Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Ե­րե­ւա­նի մէջ ձմե­ռը մտած է իր ի­րա­ւունք­նե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս։ Ա­ռա­ջին ձիւ­նը տե­ղած ­Դեկ­տեմ­բե­րի սկիզ­բին, սա­կայն մէկ-եր­կու օ­րէն ան­հե­տա­ցաւ մայ­րա­քա­ղա­քի փո­ղոց­նե­րէն։ ­Փո­խա­րէ­նը՝ այ­սօր խստա­

շունչ եւ ձիւ­նա­ռատ ձմեռ է ­Հա­յաս­տա­նի լեռ­նա­յին շրջան­նե­րուն մէջ։

 

­Մեր մայ­րա­քա­ղա­քի բնա­կիչ­նե­րու կար­գին, ձմրան կը նա­խա­պատ­րաս­տո­ւին նաեւ կեն­դա­նի­նե­րը, ո­րոնք կը բնա­կին Ե­րե­ւա­նի ­Կեն­դա­նա­բա­նա­կան Այ­գիին՝ ­Գա­զա­նա­նո­ցին մէջ։

1990ա­կան­նե­րու սկիզ­բի ցուրտ եւ դժո­ւա­րին տա­րի­նե­րուն, մար­դոց հետ կը տու­ժէին նաեւ կեն­դա­նի­նե­րը։ ­Կեն­դա­նա­բա­նա­կան Այ­գին ոչ մէկ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նէր ա­պա­հո­վե­լու տեղ­ւոյն բնա­կիչ­նե­րուն հա­մար տա­քուկ եւ կուշտ ձմեռ եւ շատ կեն­դա­նի­ներ, այդ տա­րի­նե­րուն, չդի­մա­նա­լով ձմրան պա­ղին ու ա­նօ­թու­թեան, պար­զա­պէս կը սատ­կէին։ Այ­սօր թէեւ նոյ­նը չէ ի­րա­վի­ճա­կը, բայց չենք կրնար ը­սել, որ ­Կեն­դա­նա­բա­նա­կան Այ­գիին բնա­կիչ­նե­րը կը վա­յե­լեն ի­րենց անհ­րա­ժեշտ կեն­սա­պայ­ման­նե­րը։ ­Յայտ­նի է, որ ձմրան Այ­գիի այ­ցե­լու­նե­րուն թի­ւը կը նո­ւա­զի, հա­մե­մա­տած տա­րո­ւան այլ ե­ղա­նակ­նե­րուն։ ­Բայց Այ­գիին տնօ­րէ­նու­թիւ­նը, իր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու սահ­ման­նե­րուն մէջ, ա­մէն ինչ կ­’ը­նէ՝ ա­պա­հով ձմեռ պար­գե­ւե­լու հա­մար ա­նա­սուն­նե­րուն։ Ո­րոշ կեն­դա­նի­նե­րու վան­դակ­ներ կ­’են­թար­կո­ւին ե­լեկտ­րա­կան ջե­ռուց­ման։ Ձմ­րան նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րէն է նաեւ այն, որ ձմե­ռը 20-25 առ հա­րիւ­րով կ­’ա­ւել­նայ կեն­դա­նի­նե­րուն տրո­ւող սնուն­դի քա­նա­կը, սնունդն ալ հա­րուստ կ­’ըլ­լայ ա­ւե­լի կեն­սա­նիւ­թե­րով ու յա­ւե­լում­նե­րով, ո­րոնք ձմրան ուժ եւ ջեր­մու­թիւն կ­’ա­պա­հո­վեն կեն­դա­նի­նե­րուն հա­մար։ Ձմ­րան ա­մէ­նէն հիմ­նա­կան քայ­լը, որ կը կա­տա­րո­ւի ­Կեն­դա­նա­բա­նա­կան Այ­գիին մէջ, ո­րոշ կեն­դա­նի­ներ, ո­րոնք ցրտա­դի­մաց­կուն չեն, կը տե­ղա­փո­խո­ւին ձմեռ­նա­յին կա­ցա­րան­ներ։ Այ­ցե­լու­նե­րուն ձմրան չեն ցու­ցադ­րո­ւիր թու­թակ­նե­րը, կա­պիկ­նե­րը, վա­գե­րա­ձին, գե­տա­ձին, «Կրտ­սեր Կ­րանտ» փի­ղը, սեւ եւ ա­մու­րեան յո­վազ­նե­րը, քա­նի որ այս տե­սակ­նե­րը ջեր­մա­սէր են եւ ամ­բողջ ձմե­ռը կ­’ան­ցը­նեն ի­րենց հա­մար նա­խա­տե­սո­ւած ձմե­րա­նոց­նե­րու մէջ։

­Բայց ար­դեօք Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի են­թա­կա­յու­թեան ներ­քոյ գտնո­ւող Այ­գիին տնօ­րէ­նու­թեան միշտ կը յա­ջո­ղի՞ ձմեռ թէ ա­մառ պատ­շաճ պայ­ման­ներ ստեղ­ծել բնու­թե­նէն կտրո­ւած եւ ա­նա­զա­տու­թեան դառն պտուղ­նե­րը ճա­շա­կող կեն­դա­նի­նե­րուն հա­մար։

­Հա­մե­մա­տած շատ յա­ռա­ջա­տար եր­կիր­նե­րու նմա­նա­տիպ ­Կեն­դա­նա­բա­նա­կան Այ­գի­նե­րուն հետ, ուր ա­նա­սուն­նե­րու ապ­րե­լու պայ­ման­նե­րը հնա­րա­ւո­րինս մօտ կ­’ըլ­լան ա­նոնց կեն­սա­կան մի­ջա­վայ­րին, Ե­րե­ւա­նի ­Կեն­դա­նա­բա­նա­կան Այ­գին բա­ւա­կա­նին աղ­քա­տիկ տեսք ու­նի, իսկ կեն­դա­նի­նե­րը կար­ծես այս­տեղ շատ խեղճ են ու միշտ կա­րեկ­ցանք հայ­ցող նա­յո­ւածք մը ու­նին։

Տ­խուր է տես­նել կեն­դա­նի­ներ, ո­րոնք զրկո­ւած են ի­րենց բնա­կան մի­ջա­վայ­րէն, վան­դակ­նե­րու մէջ ալ չեն վա­յե­լեր այն խնամքն ու հո­գա­տա­րու­թիւ­նը, ո­րուն սո­վոր են բնու­թեան մէջ։ ­Մա­նա­ւանդ՝ խո­շոր կեն­դա­նի­նե­րը, ո­րոնց վան­դակ­նե­րը նեղ են ու ոչ-յար­մա­րա­ւէտ, բնա­կա­նա­բար չեն կրնար լաւ զգալ այդ­պի­սի պայ­ման­նե­րու մէջ։

­Միշտ չէ, սա­կայն, որ կեն­դա­նի­նե­րու սատ­կե­լու կամ ող­բեր­գա­կան վախ­ճա­նին պատ­ճառ­նե­րը պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած կ­’ըլ­լան պատ­շաճ պայ­ման­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թեամբ։ Եր­բեմն ան­բա­րե­խիղճ ու ոչ-պա­տաս­խա­նա­տու աշ­խա­տան­քը կամ ոչ-մաս­նա­գի­տա­կան մօ­տե­ցու­մը պատ­ճառ կը դառ­նան խեղճ կեն­դա­նիր­նեու մա­հո­ւան։

­Տա­կա­ւին եր­կու տա­րի ա­ռաջ Ե­րե­ւա­նի ­Կեն­դա­նա­բա­նա­կան Այ­գիին մէջ սատ­կած էր տեղ­ւոյն միակ ըն­ձա­ռիւ­ծը, ո­րուն սրսկում մը ը­րած էին, որ­պէս­զի ան քնա­նայ եւ քնա­ցած ժա­մա­նակ տե­ղա­փո­խեն այլ վան­դակ մը, բայց դե­ղին չա­փա­քա­նա­կը սխալ տրո­ւած էր եւ ըն­ձա­ռիւ­ծը չէր արթն­ցած...

Ու­րիշ ան­գամ մը չեն կրցած քնաց­նել թիւրք­մե­նա­կան կու­լա­նը եւ ան, յար­ձա­կո­ղա­կան վարք դրսե­ւո­րե­լով, ճա­ղա­վան­դա­կի ա­րան­քը կոտ­րած էր ոտ­քը։

Ա­ռիւծ­նե­րը միշտ հիւ­ծած աս­տի­ճա­նի հաս­նող նի­հա­րու­թիւն մը ու­նին Ե­րե­ւա­նի ­Կեն­դա­նա­բա­նա­կան Այ­գիին մէջ, ա­նոնց ոչ-ար­քա­յա­կան կե­ցո­ւած­քը ար­դէն կը խօ­սի վատ պայ­ման­նե­րու մա­սին։

­Պե­տա­կան պիւտ­ճէով ա­մէն տա­րի շուրջ 200 մի­լիոն հայ­կա­կան դրամ կը յատ­կա­ցո­ւի ­Կեն­դա­նա­բա­նա­կան Այ­գիին, իսկ մնա­ցեալ գու­մա­րը կը գո­յա­նայ տոմ­սե­րու վա­ճառ­քէն, ինչ որ բա­ւա­րար չէ առ­կայ խնդիր­նե­րը լու­ծե­լու եւ Այ­գին մի­ջազ­գա­յին չա­փա­նիշ­նե­րու հասց­նե­լու հա­մար։

­Պատ­մու­թիւ­նը

Ե­րե­ւա­նի ­Կեն­դա­նա­բա­նա­կան Այ­գիին ստեղծ­ման գա­ղա­փա­րը յայտ­նո­ւած է 20րդ ­դա­րու 30ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն, բայց ան ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձած է միայն 1940 թո­ւա­կա­նին՝ ­Հա­յաս­տա­նի ­Գե­րա­գոյն խոր­հուր­դի ո­րոշ­մամբ եւ նոյն թո­ւա­կա­նին ­Նոր ­Նորք տա­նող պո­ղո­տա­յի աջ կող­մը, 3 հեկ­տար տա­րա­ծու­թեան վրայ հիմ­նո­ւած է Ե­րե­ւա­նի ­Կեն­դա­նա­բա­նա­կան Այ­գին։

Սկզբ­նա­կան շրջա­նին ­Կեն­դա­նա­բա­նա­կան Այ­գիին մէջ կը պա­հո­ւէին միայն եր­կու տաս­նեակ կեն­դա­նի­ներ ու թռչուն­ներ, ո­րոնք ձեռք բե­րո­ւած էին Ե­րե­ւա­նի մէջ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող 12րդ ­Պե­տա­կան կեն­դա­նա­բա­նա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սի ժա­մա­նակ։

1945-46 թո­ւա­կան­նե­րուն ար­դէն Այ­գին ու­նէր ե­րե­սու­ներ­կու տե­սա­կի հա­րիւր եօ­թա­նա­սու­նինն կեն­դա­նի։ ­Նոյ­նիսկ Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տի տա­րի­նե­րուն, երբ մի­ջոց­նե­րը չա­փա­զանց սուղ էին, ­Մոս­կո­ւան մշտա­պէս իր ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նը պա­հած է Ե­րե­ւա­նի ­Կեն­դա­նա­բա­նա­կան Այ­գին՝ մեծ գու­մար­ներ տրա­մադ­րե­լով ա­նոր վե­րա­կա­ռուց­ման հա­մար։

1954 թո­ւա­կա­նին Այ­գին ու­նէր ե­րեք հա­րիւր ե­րե­սու­ներ­կու գլուխ կեն­դա­նի, մին­չեւ 1980 թո­ւա­կան­նե­րը այդ թի­ւը գրե­թէ ան­փո­փոխ մնա­ցած է, սա­կայն 1990 թո­ւա­կան­նե­րու սկիզբ­նե­րը այդ թի­ւը նո­ւա­զած է ին­նի­սու­նով։ Այ­սօր ­Կեն­դա­նա­բա­նա­կան Այ­գիի վան­դակ­նե­րուն կամ ցան­կա­պա­տո­ւած տա­րածք­նե­րուն կը պահուին կենդանիներու եւ թռչունն­նե­րու շուրջ հա­րիւր ութ­սու­նե­րեք տե­սակ, որ­մէ ե­րե­սուն­չոր­սը գրան­ցո­ւած են Բ­նու­թեան պահ­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ­Կար­միր ­Գիր­քին մէջ, իսկ յի­սու­նը՝ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ­Կար­միր ­Գիր­քին մէջ։

Կեն­դա­նի­ներ եւ թռչուն­ներ

Այ­սօր Ե­րե­ւա­նի ­Կեն­դա­նա­բա­նա­կան Այ­գիին մէջ կը բնա­կի շուրջ ե­րեք հա­րիւր յի­սուն տե­սակ թռչուն։

Սմ­բա­կա­ւոր կեն­դա­նի­նե­րը Այ­գիի հիմ­նա­կան բնա­կիչ­ներն են, ո­րոնք քսան­մէկ տե­սակ են։ Ա­նոնց կար­գին թե­րեւս կ­’ար­ժէ յի­շա­տա­կել հայ­կա­կան մուֆ­լոն լեռ­նա­յին ոչ­խա­րա­տե­սա­կը, որ նե­րառ­նո­ւած է ­Կար­միր ­Գիր­քին մէջ եւ շատ նշա­նա­ւոր է աշ­խար­հի վրայ, իբ­րեւ զուտ հայ­կա­կան տե­սակ։ ­Մուֆ­լո­նը կը նկա­տո­ւի ըն­տա­նի ոչ­խար­նե­րու նա­խա­հայ­րը։ Ե­րե­ւա­նի ­Կեն­դա­նա­բա­նա­կան Այ­գիի սմբա­կա­ւոր­նե­րու կար­գին են նաեւ եղ­նիկ­ներ, այ­ծեր, ուղ­տեր, իսկ ա­մէ­նէն մեծ սմբա­կա­ւո­րը փիղն է։

Այ­գիին մէջ կան շուրջ ե­րե­սու­նե­րեք տե­սակ գի­շա­տիչ­ներ, ո­րոնց շար­քին են պեն­կա­լա­կան վագ­րը, անդր­կով­կա­սեան լու­սա­նը, ըն­ձա­ռիւ­ծը, ա­մու­րեան վագ­րը, ափ­րի­կեան ա­ռիւ­ծը ե­ւայլն։

Այ­գիի բնա­կիչ­նե­րէն են նաեւ օ­ձե­րը, մո­ղէզ­նե­րը, կրիա­նե­րը, ձու­կե­րը, ո­րոնք կը պա­հո­ւին ջու­րէ մաս­նա­ւոր կա­ցա­րան­նե­րու մէջ. մա­նա­ւանդ օ­ձե­րու կար­գին են բազ­մա­թիւ թու­նա­ւոր տե­սակ­ներ։ Անվ­տան­գու­թեան կա­նոն­նե­րը պա­հե­լու հա­մար այս տե­սակ­նե­րը մե­կու­սա­ցած են ան­մի­ջա­կան շփում­նե­րէ. ա­նոնք կը պա­հո­ւին ա­ռան­ձին ջրա­յին վան­դակ­նե­րու մէջ։

«Կ­րանտ» փի­ղը

­Մօտ տա­սը տա­րի ա­ռաջ, երբ «Կ­րանտ» փի­ղը ե­կաւ ­Հա­յաս­տան, Ե­րե­ւա­նի ­Կեն­դա­նա­բա­նա­կան Այ­գիին մէջ եր­կար տա­րի­ներ փիղ չկար։ Այ­սօր փի­ղը 2 թոն կը կշռէ եւ Այ­գիին միակ փիղն է, որ կը վա­յե­լէ ա­մե­նայն ու­շադ­րու­թիւն։ ­Սա­կայն մաս­նա­գէտ­նե­րը կը հաս­տա­տեն, որ փի­ղե­րու հա­մար ուղ­ղա­կի ան­թոյ­լատ­րե­լի է միայ­նու­թիւ­նը, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք սո­վոր են ապ­րիլ խում­բե­րով՝ առ­նո­ւազն քսան կեն­դա­նի­նե­րով, որ ի­րենց ապ­րե­լու բնա­կան ձեւն է, քա­նի որ այդ ձե­ւով ա­նոնք կը կա­րո­ղա­նան օգ­նել մի­մեանց եւ գո­հու­նակ կը զգան։ ­Միայ­նակ փի­ղը բա­ւա­կա­նին վտան­գա­ւոր է։ ­Տա­կա­ւին մար­դոց յի­շո­ղու­թեան մէջ ար­թուն է ող­բեր­գա­կան պատ­մու­թիւ­նը «­Վո­վա» փի­ղին, որ 1970 թո­ւա­կա­նին փա­խած էր Ե­րե­ւա­նի ­Կեն­դա­նա­բա­նա­կան Այ­գիէն եւ զայն զսպե­լու հա­մար ա­նոր վրայ քշած էին զրա­հա­պատ ինք­նա­շարժ մը։ Ձմ­րան «Կրտ­սեր Կ­րանտ» փի­ղը դուրս չի գար իր ձմեռ­նա­յին կա­ցա­րա­նէն եւ միայ­նակ ձմեռ կ­’ան­ցը­նէ ձմե­րա­նո­ցին մէջ։

 

Գ­րեց՝ Ա­նուշ Թ­րո­ւանց «­Ժա­մա­նակ»