Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Մանուէլ Մարութեանի վկայութիւնը Ծնվ. 1901 թ., Վան Բերդաշէն գիւղ

Մեր ընտանիքը մեծ էր, հինգ եղբայրներով՝ քառասունհինգ հոգի, նահապետական ձեւով կ'ապրէինք միասին, հաշտ ու

խաղաղ։ Առաջ այր մարդիկ սեղան կը նստէին, յետոյ՝ երեխաները, յետոյ՝ կանայք, յետոյ՝ աղախինները։ Մեր տան մէջ, մինչեւ Վասպուրականի հերոսամարտը, մենք ուրախ էինք ու երջանիկ։
Ես մեծ մօրս կը յիշեմ, բոլոր տղաներն ու հարսները անոր կը հնազանդէին ու անորմէ խորհուրդ կ'առնէին։ Մենք՝ երեխաներս, անոր կը սիրէինք։ Ան մեզ հեքիաթներ կը պատմէր թագաւորներու մասին։ Մեծ մայրիկս տասնութ թոռ ունէր, բայց ինծի շատ կը սիրէր։ Քանի որ մայրս եօթը զաւակ կորսնցնելէ ետք ինծի ունեցաւ։
Հօրս հինգ եղբայրներն էին՝ Փանոս, Մարտիրոս, Վահան, որը քաղաքապետն էր, Խոսրովը վաճառական էր, Մարութը ամենափոքրն էր։ Ան եւ հայրս տասնութ գիւղ կը շրջէին եւ կը ղեկավարէին։ Հայրս գաղտնի ձեւով զէնք կը բերէր Վան։ Հինգ եղբայրներէն իւրաքանչիւրը ունէր երեք սենեակ, որը հաւասար է տասնհինգ սենեակի, նաեւ ծառաներու, հիւրերու համար յատուկ հաստ դոշակներ ունէինք։ Մահճակալ չկար։ Մենք՝ երեխաներս եւս իրար հետ սիրով էինք։ Երբեք չեմ լսած, որ իրար վիրաւորած ըլլայինք։ Մենք իրար հետ կը կռուէինք, բայց իմ մայրը ինծի կþապտակէր, անոր մայրը՝ անոր կ'ապտակէր, վերջն ալ կ'ըսէին՝ համբուրուեցէ՛ք, ամէն ինչ կը վերջանար։
Հօրաքոյրներս՝ Նուարդը եւ Էլիզը, ամուսնացած էին։ Յովակիմեան գերդաստանի աղջիկները մեր տան հարսներն էին։ Խնամիներով կապուած էին։ Շատ անգամ Նոր Տարուայ գիշերը կը հաւաքուէին մեր հիւրասենեակը, ուր մեծ սեղան կը դրուէր՝ չոր պտուղներով։
Երբ հօրեղբայրս ամուսնացաւ, երեք օր տեւեց հարսանիքը։ Առաջին օրը հայերը հրաւիրուած էին, երկրորդ օրը՝ թուրքերը, երրորդ օրը՝ ծանօթները։
Մեր տան ծառաները կուգային մեր պատկան գիւղերէն եւ շատ ուրախ կ'ըլլային։ Ընտանիքով կուգային գիւղէն, ուսում կը ստանային։ Անոնցմէ մէկը նոյնիսկ քահանայ դարձաւ։ Մենք կը խաղայինք անոնց հետ, անոնք մեզի հետ կը խաղային։ Անգամ մը պզտիկներէն մէկը անոնցմէ մէկուն ըսաւ. «Դու գիւղացի ես», հօրեղբայրս պատժեց անոր՝ երեք օր առանձին ճաշ կերաւ։
Մեր ծնողները պարտաւոր էին առաւօտը եօթուկէսին վեր կենալ։ Մեր տունէն տասնութ տղաներ դպրոց կ'երթային էշով։ Ինձ հայրս անգամ մը ապտակեց։ Քանի որ ինքը գերմանական մաուզեր ունէր, ես գողցայ, կապեցի մէջքս, գացի դպրոց, անցայ ոստիկանատան մօտէն՝ չնկատեցին, բայց հայրս գիտցաւ եւ ապտակեց։
Ամերիկեան միսիոներները դպրոց եւ հիւանդանոց ունէին Այգեստանի մէջ։ Գերմանական միսիոներները եւս ունէին։ Դպրոցի տնօրէնը Քաղաքամէջի մէջ Հայկակ Կոսոյեանն էր, որը դարձաւ Քաղաքամէջի կռիւներու ղեկավարը։ Գէորգեան ճեմարանը սովորած, կայուն սիրտ ունեցող, հրաշալի մարդ մըն էր։ Մեր ուսուցիչները Եւրոպայի մէջ սովորած մտաւորականներ էին։ Ծեծ, ֆալախկա չկար, խրատով, դաստիարակելով կը սորվեցնէին։ Դասարանի մէջ երեսուներեսուհինգ աշակերտ կար։ Բողոքականներու դպրոցին մէջ անգլերէն կþընէին, իսկ միւս դպրոցներուն մէջ՝ ֆրանսերէն։ Շաբաթը մէկ անգամ մոլլա մը կուգար, մենք այդ ժամերուն կ'երգէինք, կը պարէինք, ան՝ կը ձգէր, կþերթար։ Դպրոցը տասնմէկ տարի էր։ Համբարձում Երամեանը տնօրէնն էր։ Կոյր էր, բայց բոլորին ձայնով կը ճանչնար։ Ան մեզի պատմութիւն կը դասաւանդէր։ Դպրոցը լաւ ուսուցչական կազմ ունէր եւ սուղ ըլլալուն՝ ունեւորներու զաւակները կը յաճախէին։ Բողոքականներու դպրոցը ձրի էր։
Մեծ հօրեղբայրս մեծ գրադարան ունէր։ Ես մինչեւ տասնչորս տարեկանս ոչ միայն հայկական գրականութիւն, այլեւ Վիկտոր Հիւկօ, Պալզակ կը կարդայի եւ շատ ընթերցասէր էի։ Խաղ չէի սիրեր։ Ունէինք «Լոյս» եւ «Տիրամայրիկ» գրադարաններ։ Պոլսէն կուգար «Բիւզանդիոն»ը, Ռուսաստանէն՝ «Մշակ»ը։
Մայրս ֆրանսերէն գիտէր։ Լաւ ձայն ունէր։ Մեր Վանը ունէր շատ գեղեցիկ երգեր, որոնք Կոմիտասը հաւաքեց, եւ Շահմուրադեանը կատարեց. «Տլէ եաման», «Վարդն ի բացուի», «Մոկաց Միրզան», «Ալեքսիանոս» եւայլն։ Վանի մէջ ունէինք քառաձայն երգչախումբ։
Երբ որ ես տասնչորս տարեկան դարձայ, մայրս ըսաւ հօրս.- Մարտիրոս, մէկ հատ գիւղ մը ծախէ, Մանուէլին ղրկենք Փարիզ՝ ուսանելու։
Հայրս դէմ եղաւ։
Ես կ'ուզէի աշուղ դառնալ։
Հօրս հինգ եղբայրները կերպասի վաճառական էին. Արճեշի մէջ հսկայ խանութ ունէին։ Հայրս եւ փոքր հօրեղբայրս մեր գիւղերը կը հսկէին, իսկ մեծ հօրեղբայրս քաղաքի նահանգապետն էր։ Ժողովուրդը կþընտրէր։ Երրորդ եղբայրը Վանի քաղաքապետն էր։ Թուրքերը եւ հայերը քսանմէկ տարեկանէն վեր քուէ կուտային, երեսունհինգ տարեկանէն կþընտրուէին քսան տարով։ Մեր գիւղերու տուները մենք կը շինէինք, սերմացուն, խոփը, արորը, ոչխարը, կովը մենք գիւղացիներուն կուտայինք, իսկ բերքը կէս-կէս կþընէինք։ Մեր բոլոր գիւղերուն մէջ եկեղեցի ու քահանաներ կային, դպրոցներ, ուսուցիչներ կային, եւ անոնց ռոճիկները մենք կուտայինք։
Իմ մօրաքրոջ ամուսինը Ոստան քաղաքի քաղաքապետն էր, որուն սպաննեցին, քանի որ իրենք չէին թողեր, որ քիւրտ խուժանը ներս մտնէ։
Անցեալին բարձր պաշտօններու վրայ հայեր էին։ Թուրքերը զինուոր էին, ոստիկան էին, էշու վրայ պտուղ ծախող էին, իսկ հայերը առեւտրականներ ու արհեստաւորներ էին։ Շատ հիւրեր կþունենայինք, հայերէն զատ, թուրքերը հիւրընկալելու յատուկ սենեակներ ունէինք։ Փաշաներ, բեկեր կուգային մեր տունը, ճոխ սեղաններ կը դրուէին։
Նախ՝ հրապարակ մը կար մեր տան առջեւը, հոն ախոռներն էին, ծառաներու յարմարութիւններով, երկաթեայ դուռ մը կար բակի շքամուտքը։ Սանդուղներով կը բարձրանային գորգերով վեց սենեակները։ Առանձին-առանձին յարկաբաժիններ կային՝ առանձին բակերով հօրեղբայրներուս ընտանիքներուն համար։
Շատ ընդարձակ էր մեր քարաշէն տունը, մօտ չորս հազար քառակուսի մեթր տարածութեամբ։ Մեծ պարտէզ ունէինք՝ պտղատու ծառերով, բանջարեղէն, կանաչեղէն կը ցանէին։ Խոհարարներ ունէինք, բայց հարսերը եւ մայրս կþօգնէին։ Յատուկ նախօրոք կը մտածէին, ոչխար կամ հաւ կը մորթէին։ Մառան ունէինք՝ միս, գինի կը պահէինք։ Մաքրութիւնը բաժնուած էր։ Ելեկտրականութիւն չկար։ Փոքր հարսի պարտականութիւնն էր, որ նաֆթի ճրագները նաֆթ լեցնէ։ Միւս հարսը հացը պիտի հսկէր եւ այլն։ Մենք ջրհոր ունէինք եւ Ֆրանսայէն բերուած մեքենայ մը ունէինք, որ ջուր կը քաշէր։ Քաղաքամէջ շատ աղբիւրներ ունէր։
Շուկան մեծ էր։ Առանձին արհեստաւորները՝ առանձին էին, օրինակ՝ ոսկերիչները, երկաթագործները։ Մենք շուկայի հարկ չունէինք։ Ամէն ինչ գիւղէն կուգար։ Միայն ցուրտ ժամանակ, երբ ոչխարները յղի էին, միսը դուրսէն կþառնէինք։ Հացը տան մէջ կը թխուէր, խանութէն առնողը աղքատ կþըլլար։
Երբ ես ծնայ, մայրս ուխտած էր, որ ես մէկ տարի եկեղեցին ծառայեմ, մազերս  եօթը տարի չկտրեցին։ Եղբայրս իմ փոխարէն կþերթար, կþերգէր շարական։ Տօն օրերուն կþերթայինք եկեղեցի, բայց մեր մայրերը գրեթէ ամէն օր կþերթային։ Եկեղեցւոյ զանգի ղօղանջը արգիլուած էր՝ փայտի վրայ կը խփէին։
Այգեստանի մէջ ամերիկեան բողոքական եկեղեցի կար, հիւանդանոց, դեղատուն, դպրոց ունէին, շատ յաճախ աղքատներուն կþօգնէին։
Ս. Վարդան եկեղեցին, որը մեր տան մօտն էր, պապս շինած տուած էր եւ կ'ուզէր հոն թաղուիլ։ Ինքը իր միջոցներով կառավարական զօրքին մթերքը հայթայթողը եղած է։ Օր մը, երբ փաշան կուգայ, ինքը բոլոր մուրհակները կը վառէ ջեզվէին տակը, կþըսէ. «Ես վառեցի»։ Պապիս շիրմաքարը Իտալիայէն բերուած մարմար էր, որու վրայ փորագրուած էր.
«Ես ասացի՝ ես եմ,
Ով ասի՝ ես եմ,
Կը դառնայ ինչ ես եմ»։
Վանի մէջ աշուղներ կային, չոնգուրով կը նուագէին ու կþերգէին Անդրանիկ, Սերոբ փաշայի երգերը։ Ես կþուզէի աշուղ դառնալ։ Անգամ մը հայրս ապտակեց ինծի, ես փախայ, մինչեւ Զանիկ գիւղը հասայ, ինծի ըսին. «Ո՞ւր ես գնում, պզտիկ տղայ»։ Ասի. «Գնում եմ Էջմիածին՝ վարդապետ դառնամ»։ Գիշերը ես հոն քնացայ։ Աչքերս բացի, տեսայ՝ պզտիկ հօրեղբայրս գլխիս վրայ նստած, ըսաւ. «Բարե՜ւ, եպիսկոպո՜ս աղա»։ Առաւ ինձ, տարաւ տուն։
Վանի մէջ ամուսնալուծում գրեթէ չկար։ Հայ աղջիկ մը գնաց թուրք ոստիկանի մը հետ, եղբայրը գիշերով գնաց եւ թուրքին վիզը կտրեց։ Ամուսնութիւններու մէջ յաճախ մայրերն ու հայրերը դեր կը կատարէին։ Հայրս հարսանիքի մը մէջ տեսած է գեղեցիկ աղջիկ մը եւ ըսած է. «Աղջի՛կ, աղջի՛կ, ինձ կþառնե՞ս»։ Մայրս չէ մերժած, քանի որ հարուստ ընտանիքի զաւակ էր։ Մայրս շատ բարի էր։ Մէկ ալ կը տեսնայինք՝ կուլար, ըսելով. «Մէկը մեռեր է՝ չեմ ճանչնար, բայց՝ որբերը մե՜ղք են»։
Մեզ մօտ ամերիկեան, գերմանական որբանոցներ կային։ Ֆիզիքապէս հիւանդներուն լաւ կը վերաբերուէին։
Նախապաշարումներ ունեցողներ կային, օրինակ՝ կ'ուզէին տեղ երթալ, եթէ առջեւէն սեւ կատու անցնէր՝ վատ էր, կամ՝ եթէ փռնկտար՝ չէր երթար։ Թալիսմաններ ունէին հետամնացները։
Պզտիկ աղջիկները տասնվեցէն, տղաները՝ տասնութէն կ'ամուսնանային։ Վերջին տարիներուն արդէն ազատութիւն կար՝ պարտէզի պատի տակէն կը խօսէին իրարու հետ, բայց իրար մօտենալ չկար։
Հայրս սնդուկ մը ունէր, մէջը՝ ատրճանակներ, հրացաններ ունէր։ Բոլոր հօրեղբայրներս ատրճանակ ունէին, քանի որ միշտ վախը կար, որ քիւրտերը կարելի էր յարձակէին։ Զէնք բերողները դաշնակցականներն էին, որոնք Ռուսաստանէն զէնքեր կը բերէին։ Քանի որ կը զգային, որ կարող է վիճակը բռնկուիլ։
Մերոնք երեք հարիւր տարի առաջ Տարոնէն՝ Մարութա սարէն եկած էին։
1915 թ. դէպքերը ամբողջ կը յիշեմ, ինչպէս աչքիս դիմացը՝ կը տեսնեմ։ Բաւական հայ երիտասարդներ տարուած էին թրքական բանակ։ Իմացանք, որ անոնք բանակէն դուրս բերուեցան եւ գնդակահարուեցան։ Հայերը համբերեցին։ Յետոյ ժողովուրդի վրայ յարձակեցան, սկսան թալանել, ըմբոստութիւններ եղան։ Փաշան Արամ Մանուկեանին կանչեց եւ ըսաւ.- «Ազդու մարդ ղրկէք, որ դադրին»։
Արշակ Վռամեանը, որ Պոլիսին մէջ հայերու կողմէ խորհրդարանի անդամ էր, կ'երթայ Մանուկեանին ու կþըսէ. ¬ Ես կ'երթամ, բայց դուն չգաս։ Սիրտս վատ բան կը գուշակէ։
Նաւավարները ծանր երկաթ կը կապեն Վռամեանի վիզէն ու ծովը կը գցեն։ Վռամեանէն ետք մենք արդէն զգացինք, որ այդ խորամանկութիւն է եւ ուր որ է պիտի պայթի, սկսանք զինուիլ։ Քաղաքամեջի մէջ երկու հարիւր հոգի զէնք ունէր։ Քսանհինգ-երեսուն օր կեանքի եւ մահուան կռիւ տեղի ունեցաւ։ Վանեցիները կռուեցան տասնհինգ հազարնոց թրքական կանոնաւոր զօրքի եւ քիւրտ ամբոխի դէմ, բայց դիմադրեցին։ Պատանիներ կային, որ թնդանօթ կը նետէին, պտրոյգով կը նետէին, տասը քիլոկրամ վառոդ կար մէջը։ Պատրոյգը կը հանէին, կը տանէին, որ նորէն լեցնեն։ Մոն Շէր անունով ֆրանսացի մը կար, որ քիմիագէտ էր, ըսաւ. « Ես վառոդ կը պատրաստեմ, միայն թէ յայտարարէք, որ բոլոր մարդիկ իրենց տուներուն մեզը հաւաքեն». անորմով վառոդ կը պատրաստէին։ Յետոյ ինքը սպանուեցաւ։
Մօտ երկու հարիւր հոգի զէնքի տակ էին, չորս հարիւր հոգի դիրքերը կը պատրաստէին գիշերները։ Ով որ մթերք ունէր՝ Առաջնորդարան կը բերէր։ Ամէն մարդ պաշտօն ունէր։ Այգեստանի մէջէն խենթ աղջիկ մը ղրկած էին, որ հայերէն լուր առնեն, բայց ան վերադարձին սպաննուեցաւ։ Մէկ թուրքի կաշառեցին, որ երկտող մը տանէ Քաղաքամէջ, որով կը յայտնէին՝ թէ մէկ շաբաթ դիմացէք, ռուսական զօրքը կուգայ։ Թուրքերը այդ լսելով՝ կամաց-կամաց հեռացան։ Մենք երեխայ էինք, բայց չէինք վախնար, փամփուշտ կը հաւաքէինք։ Հայրս ճարտարապետ էր, դիրքերու շինութիւնը կը հսկէր։ Քահանաները եւ վարդապետները եւս կը կռուէին։ Թուրքերը քիւրտերուն կը գցէին մեր վրայ։ Կը յիշեմ, երբ կռիւը վերջացաւ, թուրք մը եկաւ, ըսաւ. «Ամբողջ մորթուած դիակներ են։ Քահանան մորթուած է եկեղեցւոյ շեմին, գլուխը Մարիամ Աստուածածնի նկարի առաջ դրուած է»։ Թրքական բանակէն յետոյ ո՛ր գիւղը մտանք, դիակներ էին, գազազած շուները, կատուներն ու անգղները դիակները կը յօշոտէին, որոնց թուրքերը սպաննած էին ու լեցուցած փոսերու մէջ. անոնք առանց աղօթքի հողին յանձնուեցան։ Վասպուրականցիները երեսուն-քառասուն զոհ տուին, բայց անպաշտպան ժողովուրդէն հազարաւոր զոհուեցան։ Ես ինչ որ կը պատմեմ, ականատեսի յուշերս են։ Ռուսական բանակը մօտեցաւ։ Առաջ կամաւորական բանակը մտաւ, եւ մենք փրկուեցանք։ Եթէ անոնք չգային, մենք ալ Ուրֆայի, Շապին-Գարահիսարի նման կþոչնչանայինք։
Մենք՝ երիտասարդներս, գացինք կամաւորներուն դիմաւորելու։ Առաջին խումբը Նժդեհի խումբն էր, որ եկաւ։ Այդ խումբին մէջ իմ մօրեղբօր տղան ալ կար։ Այդ գիշերը մեզ հիւր եկաւ Նժդեհը։
Հերոսամարտէն ետք շատ տուներ քանդուած էին, սնունդի պակաս կար։ Թուրքերը փախան, բայց մենք ալ վնասով ելանք։ Մենք արդէն բերդը գրաւած էինք եւ վրան եռագոյնը պարզած էինք։ Արամ Մանուկեանին քաղաքապետ նշանակեցին։
Արամ Մանուկեանի կառավարութիւնը ստեղծուեցաւ։ Բայց պարզուեցաւ, որ ռուսերը կþուզէին Վանը պարպել, որ կազակներ բերեն բնակեցնեն։ Ռուսական խաղն էր այդ։ Ռուսական զօրքը նահանջեց։ Մենք եւս գաղթի ճամբան բռնեցինք։ Մենք այդքան հարուստ էինք, բայց արդէն ոչինչ չէր մնացած։ Բոլորը գաղթեցին, բայց իրարմէ անջատ-անջատ՝ իրար կորսնցնելով։
Առաջին հերթին հասանք Ջանիկ գիւղը, ապա՝ Բերկրի։ Կամաւորական խումբերը մեզ կþուղեկցէին։ Ով ինչ ունէր՝ իրեն համար էր։ Այլեւս միահամուռ չէր ժողովուրդը։ Ճամբուն վրայ, Բերկրիի մօտ թուրքերը յարձակեցան, շատերը ետ դարձան դէպի Պարսկաստան։ Շատերը իրենց գցեցին Բանդիմահու գետը։ Կին մը իր եօթը գեղեցիկ աղջիկներով գետը նետուեցաւ։ Տղայ մը ջուրին մէջ քարի մը վրայ զարկաւ՝ ողջ մնաց. ան հիմա Գերմանիա է։ Մենք կանխիկ փող չունէինք, բայց ողջ առողջ էինք։
Ռուսական դաւը ստիպեց, որ հայը լքէ իր ծննդավայրը, վանքերը, գերեզմաններն ու գաղթէ դէպի Արեւելահայաստան։ Շատերը՝ ոտքով, շատերը՝ էշերով հասան Օրգով, որը ռուսական սահմանն էր։ Յետոյ հասանք Իգդիր, ուր սկսաւ տիֆի ու խոլերայի համաճարակը, որը հարիւր հազարաւոր զոհեր խլեց։
Վերջապէս հասանք Երեւան։ Նորքի մէջ տուն մը վարձեցինք։ Բոլորս տիֆով հիւանդացանք։ Եղբայրներէս մէկը մեռաւ։ Ամէն մարդ անօթի էր։ ՀՕԿ-ը Յովհ. Թումանեանի գլխաւորութեամբ կը ղեկավարէր օգնութեան գործը։ Կերակուր, հագուստ կը բաժնէին։
Ողջ մնացողներս հազիւ սկսած էինք շունչ քաշել, երբ նորէն սկսաւ թրքական արշաւանքը։
Թուրքերը կþարշաւէին Արեւելահայաստանի վրայ։ Արդէն տասնչորս քիլոմեթր կը մնար, որ հասնէին Երեւան։ Անոնք գրաւած էին Արաքսի կամուրջը, քիչ կը մնար Երեւան մտնելու համար։ Այդ մահու կենաց կռիւ էր։ Եթէ Վանի հերոսամարդը ինքնապաշտպանութիւն էր, ապա այստեղ՝ զինուորական քարտէսով բաց դաշտի կռիւ էր։ Արամ Մանուկեանին ընտրեցին դիկտատոր։ Ան կազմեց բանակ։ Մէկ շաբաթ կը վարժեցնէին, կը ղրկէին ճակատ։ Իսկ մենք արդէն վարժ էինք։ Սկսաւ Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի ճակատամարտը։ Հայ ժողովուրդը նորէն դիմադրեց։ Բոլոր խմբապետները՝ Նժդեժը, Սեպուհը, Դրօն, իրենց բանակները բերին։ Դիրքեր փորեցին։ Կիները հաց կը թխէին, կերակուր կը պատրաստէին։ Աղջիկները սափորներով ջուր կը հասցնէին կռուողներուն։ Հարուստի կանայք գլուխնին շոր կապած՝ վիրաւորներու վէրքերը կը կապէին։ Արդէն գաղթականներն էին հիմնական կռուողները՝ տարոնցիները, մշեցիները, վանեցիները, որոնք սպայական կազմն էին։ Հրճուանք կը պատճառէր անկախութեան գաղափարը, որը իրողութիւն էր։ Ճիշդ է, մենք գրեթէ սոված էինք, բայց մեր հոգին կուշտ էր եւ քաղց չէինք զգար։ Թրքական զինուած բանակը անխնայ կը յարձակէր, իսկ մենք զէնքի պակաս ունէինք։ Մենք՝ աշակերտներս, ուզեցինք ընդունուիլ բանակին մէջ։ Մեզ տարին Սարդարապատի ճակատ, բայց մենք ստիպուած էինք սպասել, մինչեւ մէկը սպանուի, որ հրացանը վերցնենք։ Արամ Մանուկեան պատգամ յղեց. «Կը մնաք դաշտում, կամ՝ կը վերադառնաք յաղթական վահանի տակ կամ՝ վահանի վրայ»։ Հայ ժողովուրդը կռուեցաւ կատաղի կերպով։
Ինծի պէս շատ տղաներ կային։ Ես քսանհինգ հոգինոց խումբ ունէի։ Քսանհինգէն եօթը վերադարձան, չորսը վիրաւորուեցան, տասնչորսը՝ սպաննուեցան։ Թշնամին պարտուեցաւ, եւ Մայիս 28-ը որպէս յաղթանակի օր նշուեցաւ։
Ընտրութիւններուն մասնակցեցան Դաշնակցական, Հնչակեան եւ Ռամկավար կուսակցութիւնները։ Եօթանասունհինգ անդամներէն վաթսունը դաշնակցական էին։ Այդ ընթացքին բանակ, նախարարութիւններ ստեղծուեցան, դպրոցներ բացուեցան գաղթականներու համար։ Հիմնադրուեցաւ համալսարանը՝ իր փրոֆեսէօրներով։ Բացուեցաւ դրամատիկական ստուտիօ։
Երբ ես աւարտեցի Երեւանի թեմական միջնակարգ դպրոցը, տասնեօթ տարեկան էի։ Շատ սէր ունէի դէպի թատրոնը։ Զարիֆեանը եկած էր Երեւան։ Մենք կը խաղայինք «Պաղտասար ախպարը»։ Ես գլխաւոր դերը ունէի։ Ան մօտեցաւ ինծի, ըսաւ. «Բալի՜կ ջան, վաղը կարո՞ղ ես ինձ մօտ գալ՝ ժամը տասին, դրամատիկական ստուտիօ»։
Գիշերը իմ քունը չտարաւ, գացի մասնակցեցայ խաղերուն, կը խաղային Շիլլերի «Աւազակները»։
Հանրապետութեան ժամանակ, երբ Նիկոլ Աղբալեանը լուսաւորութեան նախարար էր, ան Լեւոն Շանթին նշանակեց, որ մեր դրամատիկ ստուտիոյին մէջ դասաւանդէ։ Յաճախ ինքն ալ կուգար տեսնելու մեր խաղը։ Մեր խումբին մէջն էին Գուրգէն Ջանիբեկեանը, Օրի Բունիաթեանը, Չարենցի ապագայ կինը՝ Արփենիկը։ Երկու տարի մրցանակ ստացայ։ Նոյնիսկ անցեալ տարի «Հանրագիտարանի» մէջ յիշատակուեցաւ այդ մասին։
Հայրս այդ ժամանակ որբանոցի վերակացուն էր, ամերիկեան նպաստամատոյցը կազմակերպած էր։
Հօրեղբայրս սպաննուած էր Արճեշի մէջ, միւսը՝ հացի փուռը կը ղեկավարէր։ Արդէն առանձին ընտանիքներով կþապրէինք։ Բայց մեր գերդաստանէն հիւանդութենէ շատ-շատերը մեռած էին։ Մեր հարսերը ուրախ էին, որ Հայաստան եկանք, քանի որ կոճակը կը սեղմէինք՝ ելեկտրական լամպը կը վառէր։
Այդ ժամանակ Դաշնակցութիւն կուսակցութիւնը կը գործէր։ Ուրիշ կուսակցութիւն գրեթէ չկար։ Մէկ պոլշեւիկ կար ընդամէնը, բայց յետոյ կամաց¬կամաց Դաշնակցութեան տակը փորեցին, ռուսերն ալ օգնեցին այդ գործին։
1919 Մայիս 28¬ին Հայաստանի անկախութեան տարեդարձի հանդիսութեան նստած էին Հայոց կաթողիկոսը, նախարարները։ Խորհրդարանի անդամները ճառեր կþարտասանէին։ Քանի որ ես աշխատանքային միութեան նախագահն էի, լաւ աշխատող էի, աւելի զարգացած էի, խօսելու ընդունակութիւն ունէի, ձայնս լաւ էր եւ ինձ պատիւ ըրին, որ արտասանեմ հետեւեալը. «Փա՜ռք նրանց, որ ընկան Մայիս 28-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան համար, եւ պատիւ նրանց, որ այսօր կան»։

 

«Հայոց Ցեղասպանութիւն. ականատեսներու վկայութիւններ»
Վերժինէ Սվազլեան