­լու, նո­րա­հաս գաղ­թա­կան­նե­րը կը սկսին աշ­խա­տիլ ինք­նա­շար­ժի ճար­տա­րա­րո­ւես­տի մէջ՝ Berlietի մօտ, հիւ­սո­ւա­ծե­ղէ­նի ճար­տա­րա­րո­ւես­տի մէջ՝ Gilletի մօտ եւ կամ acetate ար­տադ­րող Rhodiaceta գոր­ծա­րա­նին մէջ։

1929ի տնտե­սա­կան տագ­նա­պը կը հա­րո­ւա­ծէ ամ­բողջ աշ­խար­հը եւ 10 Օ­գոս­տոս 1932ին կը հրա­պա­րա­կո­ւի օ­տար աշ­խա­տա­ւոր­նե­րուն հա­մար օ­րէնք մը, ո­րով կը սահ­մա­նա­փա­կո­ւի գաղ­թա­կան­նե­րու մուտ­քը։ ­Գոր­ծազր­կու­թեան պայ­ման­նե­րու մէջ գոր­ծա­րան­նե­րու աշ­խա­տա­ւոր­նե­րը պէտք էր ի­րենց գլխուն ճա­րին նա­յէին ու ա­նոնք կը դառ­նան ար­հես­տա­ւոր­ներ - դեր­ձակ, կօշ­կա­կար ե­ւայլն։ ­Կի­նե­րը դեր­ձա­կու­հի կը դառ­նան եւ կամ կօ­շի­կի ե­րես կը կա­րեն։ Ա­նոնք կը բնա­կին Guillotiereի շրջա­նի նախ­կին զօ­րա­նոց­նե­րու մէջ հաս­տա­տո­ւած հիւ­ղա­ւան­նե­րու նեղ պայ­ման­նե­րուն մէջ։ Ա­նոնք բնա­կու­թիւն կը հաս­տա­տեն նաեւ 6րդ ­թա­ղա­մա­սի Servient, Moncey, Rabelais, Cuvier եւ այլ փո­ղոց­նե­րու մէջ, հա­յա­շատ շրջան մը ստեղ­ծե­լով։ Այ­սօր հա­յե­րը ա­ռա­ւե­լա­բար կեդ­րո­նա­ցած են 3րդ ­թա­ղա­մա­սին մէջ, ուր կը գտնո­ւին ­Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան եւ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, դպրո­ցը, հիւ­պա­տո­սա­րա­նը եւ France-Armenie ամ­սագ­րի խմբագ­րա­տու­նը։

Ա­նոնք ի­րենց դժո­ւար ա­ռօ­րեա­յին մէջ կը ջա­նա­յին ա­պա­քի­նիլ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թո­ղած վէր­քե­րէն, մոռ­նալ երկ­րի մէջ ի­րենց ծաղ­կուն աս­պա­րէ­զի եւ հաս­տա­տու­թեան կո­րուս­տի բեր­մամբ ըն­կե­րա­յին վի­ճա­կի փո­փո­խու­թիւ­նը, կե­ցու­թեան ար­տօ­նագ­րի ե­տե­ւէ վա­զել ե­ւայլն։ Ար­դէն 7000ի հա­սած էր գաղ­թա­կան­նե­րու թի­ւը։ Այս դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը ձե­ւով մը կը թե­թեւ­նա­յին մշա­կու­թա­յին եւ ըն­կե­րա­յին գոր­ծու­նէու­թեամբ, որ­մով ե­ռուն էին 30ա­կան թո­ւա­կան­նե­րը։ 7 թեր­թեր կը հրա­տա­րա­կո­ւէին ա­ւե­լի կամ նո­ւազ ժո­ղովր­դա­կա­նու­թեամբ, հա­յե­րէ­նի դա­սեր, թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցում­ներ, տօ­նե­րու նշում­ներ, խնճոյք­ներ, դաշ­տա­հան­դէս­ներ ե­ւայլն կը հա­ւա­սա­րակշ­ռէին ա­ռօ­րեայ կեան­քը։ ­Շուրջ քսան քի­լո­մեթր կ­’եր­թա­յին թութ հա­ւա­քե­լու, դաշ­տագ­նա­ցու­թիւն կ­’ը­նէին Rizeի ա­փին։ Ի­րենց հետ մա­կարդ կը տա­նէին, որ­պէս­զի մա­ծուն պատ­րա­տէին։

1936ին Ս. ­Մա­րիամ Աս­տո­ւա­ծա­ծին մա­տու­ռը կը փո­խադ­րո­ւի 6րդ ­թա­ղա­մաս։ 1940-46 ե­կե­ղեց­ւոյ վար­չու­թիւ­նը կը գլխա­ւո­րէ ­Ճիպ­րա­յէլ ­Պա­հա­տու­րեա­նը, որ ար­դէն 1929էն ի վեր հոն հաս­տա­տո­ւած էր եւ կը զբա­ղէր նպա­րա­վա­ճա­ռու­թեամբ։ Ծ­նած էր 1905ին Աք­սե­րեայ, ­Գո­նիա­յի մօտ, վե­հանձն անձ­նա­ւո­րո­թիւն մը, որ տնտե­սա­պէս օգ­նեց Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ կա­ռուց­ման։ Երբ իր գոր­ծե­րը ծաղ­կուն ըն­թաց­քի մէջ էին եւ ինքն ալ ո­րոշ տա­րի­քի մը հա­սած էր, Villeroy փո­ղո­ցի իր խա­նու­թին մէջ ան­մո­ռա­նա­լի յի­շա­տակ­ներ ձգած էր մա­նուկ­նե­րու հո­գիին մէջ, ա­նոնց ա­նու­շե­ղէն բաշ­խե­լով եւ ու­րա­խաց­նե­լով։

Այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի ու­րիշ անձ­նա­ւո­րու­թիւն մըն էր ­Նա­փո­լէոն ­Պիւլ­լիւ­քեա­նը, ճար­տա­րա­րո­ւես­տի մարդ եւ բա­րե­րար, ծնած 1905ին ­Մա­լա­թիա։ Ան իր ա­նու­նով հիմ­նադ­րամ մը կը հաս­տա­տէ, որ գու­մար­ներ կը յատ­կաց­նէ զա­նա­զան մշա­կու­թա­յին եւ ըն­կե­րա­յին միու­թիւն­նե­րու։

­Լո­ւի Պ­լան փո­ղո­ցի մա­տու­ռը երբ այ­լեւս նեղ կու­գայ հա­մայն­քի ե­կե­ղե­ցա­կան կա­րիք­նե­րուն հա­մար, նոր ե­կե­ղե­ցի մը կա­ռու­ցե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն կը ծա­գի։ Ե­կե­ղեց­ւոյ կա­ռուց­ման յանձ­նա­խումբ մը կը ստեղ­ծո­ւի, գլխա­ւո­րու­թեամբ ­Կար­պիս ­Ճըն­կը­տը­րեա­նի։ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ օ­ծու­մը տե­ղի կ­’ու­նե­նայ մեծ շու­քով, 1963ին, նա­խա­գա­հու­թեամբ քա­ղա­քա­պետ ­Լո­ւի Փ­րա­տե­լի եւ կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ­Լիո­նի եւ Շր­ջա­կայ­քի ­Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ազ­գա­յին ­Միու­թեան (նախ­կին ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Միու­թիւն), ո­րու նա­խա­գահն էր Անդ­րա­նիկ Օ­պո­զեան։ Օ­ծու­մը կը կա­տա­րէ ­Սե­րով­բէ Արք. ­Մա­նու­կեան։

­Քա­ղա­քը կ­’ու­նե­նայ հայ­կա­կան ա­նու­նով մկրտո­ւած տե­ղա­նուն­ներ։ ­Ներ­կա­յի rue d’Armenieն ծ­նունդ կ­’առ­նէ 1977ին։ Ա­ւե­լի ուշ կ­’ու­նե­նանք «­Լէա եւ ­Նա­փո­լէոն ­Պիւլ­լիւ­քեան» ճե­մա­վայ­րը, «­Ճիպ­րա­յէլ ­Պա­հա­տու­րեան» հրա­պա­րա­կը, Ե­րե­ւա­նի ­Պար­տէ­զը, Հ­րանդ ­Տինք փո­ղո­ցը։

­Հա­յե­րը ընդ­հան­րա­պէս կը զբա­ղին զա­նա­զան ար­հեստ­նե­րով եւ վա­ճա­ռա­կա­նու­թեամբ։ ­Նոր սե­րունդ­նե­րը բարձ­րա­գոյն ու­սում կը ստա­նան, կը հա­մար­կո­ւին ֆրան­սա­կան ըն­կե­րու­թեան մէջ։ Կ’ու­նե­նանք ար­դիւ­նա­բե­րող­ներ, վա­ճա­ռա­կան­ներ, ղե­կա­վար պաշ­տօ­նեա­ներ, ու­սու­ցիչ­ներ, գիտ­նա­կան­ներ, բժիշկ­ներ, վի­րա­բուժ­ներ եւ ա­զատ աս­պա­րէ­զի նա­խա­ձեռ­նող­ներ։

­Բայց հա­մայն­քի ա­մե­նա­կա­րե­ւոր խա­րիս­խը կը մնայ դպրո­ցը։ ­Նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ­Նոր­վան Ե­պիս­կո­պոս ­Զա­քա­րեա­նի, «­Մար­գա­րեան-­Փա­փա­զեան» դպրո­ցը (ման­կա­պար­տէզ եւ նա­խակր­թա­րան) իր դռնե­րը կը բա­նայ 1988ի ու­սում­նա­կան վե­րա­մու­տին, իսկ դպրո­ցի շէն­քին բա­ցու­մը կը կա­տա­րո­ւի 1997ին, ձե­ռամբ եր­ջա­նա­կա­յի­շա­տակ ­Գա­րե­գին Ա. Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սի։

­Լիո­նի հա­յու­թեան հա­մար 21րդ ­դար մուտ­քը կը յատ­կան­շո­ւի քա­ղա­քի կեդ­րո­նին մէջ յու­շար­ձա­նի կանգ­նու­մով, նո­ւի­րո­ւած ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ բո­լոր ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու զո­հե­րուն։ ­Յու­շար­ձա­նը մտայ­ղա­ցումն էր ­Ժիւլ ­Մար­տի­րո­սեա­նի եւ կը վա­յե­լէր ան­վե­րա­պահ զօ­րակ­ցու­թիւ­նը քա­ղա­քա­պետ ­Ժե­րար ­Քո­լոմ­պի։ ­Բա­ցու­մը կը կա­տա­րո­ւի 2006ին։ ­Ժիւլ ­Մար­տի­րո­սեան ամ­բողջ 20 տա­րի վա­րած էր նա­խա­գա­հու­թիւ­նը ­Կեդ­րո­նա­կան Ֆ­րան­սա­յի հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ­Հա­մա­կար­գող ­Խոր­հուր­դին (CCAF), եւ զայն կը փո­խան­ցէ ­Մի­քա­յէլ ­Քա­զա­րեա­նի։ ­Լիո­նը այժմ ու­նի նաեւ հայ­կա­կան հիւ­պա­տո­սա­րան, ո­րուն բա­ցու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ ան­ցեալ ­Յու­լի­սին։

­Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին կը կա­ռա­վա­րո­ւի ­Լիո­նի եւ Շր­ջա­կայ­քի Ծ­խա­կան ­Խոր­հուր­դին կող­մէ, ո­րուն պա­տո­ւա­ւոր նա­խա­գահն է ­Սե­պուհ ­Սա­րեան եւ նա­խա­գա­հը՝ ­Ժան-­Ժաք Օս­ման­ճեան։ ­Ռոն-Ալ­փի շրջա­նի ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդն է ­Կա­րա­պետ Վրդ. ­Յա­րու­թիւ­նեան, իսկ հո­գե­ւոր հո­վի­ւը՝ Ի­սա­հակ քհնյ. ­Հե­քի­մեան։

­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­գե­կո­չում­նե­րը ան­ցեա­լի նման սգա­հան­դէս­ներ չեն այ­լեւս։ ­Հա­մա­գու­մար­ներ, ցու­ցա­հան­դէս­ներ, գիր­քե­րու հե­ղի­նակ­նե­րու հետ հան­դի­պում­ներ, շար­ժան­կար­նե­րու ցու­ցադ­րու­թիւն­ներ, պա­րա­խում­բի ե­լոյթ­ներ եւ այլ մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­ներ իերնց տե­ղը գրա­ւած են ան­ցեա­լի պա­րա­հան­դէս­նե­րու եւ հայ­րե­նա­սի­րա­կան ձեռ­նարկ­նե­րու կող­քին։ ­Սե­րունդ­նե­րու փո­փո­խու­թեամբ չքա­ցած են ան­ցեա­լի «Ուր­կէ՞ էք, Էրզ­րու­մէ՞ն, Ա­տա­փա­զա­րէ՞ն» եւ նման հար­ցում­նե­րը։

­Հա­մայն­քը լա­ւա­պէս կազ­մա­կեր­պո­ւած է։ ­Զա­նա­զան հայ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ այ­ցե­լած են ­Լիոն, ինչ­պէս՝ ­Վազ­գէն Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս 1956ին, 1990ին եւ 79ին, ­Գա­րե­գին Ա., ­Գա­րե­գին Բ., նա­խա­գահ­ներ ­Ռո­պերթ ­Քո­չա­րեան եւ ­Սերժ ­Սարգ­սեան։ Ե­րե­ւա­նի եւ ­Լիո­նի մի­ջեւ կա­պե­րը շատ ա­մուր են, ա­նոնց մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը հաս­տա­տո­ւած է 1993ին։

Ան­ցեա­լի Ապ­րի­լէն ի վեր ­Լիո­նի ա­ռա­ջին փոխ-քա­ղա­քա­պետն է ­Ժորժ ­Քե­փե­նե­կեա­նը։ ­Լիո­նը նաեւ տո­ւած է կարգ մը ա­րո­ւես­տա­գէտ­ներ, ինչ­պէս՝ լու­սան­կա­րիչ ­Խա­ժակ Օ­հա­նեան, եր­գա­հան եւ դաշ­նա­կա­հար Անտ­րէ ­Մա­նու­կեան, ­Մի­շէլ ­Հա­լէ Ե­ղա­յեան, «­Կո­մի­տաս» երգ­չա­խում­բը ղե­կա­վա­րու­թեամբ ­Ժան ­Պէր­պէ­րեա­նի, բե­մադ­րիչ ­Սար­գիս ­Չէօմ­լէք­ճեան, նո­ւա­գա­խում­բի ղե­կա­վար Ա­լեք­սանտր ­Սի­րա­նո­սեան, աս­տի­ճա­նա­ւոր խոր­հա­րար Ա­լէն Ա­լեք­սա­նեան, նկա­րիչ­ներ եւ բազ­մա­թիւ այլ ա­րո­ւես­տա­գէտ­ներ։

Ա­ւե­լի քան 50 միու­թիւն­ներ եւ ըն­կե­րակ­ցու­թիւն­ներ ­Մեծն ­Լիո­նի մէջ կը հա­մա­կար­գեն 20.000 հո­գի­նոց կազ­մա­կեր­պո­ւած հա­մայն­քի մը կեան­քը։

­Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն զան­գո­ւա­ծա­յին ար­տա­գաղ­թի բե­րու­մով ­Հա­յաս­տա­նէն ե­կած հա­յեր, ու­նե­նա­լով հա­մայն­քա­յին տար­բեր մշա­կոյթ եւ սո­վո­րու­թիւն­ներ, ընդ­հան­րա­պէս հե­ռու կը մնան լիո­նա­հա­յու­թեան հա­ւա­քա­կան կեան­քէն։

 «­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն.
ա­կա­նա­տես­նե­րու վկա­յու­թիւն­ներ» 

Վեր­ժի­նէ Ս­վազ­լեան