Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Աս­կէ քա­նի մը օ­րեր ա­ռաջ Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լի­րի ծան­րօ­րէն խորհր­դան­շա­կան ամ­պիո­նէն ՀՀ նա­խա­գա­հը ըն­թեր­ցեց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ տա­րե­լի­ցին նո­ւի­րո­ւած մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը հա­մա­ կար­գող պե­տա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի հռչա­կա­գի­րը: Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով Պե­տա­կան Յանձ­նա­ժո­ղո­վի բա­ղադ­րու­թիւ­նը, նկա­տի ու­նե­նա­լով մա­նա­ւանդ` որ հռչա­կագ­րի ըն­դուն­ման նիս­տին ներ­կայ էին նաեւ ուղ­ղա­կի գաղ­թօ­ճախ­նե­րը ներ­կա­յաց­նող տե­ղա­կան յանձ­նա­խում­բե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու բազ­մու­թիւ­նը, կա­րե­լի է պնդել, որ հռչա­կա­գի­րը կը կրէ իս­կա­պէս հա­մա­հայ­կա­կան բնոյթ. ան կ­‘ար­տա­յայ­տէ ամ­բող­ջա­կան հա­յու­թեան մտա­ծումն ու կամ­քը, ինչ կը վե­րա­բե­րի իր մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին եւ ա­պա­գա­յին. կը պար­փա­կէ ա­նոր ռազ­մա­վա­րա­կան նպա­տակ­նե­րը. ան­գամ մը եւս կը փաս­տէ, թէ ազ­գի ճա­կա­տագ­րին առն­չո­ւող հար­ցե­րուն նկատ­մամբ հա­յու­թիւ­նը միա­կամ է հա­կա­ռակ իր աշ­խար­հագ­րա­կան ցրու­մէն իսկ պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած՝ յա­ճախ ի­րա­րու հա­կա­դիր նկա­րա­գիր­նե­րու եւ մտայ­նու­թիւն­նե­րու վի­ճա­հա­րոյց բազ­մա­զա­նու­թեան:

­Չա­փա­զան­ցու­թիւն չ­‘ըլ­լար մտա­ծե­լը, թէ հռչա­կագ­րի պա­րու­նա­կու­թեան շուրջ գո­յա­ցած հա­մա­խո­հու­թիւ­նը ինք­նին յաղ­թա­նակ մըն է: Հա­յու­թեան յաղ­թա­նա­կը՝ ինքն իր վրայ: Ն­շոյ­լը չկայ եր­բեմ­նի ի­մաս­տա­զուրկ հա­կադ­րու­թիւն­նե­րու. հետ­քը չկայ դեռ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լի օ­տա­րա­մուտ պար­տա­դիր մտա­ծում­նե­րու. հո­գե­հա­րա­զատ է հա­յու­թեան ազ­գա­յին զգա­ցում­նե­րուն եւ ա­նոր պատ­մա­կան ըն­թաց­քի տրա­մա­բա­նու­թեան: Պէտք չկայ փաս­տե­լու, քա­նի ակն­բախ է, որ հռչա­կա­գի­րը հա­ւա­տա­րիմ մեկ­նա­բա­նու­թիւնն է Պե­տա­կան Յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­պէս որ­դեգ­րած կար­գա­խօ­սին՝ «կը յի­շեմ եւ կը պա­հան­ջեմ»-ին:

­Յի­շո­ղու­թիւ­նը նո­րու­թիւն չէ: Ա­ռա­ջին Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մէն ի վեր հա­յու­թեան նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան ա­ռանց­քը կը կազ­մէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, որ գրա­ւած է իւ­րա­քան­չիւր հա­յու գի­տակ­ցա­կան ու ան­գի­տակ­ցա­կան էու­թիւ­նը: Նախ՝ ի­րո­ղա­պէս, ա­պա սե­րունդ­ներ վերջ՝ գո­նէ հո­գե­պէս խո­ցո­ւած հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն մըն է հա­յու­թիւ­նը այդ օ­րէն աս­դին: Ա­տի­կա՛ է վստա­հա­բար յատ­կա­պէս տե­ղա­հան սփիւռ­քա­հա­յու­թեան ար­տա­սո­վոր դի­մադ­րո­ղա­կա­նու­թեան բա­ցատ­րու­թիւ­նը: Սե­րունդ­նե­րու ամ­բողջ շար­քեր ի­րենց ինք­նու­թիւ­նը սահ­մա­նե­ցին զե­րօ կէ­տով՝ 24 Ապ­րիլ 1915ով: Ա­կա­մայ եւ շրջա­պա­տի ու­ժեղ ազ­դե­ցու­թեան տակ մոռ­ցած ըլ­լա­լով նոյ­նիսկ ա­մե­նէն տար­րա­կա­նը՝ լե­զուն եւ ա­ւան­դու­թեան ա­ռիւ­ծի բա­ժի­նը, ա­նոնք ոտ­քի կանգ­նե­ցան մա­նա­ւանդ ա՛յդ օ­րը՝ մնա­ցեալ հա­րիւ­րա­ւոր օ­րե­րու հա­մար անհ­րա­ժեշտ սնուն­դը հա­ւա­քե­լու հա­մար: Բազ­մա­թիւ ան­գամ­ներ այս ե­րե­ւոյ­թը ստու­գե­լու ա­ռի­թը ներ­կա­յա­ցաւ վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րուն, յատ­կա­պէս՝ երբ հա­յու­թեան հար­ցե­րը սկսան մի­ջազ­գա­յին բե­մին վրայ կրկին տեղ գրա­ւել:

Ան­շուշտ յիս­նա­մեակ, հա­րիւ­րա­մեակ կամ այլ տա­րե­լից ու տա­րե­դարձ ո­րե­ւէ ա­ռար­կա­յա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւն չեն կրնար ու­նե­նալ դէպ­քե­րու հոս­քին վրայ. սա­կայն շատ ան­գամ­ներ յե­տա­դարձ ակ­նար­կով մը ա­նոնք ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին կէ­տեր կը թո­ւին ըլ­լալ: Այս­պէս ե­ղաւ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 50ա­մեա­կի պա­րա­գա­յին: Մին­չեւ այդ տա­րե­լից­նե­րը իս­կա­կան յի­շա­տա­կի՝ կրօ­նա­կան հո­գե­հան­գիս­տի՛ օ­րեր էին. 50ա­մեա­կով ա­նոնք քայլ առ քայլ վե­րա­ծո­ւե­ցան քա­ղա­քա­կան պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ցու­ցա­կան աք­թե­րու, ո­րոնք սա­կայն իր ա­տե­նին մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կան շօ­շա­փե­լի ի­րա­կա­նու­թեան չէին հա­մա­պա­տաս­խա­ներ, քա­նի մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կան աշ­խար­հը կ­‘ապ­րէր Պաղ պա­տե­րազ­մի ա­տեն կո­րի­զա­յին սար­սա­փի պար­տադ­րած կա­յու­նու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ: Յիս­նա­մեա­կը, կար­ծես, ամ­բողջ ազ­գը իր ար­դէն իսկ քաղ­քե­նիա­ցող եր­ջան­կու­թեան թմբի­րէն արթնց­նե­լու ծա­ռա­յեց: Պէյ­րութն ու Ե­րե­ւա­նը տո­ւին ազ­դան­շա­նը: Ա­ռա­ջի­նը՝ տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր­նե­րու հա­մազ­գա­յին հա­ւա­քով մը, երկ­րոր­դը՝ խորհր­դա­յին կար­գե­րու հա­մար ան­նա­խըն­թաց ե­րի­տա­սար­դա­կան հա­մար­ձակ ցոյ­ցով մը. Պէյ­րու­թը՝ ա­զա­տու­թեան մէջ, սա­կայն դժո­ւա­րու­թեամբ ձեռք բե­րո­ւած միջ­կու­սակ­ցա­կան հա­մա­ձայ­նու­թեամբ, Ե­րե­ւա­նը՝ ազ­գա­յին ներ­քին հրճո­ւան­քով, սա­կայն ար­տա­քուստ՝ պե­տա­կան զսպիչ մե­քե­նա­յի գէթ ցու­ցա­կա­նօ­րէն բիրտ բա­նե­ցու­մով: Հա­կա­ռակ այն ի­րո­ղու­թեան, որ ըլ­լա՛յ Ս­փիւռ­քի մէջ, ըլ­լա՛յ Հա­յաս­տա­նի մէջ շեշ­տը դրո­ւած էր հո­ղա­յին պա­հան­ջա­տի­րու­թեան վրայ, բայց եւ այն­պէս յա­ջոր­դող այ­լա­զան ձե­ւի աշ­խա­տանք­նե­րը բնա­կա­նօ­րէն կեդ­րո­նա­ցան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման խնդի­րին վրայ: Տար­բեր ալ չէր կրնար ըլ­լալ, քա­նի Երկ­րորդ աշ­խար­հա­մար­տի թո­հու­բո­հին մէջ ա­տե­նին աշ­խար­հը յու­զած հայ­կա­կան հար­ցը մոռ­ցո­ւած էր ար­դէն. մար­դիկ զբա­ղած էին երկ­րորդ աշ­խար­հա­մար­տի ըն­թաց­քին ի­րա­գոր­ծո­ւած հրէա­կան ող­ջա­կի­զու­մով: Հարկ էր Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը կրկին գա­մել մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քի, նոյ­նիսկ՝ մաս­նա­գէտ­նե­րու ու­ղեղ­նե­րուն մէջ: Յիս­նա­մեակ մը վերջ այդ ժրա­ջան աշ­խա­տան­քը տո­ւած է իր պտուղ­նե­րը. հայ­կա­կան խնդիր­նե­րը նո­րէն զե­տե­ղո­ւած են մար­դոց գի­տակ­ցու­թեան մէջ: Ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաս­տը ամ­րագ­րո­ւած է ա­մե­նու­րէք, նոյ­նիսկ այն պե­տու­թիւն­նե­րուն մօտ, ո­րոնք այ­լա­զան պատ­ճառ­նե­րով կը վա­րա­նին պաշ­տօ­նա­պէս յայ­տա­րա­րե­լու այդ ճա­նա­չու­մը: Միայն Թուր­քիա կը շա­րու­նա­կէ հետզ­հե­տէ խարխ­լող իր մեր­ժո­ղա­կան դիր­քո­րո­շու­մը: Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման օ­րա­կար­գը սպա­ռած կը թո­ւի ըլ­լալ:

­Նոր հրա­պա­րա­կո­ւած հռչա­կա­գի­րը, ո­րուն հա­մա­հայ­կա­կան բնոյ­թին կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը կրկնե­լով շեշ­տե­լը եր­բեք ա­ւե­լորդ չէ, դի­ւա­նա­գի­տա­կան՝ սա­կայն միա­ժա­մա­նակ բո­լո­րին կող­մէ հասկ­նա­լի ու ա­ներկ­բայ լե­զո­ւով ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մէն ան­ցում կը կա­տա­րէ դէ­պի հո­ղա­յին պա­հան­ջա­տի­րու­թիւն: Միայն քա­ղա­քա­գէտն ու պատ­մա­բա­նը չէ, որ կ­‘անդ­րա­դառ­նայ այս ի­րո­ղու­թեան: Վեր­ջի­վեր­ջոյ «­Սեւ­րի հաշ­տու­թեան պայ­մա­նա­գիր» եզ­րին նշու­մը հռչա­կագ­րին մէջ պա­տա­հա­կան չէ, մա­նա­ւանդ՝ երբ ան­մի­ջա­կան շա­րու­նա­կու­թեան մէջ կը կար­դանք՝ «Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ Վուտ­րօ Ո­ւիլ­սը­նի ի­րա­ւա­րար վճռի դե­րը եւ նշա­նա­կու­թիւ­նը Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րու յաղ­թա­հար­ման հար­ցին մէջ»: Հա­յու­թեան հո­ղա­յին պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը ա­ւե­լի յստակ կեր­պով կա­րե­լի չէ ար­տա­յայ­տել երկ­րի մը նա­խա­գա­հի ստո­րագ­րու­թիւ­նը կրող փաս­տա­թուղ­թի մը մէջ. հան­րա­յայտ է, որ ՀՀ նա­խա­գա­հը միա­ժա­մա­նակ Պե­տա­կան Յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահն է:

Ա­սի­կա՛ է Հռ­չա­կագ­րի բա­րո­յա­կան մեծ ար­ժէ­քը: Հայ­կա­կան պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը ամ­բող­ջա­կան է. պա­հան­ջա­տէ­րը միայն աշ­խար­հաս­փիւռ ու ի­րե­րու բե­րու­մով ան­հաս­ցէ՝ հա­րիւ­րա­մեակ մը ա­ռաջ տե­ղա­հա­նո­ւած ժա­ռան­գոր­դը չէ, այլ նաեւ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի տէր ու են­թա­կայ՝ ՄԱ­Կի ան­դամ հայ­կա­կան պե­տու­թիւ­նը: Հռ­չա­կա­գի­րը ազ­գա­յին իս­կա­կան նո­ւա­ճում է՝ պատ­մա­կան յա­ռա­ջըն­թաց:

­Հա­յու­թիւ­նը տաս­նա­մեակ­ներ մա­քա­ռե­ցաւ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան խնդի­րը մի­ջազ­գա­յին բե­մին վրայ վե­րա­կեն­դա­նաց­նե­լու հա­մար. յա­ջո­ղե­ցա՛ւ: Հո­ղա­յին պա­հան­ջա­տի­րու­թեան հար­ցը շատ ա­ւե­լի դժո­ւար ու բարդ է. հե­տե­ւա­բար՝ շատ ա­ւե­լի զո­հո­ղու­թիւն ու ժա­մա­նակ կը պա­հան­ջէ: Սե­րունդ­նե­րը ըստ այնմ պէտք է պատ­րաս­տո­ւին:

Մկր­տիչ Մկր­տի­չեան