Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­Հայ­րե­նի գրա­վա­ճա­ռա­նոց­նե­րու մէջ չէ հա­ւա­նօ­րէն, ոչ ալ մա­նա­ւանդ՝ մա­տե­նա­դա­րան-գրա­դա­րան­նե­րու, որ հան­դի­պած պի­տի ըլ­լաք այս հրա­տա­րա­կու­թեան: Ինչ­պէս ես, դուք ալ կրնաք զայն տե­սած ըլ­լալ (թե­րեւս), բայց նո­ւազ «պատ­կա­ռե­լի» վայ­րե­րու մէջ - կեդ­րո­նի բա­նուկ սրճա­րան­ներ, հան­րա­խա­նութ­նե­րու գան­ձարկ­ղեր, հիւ­րա­նոց­նե­րու ըն­դու­նե­լու­թեան գրա­սե­ղան­ներ...: Իր է­ջա­չա­փը, թապ­լոի­տի մօ­տե­ցող, այ­սինքն տա­րա­ծուն: ­Շա­պի­կը՝ գու­նա­գեղ-նկա­րա­զարդ: Ընդ­հա­նուր ե­րե­ւոյ­թը՝ գո­վազ­դա­յին մա­մու­լի: Այս բո­լո­րը կրնան թե­լադ­րած ըլ­լալ թե­թե­ւու­թեան, անլր­ջու­թեան նախ­նա­կան տպա­ւո­րու­թիւն, որ նոյ­նիսկ հաս­տա­տո­ւիլ կը թո­ւի հապ­ճեպ նա­յո­ւած­քով մը ա­ռա­ջին է­ջե­րուն - ոչ-ա­ւան­դա­կան է­ջադ­րում, ինք­նա­տիպ գո­վազդ­ներ, տեղ-տեղ՝ ե­րե­ւա­նեան ժո­ղովր­դա­կան լե­զո­ւի ցու­ցա­կան ներ­կա­յու­թիւն...:

Ա­ռանց դեռ մոռ­նա­լու փաս­տը, որ «Ե­րե­ւան (քա­ղա­քի ամ­սա­գիր)»ը «տա­րած­ւում է անվ­ճար», ինչ­պէս կը ճշդէ շա­պի­կին ներ­քե­ւի մա­սը զար­դա­րող պի­տա­կը, թեր­թի «ապ­րան­քա­յին» ինք­նու­թիւ­նը ճշդող ցպի­կա­ւոր ծած­կա­նի­շին՝ քո­տին կող­քին:

ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ... ՄԱՍՆԱԿԻ ՃԱՆԱՉՈՒՄ...

­Բո­լոր այս յատ­կու­թիւն­նե­րը «նպաս­տած են», ըստ ե­րե­ւոյ­թին, որ մտքի-մշա­կոյ­թի ո­լոր­տի բնա­կիչ կամ հա­ղորդ շատ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, գո­նէ ին­ծի ծա­նօթ հայ­րե­նի թէ սփիւռ­քեան շրջա­նակ­նե­րէ, յա­ճախ ան­տե­սեն չորս տա­րիէ ի­վեր ու տա­րին վեց ան­գամ ի­րենց աչ­քին առ­ջեւ կա­նո­նա­ւո­րա­բար ներ­կա­յա­ցող եր­կամ­սեայ պար­բե­րա­թեր­թը, այս բա­յին թե­լադ­րած մէկ կամ միւս ի­մաս­տով՝ ան­գի­տա­նա­լու կամ ար­հա­մար­հե­լու...

Այս ան­տե­սումն է որ հաս­տա­տած եմ՝ գո­նէ -կը կրկնեմ- իմ ծա­նօթ­նե­րու ան­մի­ջա­կան շրջա­նա­կին մէջ: Ե­րե­ւի զայն սրբագ­րե­լու չեն բա­ւած ո՛չ հրա­տա­րա­կու­թեան իւ­րա­քան­չիւր թի­ւի շա­պի­կին վրայ յայ­տա­րա­րո­ւած եւ ներ­սը ամ­բող­ջա­կան թղթած­րա­րով մը ինք­զինք ար­դա­րաց­նող շատ լուրջ թե­ման, ո՛չ ա­ռա­ջին իսկ է­ջի ամ­փոփ, բայց միշտ կուռ եւ պա­տաս­խա­նա­տու ա­ռաջ­նոր­դող գրու­թիւ­նը՝ գլխա­ւոր խմբա­գիր Ար­տա­ւազդ Ե­ղիա­զա­րեա­նէն (ար­դէն ծա­նօթ ա­նուն՝ իբր ար­ձա­կա­գիր), ո՛չ ալ հե­տե­ւող էջ 2ի ներ­քեւ՝ ներ­կա­յա­ցու­մը խմբագ­րա­կան ճոխ կազ­մի մը՝ գրա­կան, գե­ղա­րո­ւես­տա­կան թէ վար­չա­կան:

Այս­պէս՝ թեր­թի գրա­կան խմբա­գիր Արք­մե­նիկ ­Նի­կո­ղո­սեա­նը (Գ­րող­նե­րու միու­թեան ե­րի­տա­սար­դա­կան բա­ժան­մուն­քի նա­խա­գահ եւ ե­ռան­դուն մշա­կու­թա­յին-ա­կա­դե­մա­կան գոր­ծիչ). ու ա­նոր կող­քին՝ գրա­կան-հրա­պա­րա­կագ­րա­կան ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դի ու­րիշ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ:

­Տո­ւեալ­ներ՝ ա­սոնք, որ կար­ծեմ պէտք էր բա­ւէին գո­նէ ա­ւե­լի հե­ռու տա­նե­լու ծա­նօ­թաց­ման փոր­ձը, եւ ի վեր­ջոյ «լուր­ջի առ­նե­լու» այս հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը:

ԱՆՁՆԱԳԻՐ... ՄԱՅՐ ԹՂԹԱԾՐԱՐՆԵՐ

«Ե­րե­ւան քա­ղա­քի ամ­սա­գիր»ը (այս ծա­ւա­լուն տա­րա­զը հոս կրկին կը գոր­ծա­ծեմ, իմ կար­գիս, խու­սա­փե­լու հա­մար նմա­նա­նուն ու­րիշ­նե­րու հետ հա­ւա­նա­կան շփո­թէ), սկսած է հրա­տա­րա­կո­ւիլ չորս տա­րի ա­ռաջ, եւ 2014ի ա­ւար­տին՝ լոյս ըն­ծա­յած է իր 30րդ ­հա­մա­րը:

Ա­նոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը, կ­՛ը­սէի, յատ­կացո­ւած է կեդ­րո­նա­կան թե­մա­յի մը՝ ա­ւե­լի կամ նո­ւազ ծա­ւա­լուն թղթած­րա­րի ձե­ւին տակ: Ան­ջատ շրջա­նա­կի մէջ, կը բե­րեմ օ­րի­նակ­ներ նիւ­թե­րէ, ո­րոնց թղթած­րար­նե­րը տրո­ւած են ի­րենց հար­ցե­րով կամ/եւ յա­րա­կից լրա­ցում­նե­րով:

­Բայց հա­մա­րի մը մէջ, լրագ­րա­կան ակ­նարկ­նե­րու շար­քը չի սահ­մա­նա­փա­կուիր գլխա­ւոր թղթած­րա­րով: Ան­կէ ա­ռաջ ու ետք, կը տո­ղան­ցեն պէս­պի­սուն ու­րիշ նիւ­թեր ալ, նո­ւազ ծա­ւա­լուն, յա­ճախ միակ է­ջի կամ զոյգ է­ջի վրայ տե­ղադը­րուած, գու­նա­գեղ է­ջադ­րու­մով եւ նկա­րա­զար­դու­մով:

Ա­հա հոս՝ շարք մը այս­պի­սի «ման­րա­թե­մա»ներ ալ (նոյ­նիսկ ե­թէ պարզ թւում մը շատ բան պի­տի չը­սէ), ճիշդ այն հա­մա­րէն, որ ար­դէն կը պա­րու­նա­կէ ­Կոն­դի ճոխ թղթած­րա­րը.- Ե­րաժշ­տա­կան մրցա­նակ­ներ, ­Կու­կըլ-ի ե­րե­ւա­նեան ե­ռա­չափ ման­րան­կար, գոր­գա­գոր­ծու­թիւն եւ գոր­գա­վա­ճա­ռու­թիւն, Ե­րե­ւա­նի փո­խա­կեր­պում­ներ եւ քա­ղաք-բնա­կիչ կապ, ե­րե­ւա­նեան նա­մա­կա­տուն, ե­րե­ւա­նաբ­նակ ե­րի­տա­սարդ սփիւռ­քա­հա­յու ապ­րում­ներ, հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­կան գոր­ծիք­նե­րու հա­ւա­քա­ծոյ, մար­զա­հա­մա­լի­րի հար­ցեր, ազ­գա­յին գրա­դա­րան, քա­ղա­քի նստա­րան­նե­րը - ու... շա­րու­նա­կա­բար:

Այս բո­լո­րը՝ միա՛կ հա­մա­րի մը մէջ. ու այս բո­լո­րը՝ բա­ցի գրա­ւիչ ար­տա­քին ներ­կա­յա­ցու­մէ՝ նաեւ մշա­կեալ, թէեւ ե­րի­տա­սար­դօ­րէն պարզ, հա­ճե­լի (յայտ­նօ­րէն՝ այդ­պէս ու­զո­ւած) լե­զու-ո­ճի մը կնի­քով, հետ­քը խմբագ­րող­նե­րու գրա­կան խառ­նո­ւած­քին եւ ճա­շակ­նե­րուն:

­Թեր­թը ու­նի մնա­յուն բա­ժա­նում­ներ՝ ­Քա­ղա­քա­մէջ, ­Քա­ղա­քա­ցի­ներ, ­Քա­ղաք: Ա­պա եւ ա­ւե­լի կամ նո­ւազ մնա­յուն է­ջեր, լուրջ՝ ինչ­պէս հար­ցազ­րոյց­ներ մշա­կոյ­թի կամ գե­ղա­րո­ւես­տի ծա­նօթ դէմ­քե­րու հետ (բայց միշտ՝ ընդ­հան­րա­կան հար­ցե­րու մա­սին):

­Կամ ե­րե­ւու­թա­պէս նո­ւազ լուրջ՝ ինչ­պէս Ե­րե­ւա­նի թաք­սի­վա­րորդ­նե­րէ մէջ­բերուած մե­նազ­րոյց­նե­րու է­ջը, այն­քան տի­պա­կան՝ ժո­ղովր­դա­կան լե­զո­ւի եւ մտա­ծո­ղու­թեան (եր­բեմն եւ՝ ի­մաս­տու­թեան) ա­ռու­մով:

ԱՐԴԱՐ ԳՆԱՀԱՏՈՒՄԻ ՄԸ ՀԱՄԱՐ...

­Հա­ւա­նա­կան ան­տե­սու­մի մը կ­՛ակ­նար­կէի սկիզ­բը, յատ­կա­պէս «լուրջ» շրջա­նակ­նե­րու կող­մէ - հայ­րե­նի թէ ար­տա­քին: ­Բայց հոս՝ խօսքս մաս­նա­ւո­րեմ սփիւռ­քա­հա­յե­րու, ան­շուշտ յանձ­նա­ռու այն զան­գո­ւա­ծին, որ՝ թէեւ կեն­սա­ձե­ւի եւ տե­սան­կիւ­նի ա­ռար­կա­յա­կան, ան­խու­սա­փե­լի տար­բե­րու­թիւն­նե­րով՝ մօ­տէն կը հե­տե­ւի հայ­րե­նա­կան կեան­քին ու հո­գե­րուն:

Ա­սոնց կող­մէ, «Ե­րե­ւան»ը կրնայ թե­րեւս ըն­կա­լո­ւիլ ո­րոշ հե­ռա­ւո­րու­թեամբ, չեմ ը­սեր՝ վե­րա­պա­հու­թեամբ: ­Թեր­թի է­ջե­րէն բա­բա­խող հա­յե­ցիու­թիւ­նը՝ «քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­յե­ցիու­թիւն» մըն է, որ կրնայ ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն շատ ալ հա­րա­զատ չհնչել ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան յստակ ծի­րէն դուրս կազ­մա­ւո­րո­ւած զգայ­նու­թիւն­նե­րու: ­Բայց մտա­ւոր ո­րոշ ճիգ, ո­րոշ վեր­լու­ծա­կան գնա­հա­տում՝ պի­տի բա­ւէ մե­զի -կը հա­ւա­տամ- սրբագ­րե­լու այս թե­րար­ժե­ւո­րու­մը:

­Հայ­րե­նի ո­րոշ շրջա­նակ­նե­րու, յատ­կա­պէս ե­րէց սե­րուն­դի մօտ՝ ան­տե­սու­մը, ե­թէ կայ, կրնայ բա­ցատ­րո­ւիլ այ­լա­պէս. տար­բեր հարց է:

­Պէտք չէ մոռ­նալ, որ ե­րի­տա­սարդ այս ամ­սա­գի­րը բեմն է սե­րուն­դի մը՝ ա­ճած-կազ­մա­ւո­րո­ւած ան­կա­խու­թեան տաս­նա­մեակ­նե­րուն, սե­փա­կան պե­տա­կա­նու­թեան շրջա­նա­կին մէջ (թէ­կուզ դեռ տա­ժան­քով՝ հա­սու­նաց­ման գա­ցող պե­տա­կա­նու­թեան). սե­րուն­դի մը՝ ո­րուն հա­մար հա­յե­ցիու­թիւ­նը -ե­թէ կ­՛ու­զո­ւի՝ հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը- այդ ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան, քա­ղա­քա­ցիա­կան գի­տակ­ցու­թեան եւ կեն­սա­ձե­ւի գի­ծե­րով ու գոյ­նե­րով է որ կը ներ­կա­յա­նայ բա­ցա­ռա­պէս:

­Պէտք չէ նաեւ մոռ­նալ, որ ա­նի­կա թերթն է քա­ղա­քա­յին, քա­ղա­քաբ­նակ հա­սա­րա­կու­թեան մը, նոյ­նիսկ՝ մայ­րա­քա­ղա­քաբնակ, որ՝ ա­ռանց ան­տե­սե­լու հա­մա­պե­տա­կան ի­րա­կա­նու­թիւն­ներն ու հար­ցե­րը, իր հայ­րե­նա-քա­ղա­քա­ցիա­կան գի­տակ­ցու­թիւնն ու կեան­քը կ­՛ապ­րի՝ նախ՝ մայ­րա­քա­ղա­քի շրջա­նա­կին մէջ: ­Բայց ա­սի­կա եւս, ինչ­պէս «քա­ղա­քա­ցիա­կան հայ­րե­նա­սի­րու­թիւն» բնո­րո­շու­մի պա­րա­գա­յին, իր սահ­մա­նու­մին իսկ մաս կը կազ­մէ...

«Ե­րե­ւան քա­ղա­քի ամ­սա­գիր»ը լրիւ ստանձ­նած կ­՛ե­րե­ւի այս ինք­նա­սահ­մա­նում­նե­րը՝ իր իսկ կող­մէ դրո­ւած, եւ որ կը յա­ջո­ղի չապ­րիլ բնաւ իբր սահ­մա­նա­փա­կում­ներ: ­Փայ­լուն յա­ջո­ղու­թիւն, որ կը պար­տի հիմ­նա­կան յատ­կու­թեան մը՝ քա­ղա­քա­ցիա­կան ու լրագ­րա­կան խո­րա­պէս ապ­րո­ւած պա­տաս­խա­նատ­ւու­թեան: Որ ե­րե­ւու­թա­պէս «թե­թեւ» այս հրա­տա­րա­կու­թեան կու տայ ե՛ւ լրջու­թիւն, եւ մա­նա­ւանդ՝ դրա­կա­նու­թիւն:

Աչ­քի ա­ռաջ ու­նե­նա­լով հայ­րե­նի լրագ­րա­կան շատ օր­գան­նե­րու ոչ-նա­խան­ձե­լի ո­րա­կը, բնա­կան հե­տե­ւանք՝ հա­ւա­քա­բար ապ­րո­ւած ու դեռ ա­ւար­տի չհա­սած խոր վե­րա­փո­խում­նե­րու. պե­տա­կա­նու­թեան եւ իր բա­ղադ­րիչ­նե­րու՝ իշ­խա­նու­թիւն/ընդ­դի­մադ­րու­թիւն գոր­ծարկ­ման ոչ-հա­սուն վի­ճա­կը, յա­ճախ եւ մա­մու­լի մա­կար­դա­կին դրսե­ւո­րո­ւող,- կրնանք հաս­տա­տել, որ «Ե­րե­ւան»ը փաս­տը կու տայ ան­խախտ պա­տաս­խա­նատ­ւու­թեամբ բնո­րո­շո­ւող ո­րա­կի մը:

Այս­պի­սի դիրք եր­բեմն կրնայ ստեղ­ծել տպա­ւո­րու­թիւ­նը անքն­նա­դատ դրա­կա­նու­թեան մը. բայց այդ չէ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը: «Ե­րե­ւան» կը խու­սա­փի տուրք տա­լէ Ե­րե­ւա­նի մէջ շատ տեղ ճա­րա­կող քննա­դա­տա­կան մո­լուց­քին, բայց ի հար­կին զի­ջում չ­՛ը­ներ ա­ռար­կա­յա­կան քննա­դա­տու­թեան ի­րա­ւուն­քէն:

­Պար­զա­պէս, ժխտա­կան ե­րե­ւոյթ­ներ եւ զար­գա­ցում­ներ մատ­նան­շե­լու կող­քին (­Փակ ­Շու­կա­յի այ­լան­դա­կում, քա­ղա­քա­յին յու­շար­ձան-թա­ղե­րու քան­դում...), ու­նի մնա­յուն փոյ­թը՝ տա­լու ե­րե­ւա­նեան ա­ռօ­րեան, հա­ւա­քա­կան կեանքն ու կա­ռոյց­նե­րը ի­րենց մարդ­կա­յին բա­բա­խու­մին մէջ, մաղ­ձի ու գրգռու­թեան այն­քան «սո­վո­րա­կան» լից­քէն զերծ: ­Փոյթ՝ որ ինք­նին լի է զի­նա­թա­փիչ հսկայ դրա­կա­նու­թեամբ մը:

Ա­սոր կող­քին՝ դեռ կայ ներ­կա­յա­ցու­մը մաս­նա­ւոր դրա­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րու. մէկ օ­րի­նակ՝ ե­լեկտ­րո­նա­յին բարձր ար­հես­տա­գի­տու­թեան ճիւ­ղե­րու նո­րա­գոյն թա­փան­ցու­մը ­Հա­յաս­տան, վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, եւ ա­սոր հե­տե­ւանք՝ ար­տա­գաղ­թած ո­րոշ աշ­խա­տու­ժի ծայր տո­ւած տուն­դար­ձը:

*   *   *

Այս­պէս, «Ե­րե­ւան քա­ղա­քի ամ­սա­գիր»ի քննար­կու­մը, ե­րի­տա­սար­դա­կան ո­րոշ ան­կաշ­կան­դու­թեան մը ե­րե­ւոյ­թին տակ, կը յայտ­նա­բե­րէ ան­վի­ճե­լի դրա­կան խորք մը. լի միան­գա­մայն հիւ­մո­րով եւ ող­ջա­խո­հու­թեամբ, ե՛ւ թե­թե­ւա­շունչ, ե՛ւ յանձ­նա­ռու:

­Հայ­րե­նի ի­րա­կա­նու­թեան հա­ղորդ սփիւռ­քա­հա­յուն հա­մար, յատ­կա­պէս ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դին, այս հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը շա­հե­կան է մէ­կէ ա­ւե­լի ի­մաստ­նե­րով:

­Թէեւ «ե­րե­ւա­նա­կեդ­րոն» քա­ղա­քա­ցիա­կան գի­տակ­ցու­թեան վրայ հիմ­նո­ւած, ա­նոր դրա­կան ան­կաշ­կան­դու­թիւ­նը, նաեւ ա­նոր կեն­սա­ձե­ւի ար­դիա­շունչ ճա­շակ­ներն ու ընտ­րանք­նե­րը, ա­սոնց են­թադ­րած ան­նա­խա­պա­շա­րու­թիւ­նը, «բա­ցու­թիւ­նը»՝ կա­րե­ւոր տո­ւեալ­ներ են հա­սա­րա­կաց գե­տի­նի, «նոյ­նա­լիք» կեցուածք­նե­րու ստեղծ­ման հա­մար:

Մ­տայ­նու­թիւն­նե­րու «բա­ցու­թիւն», ո­րու ոչ-ան­տե­սե­լի մէկ դրսե­ւո­րումն ալ՝ «անվճար տա­րա­ծո­ւող» այս թեր­թի առ­ցանց տար­բե­րակն է (տե՛ս ըն­կե­րա­ցող նկա­րը), տա­րա­ծու­մի իր հրա­ւէ­րով եւ ա­զատ ներ­բեռ­նու­մի կրկնո­ւած թե­լադ­րանք-քա­ջա­լե­րան­քով. «­Կար­դա՛ բո­լոր հա­մար­նե­րը առ­ցանց, ներ­բեռ­նի՛ր, ու­ղար­կի՛ր ըն­կե­րոջդ»:

Խո­րա­գիր­ներ՝ «Ե­րե­ւան քա­ղա­քի ամ­սա­գիր»ի թղթած­րար­նե­րէն

- ­Կոն­դի պատ­մա-ազ­գագ­րա­կան թա­ղա­մա­սը («Ե­րե­ւա­նի մայ­րա­քա­ղաք, շատ մօ­տիկ բայց թաք­նո­ւած ­Կոն­դը»),

- քա­ղա­քա­յին ջրա­բաշխ­ման հա­մա­կար­գը («Ջ­րի թող գնայ»),

- լու­սա­ւոր­ման հա­մա­կար­գը («Ե­ղի­ցի լոյս»),

- շրջա­գա­յու­թեան կազ­մա­կեր­պու­մը («Ա՛ջ քա­շի...»),

- Ե­րե­ւա­նի կեն­դա­նա­բա­նա­կան պար­տէ­զը («­Գա­զան հա­մար»),

- Ե­րե­ւա­նի մեթ­րօն («­Գե­տի­նը մտած»),

- ­Փակ շու­կա­յի այ­լա­կեր­պու­մը («­Շու­կա­յա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րի զո­հը»),

- զա­նա­զան թան­գա­րան­նե­րը («Գլ­խա­ռադ հարս­տու­թիւն­ներ»),

- Ե­րե­ւա­նի՝ «Գր­քի հա­մաշ­խար­հա­յին մայ­րա­քա­ղաք» տա­րո­ւան առ­թիւ («­Կիրք Գր­քոց»),

- քա­ղա­քա­մերձ հա­մայնք­նե­րը («Ա­պա­կենտ­րո­նա­ցում - ինչ­պի­սին է կեան­քը Ե­րե­ւա­նի այն հա­մայնք­նե­րում, որ­տե­ղից «քա­ղաք են իջ­նում»),

- ե­րի­տա­սարդ ար­հես­տա­գի­տու­թիւն­նե­րու/աշ­խա­տու­ժի վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րը («­Հայ-թէ­քը [High Technology, ծնթ. Յ.Ք.] հին քա­ղա­քում»),

- ռոք ե­րաժշ­տու­թեան ներ­կա­յու­թիւ­նը («­Ծանր ու թե­թեւ՝ քա­ղա­քը ռոք է լսում»)...

եւ այս­պէս տա­կա­ւին՝ ա­ւե­լի քան տաս­նեակ ու­շագ­րաւ հար­ցեր ու թղթած­րար­ներ. բո­լորն ալ մա­տու­ցո­ւած՝ հե­տաքրք­րա­կան, ա­խոր­ժե­լի խմբագ­րում-է­ջադ­րում-նկա­րա­զար­դու­մով՝ սկսած թղթած­րար­նե­րու խո­րա­գիր­նե­րէն, ինչ­պէս նկա­տո­ւած կ­՛ըլ­լայ վե­րե­ւի ցան­կէն...

Յա­րու­թիւն ­Քիւրք­ճեան