Երբ մեր չորս կողմը դիտենք հեռուն՝ հորիզոնին վրայ, կը տեսնենք երկինքն ու երկիրը իրար միացած։ Հակառակ մեր գլխուն վերեւ գտնուող երկինքի անչափ բարձրութեան, այդ երկուքը տեղ մը կարծէք իրար կը դպնան։ Եւ որքան մօտենանք հորիզոնի միացման կէտին, ան աւելի կը
հեռանայ ու կը խորանայ։ Երկինքն ու երկիրը արդեօք իրար կը միանա՞ն։
Արարիչն Աստուած եօթը օրուայ ընթացքին կատարեց աշխարհի ստեղծագործութիւնը։ Բայց այդ բոլորին մէջ, կեդրոնական դէմքն ու հիմքը մարդ արարածը դարձուց, որ իր արժանիքներով աշխարհի մեծագոյն արժէքը հանդիսացաւ։ Այդպէս հեռուն՝ հորիզոնի վրայ, երկինքի ու երկրի միացման ենթադրական պատկերացումը, մարդու ծնունդով իրականութիւն դարձաւ։
Դարեր անցան եւ երկնքի ու երկրի կապը այդպէս մնաց։ Մարդը իւրաքանչիւր դժուարութեան, ձախողութեան եւ այլ կարիքի իր աչքերը երկրէն դէպի երկինք բարձրացուց։ Ինչպէս նաեւ յաջողութեան եւ այլ ուրախ առիթներու իր աչքերը դարձեալ դէպի երկինք բարձրացուց։ Իրեն համար հոն էր գերագոյն ուժի կեդրոնը։ Եւ անոր ոգեղէն ներկայութեան անհրաժեշտութեան պատճառով, մարդը հետագային երկրի վրայ քարաշէն բազմաթիւ հաւատքի վայրեր շինեց այդ ուժին նուիրուած։
Պատմութեան ընթացքին, երբ ժամանակ մը երկիրը երկինքէն սկսաւ հեռանալ, մարդու կապը գերագոյն ուժին հետ սկսաւ տկարանալ, Հայրն Աստուած իր միածին Որդին ղրկեց աշխարհ, վերստին ամրապնդելու համար երկուքի կապը։ Մեր Փրկիչը Յիսուս, մարմնացաւ ու մարդացաւ որպէսզի մոլորած մարդը անգամ մը եւս երկինքին մօտեցնէ։
Այսպէս ուրեմն, Յիսուս 33 տարիներ առաքելութիւն մը ունեցաւ երկրի վրայ, որու աւարտին խաչուեցաւ ու վերստին երկնաւոր Հօր քովը բարձրացաւ։ Անոր քարոզները, հրաշքները, բժշկութիւնները, այցելութիւնները, այլ խօսքով ամբողջ կեանքի վայրկեանները ցոյց կու տան, թէ Ան ժողովուրդին մօտ եղաւ։ Ապրեցաւ անոնց հետ ու անոնց համար։ Իր մարմնաւոր ներկայութեան կողքին, իմաստուն խօսքերը, գուրգուրանքը, բարութիւնը եւ ծառայութիւնը որպէս ամբողջական պատկեր ներշնչեց մարդոց, որոնք դարձան հետեւորդ, հաւատացեալ ապա քրիստոնեայ։ Եւ այդ մարդոց շարքը աննկարագրելի կերպով խտացաւ ու բազմացաւ, նոյնիսկ Իր բացակայութեան ժամանակ։ Իսկ որքան խօսինք վերոնշեալ պատկերին մասին, կամ թափանցենք անոր խորքը, փորձենք վերլուծել կամ մեկնաբանել այդ կէտը, եզրակացու-թիւնը ամբողջ մէկ բառի վրայ պիտի յանգի. «Սէր»։ Կարելի չէ զոհողութեան գնով առաքելութիւն մը իրագործել առանց սիրոյ ըմբռնումին ու ապրումին։
Աւետարանին մէջ կը հանդիպինք հետեւեալ եւ նման տողերու, թէ «Աստուած Սէր է», «Աստուած անքայն սիրեց մարդը, որ Իր միածին Որդին ղրկեց աշխարհ անոր փրկութեան համար»։ Ուրեմն այս կը նշանակէ, թէ երկինքի ու երկրի կապը մարդու ընդմէջէն Աստուծոյ սէրն էր։ Սէրը երկնային մեծ խորհուրդ մըն է, որ թարգմանուեցաւ երկրի վրայ։ Ան երկնային մեծ ուժ մըն է, որ հրաշքներ գործեց երկրի վրայ։
Մեծ Վարդապետը եւս իր քարոզներուն մէջ բազմիցս կրկնեց. «Սիրեցէ՛ք զիրար»։ Նոյնը պատգամեցին Անոր անմիջական աշակերտներն ու անոց յաջորդները մինչեւ օրս։ Վարդապետութիւն մը ամբողջ հիմնուեցաւ սիրոյ գաղափարին վրայ եւ անոր բազմամիլիոն հետե-ւորդները իրար կապեց նոյն այդ բառը։ Սակայն ինչպէ՞ս պէտք է խոնարհել այդ բառը։ Ճիշդ այդ կէտէն կը սկսի դժուարութիւնը ու այդ կէտէն ճամբան երկուքի կը բաժնուի։ Քերականութեան ճամբով դիւրին է թուղթին վրայ գրել եւ կամ արտասանել այդ բառը։ Մինչդեռ կարեւորը այդ բայը մեր կեանքով խոնարհելն է։ Կրնանք քերականութեան մէջ ճիշդ գրել, բայց կեանքի մէջ սխալ արտայայտել։ Կրնանք քերականութեան մէջ յաջողիլ, բայց կեանքի մէջ ձախողիլ։ Միավանկ բառ մըն է, որ շատ դիւրին կը հնչենք բայց չափազանց դժուար կ'ապրինք։ Եւ այս բոլորը ենթադրութիւններ կամ տեսական վերլուծումներ չեն, այլ ճշմարտութիւն։ Պատճառը՝ մարդն է, իսկ ապացոյցը՝ դարձեալ մարդը։
Երկնային սէրը, այդ մաքուր սէրը երկիր ղրկուեցաւ մարդու օգուտին համար։ Մինչ մարդը պղծեց այդ մէկը իր օգուտին համար։ Այդ բառը ժամանակին իր շուրջ կը համախմբէր մարդիկը, մինչդեռ ներկայիս իրարմէ կը հեռացնէ զանոնք։ Երբ մէկը ժամանակին սիրոյ մասին խօսէր կամ անորմով մօտեցում ցոյց տար, դիմացինին ապահովութիւն ու վստահութիւն կը ներշնչէր։ Այդ ձեւը այսօր դիմացինին մօտ առաւելաբար կասկած կ'արթնցնէ ու կը մտահոգէ։ Այո. մարդը պղծեց սիրոյ գաղափարը եւ տկարացուց անոր ուժը։ Բայց ինչո՞ւ։
Աստուծոյ մարդը երկնային ընդհանրական սէրը դարձուց անհատական սեփականութիւն։ Այդ մեծ ուժը Աստուած տուաւ մարդոց միասնաբար գեղեցիկ կեանք մը շինելու։ Մարդը սակայն, եսասիրութեան հիւանդագին տագնապէն մղուած, հաւաքականութենէն դուրս գալով փորձեց իրը դարձնել զայն։ Միայն սիրուիլ, ոչ թէ սիրել։ Այս եղաւ մարդու կործանարար նշանաբանը։
Աստուծոյ մարդը սիրոյ ոգեղէն զօրութիւնը վերածեց նիւթեղէնի։ Սիրոյ գաղափառախօսութեան մէջ ապրող ու շնչող, ոգեւորող ու յուսադրող մարդկային արժանիքները վայրագօրէն սպաննեց։ Ան այդ անկեղծ սէրը վերածեց կեղծիքի ու մանաւանդ շահախնդրութեան միջոցի։ Երկինքն ու երկիրը իրար մօտեցան ու կապուեցան, բայց մարդը մարդուն չմօտեցաւ, այլ հեռացաւ։ Աստուած Սէր է, իսկ մարդը անձնասէր։ Ամօթալի պատկեր եւ մեծ դժբախտութիւն։
Ամէն օր, ամէն տեղ բազմաթիւ անգամներ կը լսենք սիրոյ մասին խօսքեր, որոնք ժամանակաւոր կ'ապրին խօսքի սահմաններուն մէջ եւ գործի չվերածուած արդէն կը մահանան։ Որովհետեւ մարդ սիրոյ մասին կը խօսի կամ կը քարոզէ, բայց սիրտ չունի։ Սիրոյ գեղեցիկ ու զգացական խօսքեր կ'արտասանէ, մինչդեռ իր նմանին թակարդ կը լարէ։ Ընկեր կամ ընկերուհի, եղբայր կամ քոյր, ազգական կամ բարեկամ կը կոչէ, բայց դիմացինը կը շահագործէ առաւել միս ու ոսկոր կը կրծէ։ Սէր բառը զրահի վերածելով ուրիշի սիրտը կը խոցէ։ Խօսքը բարի է, բայց նպատակը չար։ Սոյն իրավիճակը ազգականութիւնը, ընկերութիւնը, կառոյցը, հաստատութիւնը դարձուց անապահով միջավայրերու։ Որովհետեւ եղածը սէր չէ, այլ շահագործում։ Հոն ուր սէր չկայ, վստահութիւն չկայ։
Այն պահէն, երբ երկնային սիրոյ անմահ գաղափարը մարդը վերածեց ժամանակաւոր մտածումի ու շահախնդիր ծրագրի, այդ պահէն սկսեալ ան իր մէջ սպաննեց սէրը։ Եւ քրիստոնէական հասկացողութեամբ՝ այն որ սէր չունի, կեանք չունի։
Քիչեր միայն կը քալեն երկինքն ու երկիրը իրար կապող կամուրջին վրայէն։ Քիչեր միայն իրենց մէջ կ'ապրին երկնային սէրը ու անորմով կը գեղեցկացնեն իրենց կեանքը։ Սէր ըլլալը դիւրին չէ։ Սիրոյ մարդ կոչուիլը պարզ չէ։ Բոլորս գիտենք։ Աստուծոյ սէրը ապրելու համար, հարկ է որ մարդ առաջին հերթին իր ներաշխարհը մաքրէ Աստուածային պատուիրաններով ապա Ս. Խաչի զօրութեամբ պայքար մղէ ամենօրեայ բազմատեսակ փորձութիւններուն դէմ։
Շատեր կը փորձեն ձեւացնել ու ձեւաւորել իրենց անձը որպէս սիրոյ մարդ։ Այդ փորձը սակայն շատ արագ իր արդիւնքը կու տայ առանց նպատակին ծառայելու։ Անոնց դէմքի արտայայտութիւնը, նայուածքը, շարժուձեւերը, խօսքերն ու մտածումները կարճ ժամանակի ընթացքին կը յայտնաբերէն անոնց իսկութիւնը։ Շուտով կը զանազանուի սիրոյ մարդը շահախնդիր մարդէն, Աստուածասէր մարդը անձնասէր մարդէն։ Առաւել եւս, այսօրուան դժբախտ պատկերը ինքնին կը դիւրացնէ բաղդատական աշխատանքը, երբ կը տեսնենք քիչերը մէկ կողմ եւ շատերը միւս կողմ։ Եւ ի՞նչ պիտի ըլլայ երկրին վիճակը, եթէ այդ քիչերը օր մը հրաշքի համազօր երեւոյթի վերածուին։ Նոր ստեղծագործութեան կարիքը պիտի ըլլա՞յ արդեօք։
Երկինքի ու երկրի կապը տեսնելու համար Աստուծոյ մարդը որքայն մօտենայ հորիզոնին, այդ մէկը աւելիով պիտի հեռանայ իրմէ։ Սակայն որքայն յառաջանայ, այդքան աւելի պիտի խորանայ իսկական սիրոյ անծայրածիր ու երանական աշխարհին մէջ։
Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան