Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­Վեր­ջա­պէս հա­սանք ­Թօփ­րաք-­Քա­լէ կո­չո­ւած ա­ւե­րակ բեր­դը, որ կը կո­չո­ւի նաեւ Ակռ­փու ­Քար եւ ­Զըմփ-­Զըմփ ­Մա­ղա­րա։ ­Բայց այդ ե­րեք ա­նուն­նե­րէն ոչ մէ­կը ա­նոր նախ­նա­կան ա­նունն է. այլ ստա­ցո­ւած են վեր­ջին ժա­մա­նակ­նե­րուն։ Ինչ­պէ՞ս կը կո­չո­ւէր ա­

ռաջ, - ո՛չ ոք գի­տէ. պատ­մու­թիւ­նը կը լռէ այդ մա­սին։

 

Այդ բեր­դը մի ամ­բողջ քա­ղաք է ե­ղեր, որ այժմ ծած­կո­ւեր է ա­հա­գին հո­ղա­կոյտ­նե­րու ներ­քեւ։ ­Ճիշդ այդ պատ­ճա­ռով ալ զայն թրքե­րէն կը կո­չեն ­Թօփ­րաք-­Քա­լէ (­Հո­ղա­բերդ)։ ­Գու­ցէ այդ ան­յայ­տա­ցած քա­ղա­քը ըլ­լայ այն կա­խար­դո­ւած «Պղն­ձէ-­Քա­ղա­քը», որ մին­չեւ այ­սօր վա­նե­ցի­նե­րու ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն մէջ պահ­պա­ներ է իր դժբախտ, ա­ռաս­պե­լա­կան պատ­մու­թիւ­նը։ ­Չար վհու­կի դիւ­թե­լով, ամ­բողջ քա­ղա­քը իր պա­րիսպ­նե­րով, տու­նե­րով եւ բնա­կիչ­նե­րով ան­շարժ պղինձ կը դառ­նայ։

Աս­լան ը­սած էր ին­ծի թէ այդ ա­ւան­դու­թիւ­նը ճիշդ է միայն այն կող­մէն, որ ե­թէ այդ հո­ղա­կոյ­տե­րու մէջ պե­ղում­ներ ը­նե­լու ըլ­լան, մե­տա­ղեայ բո­լոր ա­ռար­կա­նե­րը կը գտնեն պղին­ձէ շի­նո­ւած, ո­րով­հե­տեւ այդ ա­ւե­րակ­նե­րը կը պատ­կա­նին պղին­ձէ դա­րաշր­ջա­նին։ Եւ ի­րաւ ալ, ինչ­պէս պատ­մեց մեզ մեր ա­ռաջ­նոր­դը, հոն գտեր էին զա­նա­զան պղին­ձէ զար­դեր, պղին­ձէ զէն­քեր, պղին­ձէ տնա­յին կա­րա­սի­ներ եւ մին­չեւ իսկ պղին­ձէ մար­դու ար­ձա­նիկ­ներ։

­Թօփ­րաք-­Քա­լէ լե­րան մէջ եւս նոյն­պէս կը գտնո­ւին շատ այ­րեր, քա­րան­ձաւ­ներ, ստո­րերկ­րեայ անց­քեր, ինչ­պի­սի­նե­րը տե­սանք ­Շա­մի­րա­մի բեր­դի մէջ։ Ա­նոնց­մէ ո՛չ մէ­կը բնա­կան է, բո­լորն էլ փո­րո­ւած են ա­մուր ժայ­ռե­րու մէջ։

Այ­րե­րէն միայն մէ­կուն մէջ մտանք մենք, ո­րը կը կո­չո­ւի ­Զըմփ-­Զըմփ ­Մա­ղա­րա, այ­սինքն զըմ­զըմ­փա­լով ձայն հա­նող այր։ Ա­մե­նա­թե­թեւ ձայ­նը այդ քա­րան­ձա­ւի մէջ զըմփ-զըմ­փա­լով ար­ձա­գանգ կու տար։ ­Ժայ­ռի մէջ բա­ցո­ւած էր մեծ մուտք մը, որ հա­րիւ­րա­ւոր քա­րէ սան­դուխ­նե­րով կ­՚իջ­նէր դէ­պի լե­րան խոր­քը։ ­Քա­րի մէջ փո­րո­ւած եր­կու լու­սա­մուտ­ներ վե­րե­ւէն խիստ ա­ղօտ լոյս կու տա­յին այդ ստո­րերկ­րեայ վի­րա­պին մէջ։ ­Քա­րէ սան­դուխ­նե­րուն վեր­ջին աս­տի­ճա­նին մէկ կող­մը կը բա­ցո­ւի ըն­դար­ձակ, քա­ռա­կու­սի այր մը, որ կը կո­չո­ւի ­Զըմփ-­Զըմփ ­Մա­ղա­րա, ո­րու մէ­ջէն ա­ռան­ձին անցք մը կը տա­նի դէ­պի երկ­րի խոր­քե­րը, բայց ո՞ւր կ­՚եր­թայ կամ ո՞ւր կը վեր­ջա­նայ, Աս­տո­ւած գի­տէ։ ­Մեր ա­ռաջ­նոր­դը դար­ձեալ կը խօ­սէր ստո­րերկ­րեայ ա­պա­րանք­նե­րի մա­սին. Ա­ւան­դու­թիւնն ալ նոյ­նը կ­՚ը­սէր։ Աս­լա­նը սա­կայն կը ցան­կա­նար ստու­գել, թէ որ­քա­նով ճիշդ է այն կար­ծի­քը, թէ այդ ստո­րերկ­րեայ անց­քե­րը հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն ու­նեն քա­ղա­քի մէջ գտնո­ւող ­Շա­մի­րա­մայ բեր­դին հետ։ Այդ էր պատ­ճա­ռը, որ մեզ­մէ ոչ մէ­կը հա­մար­ձա­կո­ւե­ցաւ ­Զըմփ-­Զըմփ ­Մա­ղա­րա­յէն անց­նիլ եւ ա­ռաջ եր­թալ, իսկ նա, վա­ռե­լով իր հետ ա­ռած մոմ­պա­տը, շատ ա­ռաջ գնաց եւ վե­րա­դար­ձաւ հա­մա­րեա մէկ ժա­մէն։

­

Դուրս գա­լով այ­րէն մենք դի­մե­ցինք դէ­պի լե­րան գա­գա­թը, ուր մեր ա­ռաջ­նոր­դը կը կա­մե­նար ցոյց տալ մեզ ­Չար­խի-­Ֆա­լա­կի մուտ­քը։ Այս այն անց­քե­րէն էր, ո­րոնց նման­նե­րը տե­սեր էինք մենք, եւ ու­ղիղ լե­րան գա­գա­թէն կ­՚իջ­նէր դէ­պի ա­նոր խոր­քե­րը։ ­Վա­նե­ցի հա­յե­րու ա­ւան­դու­թիւ­նը այդ անց­քի մա­սին շատ հրա­շա­լիք­ներ կը պատ­մէ, ա­հա ա­նոնց­մէ մէ­կը.-

«Անց­քը կ­՚իջ­նէ մին­չեւ ­Գայլ գե­տի ա­փե­րը, որ զար­դա­րո­ւած են ար­մա­ւե­նի ծա­ռե­րով։ Այն­տեղ ­Բախ­տը ա­րագ ձեռ­քով կը դարձ­նէ աշ­խար­հի ա­նի­ւը՝ ­Չար­խի-­Ֆա­լա­կը։ Ա­նի­ւի իւ­րա­քան­չիւր թե­ւի վրայ ­Բախ­տը փո­րագ­րած է մի-մի գրու­թիւն, ո­րոնց իւ­րա­քան­չիւ­րը կը բո­վան­դա­կէ իր մէջ գաղտ­նիք մը։ Օ­րի­նակ, մէ­կը ցոյց կու տայ, թէ ինչ­պէ՛ս պէտք է գտնել թաք­նո­ւած գան­ձե­րը. միւ­սը կը սոր­վեց­նէ, թէ ինչ­պէ՛ս պէտք է պատ­րաս­տել է­լէք­սի­րը, ո­րու միա­ւո­րու­թեամբ ա­մէն մե­տաղ ոս­կի կը դառ­նայ. եր­րոր­դը ցոյց կու տայ, թէ ո՛ւր կը գտնո­ւին գո­հար­նե­րու լեռ­նե­րը. ­Չոր­րոր­դը կ­՚ու­սու­ցա­նէ, թէ ինչ­պէ՛ս բժշկու­թեան մէջ պէտք է գտնել ան­մա­հու­թեան կա­թի­լը. ­Հին­գե­րոր­դը կու տայ իշ­խա­նու­թիւն, թա­գա­ւո­րու­թիւն, փառք. մէկ խօս­քով, ա­նի­ւի իւ­րա­քան­չիւր թե­ւի վրայ ար­ձա­նագ­րո­ւած է մի-մի թի­լիս­ման մարդ­կա­յին բախ­տա­ւո­րու­թեան հա­մար, ո­րոնց դեռ մար­դու հան­ճա­րը չէ հա­սեր։

«Ա­նի­ւը ա­ռանց կանգ առ­նե­լու ան­դա­դար կը դառ­նայ, ան կանգ կ­՚առ­նէ տա­րո­ւայ մէջ մի ան­գամ միայն, այն ալ մէկ րո­պէով։ Այդ կ­՚ըլ­լայ ­Համ­բարձ­ման գի­շե­րը, երբ եր­կինք ու եր­կիր կը գիր­կընդ­խառ­նո­ւին ու կը համ­բու­րո­ւին մի­մեանց հետ։ ­Մար­դիկ կը սպա­սեն ճիշդ այդ րո­պէին։

Երբ յա­ջո­ղո­ւի ա­նոնց հաս­նիլ մին­չեւ ­Չար­խի-­Ֆա­լակ, պէտք է ի­րենց ձեռ­քին պատ­րաստ ու­նե­նան մո­մէ շի­նո­ւած թեր­թեր, որ ա­նի­ւը կանգ­նած րո­պէին՝ իս­կոյն փակց­նեն ա­նոր թե­ւին վրայ։ ­Խորհր­դա­ւոր թի­լիս­ման­նե­րէն մէ­կը կը դրոշ­մո­ւի մո­մի վրայ եւ մար­դը կը ստա­նայ այն շնորհ­նե­րէն մէ­կը, որ բախ­տը կը վի­ճա­կի ի­րեն։ ­Բայց այդ շնորհ­նե­րուն խիստ հա­զիւ ան­գամ կը հաս­նին մար­դիկ, ո­րով­հե­տեւ նոյն րո­պէին, երբ ա­նի­ւը կանգ կ­՚առ­նէ, ա­նոնց կը տի­րէ խո­րին թմրու­թիւն, ա­նոնք կը քնա­նան, ա­նո­ղոք ա­նի­ւը դար­ձեալ կը շա­րու­նա­կէ իր ա­րագ պտոյ­տը…»։

­

Մեզ կը մնար հնու­թիւն մը եւս տես­նել եւ մեր այդ օ­րո­ւան ար­շա­ւան­քը ա­նով պէտք էր վեր­ջա­ցած հա­մա­րել,- որն էր Մ­հե­րի ­Դու­ռը։ ­Միեւ­նոյն ժայ­ռի եր­կա­րա­ձիգ շա­րու­նա­կու­թեան վրայ, ուր տե­սանք ­Չար­խի-­Ֆա­լա­կը, ժայ­ռի ա­րեւմ­տեան կող­մը, քա­րի ճա­կա­տին տա­շո­ւած ա­հա­գին քա­ռա­կու­սի շրջա­նա­կի ձե­ւո­վը հսկայ դրան մը նմա­նու­թիւ­նը ու­նի։ Այդ դրան մա­կե­րե­սը, որ բա­ւա­կան խորն է ին­կած, ամ­բող­ջա­պէս ծած­կո­ւած է բե­ւե­ռա­գիր­նե­րով։ ­Ժո­ղո­վուր­դը զայն կը կո­չէ Մ­հե­րի ­Դուռ։ Այս­տեղ է ­Վա­նայ ա­մե­նաըն­դար­ձակ ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը։

Այդ քա­րե­ղէն դրան ե­տին, ժո­ղովր­դի ա­ւան­դու­թեամբ, իր ձիու հետ բան­տար­կո­ւած է Մ­հեր ա­նուն հսկայ անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը։ ­Ժայ­ռի սրտին վրայ, քա­րայ­րի մը մէջ ար­գե­լա­փա­կո­ւած է այդ սար­սա­փե­լի հսկան, որ օ­րին մէ­կը պի­տի խոր­տա­կէ շղթա­նե­րը եւ իր ձիուն վրայ նստած, դուրս սլա­նայ քա­րայ­րէն, վրէժխն­դիր կ­՚ըլ­լայ իր թշնա­մի­նե­րուն, եւ կը մաք­րէ ­Հա­յոց Աշ­խար­հը չա­րու­թե­նէն…

Այս­պի­սի ա­ռաս­պել մը միայն հայ մար­դու ե­րե­ւա­կա­յու­թեան ծնուն­դը կրնար ըլ­լալ։ ­Հա­յուն դա­րա­ւոր ան­նա­խան­ձե­լի վի­ճա­կը ստեղ­ծեր է ա­նոր հա­մար նման յոյս եւ ակն­կա­լու­թիւն։ ­Միհ­րը, կամ ժո­ղովր­դի բար­բա­ռով Մ­հե­րը, հա­յոց ա­րե­գակն է։

Այդ ա­մե­նա­հին աս­տո­ւա­ծը բան­տար­կո­ւած է եւ հա­յոց աշ­խար­հին կը տի­րէ խա­ւարն ու չա­րու­թիւ­նը։ Օր մը ան դուրս կու գայ իր ար­գե­լա­րա­նէն եւ կրկին լոյս ու ար­դա­րու­թիւն կը սփռէ հա­յոց աշ­խար­հին։ ­Ժո­ղո­վուր­դը ա­ռաս­պե­լա­կան լե­զո­ւով կ­՚ը­սէ այդ, կ­՚ը­սէ ու կը հա­ւա­տայ իր ը­սա­ծին, եւ՝ կը սպա­սէ…

Ար­դէն յայտ­նո­ւեր է Մ­հե­րը… բայց ժո­ղո­վուր­դը այդ չի նկա­տեր… ը­սաւ ին­ծի Աս­լա­նը, երբ ճա­նա­պար­հին այդ ա­ւան­դու­թեան մա­սին սկսայ խօ­սիլ ի­րեն հետ։

ՍԱՐԳԻՍ ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ
«Ակօս»