Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Երկ­րա­շար­ժը բա­րե­րար կ’ըլ­լա՞յ։ Փաս­տօ­րէն՝ եր­բեմն ա­յո՛, ինչ­պէս անց­նող Կի­րա­կի օր պա­տա­հե­ցաւ Յու­նաս­տա­նի մէջ, ցնցե­լով ոչ թէ նոյ­նինքն Յու­նաս­տա­նը, այլ՝ Պ­րիւք­սէ­լը, Մի­ջազ­գա­յին դրա­մա­կան հիմ­նադ­րա­մը (IMF), Եւ­ րո­պա­յի Կեդ­րո­նա­կան դրա­մա­տու­նը եւ վայ­րագ դրա­մա­տի­րու­թեան յաղ­թար­շա­ւով գի­նով­ցած Ա­րեւ­մուտ­քի ե­լեւմ­տա­կան աշ­խար­հը՝ առ­հա­սա­րակ։

Ար­մա­տա­կան ձա­խի դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը, Սի­րի­զա (*), խլե­լով յոյն ժո­ղո­վուր­դի քո­ւէ­նե­րու ա­ւե­լի քան 36 տո­կո­սը, տի­րա­ցաւ խորհր­դա­րա­նի 300 ա­թոռ­նե­րէն 149ին։ Սի­րի­զա­յի՝ փող­կապ չսի­րող ղե­կա­վար Ա­լեք­սիս Ցիփ­րաս ստանձ­նեց վար­չա­պե­տի պաշ­տօ­նը։

Անդ­րազ­գա­յին ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը եւ մի­ջազ­գա­յին ե­լեւմ­տա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք պատ­ճառ հան­դի­սա­ցան հա­մաշ­խար­հա­յին տնտե­սա­կան ճգնա­ժա­մին, 2008ին (ու ա­տոր հա­մար ալ…­վար­ձատ­րո­ւե­ցան հա­րիւ­րա­ւոր մի­լիառ­նե­րով), հա­մաշ­խար­հա­յին ծա­ւա­լի տնտե­սա­կան պա­տե­րազ մը շղթա­յա­զեր­ծած են, բա­ռա­ցիօ­րէն կո­ղոպ­տե­լու հա­մար այ­լոց բնա­կան հարս­տու­թիւն­նե­րը։ Ա­րեւ­մուտ­քի քա­ղա­քա­կան ու­ժի կեդ­րոն­նե­րը ի­րենց ամ­բող­ջա­կան հա­կակշ­ռին տակ ա­ռած նոյն այս շրջա­նակ­նե­րը կը փոր­ձեն պար­տադ­րել այն­պի­սի տնտե­սա­կան վար­քա­գիծ մը, ուր հարս­տու­թեան բաշ­խու­մը տե­ղի ու­նե­նայ ոչ թէ վե­րէն վար, այլ՝ վա­րէն վեր, զայն կեդ­րո­նաց­նե­լու հա­մար ի­րենց ձեռ­քը։

Եւ­րո­պա­յի եւ Մ. Նա­հանգ­նե­րու մէջ, այս քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը կը բա­ցատ­րեն «ան­մեղ», բայց մո­լո­րեց­նող բա­ռով մը՝ ժուժ­կա­լու­թիւն (austerity)։ Այ­սինքն ծախ­սե­րու կրճա­տում։ Կր­ճա­տում բո­լոր այն ծախ­սե­րուն, ո­րոնք կը կա­տա­րո­ւին հան­րա­յին բա­րօ­րու­թեան հա­մար՝ թո­շակ­ներ, ա­ռող­ջա­պա­հու­թիւն, դպրոց­ներ, ըն­կե­րա­յին յատ­կա­ցում­ներ ե­ւայլն։ Այս բո­լո­րը՝ որ­պէս­զի վե­րի 1 տո­կո­սը նո­ւազ տուրք վճա­րէ (տո­կո­սա­յին ա­ռու­մով, մի­լիա­ռա­տէր Ո­ւո­րըն Պա­ֆեթ ա­ւե­լի քիչ տուրք կը վճա­րէ, քան իր հե­ռա­ձայն­նե­րուն պա­տաս­խա­նող քար­տու­ղա­րու­հին)։ Այս վար­քա­գի­ծը նաեւ կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րուն կը պար­տադ­րէ սե­փա­կա­նաշ­նոր­հել ի­րենց հա­կակշ­ռի տակ գտնո­ւող կա­ռոյց­նե­րը (հան­րա­յին փո­խադ­րու­թիւն, ջուր, ե­լեկտրա­կա­նու­թիւն ե­ւայլն), որ­պէս­զի ա­նոնք վե­րա­ծո­ւին ան­հատ­նե­րու կամ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու հա­մար դրա­մա­կան շահ կու­տա­կե­լու մի­ջո­ցի։ Յու­նաս­տա­նի նոյ­նիսկ ա­ռա­ջար­կո­ւե­ցաւ…­վա­ճա­ռել Աք­րո­փո­լի­սը. կրնա՞ք ե­րե­ւա­կա­յել ա­գա­հու­թիւ­նը։

Մէկ խօս­քով, այս վար­քա­գի­ծը կ’ա­ռա­ջադ­րէ կթան կո­վի վե­րա­ծել ժո­ղո­վուրդ­ներ ամ­բողջ։

«Բ­նա­կա­նա­բար», այս տի­պի ժուժ­կա­լու­թիւ­նը չ’ընդգր­կեր…­զի­նո­ւո­րա­կան մար­զը։ Հոն, մե­ղա՜յ, այդ բա­ռը թա­պու է։ Սա՝ ի մի­ջի այ­լոց։

Յու­նաս­տա­նի մէջ «ժուժ­կա­լու­թիւ­նը» պատ­ճառ դար­ձաւ, որ եր­կի­րը կու­տա­կէ մօ­տա­ւո­րա­պէս 315 մի­լիառ եւ­րօ ար­տա­քին պարտք, ան­գոր­ծու­թիւ­նը անց­նի 20 տո­կո­սի սահ­մա­նը եւ տնտե­սու­թիւ­նը հաս­նի փլու­զու­մի սե­մին։

Սի­րի­զան, Յու­նաս­տա­նի մէջ, դի­մադ­րեց այս վար­քա­գի­ծին։ Ան ե­կաւ ը­սե­լու, որ բա՛ւ է եւ ա­ռա­ջար­կեց եր­կու հիմ­նա­կան կէտ։ Ա­ռա­ջին, ջնջել երկ­րին ար­տա­քին պարտ­քին մէկ մա­սը եւ, երկ­րորդ, մնա­ցա­ծին հա­մար սա­կար­կու­թիւն­նե­րու բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րել։

Մս­րայ Մե­լի­քին նման, սար­սա­փը պա­տեց…Ան­կե­լա Մեր­քե­լին, որ այս վար­քա­գի­ծը յա­ռաջ մղող հիմ­նա­կան ուժն է։

Ն­ման պարտ­քե­րու ջնջու­մը կամ կրճա­տու­մը բնա­կա­նա­բար ու­նի բազ­մա­թիւ նա­խըն­թաց­ներ։ Ա­մէ­նէն ցայ­տու­նը Գեր­մա­նիոյ պա­րա­գան է։ Ար­դա­րեւ, Հա­մաշ­խար­հա­յին Բ. պա­տե­րազ­մէն ետք, 1953ին, Ա­րեւ­մուտ­քը ջնջեց պար­տո­ւած Գեր­մա­նիոյ ար­տա­քին պարտ­քին (30-50 մի­լիառ տո­լար՝ ըստ զա­նա­զան աղ­բիւր­նե­րու) մեծ մա­սը, իսկ մնա­ցեա­լը տա­րա­ծեց 30 տա­րո­ւան վրայ։

Սա­կայն Սի­րի­զան միայ­նակ չէ իբ­րեւ դի­մադ­րող գա­ղա­փա­րա­կան շար­ժում։ Ս­պա­նիոյ մէջ եւս յա­ռաջ ե­կած է հա­ման­ման շար­ժում մը՝ Փո­տե­մո­սը։ Եւ գի­տէ՞ք ինչ։ Ս­պա­նիոյ ընտ­րու­թիւն­նե­րը յա­ռա­ջի­կայ Մա­յի­սին են։ Յու­նաս­տա­նի ընտ­րա­պայ­քա­րի ըն­թաց­քին, Փո­տե­մո­սի եւ նման շար­ժում­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ ե­կան Յու­նաս­տան՝ զօ­րակ­ցե­լու Սի­րի­զա­յին։ Այս ա­ռու­մով նոյ­նը պի­տի պա­տա­հի Ս­պա­նիոյ մէջ։

Սա ցոյց կու տայ, որ Եւ­րո­պա­յի մէջ գա­ղա­փա­րա­կան ա­ռու­մով ա­ռողջ շունչ մը սկսած է։ Վայ­րագ դրա­մա­տի­րու­թեան հա­կակշ­ռին տակ ին­կած Եւ­րո­պա­յի մէջ ստեղ­ծո­ւող այս նոր շուն­չը Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան հա­մար եւս յու­սադ­րիչ է, ո­րով­հե­տեւ ռազ­մա­վա­րա­կան նոր գոր­ծակ­ցու­թիւն­ներ ու կա­րե­լիու­թիւն­ներ կրնայ ստեղ­ծել մե­զի հա­մար։

Հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը պար­տա­ւոր է հա­շո­ւի առ­նել այս ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը եւ առ­նէ մար­տա­վա­րա­կան այն­պի­սի քայ­լեր, ո­րոնց­մէ Հա­յաս­տան կա­րե­նայ օ­գուտ քա­ղել։ Ի վեր­ջոյ, պէտք է օգ­տո­ւիլ բա­րե­րար երկ­րա­շարժ­նե­րէն…

(*) Յու­նաս­տան ծնած ֊ մեծ­ցած խմբա­գիր ըն­կերս բա­ցատ­րեց՝ Սի.րիզ.ա, Սի­նաս­փիզ­մոս Րի­զոս­փաս­թի­քիս Ա­րիս­թե­րաս, Ար­մա­տա­կան ձա­խի դաշ­նակ­ցու­թիւն։ Ար­մա­տա­կան եւ ոչ թէ «ծայ­րա­յե­ղա­կան», ինչ­պէս բնու­թագ­րած էր մեր թեր­թե­րէն մէ­կը։

This email address is being protected from spambots. You need JavaScript enabled to view it.

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ