Յունահայ համայնքը մեծ ոգեւորութեամբ նշեց Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակը՝ Սեպտեմբերի մէջ իրագործուած երգահանդէսով, որ համատեղ կազմակերպուեցաւ ՀՅԴի, ՌԱԿի եւ ՀՀ դեսպանութեան կողմէ: 20-ամեայ անկախութեան տօնը համայն հայութեան համար առիթ էր քննարկումն ու գնահատականը կատարելու կտրուած ճամբուն՝ յուզումի ու հպարտութեան զգացումներով, այլ նաեւ գիտակից եւ հաստատակամ կեցուածքով հայեացքները ուղղած դէպի աւելի փայլուն ապագայի օրեր:
Հպարտութեան ոգին եւ ուրախութեան զգացումը գերակշիռ են այն իմաստով, որ մեզմէ շատեր գիտակցեցան թէ մեր սերունդին վիճակուած պահը պսակումն էր մեզ նախորդած սերունդներու երազներու Մեծ Երազին իրականացման:
Հայաստանի վերանկախացման 20ամեակը նաեւ եկաւ ապացուցանելու, որ Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութիւնը հետզհետէ կÿընդարձակուի ու կÿամրապնդուի՝ միաժամանակ բերելով յաւելեալ փորձառութիւն, նոր մտածելակերպեր եւ ազգը միաւորելու կարեւոր ազդակներ:
Բոլոր անոնք, որոնք ուշադրութեամբ կը հետեւին Հայաստանի վերանկախացման երթին, յստակօրէն կը պատկերացնեն, որ անկախ արձանագրուած յաջողութիւններէն եւ ընկրկումներէն, անցնող 20 տարիներու ընթացքին պատմական կարեւորութեամբ նշանակալից հանգրուան մը բոլորեցինք ազգովին։ Անշուշտ եթէ ոչ դժուար, գէթ վաղահաս է քսանամեայ անկախութեան արդիւնաւէտութիւնը պատմութեան կշիռքին վրայ դնելն ու վերջնական արժեւորումի ենթարկելը: Բայց անկախացած մեր հայրենիքի անցնող 20ամեայ ժամանակաշրջանը կրնայ բնորոշուիլ որպէս աստիճանաբար նպատակասլաց գործելու կարեւոր շրջան:
Մեր հայրենիքի հարցերուն, տնտեսութեան, ընկերութեան զարգացման, սփիւռքի գաղութներու հարցերու դիմագրաւման, երիտասարդութեան, լեզուի, կրթութեան զարգացման անդրադառնալու առիթներ ներկայացած են անցեալ 20 տարիներու ընթացքին: Քննարկումներ եղած են, առաջնահերթութիւններ ճշդուած են, բայց միշտ ալ պայմանները փոխուած են՝ քանի որ կը խօսինք ընթացքի մէջ եղող եւ շարունակ փոփոխուող իրականութեան մը մասին:
Իսկ ա՛յն, որ երբեք չի փոխուիր, մեր ազգը յատկանշող ազդակներու պահպանումն ու զարգացումն է:
Թէ որքանո՛վ փոխուած, բարելաւուած, նոր երեւոյթներ դիմագրաւած են հայութիւնն ու հայկական պետութիւնը անցնող 20 տարիներուն ընթացքին, եղան մեկնակէտն ու հիմնական առաջադրանքը «Ազատ Օր»ի վարչութեան, որպէսզի ձեռնարկէ անկախութեան տարիները քննարկման պրիսմակի տակ առնելու եւ ընդհանուր արժեւորման փորձ կատարելու քայլին՝ ժողովրդային լսարաններու կազմակերպումով, որ վստահուեցաւ պատասխանատու անձերու:
Ժողովրդային այս լսարաններէն իւրաքանչիւրը պիտի յատկացուի հայկական աշխարհի գլխաւոր գօտիի մը քսանամեայ հոլովոյթի ներկայացումին՝ համապատասխան վիճակագրական տուեալներ փոխանցելով ու ընդհանուր արժեւորում կատարելով։
Եռօրեայ կլոր սեղանի զրոյցներուն ընթացքին, ազգովին մեզ յուզող հարցերուն մօտէն ծանօթանալու, հայ ժողովուրդի խճանկարին մասին պատկերացում մը կազմելու եւ քննարկումներ կատարելու իւրօրինակ առիթը պիտի ունենանք բոլորս: Կÿարժէ, որ մեր մասնակցութեամբ այս առիթը աւելիով արժեւորենք: