Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Արցախի Մարտակերտ քաղաքը մինչեւ 1992-ի բռնագաղթը ունէր շուրջ 12.000 բնակչութիւն. ան Արցախի երրորդ կարեւորագոյն քաղաքն էր Ստեփանակերտէն ու Շուշիէն ետք։
Այսօր քաղաքը ունի մօտ 4000 բնակիչ, որուն մեծ մասը կը զբաղի հողագործութեամբ. այնտեղ կը գործեն երկու դպրոց եւ երկու մանկապարտէզ, դպրոցներու աշակերտներուն թիւը կիսուած է՝ թիւ 1 դպրոցը նախկին 1400 աշակերտի փոխարէն այսօր ունի մօտ 600 աշակերտ, իսկ թիւ 2 դպրոցը նախկին 400-ի տեղ, մօտ՝ 200։ Ուրախալի է, որ վերջին մի քանի տարիներու ընթացքին չէ նուազած դպրոցներու աշակերտութեան թիւը, բայց աւաղ չէ ալ աւելցած, սակայն մանկապարտէզներու աշակերտութեան թիւը աճ արձանագրած է…
Միայն թիւ 1 հիմնական դպրոցը մտաւ պետական ծրագրի մէջ եւ կը նորոգուի պետական պիւտճէյէն, որովհետեւ պետութիւնը երկու դպրոց նորոգելու հնարաւորութիւն չունի։ Թիւ 2 դպրոցը նախապէս Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի միջոցներով որոշ չափով նորոգուած է, բայց նորոգելը անիմաստ է այլեւս, որովհետեւ կիսաքանդ վիճակի մէջ է, 1903 թուականին կառուցուած շէնք է՝ նախ եղած է բանտ, ապա զօրակայան եւ ձիաբուծարան,  իսկ 1960 թուականէն ի վեր կը գործէ իբրեւ դպրոց: Անոր  պայմանները իր դիրքէն սկսեալ մինչեւ կառուցուածք բոլորովին անյարմար են իբրեւ դպրոց ծառայելու համար: Դասարանները կիսաքանդ, լուացարանները նոյնապէս, ջեռուցում չկայ, մարմնամարզութեան յարմարութիւն չկայ, իսկ այդ մէկը շատ անհրաժեշտ է սահմանի վրայ ապրող սերունդ պատրաստելու համար։ Ամենօրեայ յարձակման հաւանականութեան տակ գտնուող սահմանամերձ դպրոցը չունի նաեւ ներքնայարկ՝ յարկ եղած ժամանակ իբրեւ ապաստարան ծառայելու համար։
Դպրոցը կը գտնուի մայրուղիի վրայ, խիտ բնակելի տարածքէն շատ հեռու է եւ սահմանին շատ մօտ (3 քմ. հեռաւորութեամբ), այդ իսկ պատճառով դպրոցի աշակերտները կամաց կամաց կը տեղափոխուին թիւ 1 դպրոց: Այս մէկը կը տանի անոր, որ կարճ ժամանակամիջոցին ընթացքին թիւ 2  դպրոցը կրնայ փակուիլ, իսկ սահմանամերձ Մարտակերտի համար մէկ դպրոցի մէջ հաւաքել քաղաքի ողջ նոր սերունդը խիստ վտանգաւոր է: Այդ առումով երկրորդ դպրոցի առկայութիւնը խիստ անհրաժեշտ է։
Միւս կողմէ, քաղաքի միւս ծայրը գտնուող երեխաներուն համար թիւ 1  դպրոց հասնիլը լուրջ հարց է, մանաւանդ երբ քաղաքին մէջ չեն գործեր փոխադրամիջոցներ, աշակերտները ստիպուած են քալելով դպրոց երթալու։
Թէեւ դպրոցի վատ պայմանները որեւէ կերպ չեն խոչընդոտեր դպրոցի տնօրինութեան եւ ուսուցչական կազմի գործունէութիւնը ըստ արժանւոյն իրականացնելու, սակայն, այնուամենայնիւ, արիւնով ազատագրուածը պէտք է պահպանել դպրոցաշինութեամբ. տեղի երեխաներն ու գործող անձնակազմը արժանի են աւելի լաւ պայմաններու մէջ դպրոց յաճախելու, անոնք ազատագրուածը կը պահպանեն՝ պայքարելով կեանքի պայմաններուն դէմ։
Նոր դպրոց կառուցելու անհրաժեշտութիւնը անհերքելի է, այդ նպատակին համար յատկացուած տարածք կայ, մեզի կը մնայ նպաստել, որ ձեռք բերուած տարածքին վրայ կառուցուի 30 սենեականոց դպրոց մը՝ ծրագիր, որ կ’երաշխաւորէ նոր սերունդին պատշաճ կրթութիւն ապահովելը, հետեւաբար, կ’երաշխաւորէ արիւնով ազատագրուածը պահպանել։
Ձեր նուիրատւութիւնները կրնան մեծապէս նպաստել այս գործին:
Նպաստենք արիւնով ազատագրուածը դպրոցաշինութեամբ պահպանելու եւ շէնցնելու գործին։ Անոնք իրենց կեանքը չխնայեցինք, մենք նուազագոյնը մեր աւելորդ լումաները չխնայենք…
Ստորեւ կը ներկայացնենք դպրոցի լուսանկարները՝ ճիշդ պատկերացում կազմելու համար։


«yerakouyn.am»