Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի ­Յի­շա­տա­կի պա­տին ար­ձա­նագ­րո­ւած ա­մե­նա­յայտ­նի ա­նուն­նե­րէն մէ­կը ­Հեն­րի ­Մոր­կեն­թաուն է: Ան ազ­գու­թեամբ հրեայ է, ծնած է 1854 թո­ւա­կա­նին (մա­հա­ցած է 1946ին) ­Գեր­մա­նիոյ ­Մանն­հէյմ քա­ղա­քին մէջ: ­Մոր­կեն­թաու տե­ղա­փո­խո­ւած է Ա.Մ.Ն., ստա­ցած է ի­

րա­ւա­բա­նա­կան կրթու­թիւն եւ աշ­խա­տած է իբ­րեւ դի­ւա­նա­գէտ: 1913-1916 թո­ւա­կան­նե­րուն ե­ղած է Ա.Մ.Ն.ի դես­պա­նը ­Թուր­քիոյ մէջ: Ա­ռա­ջին ­Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցած է նաեւ Անգ­լիոյ, Ֆ­րան­սա­յի, ­Ռու­սիոյ, ­Պել­ճի­քա­յի շա­հե­րը այդ երկ­րին մէջ:

 

­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժա­մա­նակ դես­պան ըլ­լալ ­Թուր­քիոյ մէջ կը նշա­նա­կէր ա­կա­նա­տես ըլ­լալ դժո­խա­յին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն եւ ստի­պո­ւած ըլ­լալ հան­դի­պիլ, շփո­ւիլ, բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րել (նաեւ՝ ժպտալ ու ձեռք սեղ­մել) այն ան­ձե­րուն հետ, ո­րոնք ծրագ­րած եւ ի­րա­կա­նա­ցու­ցած էին մարդ­կու­թեան պատ­մու­թեան ա­ռա­ջին դի­ւա­յին ո­ճի­րը։ ­Կը նշա­նա­կէր, նաեւ, ջանք ու ճիգ գոր­ծադ­րած ըլ­լալ՝ կան­խե­լու, տա­ռա­պեալ­նե­րու վի­ճա­կը գո­նէ քիչ մը թե­թեւց­նե­լու հա­մար:

­Մոր­կեն­թաու ձգած է յու­շագ­րա­կան ժա­ռան­գու­թիւն, ո­րուն մի­ջո­ցով մին­չեւ օրս ան­հեր­քե­լի փաս­տագ­րա­կան նիւթ մա­տու­ցած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ: Ի պաշ­տօ­նէ ­Մոր­կեն­թաու տե­ղե­կատ­ւու­թիւն ստա­ցած էր Ա­նա­տո­լիա­յի խո­րե­րէն եւ Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի մէջ գոր­ծող ա­մե­րի­կեան հիւ­պա­տոս­նե­րէն, քա­րո­զիչ­նե­րէն եւ այլ ան­ձե­րէ։ Ան կը շփո­ւէր տե­ղի հա­յու­թեան եւ այլ եր­կիր­նե­րու դի­ւա­նա­գէտ­նե­րու հետ ու ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րէն տե­ղեակ էր ա­ռա­ւել, քան ոե­ւէ այլ մէ­կը: Ա­նոր վկա­յու­թիւն­նե­րը, անժխ­տե­լի ա­պա­ցոյ­ցի ար­ժէք ու­նին, իսկ վեր­լու­ծու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց մի­ջո­ցով մեր­կա­ցու­ցած է թրքա­կան ժխտում­նե­րու, պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն­նե­րու եւ ար­դա­րա­ցում­նե­րու նեն­գա­պա­տիր սնան­կու­թիւ­նը, կը հիմ­նա­ւո­րեն ի­րա­տես, ա­նա­չառ եւ խո­րա­թա­փանց մօ­տե­ցու­մը: ­Հարկ է նշել նաեւ, որ ­Մոր­կեն­թաո­ւի վկա­յու­թիւն­նե­րը ու­նին նաեւ այլ՝ յոյժ կա­րե­ւո­րու­թիւն: ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ան­մի­ջա­կան կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րէն ան հան­դի­պած է ­Թա­լէա­թին, Էն­վէ­րին, ­Խա­լիլ պէ­յին: ­Յու­շագ­րու­թիւն­նե­րուն մէջ հա­տո­ւած­ներ զե­տե­ղած է ա­նոնց հետ իր ու­նե­ցած զրոյց­նե­րուն մա­սին, ո­րոնց ժա­մա­նակ հարց բարձ­րա­ցու­ցած է տե­ղա­հա­նու­թեան եւ սպան­դի մա­սին, փոր­ձած է կան­խել ա­հա­ւոր ե­ղեռ­նը: Ինչ­պէս գի­տենք՝ ա­պար­դիւն եւ ա­նօ­գուտ:

Ա­մե­րի­կա վե­րա­դառ­նա­լով՝ ­Մոր­կեն­թաու իր տե­սա­ծը, լսածն ու գիտ­ցա­ծը յանձ­նած է թուղ­թին, հրա­պա­րա­կած է «­­Հայ­կա­կան ջար­դե­րու առ­թիւ» (1918), «Ին­չո՞ւ պէտք է կոր­ծա­նել Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թիւ­նը» (1918), «­­Հա­յաս­տա­նը կը ­Կան­չէ» (1918), «Կ­­՛ոչն­չա­նա՞յ ար­դեօք ­Հա­յաս­տա­նը» (1920), «­­Հա­յե­րու կո­տո­րած­նե­րը 1915ին» (1922) յօ­դո­ւած­նե­րը եւ «­­Բոս­ֆո­րի գաղտ­նիք­նե­րը. 1913-1916» (1918), «­­Հա­յաս­տա­նի ող­բեր­գու­թիւ­նը» (1918), «­­Դես­պան ­Մոր­կեն­թաո­ւի յու­շե­րը» (1919) գիր­քե­րը, ո­րոնք յոյժ կա­րե­ւոր ու հա­ւաս­տի տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը պա­րու­նա­կեն ­Մեծ Ե­ղեռ­նի մա­սին:

Ա­հա թէ ի՛նչ գրած է ­Մոր­կեն­թաու.- «­­Տե­ղա­հան­ման իս­կա­կան նպա­տա­կը կո­ղո­պուտն ու ոչն­չա­ցումն էր. ի­րօք, կո­տո­րա­ծի նոր մե­թոտ էր: Ե­թէ թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը հրա­ման կ­­՛ար­ձա­կէին այդ աք­սոր­նե­րու մա­սին, ա­նոնք փաս­տօ­րէն մա­հո­ւան դա­տավ­ճիռ ի­րա­գոր­ծած էին ողջ ազ­գի մը նկատ­մամբ: Ա­նոնք ա­տի­կա հիա­նա­լի հասկ­ցած էին եւ իմ հետս ու­նե­ցած խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն ժա­մա­նակ չէին փոր­ձած թաքց­նել այդ փաս­տը… ­Ցան­կա­ցած ճա­նա­պարհ կը տա­նէր դէ­պի մահ»:

«…Ան­հե­թեթ են թուրք կա­ռա­վա­րու­թեան այն հա­ւաս­տիա­ցում­նե­րը, թէ ի­րենք մտա­դիր են հա­յե­րը բնա­կեց­նել նոր վայ­րե­րու մէջ: Էն­վէ­րի եւ ­Թա­լիա­թի իս­կա­կան նպա­տակն էր բնաջն­ջել հա­յե­րը»:

Այն, ինչ տե­սած, զգա­ցած ու հասկ­ցած էր ­Մոր­կեն­թաու, ա­հա­ւոր էր: Ա­հա­ւոր էր նաեւ այն դա­ժան հե­տե­ւու­թիւ­նը, ո­րուն յան­գած է ան, որ, սա­կայն, ի­րո­ղու­թիւնն էր.- «­­Հա­մո­զո­ւած եմ, որ մարդ­կու­թեան ողջ պատ­մու­թեան մէջ չկան այն­քան զար­հու­րե­լի փաս­տեր, ինչ­քան այս կո­տո­րա­ծը: Ան­ցեա­լին կա­տա­րո­ւած մեծ ջար­դերն ու հա­լա­ծանք­նե­րը գրե­թէ անն­շան կը թո­ւին 1915 թ. հայ ազ­գի կրած տա­ռա­պանք­նե­րուն բաղ­դատ­մամբ»:

­Նա­խախ­նա­մու­թեան կամ­քով՝ ­Մոր­կեն­թաու ապ­րե­ցաւ ա­ւե­լի քան ինն­սուն տա­րի, տե­սաւ Երկ­րորդ ­Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մը, ֆա­շիստ­նե­րու վայ­րա­գու­թիւն­ներն ու իր ցե­ղի բնաջն­ջու­մը, որ չա­փե­րով ա­ռա­ւել էր, քան հա­յոց կո­տո­րա­ծը թուր­քե­րու կող­մէ (ե­թէ, ի հարկ է, թոյ­լատ­րե­լի է նման հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րը), բայց նոյն­պէս վայ­րագ էին ու ան­մարդ­կա­յին՝ նպա­տա­կը, գոր­ծադր­ման ձե­ւերն ու մե­թոտ­նե­րը:

­Մոր­կեն­թաու տե­սաւ իր ժո­ղո­վուր­դին սպան­դը: Ու­շագ­րաւ է, որ ա­նոնց­մէ տա­րի­ներ ա­ռաջ՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժա­մա­նակ, ան բա­ցա­յայտ մե­ղադ­րանք­ներ շպրտած է գեր­մա­նա­ցի­նե­րու հաս­ցէին՝ նշե­լով, որ ա­նոնք մեղ­քի զգա­լի մաս ու­նին այդ ոճ­րա­գոր­ծու­թեան մէջ: Ան հա­մո­զո­ւած էր, որ նոյնն են գեր­մա­նա­ցի­նե­րուն եւ թուր­քե­րուն ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թիւնն ու սկզբունք­նե­րը, նոյնն են գոր­ծե­լաոճն ու մե­թոտ­նե­րը: ­Ժա­մա­նա­կը ցոյց տուաւ, որ ­Մոր­կեն­թաու այն­քան ալ չէր սխա­լած:

­Մոր­կեն­թաու իր հա­յան­պաստ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը շա­րու­նա­կած է նաեւ աշ­խա­տան­քէն հրա­ժա­րե­լէ եւ Ա­մե­րի­կա վե­րա­դառ­նա­լէ ետք: Ան ե­ղած է Ա­մե­րի­կեան Օգ­նու­թեան ­Կո­մի­տէի (Ա­մեր­կոմ) փոխ-նա­խա­գահ, աշ­խու­ժօ­րէն մաս­նակ­ցած է շարք մը նպաս­տա­մա­տոյց կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու աշ­խա­տանք­նե­րուն, բա­րե­գոր­ծա­կան ձեռ­նարկ­նե­րու, մի­ջազ­գա­յին «Ոս­կե­ղէն կա­նոն­նե­րու» ձեռ­նարկ­նե­րուն, նոյ­նիսկ ներ­կա­յա­ցու­ցած է հա­յե­րը Ա­մե­րի­կա բնա­կեց­նե­լու գա­ղա­փա­րը, գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լած է Ազ­գե­րու ­Լի­գա­յին մէջ, դի­ւա­նա­գի­տա­կան ո­լորտ­նե­րու մէջ, աշ­խու­ժօ­րէն ա­ջակ­ցած է նա­խա­գահ Ո­ւի­լի­սը­նի գոր­ծու­նէու­թեան, կա­տա­րած հա­յան­պաստ բա­զում այլ քա­յեր։

Իսկ այն, որ դես­պան ե­ղած տա­րի­նե­րուն ­Մոր­կեն­թաու տքնած է յա­նուն հա­յու­թեան եւ իր յու­շագ­րու­թիւն­նե­րով մե­ծա­պէս նպաս­տած է ու կը նպաս­տէ պատ­մա­կան ի­րո­ղու­թեան ճա­նաչ­ման, լիու­լի բա­ւա­րար են, որ­պէս­զի ա­նոր ա­նու­նը ար­ժա­նա­ւո­րո­ւի եւ յա­ւեր­ժա­նայ ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի ­Յի­շա­տա­կի պա­տի քա­րե­ղէն պա­հոց­նե­րէն մէ­կուն վրայ:

(­­Պատ­րաս­տեց ­Քո­ւէյ­թի Ազ­գա­յին ­Վար­ժա­րա­նի տնօ­րէն ­Մա­նուկ ­Մա­նու­կեան)