Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Կռիւ, յարատեւ կռիւ, կը պատգամէր Քրիստափոր Միքայէլեան, յորդորելով, խանդավառելով, ուժ տալով հայութեան, յուշելով իրեն թէ իւրաքանչիւր մարտահրաւէր կրնայ յաղթահարուիլ՝ նպատակասլաց, թիրախաւորուած աշխատանքով, յամառ ճիգով:

«Պահպանե՛նք, շարունակե՛նք կռիւը, որպէսզի լայնանայ, ընդարձակուի եւ ընդարձակուելով յարատեւի.- ահա՛ դէպի մեր նպատակը տանող միակ ճանապարհը» խօսքերուն մէջ ան կÿընդգրկէր հայ ժողովուրդին ուղղուած միակ այդ պատգամը, թէ իր հոգեկան կորովը եւ ուժը՝ աւելիով բաւարար են սեփական ապագան նուաճելու համար, որեւէ տեսակ դժուարութիւն յաղթահարելու եւ յաղթական դուրս գալու համար:
Տարբեր հանգրուաններէ անցած է ՀՅԴ 124 տարուայ այս ուղին. այդ ինչ որ անփոփոխ մնացած է տարիներու ընթացքին՝ պայքարի զգացումն է, որ Դաշնակցութիւնը  յատկանշած է միշտ, մանր ու ամէնօրեայ իր գործերէն, մինչեւ մեծը, համազգայինն ու ճակատագրականը: Յեղափոխական կուսակցութիւն ըլլալու եւ յարատեւօրէն այդպէս ալ մնալու պատրաստակամութիւնը՝ գոյն ու դրոշմ ձգած է Դաշնակցական իւրաքանչիւր գործի վրայ:
Դժուար ժամանակաշրջաններու մէջ ենք: Մարտահրաւէրները անթիւ՝ կը ծանրանան հայութեան ուսերուն, հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ: Արտաքին գետնի վրայ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաշեմին գտնուելով, Թուրքիա բացայայտօրէն կը գոռայ թէ իր լոպիստական ուժերը պիտի գործածէ Հայոց Ցեղասպանութեան մարդկային ճշմարտութեան դէմ կանգնելու համար: Նոյն պահուն Ատրպէյճան կատաղի ձեւով կը շարունակէ ռազմաշունչ իր քաղաքականութիւնը, գաղտագողի յարձակումներով, փոքրոգի վարկածներով: 
Ի՛նչ ընել, որպէսզի Հայաստանի սահմանները ապահով ըլլան ու ատրպէյճանական սադրանքներու զոհ չերթան սահմանամերձ շրջաններու բնակիչները եւ երիտասարդ զինուորները։ Ի՛նչ ընել, որպէսզի ամուր պահպանուին Արցախն ու Հայաստանը թշնամիի հարուածներուն տակ:
Մինչեւ հիմա որդեգրուած մարտավարութիւնը թշնամիի հարուածներուն հակահարուածով պատասխանելն է, որ բաւական համոզիչ պէտք է ըլլայ, բայց, կարծէք, այդքան ալ չէ: Փաստը այն է, որ կը շարունակուին ատրպէյճանական բանակի գործողութիւնները, որոնք ռազմական նպատակ չունին, այլ քաղաքացիական շրջանակներու մէջ ահ ու սարսափ տարածելու կը ծառայեն, փորձելով հոգեբանական ճնշումի ենթարկել ամբողջ հայ ժողովուրդը։ Փաստը նաեւ այն է, որ դիւանագիտական գետնի վրայ հակահարուածներ տալու նախապատրաստութիւնը արագընթաց կը զարգանայ...
Արցախեան ազատամարտին մէջ Դաշնակցութեան եւ դաշնակցականներու հիմնական դերակատարութիւնը անառարկելի է: Բայց Դաշնակցութիւնը արդէն ապագան է որ կը դիտէ, քայլերու ձեռնարկելով ազատագրուած Արցախը, ամբո՛ղջ Արցախը զարգացնելու ուղղութեամբ: Դիւրին չէ վստահաբար, բայց պահն է որպէսզի Արցախեան ռազմադաշտին վրայ մեր փաստացի յաղթանակը քաղաքական-իրաւական դաշտ ունենայ։ 
Նոյնպէս, ՀՅԴ համակարգը իր ուժերը կը լարէ Եւրոպայի մէջ հակազդելու համար թրքական-ազերիական ներթափանցման փորձերուն, որ հետզհետէ նոր Եւրոպա մը կարծես ձեւաւորելու «ճամբու քարտէս» մը մշակած են: 
Հոս ալ պատասխանը յստակ է: Ճանչնալով ապագայի մեր մարտահրաւէրները ցոյց տանք համայն հայութեան ամբողջ ներուժը՝ համագործակցութեան առողջ ու արդիւնաւէտ մթնոլորտի ձեւաւորմամբ:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ ու Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, այս շաբաթավերջին Աթէնքի մէջ տեղի կ'ունենայ  խորհրդաժողով, որ իր օրակարգին վրայ պիտի ունենայ համազգային նշանակութեան մեր հարցերը: 
Իր զինանշանին վրայ զետեղուած բահի, սուրի եւ գրիչի ներշնչումով՝ ՀՅԴ համոզուած է թէ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող մեր հարցերը կը լուծուին՝ խիստ աշխատանքով, պայքարի ճամբով եւ մամուլի ու քարոզչութեան միջոցներով: