Թուրքիոյ մէջ հեղինակաւոր լրագրող, գրող Պասքըն Օրանը եւս անդրադարձած է Տարտանելի գործողութեան հարիւրերորդ տարելիցն Ապրիլ 24-ին նշելու՝ թրքական իշխանութուններու որոշման՝ քննադատութեան ենթարկելով այն: Օրանը իր յօդուածին մէջ խօսելով Ատրպէյճանի նախագահի մասին՝ անոր անուանած է բռնակալ, իսկ Ատրպէյճանին՝ «սայթաքուն քար» թրքական արտաքին քաղաքականութեան համար:
Թրքական «Ռատիկալ» պարբերականին մէջ լոյս տեսած յօդուածով Օրանը նախ կը քննադատէ Թուրքիոյ նախագահի ընդունելութեան արարողութիւններու ժամանակ 16 «թրքական պետութիւններու» զինուորներու ներկայութիւնը՝ այս քայլի մէջ գտնելով նաեւ պատմական սխալներ: Օրանը կը նշէ, թէ Էրտողանի «թրքական պատմական 16 պետութիւններու» շրջանի ռազմական հանդերձանքով ներկայացուածներու մի մասի թրքական ըլլալու հարցով կասկածներ կան, ինչպէս եւ կան թրքական պետութիւններ, որոնք ընդհանրապէս ներկայացուած չեն:
Այնուհետեւ թուրք յօդուածագիրը կը քննադատէ Էրտողանի՝ ՀՀ նախագահին ուղղուած յայտնի հրաւէրը՝ այն համարելով «ամօթալի»:
«Թուրքիոյ համար մեծ հպարտութեան աղբիւր Չանաքքալէի պաշտպանութիւնը ամէն տարի Մարտ 18-ին կը նշուի: Աւստրալացիներն ու նորզելանտացիներն ալ կուգան, իրենց զոհերը կը յիշեն: Այս տարի մեր նախագահը Թուրքիայի արտաքին քաղաքականութեան «սայթաքուն քար» հանդիսացող Ատրպէյճանի բռնակալ Իլհամ Ալիեւին իր կողքն է առնելու: Չանաքքալէ գալու: Եւ Մարտ 18-ը այս տարի «տօնելու են» Ապրիլ 24-ին, որը Միութիւն եւ առաջադիմութիւն կուսակցութեան մսագործներու՝ հայերու դէմ իրականացած սարսափելի կոտորածը խորհրդանշող օրն է: Յայտնի լրագրող Ռոպերթ Ֆիսք «The Independent» թերթի իր յօդուածին մէջ այսպէս կ'ըսէ. «Կոտորած 1.5 մլն հայերու ուրուականներու կողքին պիտի քալեն»:
Գետինը պէտք է մտնենք…
Անցեալ տարի «20-րդ դարու սկզբի պայմաններուն կեանքին հրաժեշտ տուած հայերու թոռներուն ցաւակցութիւն կը յայտնեմ» ըսող Էրտողանն ալ հիմա կը կանգնի ու կ'ըսէ՝ «ՀՀ նախագահին Ապրիլ 24-ին Թուրքիա կը հրաւիրեմ»:
Ի՞նչ է աս: Ի՞նչ տեսակ ամօթ է: Ոմանց հասկցած լեզուով ըսեմ՝ աս ի՞նչ մեղք է:
Շոուին դեռ համաձայն էինք, բայց ստորացումը կարծես արդէն շատ է»,- կը գրէ Պասքըն Օրանը:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Թայիփ Էրտողանը Յունուար 18-ին Անգարա այցելած Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ համատեղ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած էր, թէ թրքական կողմը կը պատրաստուի Դարդանելի ճակատամարտի (յայտնի է նաեւ Չանաքքալէի, Գալիփոլիի պատերազմ) 100-րդ տարելիցը նշել Ապրիլ 24-ին, ինչի կապակցութեամբ 102 երկիրներու ղեկավարներու պաշտօնական հրաւէրներ ուղարկուած են՝ Թուրքիոյ մէջ նշելու ճակատամարտի հարիւրամեակը: Էրտողանի կողմէ հրաւիրուածներուն մէջ կայ նաեւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ պատասխան նամակով արդէն մերժած է Դարդանելի ճակատամարտին նուիրուած միջոցառումներուն մասնակցիլ, ինչպէս նաեւ նշած է մերժելու պատճառները:
Այսպիսով՝ Էրտողանը իր այս հրաւէրով նախեւառաջ մերժած է ՀՀ նախագահի՝ աւելի առաջ իրեն ուղարկուած հրաւէրը՝ Ապրիլ 24-ին այցելելու Ծիծեռնակաբերդ եւ միասին յարգելու Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:
Դարդանելի ճակատամարտի 100-ամեակն Ապրիլ 24-ին նշելու Էրդողանի որոշումը միմիայն կապուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուայ հետ, քանի որ Ապրիլ 24-ը Դարդանելի գործողութեան տեսանկիւնէն առանձնացող եւ նշանաւոր օր չէ: