Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Ըստ ­Թուր­քիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի յայ­տա­րա­րու­թեան, այս տա­րի ­Չա­նաք­քա­լէի պա­տե­րազ­մի զո­հե­րուն յի­շա­տա­կը պի­տի ո­գե­կո­չո­ւի (փո­խա­նակ ցարդ նշո­ւած 18 ­Մար­տին) 23-25 Ապ­րիլ թո­ւա­կան­նե­րուն մի­

ջեւ։

 

Ան­շուշտ որ այս ո­րո­շու­մը խո­րա­մանկ ռազ­մա­վա­րու­թիւն մըն է՝ մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քին ու­շադ­րու­թիւ­նը շե­ղե­լու հա­մար ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շա­տա­կու­մէն, որ տե­ղի կ­՚ու­նե­նայ ա­մէն Ապ­րիլ 24ին։

­

Նա­խա­գահ Էր­տո­ղան իր ան­պար­կեշտ ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը գե­րա­զան­ցեց՝ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը ­Չա­նաք­քա­լէի մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն հրա­ւի­րե­լով։

­Ծա­նօթ ի­րո­ղու­թիւն է, որ ­Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­կան միտ­քը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն կը փոր­ձէ - հա­յոց ­Մեծ Ե­ղեռ­նին փո­խա­րէն - օ­րա­կար­գի վրայ բե­րել ­Չա­նաք­քա­լէի եւ ­Սա­րը­գա­մի­շի զո­հե­րու կսկի­ծը՝ ը­սե­լու հա­մար, թէ թուր­քերն ալ ծանր կո­րուստ­ներ ու­նե­ցած են։

Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ սրբապղ­ծու­թիւն մըն է կա­տա­րո­ւա­ծը, քա­նի որ վե­րեւ նշուած պա­տե­րազմ­նե­րուն զոհ գա­ցած մար­տիկ­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տուն նոյն ինքն ա­նոնց կրքոտ ու ան­փորձ զօ­րա­վար­ներն են։

Եւ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան կող­մէ ա­ղա­ւա­ղո­ւած այդ պա­տե­րազմ­նե­րուն մա­սին պատ­մա­կան վկա­յու­թիւն­նե­րով հան­դէս կու գայ գեր­մա­նաբ­նակ հա­յազ­գի ա­կա­դե­մա­կան Իշ­խան ­Չիֆթ­ճեան։ Ս­տո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք սոյն պա­տե­րազմ­նե­րուն մաս­նա­կից հայ զի­նո­ւոր­նե­րու մա­սին ­Չիֆթ­ճեա­նի յօ­դո­ւա­ծէն հա­տո­ւած մը։  

…­Մենք ալ, մեր կար­գին, փոր­ձենք այս­տեղ եր­րորդ կող­մին ծալ­քե­րուն վրայ աշ­խա­տիլ։

­Մե­զի օգ­նու­թեան կու գայ ­Մես­րոպ ­Քաջ­բե­րու­նի, բնիկ՝ բա­ղէշ­ցի, ­Պօ­ղոս պէյ ­Քաջ­բե­րու­նիի անդ­րա­նիկ որ­դին՝ փոքր տա­րի­քէն ­Պո­լիս գաղ­թած ու կրթու­թիւ­նը այդ­տեղ ստա­ցած։ ­Մես­րոպ շրջա­նա­ւարտ էր ­Պե­տա­կան զի­նո­ւո­րա­կան վար­ժա­րա­նէն, ուր պա­հես­տի զի­նո­ւոր­նե­րու մար­զի­չի պաշ­տօն կը վա­րէր։

Ան իբ­րեւ հե­տե­ւակ-տե­ղա­կալ կը մաս­նակ­ցի ­Չա­նաք­քա­լէի պա­տե­րազ­մին ու իր ցու­ցա­բե­րած գո­վե­լի յանդգ­նու­թեանց հա­մար գնա­հա­տան­քի կ­՚ար­ժա­նա­նայ։ ­Չա­նաք­քա­լէի մէջ թո­քէն ծան­րօ­րէն կը վի­րա­ւո­րո­ւի ու հի­ւան­դա­նոց կը փո­խադ­րո­ւի կի­սա­մեռ։ Ա­պա, ե­րեք ա­միս ա­պա­քին­ման շրջան մը կը բո­լո­րէ Կ. ­Պոլ­սոյ մէջ։ ­Հոս լու­րը կ­՚առ­նէ գա­ւա­ռի հա­յու­թեան տե­ղա­հա­նու­թեան եւ սպան­դին։ Ծ­նող­քը, ըն­տա­նի­քը, ազ­գա­կան­ներն ու հայ­րե­նա­կից­նե­րը կը տե­ղա­հա­նո­ւին։

Ինք՝ իբ­րեւ զի­նո­ւո­րա­կա­նի՝ այս լու­րե­րը հա­ւա­նա­բար շատ ա­ւե­լի դիւ­րու­թեամբ կը ստա­նայ, ինչ որ բնա­կա­նա­բար կը կրկնա­պատ­կէ մարմ­նա­կան վէր­քը։ Կ­՚ըմ­բոս­տա­նայ այս կա­ցու­թեան դէմ ու ­Ռազ­մա­կան նա­խա­րար ու զի­նո­ւո­րա­կան ա­տեա­նի նա­խա­գահ Էն­վե­րի կ­՚ուղ­ղէ նա­մակ մը, որ­մէ մէջ­բե­րե­ցինք սա տո­ղե­րը.- «Ե­թէ մեզ­մէ կը սպա­սո­ւի մայր հայ­րե­նի­քի փրկու­թիւ­նը, հա­պա մենք որ­մէ՞ պի­տի պա­հան­ջենք մեր ծնող­քին՝ կեան­քին, ինչ­քին եւ պա­տո­ւին ա­նա­ռար­կե­լի ա­պա­հո­վու­թիւ­նը, ե­թէ ոչ՝ այն տէ­րու­թե­նէն, ո­րուն հա­մար կը կռո­ւինք»։

­Բո­ղո­քին ար­դիւն­քը կ­՚ըլ­լայ՝ ­Պոլ­սէն իր հե­ռա­ցու­մը։

Կ­՚ար­ժէ թղթա­տել ­Կա­րա­պետ ­Գա­բի­կեա­նի վկա­յագ­րու­թիւ­նը, տե­ղե­կա­նա­լու հա­մար ­Սե­բաս­տիոյ կա­ռա­վա­րիչ ­Մո­ւամ­մէ­րի «գոր­ծու­նէու­թեան»։

Ան ­Հայ­տար­փա­շա­յէն կը մեկ­նի դէ­պի եր­կիր։ ­Սե­բաս­տիա հաս­նե­լով՝ կ­՚անց­նի իր պաշ­տօ­նին։ Ի տես, սա­կայն, սպան­դէն մնա­ցած ա­ւե­րին ու հետ­քե­րուն, այս ան­գամ կ­՚ըմ­բոս­տա­նայ ու իր տաս­ներ­կու ըն­կե­րա­կից­նե­րով լեռ­նե­րը կը քա­շո­ւի՝ իր նա­հա­տակ ցե­ղին ա­րեան վրէ­ժով լե­ցուն։

Այ­լեւս ի՞նչ հնա­զան­դու­թիւն։ ­Զէնք բարձ­րա­ցու­ցած էր այժմ իր ժո­ղո­վուր­դին բա­ցա­յայտ թշնա­միին դէմ։

­Քա­նի մը շա­բաթ ­Սե­բաս­տիոյ նա­հան­գին մէջ մնա­լէ ու սար­սափ տա­րա­ծե­լէ ետք, կ­՚ո­րո­շէ դէ­պի ­Կով­կաս յա­ռա­ջա­նալ՝ պատ­ռե­լով ռուս-թրքա­կան ռազ­մա­ճա­կա­տը։ Ար­դէն ռու­սա­կան բա­նա­կը հա­սած էր ու գրա­ւած Երզն­կան։ Թր­քա­կան բա­նա­կի հրա­մա­նա­տա­րը՝ ­Վե­հիպ փա­շա հաս­տա­տո­ւած էր ­Սու­շէ­հի­րի մէջ։ ­Քաջ­բե­րու­նի պէտք էր ­Սու­շէ­հի­րէն անց­նէր դէ­պի ռազ­մա­գիծ, սա­կայն շրջա­նին ռազ­մա­կան դիր­քե­րուն լաւ ծա­նօթ չէր։ Իր խում­բը գի­շե­րը կը յա­ռա­ջա­նար ու ցե­րե­կը ա­պաս­տան կը փնտռէր։ Չ­կա­րե­նա­լով մին­չեւ գի­շեր ա­պաս­տա­նիլ՝ ­Քաջ­բե­րու­նի եւ իր ըն­կե­րա­կից­նե­րը ­Սու­շէ­հի­րի բաց դաշ­տին վրայ օր ցե­րե­կով կը նշմա­րո­ւին թուրք զի­նո­ւոր­նե­րուն կող­մէ։ Առ­ճա­կա­տու­մը ան­խու­սա­փե­լի կ­՚ըլ­լայ։ ­Դիրք կը բռնեն ու մա­հու-կե­նաց վեր­ջին պայ­քարն է, որ կը մղեն ընդ­դէմ թրքա­կան հրա­ցա­նաձ­գու­թեան ու թնդա­նօթ­նե­րուն։

­Հապ­ճե­պով յի­շենք նաեւ ա­նու­նը զէյ­թուն­ցի զի­նո­ւո­րագ­րեա­լի մը, որ եւս ­Չա­նաք­քա­լէի մէջ ճա­կա­տե­ցաւ ու ա­պա ­Սուէ­զի ճա­կատ ղրկո­ւե­ցաւ՝ ­Մի­քա­յէլ ­Գու­յում­ճեան (1880-1954)։

Պ­րու­սա­յի շե­րա­մա­բու­ծու­թեան վար­ժա­րա­նէն շրջա­նա­ւարտ, պար­տադ­րեալ կը զի­նո­ւո­րագ­րո­ւի, սա­կայն կինն ու զա­ւակ­նե­րը ա­նա­պատ կը քշո­ւին։ ­Պա­տե­րազ­մէն ետք, տուն­դար­ձի ճամ­բուն վրայ՝ Հ­ռոմկ­լա­յի (­Ռում­քա­լէ) մէջ կը հան­դի­պի 200ի չափ թրքա­ցած հայ կի­նե­րու, ո­րոնց ա­զա­տե­լու ձեւ կը գտնէ։ ­Կը հաս­նի հայ­րե­նի քա­ղա­քը, ­Զէյ­թուն, որ քե­մա­լա­կան ու­ժե­րու կող­մէ կը պա­շա­րո­ւի։ Ա­ւե­լի ուշ կը յա­ջո­ղի ­Հա­լէպ հաս­նիլ ու գաղ­թա­կա­նու­թեան վե­րա­շի­նու­թեան աշ­խա­տան­քին մէջ կա­րե­ւոր դեր կը խա­ղայ՝ ­Մէյ­տա­նի շրջա­նին մէջ հո­ղա­մա­սի գնու­մին ու զէյ­թուն­ցի ըն­տա­նիք­նե­րու տե­ղա­ւոր­ման օ­ժան­դա­կե­լով։

Կ­՚ու­զեմ վե­րա­դառ­նալ ­Սե­բաս­տիա, ուր ­Պոլ­սէն հե­ռա­ցո­ւե­լով ու­ղար­կո­ւե­ցաւ՝ ­Քաջ­բե­րու­նի։ ­Սե­բաս­տիոյ կա­ռա­վա­րիչ ­Մո­ւամ­մէ­րի հրա­մա­նով կա­րա­ւան առ կա­րա­ւան հա­յե­րը տա­րագ­րո­ւած էին ար­դէն հոն­կէ։ Խ. ­Գա­բի­կեան կը վկա­յագ­րէ, թէ ­Սե­բաս­տիա­յէն տե­ղա­հա­նեալ վեր­ջին կա­րա­ւա­նը, որ կազ­մո­ւած էր պատ­մա­կան ­Սեւ ­Հո­ղեր թա­ղի բնա­կիչ­նե­րէն, կը հաս­նի ­Հա­սան-­Չէ­լէ­պի՝ ­Սե­բաս­տիա­յէն հա­րաւ-ա­րե­ւելք ու ­Մա­լա­թիա­յէն հիւ­սիս, որ նաեւ նա­խորդ կա­րա­ւան­նե­րուն հանգ­րո­ւա­նը ե­ղած էր։

­Հա­սան ­Չէ­լէ­պի հաս­նե­լով՝ նշեալ կա­րա­ւա­նին 300 այ­րե­րը բանտ ու ա­խոռ կը նե­տո­ւին։ ­Քա­նի մը ժամ ետք, տեղ­ւոյն միւ­տի­րը կը կան­չէ զի­րենք ու պաշ­տօ­նա­պէս կը յայ­տա­րա­րէ, թէ այդ­տե­ղէն անց­նող բո­լոր կա­րա­ւան­նե­րուն այ­րե­րը ար­մա­տա­խիլ ը­րած էին, ո­րով­հե­տեւ ըստ այնմ ի­րա­տէ ստա­ցած էին պե­տու­թե­նէն եւ ­Շէյխ-ուլ-իս­լամն ալ ֆա­թո­ւա տո­ւած էր այս առն­չու­թեամբ։

«­Դուք ալ նոյն ճա­կա­տագ­րին պի­տի են­թար­կո­ւէիք»,- կը շա­րու­նա­կէ ան,- «սա­կայն կայ­սե­րա­կան նե­րում ե­կած է, եւ այդ պատ­ճա­ռով ձեզ պի­տի չջար­դենք։ ­Գա­ցէ՛ք, ա­ղօ­թե­ցէք փա­տի­շա­հին հա­մար։ ­Միայն թէ ձեր կա­րա­ւա­նին ա­ռաջ­նորդ­նե­րէն եր­կու­քը թող ներ­կա­յա­նան ին­ծի։ Ա­նոնց հետ ա­ռան­ձին խօ­սե­լիք ու­նիմ»։ Եր­կու հո­գի՝ Ա­ւե­տիս ա­ղա Ա­կի­նեան եւ փաս­տա­բան ­Տի­մո­թէոս ­Թաշ­ճեան, ի­րենք զի­րենք իբ­րեւ ա­ռաջ­նորդ կը ներ­կա­յաց­նեն, բայց կը բան­տար­կո­ւին, նոյն գի­շե­րը կը սպան­նո­ւին, իսկ մնա­ցեալ­նե­րը ա­զատ կ­՚ար­ձա­կո­ւին։

«Ա­ւե­տիս Ա­կի­նեան ծա­նօթ ներ­կա­րա­րա­պետ, կա­րե­ւոր վար­պետ մըն էր. բա­րե­կե­ցիկ, բազ­ման­դամ ըն­տա­նի­քի հայր, նո­ւազ ու­սեալ, բայց ուղ­ղա­միտ մարդ. ան­դամ էր ­Սե­բաս­տիոյ ­Գա­ւա­ռա­կան Ազ­գա­յին Ե­րես­փո­խա­նա­կան ­Ժո­ղո­վին եւ այլ ազ­գա­յին ժո­ղով­նե­րու։

Ա­սոր որ­դին՝ ­Յով­հան­նէս Ա­կի­նեան, Ա­րա­մեան Ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նէն շրջա­նա­ւարտ, ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը հռչակուե­լուն ­Պո­լիս ե­կաւ, ­Պե­տա­կան ­Զի­նո­ւո­րա­կան վար­ժա­րա­նը մտաւ. ա­ռա­ջին հայ սպա­նե­րէն մին ե­ղաւ։ ­Պալ­քա­նեան պա­տե­րազ­մին վի­րա­ւո­րո­ւե­ցաւ։ Այս Աշ­խար­հա­մար­տին Էրզ­րում, կով­կա­սեան ճա­կա­տը կը գտնո­ւէր։

Ա­րար-աշ­խարհք լսած է եւ գի­տէ, թէ Էն­վէր ­Սա­րը­ղա­մի­շի ճա­կա­տին վրայ ծանր պար­տու­թիւն մը կրեց... ի փառս իր ձա­խա­ւե­րու­թեան. 4000 թուրք զի­նո­ւոր­ներ ձիւ­նե­րու մէջ մին­չեւ կէս-մէջ­քեր­նին սա­ռե­ցան. մազ մնա­ցեր էր Էն­վէր գե­րի իյ­նար ռու­սե­րուն ձեռ­քը։ Ս­պայ ­Յով­հան­նէսն էր, որ թուրք բա­նա­կը այդ ձա­խո­ղան­քէն մա­սամբ դուրս կը բե­րէ եւ Էն­վէ­րը գե­րի իյ­նա­լէ կը փրկէ ի գին... իր կեան­քին։

Ա­պե­րախտն Էն­վէր Էրզ­րու­մէն վե­րա­դար­ձին՝ ի Ս­վազ, ­Գօ­նիա, ­Պո­լիս դրուա­տի­քը ը­րաւ սպայ ­Յով­հան­նէ­սի եւ հայ զինո­ւոր­նե­րու անձ­նո­ւէր ծա­ռա­յու­թեանց։ Եւ այս անձ­նո­ւէր սպա­յի ծա­ռա­յու­թեան վար­ձատ­րու­թիւ­նը, գնա­հա­տու­մը կ­՚ըլ­լայ ի­րենց ըն­տա­նի­քի տե­ղա­հա­նու­թիւ­նը. հօ­րը՝ Ա­ւե­տիս ա­ղա­յի խող­խո­ղո­ւի­լը ի ­Հա­սան-­Չէ­լէ­պի։

Երբ ­Սու­րուճ հա­սեր էինք, այս բազ­ման­դամ ըն­տա­նի­քէն հա­զիւ մի քա­նի խլեակ­ներ մնա­ցեր էին. ­Բո­լո­րը ճամ­բու ըն­թաց­քին կոր­սո­ւեր էին։ ­Սու­րուճ ե­ղած ա­տեն­նիս է, որ ­Գայ­մա­գա­մը ­Սե­բաս­տիոյ կա­րա­ւան­նե­րուն մէջ փնտռել տո­ւաւ Ա­ւե­տիս ա­ղան կամ ա­նոր ըն­տան­քիէն ոե­ւէ վե­րապ­րող մը. վեր­ջէն հասկ­ցանք, թէ ա­պե­րա­սան Էն­վէ­րէն շնոր­հա­ւո­րու­թեան եւ շնոր­հա­կա­լու­թեան ինք­նա­գիր, ոս­կե­տառ, կայ­սե­րա­կան թուղ­րա­յով գիր մըն է ե­կեր սպայ ­Յով­հան­նէ­սի ծնո­ղա­ցը ի ­Սե­բաս­տիա, բայց ո­րով­հե­տեւ տե­ղա­հան ե­ղեր էին, այդ գի­րը ­Սե­բաս­տիա­յէն ­Սու­րուճ ղրկեր են, որ­պէս­զի փնտռեն-գտնեն յանձ­նեն»։

­Գա­բի­կեա­նի այս խօս­քին վրայ ո­րե­ւէ մեկ­նու­թիւն ա­ւելց­նե­լը սրբապղ­ծու­թեան պէս բա­նի մը պի­տի նմա­նէր։ Այն­քա՛ն խօ­սուն է իր նկա­րագ­րու­թիւ­նը, որ կա­րե­լի է այս­տեղ վեր­ջա­կէտ մը դնել ու անց­նիլ։

­Սա­կայն որ­պէս­զի բաց ա­ւարտ մը չըլ­լայ՝ ը­սենք պար­զա­պէս, որ ­Չա­նաք­քա­լէէն մին­չեւ ­Սե­բաս­տիա ու ­Սա­րը­գա­միշ, ճա­կա­տա­մար­տի մը հա­րիւ­րա­մեայ յի­շա­տա­կու­մէն մին­չեւ հա­րիւ­րա­մեայ ցե­ղաս­պա­նու­թեան մը սրբապղծ­ման ձե­ւե­րը՝ պա­տաս­խան չու­նինք մենք։

­Պա­տաս­խան­նե­րը կը կո­չո­ւին՝ ­Քաջ­բե­րու­նի, ­Գու­յում­ճեան ու Ա­կի­նեան։ Եւ ա­սոնք, միա՛յն՝ առ օ­րի­նակ ա­նուն­ներ։

ՏՈՑ. ՏՈՔԹ. ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ