Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Ականատեսներու վկայութիւններ-Էլէնա Լեւոնի Աբրահամեանի վկայութիւնը
Ծն. 1912 թ., Կարս, Ծպ­նի գիւղ

 Ծ­նած եմ 1912 թ. Կար­սի Ծպ­նի գիւ­ղին մէջ։ Մայրս՝ Ա­րաք­սին, Կար­սի Ս. Ա­ռա­քե­լոց ե­կե­ղեց­ւոյ քա­հա­նայ Տէր Խո­րէն Ս­տամ­պուլ­ցեա­նի աղ­

ջիկն էր։ Հայրս՝ Լե­ւո­նը, մա­թե­մա­տի­կա­յի ու­սու­ցիչ էր Կար­սի Ծպ­նի գիւ­ղին մէջ։ Հօրս ու­ղար­կե­ցին Ար­տա­հան, որ­պէս դպրո­ցի տնօ­րէն։ Մենք ըն­տա­նի­քով տե­ղա­փո­խո­ւե­ցանք Ար­տա­հան։ Այն­տեղ ծնաւ եղ­բայրս՝ Բե­նիա­մի­նը։ Քե­ռիս՝ Գ­րի­գոր Ս­տամ­պոլ­ցեա­նը, ա­ւար­տած է Մոս­կո­ւա­յի Լա­զա­րեան ճե­մա­րա­նը եւ յե­տոյ ու­սու­մը շա­րու­նա­կեց Մոս­կո­ւա­յի բժշկա­կան ինս­տի­տու­տին մէջ եւ բժիշկ էր Պա­քո­ւի մէջ։ Յե­տոյ ան ծա­ռա­յեց ռու­սա­կան բա­նա­կին մէջ, որ­պէս զի­նո­ւո­րա­կան բժիշկ։

 

Կար­սը շատ հին հայ­կա­կան մայ­րա­քա­ղաք ե­ղած է։ Այն շատ գե­ղե­ցիկ քա­ղաք էր։ Կարս Չա­յը՝ այ­սինքն Կար­սի գե­տը կը հո­սէր քա­ղա­քի մէ­ջէն եւ կը բաժ­նո­ւէր եր­կու ճիւ­ղի։ Մէջ­տե­ղը կը գո­յա­նար ե­ռան­կիւ­նա­ձեւ կա­նա­չա­պատ ցա­մաք մը, ո­րը այ­գիի վե­րա­ծած էին, եւ նոյ­նիսկ մէ­ջը սրճա­րան մը կար։ Կար­սի բեր­դը բարձ­րէն կը հսկէր քա­ղա­քին։ Այն շրջա­պա­տո­ւած էր պա­րիսպ­նե­րով եւ աշ­տա­րակ­նե­րով, շատ ա­մուր շի­նու­թիւն էր։ Այն ժա­մա­նակ Կար­սին մէջ կ­’ապ­րէին շուրջ 10 հա­զար հա­յեր, ի­րենց խա­ղաղ կեան­քով։ Ա­նոնք կը զբա­ղէին երկ­րա­գոր­ծու­թեամբ, ա­նաս­նա­պա­հու­թեամբ, մե­ղո­ւա­բու­ծու­թեամբ, նաեւ ար­հեստ­նե­րով՝ դեր­ձա­կու­թեամբ, կօշ­կա­կա­րու­թեամբ, քար­տա­շու­թեամբ, ա­տաղ­ձա­գոր­ծու­թեամբ, պղնձա­գոր­ծու­թեամբ, ոս­կեր­չու­թեամբ։ Կար­սը եր­կա­թու­ղիով կա­պո­ւած էր Ա­լեք­սանտ­րա­պո­լի (այժմ՝ Գիւմ­րի) եւ Սա­րի­ղա­մի­շի հետ։

1915 թ. երբ թուր­քե­րը գրա­ւե­ցին Ար­տա­հա­նը, հայրս շտա­պով մեզ լե­ցուց կառ­քի մը մէջ եւ ու­ղար­կեց Կարս, որ­պէս ա­պա­հով վայր։ Իսկ ին­քը ոտ­քով Արտա­հա­նէն ե­կած էր Կարս։ Մենք հե­տեր­նիս ո­չինչ էինք վեր­ցու­ցած, միայն հօրս ձեռ­քին կար կա­պոց մը, ո­րու մէջ մեր ոս­կե­ղէնն ու ար­ծա­թե­ղէնն էր։ Ճա­նա­պար­հին քա­լե­լէն հօրս ձեռ­քը հոգ­նե­ցաւ եւ այն կա­պո­ցը դրաւ իր կող­քին գա­ցող կառ­քի մը ե­տե­ւը, որ­պէս­զի քիչ մը ձեռ­քը հանգս­տա­նայ, բայց կառ­քը ա­րա­գա­ցուց իր ըն­թաց­քը եւ ա­ռաջ գնաց, հայրս ե­տե­ւէն չի հա­սաւ եւ մեր ամ­բողջ ու­նե­ցուած­քը այդ­պէս կոր­սո­ւե­ցաւ։ Մենք մնա­ցինք ա­ռանց նիւ­թա­կա­նի։ Մեզ հետ էր նաեւ մօ­րա­քոյրս՝ Իս­կու­հին, որ գիմ­նա­զիոն ա­ւար­տե­լէն ետք ե­կած էր Արտա­հան հօրս դպրո­ցին մէջ դա­սա­ւան­դե­լու։ Մենք հա­սանք Կարս մօ­րա­կան պա­պիս՝ Տէր Խո­րէն քա­հա­նա­յի տու­նը։

1918 թ. հօրս նշա­նա­կե­ցին Ե­րե­ւա­նի մէջ աշ­խա­տան­քի։ Մենք ըն­տա­նի­քով փո­խադ­րո­ւե­ցանք Ե­րե­ւան, ուր մա­հա­ցաւ մայրս։ Մ­նա­ցինք հայ­րա­կան տա­տիս՝ Աստ­ղի­կի եւ հօ­րա­քոյ­րիս խնամ­քին տակ, ո­րոնք մեզ տարին Կարս, քա­նի որ Կար­սը ար­դէն ռու­սե­րուն ձեռ­քը ան­ցած էր եւ խա­ղաղ էր։

Բայց Ռու­սաս­տա­նի մէջ սկած էր յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը (1917 թ.) եւ ռու­սա­կան զօր­քը Կար­սէն ետ կ­’եր­թար «­Դա­մո՜յ» (դէ­պի տուն-ռուս.) ը­սե­լով, իսկ հա­յե­րը ան­պատ­րաստ էին՝ չկա­րո­ղա­ցան Կար­սը պա­հել։ Թուր­քե­րը գրա­ւած էին Կար­սի կա­յա­րա­նը եւ մուտք գոր­ծած էին քա­ղաք։ Սկ­սաւ ի­րա­րան­ցու­մը։ Թուր­քե­րը սկսան ի­րենց վայ­րա­գու­թիւն­նե­րը։ Հա­յե­րու տու­նե­րը կը մտնէին «ըստ ի­րենց ուն­ե­ցած ցու­ցա­կա­նե­րուն», ա­ռանց քաշո­ւե­լու կը թա­լա­նէին ա­նոնց ու­նեցուած­քը, հա­կա­ռա­կո­ղին կը սպան­նէին։ Հարս ու աղ­ջիկ­նե­րուն, ջա­հել կի­նե­րուն կը տա­նէին, կը պա­տո­ւազր­կէին կամ յա­ջորդ օ­րը ետ կը բե­րէին ու­ժաս­պառ, գզգզո­ւած մա­զե­րով եւ խա­թարուած հո­գե­բա­նու­թեամբ։

Կը յի­շեմ պա­պիս տու­նը լե­ցուն էր հա­յե­րով, ո­րոնք ե­կած էին, ա­պաս­տա­նած էին հոն, քա­նի որ պապս քա­հա­նայ էր եւ թրքա­կան զի­նո­ւոր մը օր ու գի­շեր պա­հա­կու­թիւն կ­’ը­նէր՝ ա­պա­հո­վե­լով մեր անվ­տան­գու­թիւ­նը։ Ջա­հել աղ­ջիկ­նե­րը ներք­նա­յար­կին մէջ, ե­րես­նե­րուն ցեխ քսած, թաք­նո­ւած էին՝ վա­խէն դող­դո­ղա­լով։

Օր մը զի­նո­ւո­րա­կան բաժ­նի պետ Ահ­մեդ Է­ֆեն­դիի ըն­կեր Քե­մալ Է­ֆեն­դին, որ պա­պի­կիս տու­նը իբր թէ զերծ կը պա­հէր վտան­գէն եւ պա­հակ նշա­նա­կած էր, ե­կաւ պա­պիս տու­նը իր հա­մազ­գես­տով ու սու­րը կող­քին կա­խած։ Ե­կաւ, կանգ­նե­ցաւ շե­մին ու յայ­տա­րա­րեց, որ ին­քը կնու­թեան կ­’ու­զէ մեր գե­ղե­ցիկ Տի­գու­շին, որ պա­պիկս, որ­պէս հայ քա­հա­նայ, «Ալ­լա­հի օ­րէն­քով» պէտք է պսա­կի ի­րենց տան մէջ, եւ ին­քը պի­տի տա­նի Տի­գու­շին։ Ե­թէ հա­մա­ձայ­նու­թեան չգան, բո­լո­րին այդ­տեղ սուր կը քա­շէ։ Այն­պէս որ, ա­ւե­լի լաւ է հա­մա­ձայ­նիլ։ Պա­պիկս խո­հեմ մարդ էր. սկիզ­բէն ու­զեց քաղ-ցրու­թեամբ բա­ցատ­րել, որ մեր հայ­կա­կան օ­րէն­քին մէջ այ­լակ­րօ­նի հետ չենք ա­մու­սա­նա­նար։ Այդ հնա­րա­ւոր բան չէ։ Բայց Քե­մալ Է­ֆեն­դին չէր ու­զեր ո­չինչ լսել։ Ան ա­նընդ­հատ կը սպառ­նար, որ բո­լո­րին պի­տի սպա­ննէ։ Վեր­ջա­պէս իր թաք­նո­ւած տե­ղէն դուրս ե­կաւ Տի­գու­շը լա­ցա­կու­մած աչ­քե­րով եւ յայ­տա­րա­րեց, որ ին­քը պատ­րաստ է զո­հա­բե­րել իր պա­տի­ւը միայն թէ իր մեր­ձա­ւոր­նե­րու կեան­քին վտանգ չըլ­լայ։ Պապս յու­զու­մէն դո­ղա­ցող ձայ­նով, իբ­րեւ հայ­կա­կան կար­գով, «պսա­կեց» ա­նոնց, եւ Քե­մալ Է­ֆեն­դին տա­րաւ Տի­գու­շին։ Բայց շա­բաթ մը յե­տոյ Տի­գու­շը լա­լով ե­կաւ պա­պիս տու­նը եւ յայ­տա­րա­րեց, որ ալ ետ չեր­թայ «իր ա­մու­սի­նին» մօտ, քա­նի որ ան ի­րեն կը ստի­պէ, որ ա­մէն գի­շեր զինո­ւո­րի մը հետ քնա­նայ։ Ան ոչ նա­մուս ու­նի, ոչ ալ պա­տիւ։

Թուր­քե­րու ա­լան-թա­լա­նը մէկ կող­մէն, սպա­նու­թիւն­ներն ու ա­ռե­ւան­գում­նե­րը միւս կող­մէ՝ Կար­սի հա­յու­թեան վի­ճա­կը թուր­քե­րը դար­ձու­ցած էին ան­տա­նե­լի։ Ա­ռա­քե­լոց ե­կե­ղեց­ւոյ զան­գա­կա­տու­նէն ար­դէն կը լսո­ւէր թրքա­կան ա­զա­նը, իսկ ե­կե­ղեց­ւոյ գմբե­թի գա­գա­թին ար­դէն կը փայ­լէր աստղն ու լու­սի­նը, քա­նի որ մեր ծա­նօթ Ս­տե­փա­նին ստի­պած էին վար առ­նել ե­կե­ղեց­ւոյ ծանր մե­տա­ղեայ խա­չը։ Ան մեծ դժուա­րու­թեամբ քան­դած եւ ի­ջե­ցու­ցած էր խա­չը։ Յե­տոյ ա­նոր ստի­պած էին որ խա­չը իր ու­սին դրած շրջի քա­ղա­քի փո­ղոց­նե­րուն մէջ։ Վեր­ջա­ւո­րու­թեան, ի­մա­ցանք, որ ա­նոր տա­րին Կար­սի ձո­րը եւ սպա­նե­ցին, որ­պէս վար­ձատ­րու­թիւն, որ կա­տա­րած էր ի­րենց պար­տադ­րած դժուար յանձ­նա­րա­րու­թիւ­նը։

Փո­ղոց­նե­րուն մէջ ա­մե­նու­րեք ան­թաղ մնա­ցած, ա­րիւն­լո­ւայ դիակ­ներ կա­յին, քա­նի որ ով որ տու­նէն դուրս կու­գար՝ կը սպա­ննէին։ Կար­սի վա­լիի օգ­նա­կան Ֆախ­րեդ­դին Է­ֆեն­դին մեղ­րա­ծոր խօս­քե­րով կա­տա­րո­ւած բար­բա­րո­սու­թիւն­նե­րու մեղ­քը հա­յե­րու վրայ կը գցէր։ Իսկ թուրք մու­նե­տիկ­նե­րը «­Խա­ղա­ղու­թիւն, ար­դա­րու­թիւն, հանգս­տու­թիւն, ա­պա­հո­վու­թիւն» կը յայ­տա­րա­րէին, կար­ծես թէ ո­չիչնչ պա­տա­հած չէ։

Հայրս ռու­սա­կան բա­նա­կի մա­տա­կա­րարն էր։ Երբ միւս­նե­րը կը յանձնուին, ինքն ալ կը յանձ­նո­ւի թուր­քե­րուն, ո­րոնք ի­րեն կը սպան­նեն։ Թուր­քե­րը կը սպաննեն նաեւ բժիշկ քե­ռիիս՝ Գ­րի­գո­րին։

Եր­կա­թու­ղիին ճամ­բան փա­կո­ւած էր։ Հօ­րա­քոյրս կը մտա­ծէ որ գո­նէ ձո­րի ճամ­բով մեզ տա­նի, հասց­նէ Ա­լեք­սանտրա­պոլ։ Թուր­քե­րը կը լսեն, որ մեզ նման ու­րիշ հա­յեր եւս ձո­րի ճամ­բով կ­’ու­զեն Ա­լեք­սանտ­րա­պոլ փախ­չիլ, կը սկսին լերան բար­ձուն­քէն կրա­կել մեր վրայ։ Մենք խցկո­ւե­ցանք ձո­րի ճամ­բուն վրայ։ Թուր­քե­րը կը կրա­կէին մեր վրայ։ Մեր ըն­տա­նի­քէն շատ զո­հեր տո­ւինք՝ հօ­րեղ­բօրս եր­կու ե­րե­խա­նե­րը սպա­նո­ւե­ցան, հօ­րա­քոյրս վի­րա­ւո­րո­ւե­ցաւ։ ՄԵզ հետ էր հայ­րի­կիս մօ­րաք­րոջ տղան իր կնոջ եւ աղջ­կան հետ, ա­նոնք ալ մե­ռան։ Քա­նի որ թուր­քե­րը կը կրա­կէին ա­նընդ­հատ, գնդակ­նե­րը կար­կու­տի պէս կը տե­ղա­յին մեր վրայ։ Եւ ա­մե­նա­սոս­կա­լին այն էր, որ Ռու­սաս­տա­նը՝ Լե­նի­նը տո­ւած էր թուր­քին այդ գնդակ­նե­րը եւ զէն­քե­րը, իբր թէ՝ թրքա­կան յե­ղա­փո­խու­թիւն պի­տի կա­տա­րեն։ Ռու­սաս­տա­նը միամ­տօ­րէն կը հա­ւա­տար թուր­քե­րուն, իսկ թուր­քե­րը ա­մե­նա­սա­տա­նայ, ա­մե­նա­նենգ ու ստորն են։ Դժ­բախ­տա­բար դեռ մին­չեւ հի­մա կը հա­ւա­տան թուր­քե­րուն...

Ա­տի­կա ա­հա­ւոր պատ­կեր մըն էր. գնդակ­նե­րը կար­կու­տի պէս մեր վրայ կը տե­ղա­յին։ Ես այն­տեղ տե­սայ գիւ­ղէն ե­կած կին մը. տղան մէջ­քէն վի­րա­ւո­րո­ւած էր, ա­րիւ­նը ող­նա­շա­րէն կը հո­սէր։ Աղ­մուկ, ա­ղա­ղակ, բո­լո­րը կը բղա­ւէին։ Ես ամ­բողջ կեան­քիս մէջ չեմ կա­րող մո­ռա­նալ ա­նոնց սար­սա­փած ձայ­նը։ Այդ ձայ­նը մին­չեւ հի­մա ա­կանջ­նե­րուս մէջ է։ Չեմ յի­շեր մե­րին­նե­րը ո՞ւր գա­ցին։ Քիւր­տի կին մը, որ վա­խէն մեր քո­վը ե­կած էր իր աղջ­կան հետ, դուրս ե­կաւ, ին­ծի ը­սաւ. «­Բո­լո­րը փա­խան, դուն ին­չո՞ւ հոս մնա­ցեր ես»։ Ես տե­սայ՝ կող­քիս հօ­րեղ­բօրս աղ­ջի­կը պառ­կած էր, չորս տա­րե­կան Ցո­ղի­կը։ Ան ու­ժաս­պառ ին­կած էր, մա­հա­մերձ, ա­ռանց ձայ­նի։ Գն­դա­կը մտած էր ա­նոր ազդ­րին մէջ եւ քրքրած էր, մի­սե­րը բա­ցո­ւած էին։ Ես անզ­գայ վի­ճա­կով դուրս ե­կայ, չէի գի­տեր ո՞ւր եր­թալ։ Դեռ թուր­քե­րը կը կրա­կեն։ Կար­սի գե­տին վրայ կա­մուրջ մը կար, ո­րով ժո­ղո­վուր­դը ի­րար հրմշտկե­լով դեռ կը փոր­ձէր անց­նիլ այն կող­մը։ Ա­տի­կա նեղ, կա­մուրջ մըն էր։ Մար­դիկ կա­մուր­ջին եզ­րին պա­րան կը կա­պէին, որ ցան­կա­պա­տի պէս բռնեն, անց­նին։ Բայց միեւ­նոյնն է, կա­մուր­ջը այն­քան նեղ էր ու ճո­ճո­ւող, որ շա­տե­րը ջու­րին մէջ կ­’իյ­նա­յին, կամ ի­րենց ե­րե­խա­նե­րը կը նե­տէին։ Չեմ գի­տեր, ե­րե­ւի ին­ծի մէ­կը օգ­նեց որ­պէս ե­րե­խայ, եւ ես կա­մուր­ջէն ձե­ւով մը ան­ցայ։ Շուրջս կը նա­յիմ, գնդակ­նե­րը կար­կու­տի պէս կ­’իյ­նան։  Ես ան­գի­տա­կից վի­ճա­կի մէջ եմ, չեմ հասկ­նար, որ վրաս ալ կրնայ գնդակ մը իյ­նայ։ Հոն այն­քա՜ն մարդ զոհո­ւե­ցաւ, որ հնա­րա­ւոր չէր հա­շո­ւել։ Գիւ­ղէն ե­կած մար­դիկ լրիւ զո­հո­ւե­ցան։ Այդ բո­լո­րը ես իմ ամ­բողջ կեան­քիս մէջ ու­զե­ցի մո­ռա­նալ, բայց չեմ կա­րո­ղա­ցած եւ չեմ կա­րո­ղա­ցած պատ­մել, ար­ցունք­նե­րը խեղ­դած են ինձ միշտ։ Կա­մուր­ջի գլխին մարդ մը՝ շի­նե­լով ու փա­փա­խով (ե­րե­ւի ռուս էր), մօ­տե­ցաւ ինձ, գրկեց, տա­րաւ դի­մա­ցի ճա­նա­պար­հը։ Ես ոտ­քե­րով կը խփէի ա­նոր, կը կար­ծէի, որ ինձ վա­տու­թիւն կ­’ը­նէ։ Դի­մա­ցը շէնք մը կար, ան ինձ պա­տու­հա­նէն ներս գցեց, բայց ես չվնա­սո­ւե­ցայ։ Յե­տոյ ես ի­մա­ցայ, որ այդ մար­դը ու­րիշ ե­րե­խա­նե­րու ալ բե­րած ու գցած է լու­սա­մու­տէն ներս։ Հոն մեծ, դա­տարկ սե­նեակ­ներ էին՝ լե­ցուն ա­րիւն­լո­ւայ վի­րա­ւոր­ներ։ Ես այդ շէն­քի մէկ ան­կիւ­նը տե­սայ մօ­րա­քոյ­րիս։ Ան ալ ինձ տե­սաւ, բայց ո­չինչ ը­սաւ։ Ան­ջա­տո­ւած վի­ճա­կի մէջ էր։ Տատս ար­դէն չկար, գլու­խը ցրիւ ին­կած էր, մօ­րա­քոյրս ա­նոր վեր­մա­կով ծած­կած էր՝ կա­մուր­ջի գլխուն մնա­ցած էր։ Մօ­րաք­րոջս ձեռքն ալ վի­րա­ւո­րո­ւած էր, քա­նի որ ձեռ­քը պա­հած էր իմ եղ­բօր գլու­խը, որ գնդակ չի զառ­նէ։ Գն­դա­կը ե­կաւ, ան­ցաւ մօ­րաք­րոջս ձեռ­քին մէ­ջէն...

Մենք յե­տոյ ոտ­քով գա­ցինք քա­ղաք։ Մեր տու­նը դա­տարկ էր, թա­լա­նո­ւած։ Մօ­րա­քոյրս մեզ բե­րաւ մօ­րա­կան պա­պիս տու­նը՝ Տէր Խո­րէն քա­հա­նա­յին տու­նը, որ Ս. Ա­ռա­քե­լոց ե­կե­ղեց­ւոյ կող­քին էր։ Մ­տանք բա­կը, տե­սանք մեր շու­նը թու­նա­ւո­րո­ւած է դրան առ­ջեւ։ Ու­րեմն շու­նը չի թո­ղեց, որ տուն մտնեն, ա­նոնք շու­նը թու­նա­ւո­րե­ցին ու ներս մտան ու թա­լա­նե­ցին։

Յե­տոյ եր­կու մօ­րա­քոյր­նե­րուս աշ­խա­տան­քի տա­րին ա­մե­րի­կեան որ­բա­նոց, մենք ալ որ­պէս որ­բեր ի­րենց հետ գա­ցինք։ 1921 թ. գար­նան մեր ա­մե­րիկեան որ­բա­նո­ցը Կար­սէն բե­րին Ա­լեք­սանտրա­պոլ։ Ապ­րան­քա­տար վա­գո­նով կը բե­րէին։  Այդ մի քա­նի ժա­մուայ ճա­նա­պարհ էր, բայց օ­րե­րով մենք ը­րինք այդ ճա­նա­պար­հը։ Վա­գո­նը դուր­սէն կնքո­ւած էր, մենք՝ ներ­սը փա­կո­ւած։ Փոք­րե­րը չէին դի­մա­նար՝ սո­վէն, ծա­րա­ւէն կը մեռ­նէին։ Դիակ­նե­րը պա­տու­հան­նե­րէն դուրս կը շպրտէին, որ վա­րակ չըլ­լայ։

Ա­լեք­սանտ­րա­պո­լէն փախ­չե­լէն ա­ռաջ թուր­քե­րը պայ­թե­ցու­ցած էին բո­լոր պա­հեստ­նե­րը։ Թուր­քե­րը հա­սած ու գրա­ւած էին ոչ միայն Ա­լեք­սանտ­րա­պո­լը, այ­լեւ հա­սած էին մին­չեւ Ղա­րա­քի­լի­սա (այժմ՝ Վա­նա­ձոր)։

Այն­պէս որ, Ա­լեք­սանտ­րա­պո­լի մէջ սով կար, ապ­րուստ չկար, բայց ձե­ւով մը գո­յա­տե­ւե­ցինք։ Յե­տոյ ես սոր­վե­ցայ, դար­ձայ նկար­չու­հի։

Թուր­քե­րը չեն ըն­դու­նիր, որ հա­յե­րուն կո­տո­րե­ցին։ Ատր­պէյ­ճա­նը կը հո­վա­նա­ւո­րէ նոյն Թուր­քիա­յէն, թէ չէ Ատր­պէյ­ճա­նը քա­նի՞ գլխա­նի է, որ Սում­կայ­թէն սար­քեց. քա­նի որ իր թի­կուն­քին թուրքն է։ Թուր­քը թո՛ւրք է։ Ան որ չի ըն­դու­նիր Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, հա­պա ին­չե՞ր են ա­նոնք որ մենք մեր աչ­քե­րով տե­սանք եւ մեր ա­կանջ­նե­րով լսե­ցինք։ Դեռ իմ տե­սած­նե­րը կա­թիլ մըն են թուր­քի ը­րած­նե­րու դէմ։ Թուր­քիան դեռ 1920 թ. պոլ­շե­ւիկ կը ձե­ւաց­նէր։ Բայց թուր­քը թո՛ւրք է։ Ե­թէ թուր­քը չըն­դու­նի իր ը­րած­նե­րը, ոչ մէկ հաշ­տու­թեան կա­րե­լի չէ եր­թալ ա­նոր հետ։  

 «­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն.
ա­կա­նա­տես­նե­րու վկա­յու­թիւն­ներ» 

Վեր­ժի­նէ Ս­վազ­լեան