Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով, «Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը շաբաթական հերթականութեամբ սիւնակ մը պիտի պահէ, նուիրուած Ցեպասպանութենէն վերապրածներու

վկայութիւններուն եւ անձնական պատմութիւններուն, ինչպէս անոնք արձանագրուած են Վերժինէ Սվազլեանի կողմէ, իր «Հայոց Ցեղասպանութիւն. ականատեսներու վկայութիւններ» գրքին մէջ։
Ըստ հեղինակի խօսքերուն՝ «Աւելի քան 55 տարիներու ընթացքին, բառ առ բառ, պատառիկ առ պատառիկ գրի առնելով, նաեւ՝ ձայնագրելով ու տեսագրելով, ստեղծուած ու ամբողջացուած են սոյն հատորի ժողովրդական բանաւոր 700 սկզբնաղբիւրային վկայութիւնները»։
Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ նահատակներու յիշատակին կը նուիրուի «Ազատ Օր»ի այս սիւնակը, որ լոյս պիտի տեսնէ 100-ամեակի ամբողջ տարուան ընթացքին։

 

Սրբուհի Մկրտիչի Մուրադեանի վկայութիւնը -Ծն. 1911 թ., Պիթլիս, Խիզան գաւառ, Ս. Խաչ գիւղ

Ես Եղէռնէն վերապրած եմ, եւ հիմա Երեւան կþապրիմ։ Ես կþուզեմ պատմել մեր գերդաստանի մասին։ Ծնած եմ 1911 թուականին Պիթլիսի նահանգի Խիզան գաւառի Ս. Խաչ գիւղին մէջ, Ս. Խաչ վանքի հարեւանութեամբ։ Իմ պապերուն պապերը Ս. Խաչ գիւղը հիմնած են սարի լանջին, գեղեցիկ վայրի մը մէջ, ուր կþապրէին միայն տասը հայ ընտանիք եւ բոլորը իրար հարազատ էին։
Մեր գերդաստանը շատ մեծ եղած է, մօտաւորապէս հարիւր հոգի։ Իմ պապը՝ Մուրադեան Մուրադը, գտնուած է Երուսաղէմ՝ եւ անոր համար անոր կþանուանէին Մուղդուսի Մուրադ։ Պապս ունեցած է երեք տղայ՝ Յակոբը, որը շատ խելացի մարդ եղած է, նաեւ Խաչատուրը, որ գաղթի ժամանակ վանքի ոսկեայ խաչը գիշերով վար բերած է եւ թաքցուցած պատի մէջ, իսկ հայրս՝ Մկրտիչը, հոգաբարձու էր եւ քաջ մարդ մըն էր, Պիթլիսի եւ գիւղի կապը պահած էր։ Մուրադ պապս շատ խելացի մարդ  էր, եւ իր գերդաստանը մեծ համբաւ կը վայելէր Խիզան գաւառին մէջ։
Իսկ մայրական պապս՝ Պաղտասարը, եղած է Խիզան գաւառի գիւղի մը գիւղացի։ Ան ունեցած է երեք աղջիկ եւ շատ տղաներ, որոնցմէ երկուքը ես կը յիշեմ, իսկ աղջիկներէն Կաքաւը մայրս էր։ Ան ունէր երկու քոյր՝ Փարիշան եւ Նիգեարան։
Դեռեւս համիտեան ժամանակաշրջանին իմ պապը, նկատի ունենալով թուրքերու վայրագութիւնները, իր երեխաներուն, նոյնիսկ աղջիկները իր հետ որսի տարած է եւ ըսած է. «Սիրելինե՜րս, մենք այնպիսի ժամականեր կþապրինք, որ բոլորդ պէտք է հրացան բռնել իմանաք»։ Եւ այդ բանը պապս յաջողեցաւ։ Իմ մայրիկը՝ Կաքաւիկը, գաղթի ժամանակ երկու հոգի սպաննած էր, որոնցմէ մէկը աւազակապետ Ջբոն էր։ Ան՝ գիւղին վրայ յարձակած էր։ Գիւղացիները դիմադրած էին։ Ջբոն գիւղ կուգար, ամենահարուստ տան մէջ կþապրէր եւ ոսկիներ կը պահանջէր։ Մայրս գաղտնի ճանապարհով լուր տուաւ իմ պապ Պաղտասարին ու ըսաւ. Ջբոն նորէն եկած է, ոսկի կþուզէ, բայց ես փող չունիմ։  
Պապս կþըսէ.¬ Դուն դիմադրէ ներսէն, մենք՝ դուրսէն կը կրակենք։
Եւ այդպէս կռիւը սկսաւ։
Այն ժամանակ հայրս կը գտնուէր Պոլիս եւ մօրս ատրճանակ մը ուղարկած էր։ Մայրս պարտեզէն կրակած էր. աւազակ Ջբոն մեռած էր մօրս գնդակէն։
1915-ին, երբ թուրքերը կը յարձակէին, հայրս՝ Պաղտասարը, երկաթագործի իր արհեստանոցը տեղափոխած էր Խիզանի լեռներու քարայր մը եւ ինքնաշէն զէնքեր կը պատրաստէր, ատրճանակ, հրացան կը սարքէր եւ կþուղարկէր մօտակայ սարերուն վրայ թաքնուած ֆետայիներուն։
Մայրս՝ Կաքաւիկը, իր երեխաներով մնացած էր տունը, բոլորս իրար հետ տասնմէկ հոգի էինք։
1915 թուականին թուրքերը յարձակեցան Պիթլիսի նահանգին վրայ, ճանապարհները փակուեցան, եւ սկսաւ սոսկալի կոտորածը։ Թուրքերը ժողովուրդին հաւաքեցին, մարագներու մէջ լեցուցին եւ կրակի տուին։ Ոչ մէկ տարբերութիւն չէին դներ՝ կանանց, ծծկեր երեխաներուն, բոլորին կը սպաննէին։
Մեր հովիւ Աբրոն, եկաւ մեզ օգնութեան։ Մեզ տարաւ հարեւան Բուսականց գիւղը, ուր մնացինք երկու ամիս։ Բայց մեզ մատնեցին եւ կþուզէին գետը շպրտել ու խեղդել։ Սակայն Բուսականց գիւղի լեռներու քառասունհինգ հոգիէ կազմուած ֆետայիներու խումբի ղեկավար Գնելիին լուր տուին. ան իր ֆետայիներով յարձակեցաւ թուրքերուն վրայ ու ճանապարհը բացաւ։ Մեզ տարին, հասցուցին Պիթլիսէն դէպի Վան շարժող գաղթականներու քարաւանին։
Ինչքան կը յիշեմ, ֆետայիներու ղեկավար Գնելը իր մօրաքրոջ ամուսինն էր, որ դեռ 1894-1896 թ. կոտորածի ժամանակուանէ կռուելու փորձառութիւն ունէր եւ ֆետայիներու խումբ մը կազմած էր։ Ան Աղթամարի վանքին մէջ ուսում ստացած էր։ 1915 թուականին երկու հարիւր հոգինոց ֆետայական խումբ մը ստեղծած էր, որոնք լեռնային այդ ճանապարհին, որ թուրքերը փակած էին, գիշերով կը յարձակէին թուրքերուն վրայ, անոնց խուճապի կը մատնէին եւ կը բանային ճանապարհը դէպի Վան ու գաղթականներուն ալ կþուղեկցէին դէպի Վան։
Շատ գաղթականներ եկած էին երկրի տարբեր գաւառներէ։ Եկած էին, աղբիւրի մը մօտ, քիչ մը ջուր խմած, հանգստացած էին։ Այդ խումբերուն մէջ էինք նաեւ մենք։ Կաքաւիկ մայրս խուրջինի երկու աչքերու մէջ դրած էր իր փոքրիկ երեխաները՝ միակ տղայ Մուրադիկին եւ աղջկան մը, իսկ երկու մեծ աղջիկներս՝ ես ու քոյրս, անոր ձեռքերէն կը բռնէինք։ Յանկարծ թուրք մը յայտնուեցաւ. ան տեսաւ մօրս կախարդիչ գեղեցկութիւնը եւ քարացաւ, յետոյ սկսաւ կրակել մեզ՝ երեխաներու վրայ, որ մօրս փախցնէ։ Բայց մայրս իր անթարին տակէն հանեց ատրճանակը եւ կրակեց անոր ճակտին։ Թուրքը ինկաւ, բայց ես ալ վիրաւոր էի։ Ես ձեռքս երկարեցի, մօրս փեշը հազիւ բռնեցի։ Ան տեսաւ, որ ես վիրաւոր եմ, տարաւ ինձ աղբիւրի մօտ, վէրքս մաքրեց, լուաց, ջուր խմցուց։ Քարայրի մը մէջ գիշերեցինք։ Թուրքերը գիշերով յարձակեցան մեր վրայ ու կրակեցին։ Մայրս իր մարմինով մեր վրայ պառկեցաւ, որ մեզ գնդակ չդպնայ։ Երբ թուրքերը հեռացան, մայրս մեզ մէկիկ¬մէկիկ համբուրեց։ Բայց Մուրադիկ եղբօրս արիւնը անոր բերանը լեցուց։ Մայրս շատ լացաւ ու ողբաց, ձեռքերով գերեզման փորեց անոր համար, ու լուսադէմին մենք ճամբայ ելանք։ Բաւական քալեցինք։ Յանկարծ ձիերու դոփիւն լսուեցաւ։ Մայրս կարծեց որ թուրքերը կրկին կը յարձակէին, մեզ ըսաւ. Աւելի լաւ է Արազ գետի ջուրին մէջ նետուինք, քան թէ թուրքերու ձեռքը իյնանք։
Խեղճ մայրս խուրջինը ուսին դրաւ՝ մէջը երկու երեխայով, իմ ձեռքը բռնեց եւ ջուրը նետուեցանք։ Բայց եկողները ռուս զինուորներ էին, զգացին, որ մայրս յուսահատութենէն իրեն եւ մեզ գցեց ջուրը, իսկոյն նետուեցան ջուրին մէջ եւ մեզ ազատեցին, տարին ռուս գեներալի մօտ։ Մայրս որպէս շնորհակալութիւն հանեց իր հրացանը եւ տուաւ ռուս գեներալին ու ըսաւ, որ անորմով ինքը թուրք մը սպաննած էր։
Այսպէս Վանէն հասանք Վաղարշապատ։ Մեր գերդաստանը մօտ հարիւր հոգիէ բաղկացած էր, բայց մնացինք ընդամէնը մայրս, երկու քոյրերս եւ ես։ Իսկ հայրս, որ Պոլսէն էր, 1920 թուին վերադարձաւ, մեզ գտաւ որբանոցին մէջ, ուր պատսպարուած էինք, այնտեղ մայրս մայրապետ կþաշխատէր։ Հայրս մեզ բերաւ Երեւան։
Երեւանի մէջ սորվեցայ, դարձայ գիւղատնտես։ 1953 թ. պաշտպանեցի թեկնածուական դիսերտացիան։ Յիսուն տարի աշխատած եմ խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան ասպարէզին մէջ որպէս գիտական աշխատող՝ Փարաքարի մէջ։ Այժմ թոշակառու եմ։

«Հայոց Ցեղասպանութիւն. ականատեսներու վկայութիւններ»
Վերժինէ Սվազլեան