Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Խորհուրդ կը նշանակէ իրողութիւն մը, որ մարմնական աչքերով չենք տեսներ ու չենք զգար եւ ոչ ալ կրնանք հաստատել անոր գոյութիւնը յայտնապէս այլ հոգիի աչքերով ու հաւատքի ճամբով միայն ըմբռնելի կը դառնայ: Օրինակ մկրտուողին Աստուծոյ որդեգիր դառնալը, Ս. պատարագի ընթացքին օրհնուած հացն ու գինին Յիսուսի մարմնին եւ արեան գոյափոխումը չենք կրնար մարմնական աչքերով տեսնել այլ հաւատքով միայն կ'ըմբռնենք:


Արդարեւ, Խորհուրդը կÿըմբռնենք հաւատքով, որովհետեւ քրիստոնէական կրօնքը հիմնուած է հաւատքի վրայ, ուստի առանց հաւատքի եւ երկիւղած նկարագրի կարելի չէ ընդունիլ Խորհուրդը: Խորհուրդները հոգեւոր ազդակներ եւ միջոցներ են որպէսզի հաւատացեալները հոգեւոր կեանքի բարձրութեան վրայ անսասան պահեն:
Խորհուրդը կը կատարուի մասնաւորաբար նիւթական իրերու միջոցաւ որոնք Ս. Հոգիի ներգործութեամբ աստուածային նշանակութիւն եւ արժէք կը զգենուն:
Խորհուրդները օրինաւոր եւ արդիւնաւոր ըլլալու պայմանները հետեւեալներն են.-

1.- Ուղիղ ձեւի կիրարկում.- Ամէն խորհուրդ ունի իրեն յատուկ խօսքերն ու աղօթքները որոնք պէտք է գործադրուին ճշգրտօրէն: Օրինակ մկրտութեան համար մկրտող եկեղեցականը պէտք է ըսէ.- «... ծառայս Աստուծոյ եկեալ յերախայութենէ ի մկրտութիւն, մկրտի յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ» եւ կամ դրոշմի ատեն «Կնիքս յանուն Յիսուսի Քրիստոսի լուսաւորեսցէ զաչս քո», եւլն.:

2.- Խորհրդակատար պաշտօնեան.- Ամէն մարդ Խորհուրդ չի կրնար կատարել: Այդ իրաւունքը տրուած է միայն օրինաւոր ձեռնադրեալ պաշտօնեային այսինքն քահանային կամ եպիսկոպոսին: Առաքեալներ Քրիստոսէ իրաւունք ստացան Աստուծոյ շնորհները խորհուրդներու ճամբով մարդոց տալու: Ուստի անոնք իրենց այս իշխանութիւնը փոխանցեցին եպիսկոպոսներու, որոնք բացի ձեռնադրութենէն, իրենց կարգին միւս խորհուրդները կատարելու իշ-խանութիւնը փոխանցեցին քահանաներուն:

Ըստ եկեղեցւոյ վարդապետութեան, խորհուրդները կատարողը քահանան չէ այլ զայն հաստատողը՝ Քրիստոս ինք: Քահանան անհրաժեշտ միջոցն է, որ Քրիստոսի պաշտօնը փոխադարձաբար կը կատարէ:

Խորհուրդներէն՝ Մկրտութիւնը, դրոշմը եւ ձեռնադրութիւնը անջնջելի կնիք մը կը դրոշմեն ենթակային հոգիին վրայ եւ այդ պատճառով այս երեք խորհուրդները անկրկնելի են եթէ օրինաւոր ձեւով կատարուած են: Օրինակ, կուսակրօն վարդապետ մը երբ իր կարգը ձգէ եւ ամուսնանայ եւ օր մը կրկին փափաքի քահանայանալ, կրկին չի ձեռնադրուիր կամ ամուսնացեալ քահանայ մը կարգալոյծ ըլլալէ ետք երբ ներումի արժանանայ եւ իր կարգը վերստանձնէ, կրկին չի ձեռնադրուիր: Իսկ կրօնափոխ մարդ մը եթէ վերադառնայ եւ քրիստոնեայ ըլլայ, այս պարագային կրկին չի մկրտուիր եւ չի դրոշմուիր, որովհետեւ ինչպէս ձեռնադրութիւնը այնպէս ալ մկրտութիւնն ու դրոշմը անջնջելի են:

Մայր Մաշտոցի մէջ խորհրդակատար եկեղեցականի դերը հետեւեալ ձեւով բացատրուած է.- «Տուողն իշխանութեանց եւ շնորհաց Ս. Հոգին է եւ եպիսկոպոսն սպասաւոր է եւ միջնորդ, որպէս խողո- վակն յաղբերէն զջուր առեալ ի մեզ անցուցանէ»:

3.- Խորհրդակատարութեան նիւթերու գործածութիւն.- Եկեղեցին ամէն մէկ խորհուրդի համար հաստատած է յատուկ նիւթ մը, որը Ս. Հոգիի ներգործութեամբ շնորհքը փոխանցելու խորհրդաւոր կարողութիւնը կը զգենու: Այսպէս մկրտութեան պարագային ջուրը կը կազմէ, օծման՝ Ս. Միւռոնը, Ս. պատարագին՝ հացն ու գինին, եւլն.:

Հարկ է կարեւորութեամբ դիտել տալ, որ խորհրդակատարութեան պարագային նիւթը, ինչպէս հացը, ջուրը, գինին, եւլն. ինքնին իբրեւ նիւթ որեւէ շնորհք կամ գերբնական զօրութիւն չեն պարունակեր իրենք իրենց մէջ այլ Ս. Հոգիի ներկայութիւնն է որ շնորհքը կը փոխանցէ:

Խորհուրդներէն երկուքը՝ մկրտութիւնն ու հաղորդութիւնը հաստատուած են ուղղակի Քրիստոսի կողմէ իսկ միւս խորհուրդները հիմնուած են Ս. Գրոց ուսուցումներու վրայ, որոնք որպէս աղբիւր ունին Քրիստոսի խօսքերը: Մկրտութեամբ եւ Ապաշխարութեամբ կը ստանանք փրկարար շնորհք իսկ միւս խորհուրդներով՝ կենդանարար շնորհքներ, այսինքն այնպիսի շնորհքներ որոնցմով աստուածահաճոյ եւ մաքուր կեանք մը ապրելու զօրութիւնը, կÿընդունինք: Այդ խորհուրդներն են.- Մկրտութիւն, դրոշմ, Ապաշխարութիւն, Հաղորդութիւն, Պսակ ամուսնութեան, Կարգ հիւանդաց կամ վերջին օծում եւ կարգ ձեռնադրութեան:

Հայ եկեղեցւոյ այդ խորհուրդները ամփոփուած են առանձին գիրքի մը մէջ որ կը կոչուի Մաշտոց կամ ծիսարան:

Խորհուրդ մը կարելի է կատարել այն հաւատացեալներուն համար, որոնք կը լրացնեն անհրաժեշտ պայմանները: Այսպէս, ան որ չէ մկրտուած չի կրնար միւս խորհուրդները ընդունիլ:

Ձեռնադրութեան խորհուրդը կոչում ունեցող այր մարդը միայն կրնայ ընդունիլ: Իսկ պսակի խորհուրդը չեն կրնար ընդունիլ անոնք որոնք օրինական արգելիչ պատճառներ ունին: Եթէ խորհուրդ մը բռնութեամբ կատարուած է, հակառակ պաշտօնեային եւ կամ խորհուրդը ընդունողի կամքին, այդ խորհուրդը չեղեալ կը համարուի:

 Վարագ Ա. քհնյ. Յովսէփեան