
Մալալա
«Թռչունի պէս ազատ...»
Լուրը նոր չէ, բայց կ՛արժէ վերյիշել ու պահ մը կեդրոնանալ անոր վրայ :
17 տարեկան Փաքիստանցի պարմանուհի Մալալա Իւուսաֆզային եւ երեխաներու իրաւունքներուն համար պայքարող հնդիկ Քայլա Սադիարդին միասնաբար, երկուքով պարգեւատրուեցան 2014ի Խաղաղութեան Նոպէլ մրցանակով:
Մալալային պատմականը հարազատ կը հնչէ բոլորիս այնպէս, որ ընթացիկ խօսակցութեան մէջ երբ անոր մասին խօսք կ՛ըլլայ, ան կը յիշատակուի իր մկրտութեան անունով եւ ոչ թէ ազգանունով, կարծես մտերիմ մը եղած ըլլար:
Նախնական կրթութիւնը ստանալով դպրոցի սեփականատէր եւ բանաստեղծ իր հօրմէն, պայքարունակ պարմանուհին տասնըմէկ տարեկանին իր ձայնը լսելի կ՛ուզէ դարձնել եւ Թալիպաններու վարչակարգին տակ իրենց ամէնօրեայի մասին ծածկանունով գրութիւններ կը տեղադրէ BBC Urdu կայքէջին վրայ :
Իր երկրին մէջ աղջիկներուն դպրոց յաճախելը արգիլուելէն ետք, Մալալան այդ նախաձեռնութեամբ, փոքր տարիքի համար անօրինակ հասունութեամբ մը ու մեծ յանդգնութեամբ կը խզէ պարտադրուած լռութիւնը , քաջաբար պայքար կը յայտարարէ ուսում ստանալու իր ու իգական սեռի իրաւունքին համար:
2012ի Հոկտեմբերին, տասնըհինգ տարեկանին, դպրոցական ինքնաշարժին մէջ գտնուած միջոցին իր վրայ արձակուած կրակոցէն ծանրօրէն կը վիրաւորուի գլխէն: Կը փոխադրուի Լոնտոն, ուր վիրաբուժական գործողութիւններէ վերջ կը յաջողի մահէն ազատիլ : Վերանորոգուած հաւատքով եւ արդէն իսկ միջազգայնօրէն ծանօթ անուն դարձած ՝ յարատեւ կը հետապնդէ ուսանելու եւ զարգանալու իրաւունքի դատը, աշխարհի անխտիր բոլոր երեխաներուն համար:
Տասնըվեց տարեկանին, ՄԱԿի Երիտասարդական Խորհրդաժողովի բեմէն , ի միջի այլոց , Մալալան կը յայտարարէ.- «Երեխայ մը, դաստիարակ մը եւ գիրք մը կրնան աշխարհը փոխել»: Ահա իմաստութիւն մը, որու ճշմարտութեան վկայութիւնը արժանաւորապէս կու տայ իր իսկ կեանքին օրինակը...
Անշուշտ , այս եղելութիւններու ամբողջ ընթացքին մէջ կարելի չէ անուշադրութեան մատնել դերը անոր ծնողքին , որոնց նեցուկին ու քաջալերանքին եւ տուած դաստիարակութեան շնորհիւն է , որ փոքրիկն Մալալան կը թրծուի ազնիւ զգացումներով , ազատատենչ ու յառաջդիմական գաղափարներով : Պատահական պէտք չէ նկատել ուրեմն անոր հօր յաճախ իրեն կրկնած խօսքը , թէ՝ «Մալալաս թռչունի պէս ազատ պիտի ըլլայ»...
Ըստ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարին , աշխարհի վրայ աւելի քան 57 միլիոն երեխաներ կարելիութիւնը չունին դպրոց յաճախելու, նոյնիսկ կարդալ-գրել սորվելու նախնական կրթութեան համար: Մեծամասնութեամբ՝ աղջիկ, իսկ մօտաւորապէս անոնց կէսը կ՛ապրի պատերազմի ահաւոր պայմաններու տակ:
Մինչդեռ բարգաւաճ ու յառաջադէմ երկիրները իրենց սերունդներուն կը տրամադրեն ուսանելու տարբեր հնարաւորութիւններ եւ գիտութեանց մէջ հմուտ դառնալու բարձրագոյն ուսում ու փորձագիտական միջոցներ : Այդ հնարաւորութիւնները եւ ուսումի իրաւունքը այնքան բնական ու սովորական «տուեալ» կը համարուի սերունդներուն կողմէ , որ հարցական կը դառնայ, թէ արդեօ՞ք անոնք կը գիտակցին իրենց վայելած առաւելութեան ու բարիքին, թէ՞ ոչ : Հարցականը աւելի շեշտ կը դառնայ , երբ յաճախ կը հանդիպիս ուսանողներու-աշակերտներու իսկ կողմէ ուսումնական հաստատութեանց դէմ գործուած արարքներու կամ ուսումի նկատմամբ անտարբեր վերաբերումի:
Մալալան ներշնչումի աղբիւր է բոլորիս համար: Ուսանելու դիւրութիւն ունեցող պատանի-երիտասարդներու գիտակցութեանը ուղղուած կոչ , որ անդրադառնան իրենց վայելած առաւելութեան ու օգտուին անկէ :
Հակառակ իր փոքր տարիքին, ան կը հանդիսանայ իգական սեռի իբրեւ քաջ, աշխոյժ եւ մտաւոր մարտիկի ներկայացուցիչ մը : Աղջիկներուն եւ կիներուն համար հիանալի օրինակ մը , թէ ինչպէս եւ ինչու պէտք չէ համակերպիլ անիրաւ կացութիւններու, թէ ինքնազարգացմամբ ու հնարամտութեամբ եւ մանաւանդ չտկարացող կամքով կարելի է յաղթել դժուարութիւններու եւ անիրաւութիւններու:
Կը ներշնչեն նաեւ Մալալայի ծնողքը:
Հայրը ՝ իր փոխանցած գաղափարական սնունդով եւ մայրը ՝ իբրեւ նեցուկ անոր թիկունքին ըլլալով: Նոյնիսկ այն օրերուն, երբ իրենց զաւակը մահուան դէմ կը պայքարէր : Ծնողք՝ որոնք իրենց դուստրը սիրեցին ու գուրգուրացին այնպիսի ընկերութեան մը մէջ, ուր փաստօրէն նախընտրելի են ու արժեքաւոր միայն տղայ զաւակները:
Պատմութեան մէջ բազմաթիւ օրինակներ կան , կին թէ այր քաջագործներու , որոնք կուրծք ցցած են յետադիմութեան դէմ, անիրաւութեան դէմ, շահագործումի դէմ: Պարզապէս Մալալան ներկայի օրինակն է եւ մեզի աւելի հասանելի... իր կիրթ նկարագիրն ու զօրաւոր կամքը աւելի ազդեցիկ են ու ներգործող...
Երանի՜ թէ իրեն նման պատանի աղջնակներ շատ ըլլային աշխարհիս վրայ եւ փոխէին դժբախտ ճակատագիրը 57 միլիոն դպրոցազուրկ երեխաներուն...:
Նորա Քիւրտօղլեան-Գույումճեան
-----------------------
Տաթեւը, Լիլիթը, Արուսը, Անուշը չծնան երբեք
Կիներու դէմ բռնութիւնը տարբեր¬տարբեր երեսներով դրսեւորուած է միշտ համամարդկային ընկերութեան մէջ։ Երբեմն բացայայտ, երբեմն ալ թաքուն ։ Սեռային բռնաբարութիւն, կիներու վաճառք, փոքրիկ աղջիկներ կամ երիտասարդ կիներ սեռային ստրուկ վիճակի մէջ պահելու երեւոյթներ, անդամահատումներ, ծեծ կամ լեզուական¬հոգեբանական բռնութեան դէպքեր, խտրականութիւն... եւ այլ երեւոյթներ, որ յառաջդիմական ընկերութիւններու մէջ կտրուկ մերժելի են, բայց միշտ ալ կը յամենան...
Կիներու դէմ բռնութեան ամէն տեսակի դէպք կը ստորնացնէ մարդկային արժանապատւութիւնը եւ կը սահմանափակէ ընկերութեան ազատութիւնը։
Պիտի առանձնացնենք մէկ պարագայ այսօր։ Այդ է, Հայաստանի մէջ նշմարուող երեւոյթ մը, ուր -ըստ երեւոյթին- կիներու հանդէպ խտրականութիւնը կը սկսի դեռ չծնած։ Երեխայի սեռը այնքան կարեւոր է շատ ծնողներու համար, որոնք բնաւ չեն վարանիր վիժումի դիմելու, երբ փաստուի թէ սպասուած մանուկը, իրենց ուզածը չէ...
Վիճակագրական տուեալները իրենց անառարկելի վկայութիւնը տալով կը հաստատեն, թէ բնական ծնունդի պարագաներուն՝ 106 տղայի դիմաց կը ծնի 100 աղջիկ։ Բայց արհեստական վիժումի պայմաններու բերումով՝ այս թիւերը կը բարձրանան 160 տղայի 100 աղջիկի դիմաց։ Հայաստան միակ երկիրը չէ ուր սկսած է լուրջ անհանգստութիւն պատճառել այս երեւոյթը, հետզհետէ գետին շահելով նոյնիսկ նոր ու երիտասարդ զոյգերու մօտ։ Չինաստանի մէջ օրինակ, կիները բաւարար չեն այր մարդոց համար։ Միլիոնաւոր աղջիկներու ծնունդը արգիլուած է, երկրի մը մէջ, ուր վիժումը պետականօրէն թոյլատրուած է, բազմամարդ ընկերութեան մը առաջքը առնելու ճիգին մէջ, երբ օրէնքով կը սահմանուի միայն մէկ զաւակ՝ իւրաքանչիւր ընտանիքի համար։ Նոյն այս երեւոյթին կը հանդիպինք Հնդկաստանի, Փաքիստանի, Կովկասի մէջ։
Հայաստանի մէջ բաւական աշխուժ քարոզչական գործ կը տանին մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւնները, որպէսզի վերջ գտնէ ընկերութիւնը խախտող այս երեւոյթը։ Թէ որքան արագ կարելի կþըլլայ իրապէս արդար եւ հաւասար իրաւունքներու ընկերութիւն մը ստեղծել տղոց եւ աղջիկներուն համար, կարելի չէ ըսել, որովհետեւ ընկերային ու հոգեբանական, բայց նաեւ տնտեսական պայմաններն են որ կը ձեւաւորեն խնդիրները։
Այդ ինչ որ կարելի է շեշտել ու ընդգծել սակայն, հայկական ընտանիքի ամուր կապն է, որ մօր ճիգերով յատկապէս, մեծ մամայի հոգատարութեամբ եւ քոյր, մօրաքոյր, հարս եւ իգական սեռի հարազատ անդամներով կը պահպանուի։
Որքան աւելի շատ ըլլան խտրականութեան դէպքերը, այնքան աւելի շատ սերունդներ պէտք է կանուխէն դաստիարակել, որպէսզի աստիճանաբար հաւասարութեան մօտենանք։ Դժուար գործ։ Մանաւանդ, երբ գիտենք թէ ընկերութեան անգիր օրէնք է տակաւին՝ ղեկավար դիրքերուն վրայ միայն այր մարդ տեսնել, կիները յարմար նկատելով աւելի երկրորդական կամ հոգատարական գործերու մէջ։ Մենք լման ընկերութիւնը համոզելու գործ ունինք հոս, որովհետեւ կայացած կարծրատիպերուն չենք հանդիպիր միայն այր մարդոց մօտ, այլ նաեւ կիներուն։ Կիները նախ եւ առաջ ինքնավստահութիւն պէտք է ունենան իրենց կարողութիւններուն եւ իմացականութեան վրայ, գիտակցելով իրենց ուժին եւ անսահմանափակ կարողութիւններուն։ Խոնարհ ու գիտակից, բայց նոյն պահուն իր ամուսինը բարձրացնող կինը՝ մեր ապագայ արդար ընկերութեան երաշխիքն է։
Հռիփսիմէ Յարութիւնեան
-------------------
Յուշեր եւ զգացումներ՝ Հալէպէն
Անբաժան հայրենիքի մաս մը կը համարուէր Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը ինծի համար։ Ծնողքիս ծննդավայրն ըլլալով, մանկութենէս մինչեւ պատանեկութիւն գրեթէ շարունակաբար իմ ամառնային արձակուրդի վայրը եղած է։
Վերյիշելով անցեալը եւ գալով ներկային՝ Սուրիոյ կեանքի պայմանները մեծ փոփոխութիւններու ենթարկուեցան, երբ երկրի խաղաղութիւնը փոխարինուեցաւ փոթորկոտ օրերով, պատերազմի պատճառով։ Հալէպը ունէր իր կախարդական ուժը որ անուղակիօրէն կապուած էր հոն հաստատուած հայութեան հոծ բազմութեան հետ։ Կը յիշեմ իմ այցելութիւններս Հալէպի «Զաւարեան» նախակրթարանը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, «Գարէն Եբբէ» Ազգային ճեմարանը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի պարտէզը եւ այլ հայութեան օճախները։ Երբ Հալէպի թաղերէն կ'անցնէի՝ հայերէն լեզուի հնչիւնները եւ հայկական երգերու մեղեդինները շրջանի խանութներէն, տուներէն, թաղերէն կþարձագանգէին ամէն կողմ։ Մէկ խօսքով հոն այցելողը կը գտնուէր փոքրիկ Հայաստանի մը մէջ, երբ որ Հալեպ այն ժամանակ կ'ապրէր իր փառքի օրերը։ Քաղաք մը որ իսկական առատութեան մէջ կը գտնուէր ժամանակին, սակայն այսօր իր ժողովուրդը ձգած է չքաւոր եւ երկրի եռուզերը վերածած դժոխքի, պատերազմի սուգի ու անվերջ թաղումներու օրերու։
Ռմբակոծումներու հետեւանքները շատ էին.- Ջուրի եւ ելեկտրականութեան հոսանքի անջատումները, բնակարաններու լքուած վիճակը, աշակերտութեան խառնակ հոգեվիճակը, մանուկներու վախը, բժիշկներու պակասը, ժողովուրդին մատնեցին յուսահատութեան եւ հոգեկան ցնցումի։ Այս իրականութեան առջեւ ի՞նչ ըսեմ, իմ հարազատներուս ինչպէ՞ս մխիթարեմ, գիտնալով որ այս վիճակը չորս տարիէ ի վեր կը շարունակուի: Ալ աւելի դժուար է երբ գիտեմ որ իրենց ամբողջ կեանքի աշխատանքը մէկ օրէն միւս օրը ոչնչացաւ։
Կը զգամ իրենց անձկութիւնը եւ անորոշ ապագայի մտավախութիւնը, իրենց երազներու կաշկանդումը, անորոշութեան տագնապը եւ իրենց ընկճուած հոգեբանութիւնը։ Մասնակից եմ իրենց ցաւին - վստահ որ մեր հարազատներուն զգացումները հարազատ կը թուին մեզի - բայց միշտ ապրիլը եւ ականատես ըլլալը կը տարբերի լսելէ եւ հեռուէն դիտելէ։
Մտահոգութիւն եւ վախ պատճառեց ինծի երբ լուր ստացանք որ իմ մօրաքոյրերուս տան առջեւ ռումբ մը ինկաւ։ Մինչեւ յստականայ թէ ինչ եղած է խռով հոգեվարգի վիճակ մը կը տիրէ քու մէջդ։ Բայց մեր անբախտութեան մէջ բախտաւոր էինք կարծես, երբ այս մէկն ալ լաւ ձեւով վերջ գտաւ ձգելով միայն բնակարանի վնասներ։
Մխիթարեցինք եւ ըրինք մեր կարելին բայց իսկապէս իմ զգացումներուս ամենէն ահաւոր զգացումը ունեցայ իմ սիրելի Պայծառ մօրաքոյրիս մահուան լուրով, որ սոսկալի լուր մը եղաւ մանաւանդ այս պատերազմի օրերուն։ Այլեւս զգալի էր որ անվերադարձ մեկնեցան առաջուայ պայծառ օրերը եւ տեղը գրաւեցին մթութեան եւ խաւարի օրերը։
Այս դէպքէն յետոյ միտքս եկան անցեալի անուշ օրերու ապրումներ կապուած այս քաղաքին հետ։ Դարձեալ կը յիշեմ Հալէպը... ունէր իր տարբեր գրաւիչ արաբական գեղեցկութիւնը, իր հիանալի բերդը կառուցուած շատ տարիներ առաջ, իր հմայիչ գոց շուկան եւ շատ այլ տեսարժան վայրեր։ Սակայն միայն զբօսաշրջիկ մը կը հմայուէր այս գեղեցկութենէն քանի որ գոց արաբական երկիր մըն էր ան։ Բայց մեզի համար, իր անփոխարինելի գանձը քաղաքի հնութիւնները չէին, այլ իր հայկական գաղութն էր, իր բազմածաւալ գործունէութեամբ, իր միութիւններով եւ կառոյցներով։ Սփիւռքահայութեան ամենակարեւոր կռուաններէն մէկը հանդիսացաւ ան՝ որ տարիներու ընթացքին կազմեց ու պահպանեց ազգային գիտակցութեան եւ հպարտութեան հիմքը. մեծցուց սերունդներ ներշնչելով ազգային ոգին եւ ապացուցանելով որ նիւթական, երկրի քաղաքական եւ այլ տեսակի դժուարութիւններու դիմագրաւման միջոցը հայութիւնը միշտ բարձր պահելու առաջնահերթութիւն տալն էր ։
Ծանօթ է բոլորիս որ աշխարհի չորս ծագերէն հայութիւնը դրամահաւաք կազմակերպեց օժանդակելու նպատակով Սուրիահայ բնակչութեան։ Օգնութիւն հասաւ ժողովուրդին բայց այս մէկն ալ բաւարար չէր որ կացութիւնը փրկէ։ Արդէն այս օրերուս մեծ մասը հայութեան առած է արտագաղթի ճամբան դէպի այլ երկիրներ կամ ներգաղթի դէպի Հայաստան։
Ես պիտի մաղթեմ մեկնողներուն, որ շուտով գտնան բոլոր այն ինչ որ կորսնցուցին այս պատերազմէն թէ նիւթապէս եւ թէ հոգեպէս եւ ապրին խաղաղութեան մէջ, պահելով իրենց հայաշունչ ոգին։
Իսկ մնացողներուն կը մաղթեմ անսահման հաւատք, միասնականութեան ուժ եւ համակ կարողութիւն, որպէսզի դիմագրաւեն փորձանքները եւ մնան կառչած մեր ազգային կառոյցներուն, պահպանելով իրենց պարծանքը։
Շողիկ Տատոյեան
---------------------
Մեծ մայրիկս կը պատմէր...
Մեր մանկութեան ժամանակաշրջանէն, բոլորիս մտքերուն ու հոգիներուն մէջ դրոշմուած են պատմուածքներ, իմաստուն խօսքեր կամ խրատներ, եղելութիւններ ու պատկերներ որոնք իրենց կնիքը ձգած են իւրաքանչիւրիս յիշողութեան մէջ եւ հակառակ թէ տասնամեակներ անցած են, մնացած են թարմ։
Յաճախ կը յիշեմ մեծ մայրիկս, բարի, անմեղ ու անուշ կին մը, կը յիշեմ ինչպիսի սիրով ու քնքուշութեամբ զիս իր գիրկը առած կը զրուցէինք եւ ինչպէս ուրախութեամբ կը լսէի իր պատմուածքները։
Հակառակ թէ տարիներ անցած են այդ օրերէն, մինչեւ այսօր աչքիս առջեւ կուգայ իր ապրումը երբ կը պատմէր իր հօրը մասին։ Անմոռանալի մնացած է ոչ այն պատաճառաւ թէ քանիցս կրկնած է, նոր բառերով ու կարգով նոյն պատմուածքը, այլ որովհետեւ հակառակ իմ փոքր տարիքիս, կրնայի զգալ իր պարծանքն ու մեծ հպարտութիւնը։
Իր հայրիկը օգնութեան ձեռք կ'երկարէր ոչ միայն իր ազգականներուն, այլ նաեւ բոլոր իր ազգակիցներուն եւ իրենք ալ իրենց կարգին միշտ երախտապարտ խօսք ունէին ըսելիք իր մասին։ Այդ դժուարին ու ճգնաժամային օրերուն ան կը հասնէր բոլորին, լուծելով իրենց հոգերը՝ նիւթական ու բարոյական ներդրումով։
Եղած էին ժամանակներ երբ նոյնիսկ, այն ժամանակներուն տարածուած հիւանդութենէն՝ թոքախտէ տառապող հայրենակիցներուն, հիւրընակալած ու խնամած էր իր տանը ու բուժուելէ յետոյ վերադարձուցած իրենց ընտանիքներուն։ Վարուելակերպ մը, որ եսակեդրոն ներկայ ժամանակներուն, աներեւակայելի կը թուի ըլլալ։
Բայց միայն իր այս կեցուածքներուն համար սիրուած ու յարգուած անձ մը չէր մեծ-մեծ հայրս, այլ նաեւ իր քաջագործութիւններուն համար, որոնց մասին երբ կը պատմէր մեծ մայրիկս, իր աչքերը բոց կ՛արձակէին ։ Որպէս ֆրանսական լեգէոնի գնդապետ, ան արիութեամբ պայքարած էր թշնամիին դէմ ու իմ բարի ու աստուածավախ մեծ մայրիկս, հոգեկան ամենայն հանգստութեամբ կը պատմէր թէ իր հայրը, իր ընտանիքի ու ժողովուրդի վրէժը լուծած էր, սպաննելով մի քանի թուրք զինուորներ։ Ու շարունակ նախահօրս նկարը ցոյց տալով՝ հեծած ճերմակ ձիու մը վրայ, զինուորական զգեստով ու բամբուշտները կուրծքին շարած, իր վստահութիւնը կը յայտնէր թէ օր մը իր նմանները նորէն պիտի տիրանան մեր հայրենիքի գրաւուած տարածքներուն։
Մեծ մայրիկս կանուխ բաժնուեցաւ մեզմէ ու ափսո՜ս որ առիթը չունեցաւ տեսնելու վերջին 25-ամեակի հայ ժողովուրդի քաջարի զաւակներու յաջողութիւնները Արցախի մէջ։
Բայց վստահաբար բարձրէն, իր հօր գիրկը նստած, կը զգայ պարծանք ու տեսնելով մեր հայրենիքի մէկ մասնիկը՝ Արցախ աշխարհը ազատագրուած, աչքերը նոյն ձեւով բոց կ՛արձակեն, այն ժամանակներուն նման երբ ինծի կը պատմէր իր հօր հերոսութիւնները։
Եղիս Ղեւոնդեան
---------------------
ՏԻԱՆԱ ԱԲԳԱՐ՝ ԱՇԽՀԱՐԻ ԱՌԱՋՒՆ ԿԻՆ ԴԵՍՊԱՆԸ
Դուք գիտէի՞ք արդեօք, որ աշխարհի առաջին կին դեսպանը ծագումով հայ էր:
1920 թուականին, Ճաբոնի Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան դեսպան նշանակուեցաւ հայազգի Տիանա Աբգարը: Տիանան, որուն իսկական անունը Անահիտ էր, իսկ օրիորդական ազգանունը Աղապեկեան, ծնաւ Արեւելեան Հնդկաստանի բրիդանական գաղութի Պիրմայի մայրաքաղաք Ռանգունի մէջ (այժմ‘ Յանգոն), բարեկեցիկ ընտանիքէ: Տարբեր աղբիւրներէ Տիանայի ծննդեան վայրը նշուած է Պիրման, սակայն Պուենոս Այրես տպագրուող «Արմենիա» պարբերականի համարներէն մեկուն մէջ Նոր Ջուղանը կը ներկայացուի որպես իր ծննդեան վայրը:
1890-ին Ապգարը կ՛ամուսնանայ ծնունդով Նորջուղայեցի Միքայել Ապգարեանի (Մայքլ Ապգար) հետ: Իրենց ամուսնութիւնը տեղի ունեցաւ Չինաստանի Հոնգոնգ քաղաքը, որմէ յետոյ նորապսակ ամուսնական զույգը ճանապարհորդութեան մեկնեցաւ Չինաստան եւ Ճաբոն: Հոն անոնք որոշեցին մշտական բնակութիւն հաստատել‘ ընտրելով Ճաբոնի Կոպե քաղաքը:
1906-ին‘ իր ամուսնոյն անակնկալ մահէն յետոյ, Տիանան կը շարունակէ ընտանեկան գործը մինչեւ որդու չափահաս դառնալը: Այնուհետեւ իր ընտանիքը կը տեղափոխուի Ճաբոնի ամենաբանուկ նաւահանգիստներէն մեկը‘ Յոկոհամա, որ կը գտնուի Թոքիոյէն 30 քմ հեռաւորութեան վրայ: Այստեղ Տիանան կը բանայ ընդարձակ վաճառատուն, որը առեւտուր կը կատարէ Չինաստանի, ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպայի հետ: Շուտով իր ընտանիքը մեծ առանձնատուն կը գնէ Յոկոհամայի Յամատե թաղամասը, որու հիւրընկալ դռները միշտ բաց կը մնան օտար բարձրաստիճան անձերու, ինչպէս նաեւ խոնարհ հայ գաղթականներուն համար:
Առաջին Համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին եւ անոր յետեւող տարիներու ընթացքին Տիանա Ապգարը հանդես կու գայ հայ ժողովուրդին նուիրուած դասախոսութիւններով, յոդուածներով, կ՝աշխատակցի Յոկոհամայի «The Japan Gazette» «Ճաբոնական Լրագիր» անգլալեզու ճաբոնական թերթին: Այդ թերթի հրատարակչութեամբ են իր Անգլերէն հրատարակած գիրքերը,որոնց կարքին՝ «The Truth About the Armenian Massacres»-«Ճշմարտութիւնը հայութեան ջարդերու մասին» (1910), «The Case of the Armenians»-«Հայկական հարցը», Betrayed Armenia-«Դաւաճանուած Հայաստան» (1912), «The Peace Problem»-«Խաղաղութեան հարցը» (1912), եւ այլ: Ան նաեւ կը կատարէ ժամանակի հանրահայտ «Թայմս», «Ֆիկարո» եւ այլ թերթերու ու ամսագիրերու պատուերները‘ գրելով յոդուածներ Արեւելքի երկիրներու տնտեսութեան վերաբերեալ: Բացի Հայերէն ու Անգլերէն լէզուներէն Տիանան կը խօսէր նաեւ Հնդկերէն, Ճաբոներէն ու Չինարէն:
Տիանան նաեւ բանաստեղծութիւններ գրած է, որոնք լոյս տեսած են եւրոպական ու ամերիկեան մամուլին մէջ: ԱՆոնք գեղարուեստական գրուածքներ են, սակայն բոլորը իրական հիմք ունին եւ կը ներկայացնեն հայ ժողովուրդի կեանքը հայրենիքին մէջ: Ապգարը անոնք լսած էր Ճաբոն հասած հայ փախստականներէն ու այսպես գրեց:
Տիանա Ապգարը, 46 տարի ապրելով հեռաւոր Ճաբոն, միակ հայ կինն էր, որ լիովին կը տիրապետէր միջազգային իրավիճակին: Ան ամեն ինչ ըրաւ Եւրոպայի օգնութիւնը կազմակերպելու ուղղութեամբ, բայց ապարդիւն: Կը ցանկանար, որ ԱՄՆ-ը խնամակալ պետութիւն դառնան Հայաստանի համար, որը դարձեալ, ինչպես գիտենք, տեղի չունեցաւ:
Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներու ընթացքին իր կրթութեամբ, հարստութեամբ ու հայրենասիրութեամբ մեծ համբաւ ու հեղինակութիւն վայելող Տիանան դրսևորեց իր մեծ սերն ու յարգանքը հայ ժողովրդի հանդէպ: Ան փորձեց ամեն կերպով օգտակար դառնալ իր ազգակիցներուն ու Հայաստանին, որտեղ, ի դեպ, երբեք չէր եղած: Կարողացաւ օգնել բազմաթիւ հայ գաղթականներու, որոնք Սիպիրի և Ճաբոնի ճամբով կը փորձէին անցնիլ ԱՄՆը: Ըսուած է, որ Ճաբոն միշտ հայերու նկատմամբ բարեհաճ վերաբերմունք ունեցած է, ուստի անժխտելի է Տիանա Ապգարի մեծ աւանդը հայ-ճաբոնական բարիդրացիական յարաբերութիւններու կայացման գործին համար: Թողնելով իր աշխատանքը‘ Տիանան անձամբ կ՛երթար ճաբոնական իշխանութիւններուն եւ հիւպատոսներուն մոտ‘ փախստական հայերու փաստաթուղթերու խնդիրները կարգաւորելու եւ անոնց ճանապարհորդութիւնը դիւրացնելու համար: Ան իր առեւտրական գործակալութիւնը օգտագործեց որպես հայ գաղթականներու դիւանագիտական առաքելութեան գրասենեակ, իսկ իր տունը‘ անոնց ժամանակաւոր ապաստարան:
1919 թուականին Տիանան մասնակցեցաւ Խարբինի մէջ (Չինաստան) կայացած Սիպիրի և Ծայրագոյն Արեւելքի հայերու համաժողովին, որտեղ ան ընտրուեցաւ պատուաւոր նախագահ:
Յուլիս 2 1920ին Տիանա Ապգարը նշանակուեցաւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչ և գլխաւոր հիւպատոս Ծայրագոյն Արեւելքի, Հայաստանի արտակարգ եւ լիազոր դեսպան Ճաբոնի մէջ: Պահպանուած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար Համօ Օհանջանեանի նամակը Տիանա Ապգարին‘ վերջինը հիւպատոս նշանակելու մասին: Նամակին մէջ Օհանջանեանը շնորհակալութիւն կը յայտնէր իրեն‘ նորածին հայրենիքի շահերը պաշտպանելու և հայրենակիցներու ծանր վիճակը թեթեւացնելու համար: Տիանա Ապգարի դեսպան նշանակուելէն յետոյ, Ճաբոնը տե ֆակտո ճանաչեց Հայաստանի Հանրապետութիւնը‘ հեշտացնելով տիկնոջ մարդասիրական գործունեութիւնը և փախստականներու տրուղ օգնութիւնը:
Իր ժամանակիցներու վկայութեամբ‘ Տիանա Ապգարը եղած է զարգացած, կրօնասեր, քաղաքականապէս տեղեկացուած, գթառատ և հստակ գործող անձնաւորութիւն: Ան ունեցեր է նաեւ շատ տպաւորիչ արտաքին ու հմայք: Երբ ան կը մտնէր տարբեր դահլիճներ, բոլոր ազգերու դիվանագետները միշտ ոտքի կը կանգնէին:
Ամենայն Հայոց Գեւորգ Ե կաթողիկոսը, գնահատելով Ապգարի գործունեութիւնը, 1926-ին արժանացուց անոր յատուկ կոնդակի‘ հայ ժողովրդի շահերուն ծառայելուն եւ դժուար պահերուն անոր կողքին մնալուն համար:
Տիանա Աղաբեկի Ապգարը մահացաւ 1937 Յուլիսի 8-ին, Եոքոհամա: Իր աճիւնն ամփոփուեցաւ տեղի օտարերկրացիներու գերեզմանատունը՝ իր ամուսնոյն շիրիմի կողքին: Վերջերս Ճաբոնի Հայաստանի դեսպանութիւնը կազմակերպեց երեկոյթ՝ ի պատիւ հայ մտաւորական, հասարակական և քաղաքական ականաւոր գործիչ՝ դեսպան Տիանա Ապգարի ժառանգներուն, անոր թոռան՝ Մայքլ Աբգարի և ծոռան՝ Տենիզ Աբգարի:
Ապգարը հայոց պատմութեան մեջ մնացեր է իբրեւ քաջ, ազնիւ, խելացի, արդար ու գթասիրտ հայ կնոջ կերպար:
Մշակեց՝ Ռոզ-Մարի Եդիմեանը
---------------------
ՀՕՄ-Ի «ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ» ԾՐԱԳԻՐՆԵՐԸ
Հակառակ Հալէպի մէջ տիրող քաղաքական եւ կենցաղային ծանր պայմաններուն՝ ի մասնաւորի Նոր Գիւղ շրջանի ապահովական դժուարութիւններուն, շարունակուեցան ՀՕՄ-ի ծրագիրները:
Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ «Պնակ մը Տաք Ճաշ» ծրագիրը, ծնունդ առած Սուրիոյ տագնապի սկզբնական օրերուն` Հոկտեմբեր 2012ին, կարիքաւոր, բազմազաւակ ընտանիքներու եւ անկարող տարեցներու ուղուած այս ծրագիրը, շաբաթական 300 անձի տաք եւ լիարժէք սնունդով ճաշ կը մատակարարէ:
ՀՕՄ-ի ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի «Երաշխաւորէ Սուրիահայ Ընտանիք մը» ծրագրի երրորդ փուլը գործադրուեցաւ Հինգշաբթի, 3 Յուլիս, 2014-ին, «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս: Նորածին երեխայ ունեցող քառասուն ընտանիքներու տրամադրուեցաւ $4,000 ԱՄՆ, իւրաքանչիւր ընտանիքին յատկացնելով՝ $100ԱՄՆ:
Սուրիահայ օժանդակութեան աշխատանքներուն ծիրէն ներս, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը երկու յաջորդական տարիներ նիւթական յատուկ յատկացումով կ՛օժանդակէ նաեւ ՍՕԽի խնամատարական աշխատանքներուն, համաձայն որուն, 250 ընտանիքներ ամսական դրութեամբ կը ստանան սննդակողովներ կամ կենցաղային անհրաժեշտ նիւթեր: Ընթացիկ ամսուան մէջ, սննդեղէնի օժանդակութեան փոխարէն, Ուրբաթ, Յուլիս 25, 2014-ին, ՍՕԽի Ընկերաբժշկական կեդրոնէն ներս, 250 կարիքաւոր ընտանիքներ ստացան նիւթական օժանդակութիւն:
ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութիւններով եւ աշխարհասփիւռ միաւորներու անվերապահ աջակցութեամբ հզօրացած, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը կենցաղային ծանր պայմաններու տակ իսկ կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ կարիքաւորին:
Վերոնշեալ ծրագիրներուն կողքին, ՀՕՄը կը շարունակէ նպաստել հայկական վարժարաններուն՝ «Դպրոց» ֆոնտին միջոցաւ: Առաւելաբար, 2013-ին հաստատուած «Տաքուկ Բնակարան» ծրագիրը, ձմրան ընթացքին, ջերուցման անհրաժեշտ վառելանիւթով կ՛ապահովէ լուրջ դժուարութիւններ դիմագրաւող Հալէպահայ կարիքաւոր ընտանիքները:
ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը բարձր գնահատելով ՀՕՄի համակիրներուն եւ Միաւորներուն նուիրեալ աշխատանքը, կը շարունակէ քաջալերել անոնց ներդրումը ի տես մարդասիրական օժանդակութեան ծրագիրներու յաջողութեան:
---------------------
Δραστηριότητες του Αρμενικού Κυανού Σταυρού
Φιλανθρωπική Βοήθεια
ενόψει των γιορτών Χριστουγέννων και Πρωτοχρονιάς
Το πρόγραμμα “Αμανόρ” ξεκίνησε το 2000 και συνεχίζεται έως σήμερα. Οι οργανώσεις ARS (Armenian Relief Society) σε όλο τον κόσμο και αντίστοιχα ο Αρμενικός Κυανός Σταυρός στην Ελλάδα προσφέρουν μέσω του Κεντρικού Συμβουλίου της Οργάνωσης, σε διάφορα ιδρύματα της Αρμενίας και της Διασποράς ένα σημαντικό ποσό ως πρωτοχρονιάτικη δωρεά, βοηθώντας με τον τρόπο αυτό όσους έχουν ανάγκη. Τα χρήματα αυτής της δωρεάς συγκεντρώνονται με την εισφορά 3 δολαρίων ετησίως από κάθε μέλος των σωματείων μας.
Μερίδιο των χρημάτων αυτού του προγράμματος λαμβάνει το αρμενικό ορφανοτροφείο του Λιβάνου “Τρτσνότς Πούιν” (“Φωλιά των Πουλιών”), το αρμένικο γηροκομείο, το σχολείο παιδιών με ειδικές ανάγκες “Ζεβαρτνότς” στην Αρμενία, το αρμενικό ορφανοτροφείο και το γηροκομείο της Συρίας, τα νηπιαγωγεία “Σοσέ” στο Αρτσάχ, τα βρεφοκομεία της Αρμενίας που βοηθούνται από το πρόγραμμα σίτισης “Ένα πιάτο φαγητό” του Αρμενικού Κυανού Σταυρού, τα άπορα παιδιά και οι πολύτεκνες οικογένειες στο Τσαβάχκ, τα νηπιαγωγεία του ARS στη Βουλγαρία καθώς επίσης και τα δύο γηροκομεία του ARS στη Νότια Αμερική.
Από το 2000 που ξεκίνησε το πρόγραμμα αυτό, έχουν διατεθεί συνολικά από όλα τα σωματεία του ΑRS περίπου 200.000 $ δολάρια, για να είναι λίγο πιο ξεχωριστές οι γιορτινές μέρες των συμπατριωτών μας που έχουν ανάγκη.