Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Հայ ժողովուրդը ոչ միայն գիտէ երախտապարտ ըլլալ, այլ անհրաժեշտ ու յարմար պահուն գիտէ արժանաւոր կերպով փոխադարձել իրեն նկատմամբ կատարուած օժանդակութիւնը, ցուցաբերուած զօրակցութիւնը:


Այս իրողութեան լաւագոյն արտայայտութիւններէն էր 21 Յունիսի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպանատան մէջ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գլպաշեանի ձեռամբ ՀՕՄ-ի նախաձեռնութեամբ հաւաքուած 23,679 տոլարի չեքի յանձնումը դեսպան Քոիչի Քաուաքամիի‘ իբրեւ օժանդակութիւն Ճափոնի երկրաշարժի աղէտեալներուն:
ԼՕԽ-ը ներկայացնող պատուիրակութիւնը նաեւ իր ցաւակցութիւնը յայտնեց Ճափոնի երկրաշարժին իբրեւ հետեւանք զոհուածներուն համար: Հանդիպումին ընթացքին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէն Սօսի Սաղըրեան դիտել տուաւ, որ 1988-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժէն ետք Ճափոն եղաւ այն երկիրներէն, որոնք օժանդակութեան ձեռք երկարեցին հայ աղէտեալներուն, իսկ այսօր հայութիւնը կը փոխադարձէ ՀՕՄ-ի ճամբով այդ գումարը փոխանցելով Ճափոնի ժողովուրդին:
Անդրադարձ կատարուեցաւ հայ-ճափոնական սերտ ու անկեղծ յարաբերութիւններուն, երկու ժողովուրդներուն միջեւ տարբեր միջոցներով կայացած համագործակցութեան:
Ճափոնի դեսպանը ԼՕԽ-ի պատուիրակութեան եւ Շրջանային վարչութեան ճամբով ճափոնցի ժողովուրդին խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդին եւ յատկապէս ՀՕՄ-ին՝ այս օժանդակութեան համար, դիտել տալով, որ այս գումարը պիտի փոխանցուի երկրաշարժէն տուժած շրջաններու պատասխանատու մարմիններէն կազմուած օժանդակութեան յանձնախումբին:
Տեսակցութեան ընթացքին նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ Ճափոնի դեսպանատան նեցուկով իրականացած ծրագիրներուն, որոնց համար կրկին շնորհակալութիւն յայտնեց ԼՕԽ-ի պատուիրակութիւնը:
Աւարտին դեսպանը ողջունեց ՀՕՄ-ի կողմէ առնուած քայլն ու կատարուած նախաձեռնութիւնը՝ շեշտելով, որ երկու ժողովուրդներուն միջեւ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի: