Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Խորունկ զայրոյթով կը խօսէր մէկու մը մասին, որ յայտնի էր իր չարութեամբ եւ որ հիմա դարձեալ նոր չարագործութիւն մը ըրած էր։
- Շան զաւակէն ամէն ինչ կը սպասուի, ըսաւ իր խօսքը եզրակացնելով։
Ան որքան ալ բարկացած ըլլար իր խնդրով, ես պահ մը մէկդի ըրի անոր պատմածը ու կանգ առի սա «Շան զաւակ» յորջորջումին վրայ։

Որքան յաճախ կը գործածենք այս «Շան զաւակ»ը՝ բնութագրելու համար չարագործը, անկիրթը, անբարեխիղճը, անգութը։ Անշուշտ ան կը գործածուի մարդուն համար, այլ ո՛չ թէ իրապէս շան համար։ Շունը զաւակ աշխարհ չի բերեր, շունը ձագ աշխարհ կը բերէ։ Այլ խօսքով, շան զաւակը շան ձագ կը կոչուի, ո՛չ թէ շան զաւակ։ Շան զաւակը մարդն է, այն չար ու անսիրտ մարդը, որմէ ամէն փորձանք կը սպասուի։
Ինչո՞ւ սակայն մեր պապերը չարագործ մարդը բնութագրելու համար շունը ընտրեր են։ Շունը չա՞ր անասուն է, շունը անբարեխիղճ ու վնասաբե՞ր անասուն է։ Պիտի պատասխանենք որ ոչ։ Ընդհանրապէս, շունը ո՛չ միայն չարութեան խորհրանշան չէ, այլ նաեւ, ընդհակառակը, է՛ հաւատարմութեան խորհրդանշան։ Զինքը զայրացնող չարագործին «Շան զաւակ» ըսող վերոյիշեալ բարեկամս, «Շան պէս հաւատարիմ» պիտի ըսէր եթէ այս անգամ խօսէր իրեն հաւատարիմ մնացած պաշտօնեայի մը կամ բարեկամի մը մասին։ Չարագործը «Շան զաւակ» կը կոչուի, բայց հաւատարիմը «Շան պէս հաւատարիմ» կը կոչուի։ Իրական շունը այս երկուքէն ո՞ր մէկն է։
Եթէ «Շան զաւակ» ըսող բարեկամիս հետ մեր խօսակցութիւնը երկարէր եւ բարեկամս այս անգամ սկսէր խօսիլ ճարպիկ, հնարամիտ, ամէն գործի տակէն վարպետօրէն դուրս եկող մէկու մը մասին, պիտի ըսէր. «Շունշանորդին շատ ճարպիկ է, ձեռքէն գործ չի փախչիր»։
Հոս ալ շան որդիին, զաւկին, կամ ձագին մասին խօսուեցաւ, բայց այս «Շունշանորդի» բառը, որ ժողովրդական դարձուածք է, «Շան զաւակ»ին չափ ծանր մեղադրանք չդրաւ ենթակային վրայ։ Այս որակականին մէջ կարծես մեղադրանք չկայ, թեթեւ համակրանք կամ գնահատանք կայ։
Շուն կոչուած անասունը անշուշտ բացարձակապէս գաղափար չունի թէ մարդիկ խօսակցութեան մէջ ինչպէս կը շահագործեն անոր ձագը, լեզուական ինչպիսի դարձուածքներ յօրինած են իր վրայ։
Երբ կը խօսինք սակայն շան զաւակի կամ շան ձագի մասին, յանկարծ անակնկալի մը հետ դէմ առ դէմ պիտի կարենանք մնալ։ Այդ ալ հետեւեալն է։ Շան ձագը կը կոչուի «լակոտ»։ Գիտցողը գիտէ, բայց անտարակոյս կան շատեր որոնք չեն գիտեր։ Այս վերջինները կը կարծեն որ «լակոտ»ը փողոցի անառակ կամ չարաճճի մանուկն է։ Մինչդեռ չէ։ Լակոտը շան ձագն է։ Ահաւասիկ դարձեալ շունը այստեղ գործածուած է որպէս ժխտական յատկութիւններով անասուն։ Ո՛չ մէկը փողոցը խաղացող իր մանուկին համար «լակոտ» կ'ըսէ։ «Լակոտ»ը միշտ միւս մանուկն է, անառակ, չար, խանգարող, կեղտոտ, եւայլն։ Ուստի մենք երբ փողոցի տղուն, կամ ոեւէ տղու համար «Լակոտ» որակականը գործածենք, պէտք է գիտնանք որ շան ձագ ըրած կ'ըլլանք այդ տղան։
Բարեբախտաբար շունը կարդալ չի գիտեր կամ մարդոց խօսակցութիւնը չի հասկնար, այլապէս շատ պիտի զայրանար իմանալով որ մեր լեզուին մէջ իրմով շինուած ուրիշ ժխտական դարձուածքներ ալ կան։ Բառարանը մեզի պիտի ըսէ որ ունինք «Շանլեզու» բառը, որ կը նշանակէ գէշ խօսող, չար բաներու մասին խօսող։ Շունը մեզի կրնար հարցնել թէ ինք ինչ չար բան ըսած է որ մենք ստեղծեր ենք այս «Շանլեզու» որակականը։
Բայց հեռու չերթանք, ամէնէն առաջ յիշենք «Շնալ» բառը։ Տասը պատուիրաններն իսկ ըսած են. մի շնար։ Շնալ կը նշանակէ մէկու մը հետ սեռային ապօրէն յարաբերութիւն ունենալ։ Մեր տուներու հաւատարիմ պահակ շունը շատ պիտի վշտանար եթէ իմանար թէ ինչ կը նշանակէ «Շնալ» բառը։
Ամէն օր արձակուրդի ժամերուս երբ կը նստիմ բնակարանիս պատուհանին առջեւ, ամէն հինգ վայրկեանը անգամ մը կը տեսնեմ թաղեցի մը որ իր շունը փողոց հանած է ու կը պտտցնէ իրեն հետ։ Իրենց տանը մէջ շուն պահողներուն ամենօրեայ պարտականութիւնն ու զբաղումն է այս։ Շունը փողոց հանել։ Շուները մեծամասնութեամբ իրենց բնական պէտքն ալ կը տեսնեն փողոցը այս պտոյտի ընթացքին։ Բայց դժուար չէ տեսնել թէ այդ շուներուն տէրերը որքան կը սիրեն իրենց այդ անասունը, ինչպէս խնամք կը տանին անոնց։ Ճիշդ է որ շատեր փողոցը շուներէ կը վախնան, բայց ժողովրդական խօսք մը կայ, ըստ որու «Շունը փոքրիկ մանուկներու վրայ բնաւ չի յարձակիր»։ Այս ալ գովասանք մըն է շան համար։ Բայց ատոր փոխարէն ունինք ուրիշ դարձուածք մը որ հակառակը կը թելադրէ։ Երբ հարցի մը գաղտնի կէտը կամ գաղտնի պատճառը պիտի հրապարակենք, կամ երբ խորհրդաւոր խնդրի մը մասին բացատրութիւն մը պիտի տանք, սապէս կրնանք ըսել.
«Տեսէք թէ ուր թաղուած է շան գլուխը»։
Խեղճ շունը դարձեալ վիրաւորուեցաւ այս դարձուածքով։ Բայց որո՞ւն հոգը։ Չէ՞ որ «Շունը կը հաջէ, կարաւանը կը քալէ»։
Շունը հաւատարմութեան խորհրդանշան է մարդուն համար, բայց ո՛չ կատուին համար։ Կատուին համար շունը թշնամի է, ինչպէս որ շան համար ալ կատուն թշնամի է։ Երկուքը գրեթէ բնաւ հաշտ չեն իրարու հետ։ Եւ մենք իրարու հետ անհաշտ երկու մարդոց մասին ալ կրնանք ըսել. «Ասոնք շուն-կատուի պէս են»։ 
Այս անգամ շունը պիտի չբարկանար մեզի։
Բայց շատ պիտի զարմանանք, եթէ սկսինք տեսնել թէ մենք անասուններու անուններով ինչ հարուստ դարձուածքներ ունինք մեր լեզուին մէջ։


Ռ. Հ.