Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Ընկեր Արմէնը բարձր դիմացկունութեամբ մարդ էր։ Կը վարուէր իբրեւ հայ, կ'ապրէր իբրեւ հայ, եւ այդ մէկը ընելու շատ ձեւեր ունէր։ Տանք քանի մը օրինակներ.-

1970-ական թուականներէն սկսեալ Ֆիքսի մէջ կը կազմակերպուին «Մեր Օր»ուան տօնակատարութիւնները, որ այդ ժամանակներուն արտասահմանէն ժամանած հայ գաղթականներու մասնակցութեամբ՝ կը հասնէր 250-280 հոգիի, երբ մեր սրահը նեղ կուգար այդ ձեռնարկներուն համար։ Թուային այդ ճոխութենէն բխաւ արդէն սրահը ընդարձակելու գաղափարը։
Փետրուարին, ընդհանրապէս, տեղի կþունենար Ֆիքսի բարեկենդանեան պարահանդէսը, որ կը համախմբէր մօտ 250 նուէրներ, որոնց 70-80ը կը կեդրոնացնէր մեր ընկերը առանձինն, շուկայի իր գործակից բարեկամներէն հաւաքելով ու մինչեւ ակումբ բերելով զանոնք։
1969-ի Յունիսին Ֆիքսի Հ. Յ. Դ. «Զարթօնք» Պատանեկան միութեան հիմնումը տեղի ունեցաւ եւ Ֆիքսի ակումբի ընդարձակումն ու առաջին անգամ ըլլալով մեր այսօրուան սրահի բեմին հիմնումը, որմէ ետք ակումբի մէջ տեղւոյն կոմիտէին կողմէ նորակառոյց բեմին վրայ տեղի ունեցաւ հրապարակային հանդիսութիւն մը, այդ օրերուն շուրջ 90 անդամ հաշուող նորաստեղծ պատանեկան միութեան կազմակերպութեամբ։ Այդ օրերու Պատանեկանի անդամները տասնամեակներէ ի վեր գաղութի պատասխանատու դերեր ու պաշտօններ ստանձնեցին։
Պելկրատի անձնազոհ երկու երիտասարդ հերոսներու Պաշտպան Յանձնախումբի իր մասնակցութիւնը, որ օրին համախմբեց լուրջ գումար մը, հոգալու համար Անդրանիկ Պօղոսեանի եւ Ռաֆֆի Էլպէքեանի պաշտպանութեան լծուած չորս սերպ փաստաբաններու եւ դատավարութեան ծախսերը, մինչեւ իրենց ազատագրումը։
Իր գործավարութեան օրով, Նէա Զմիռնիի հայկական յուշակոթողի, ծանօթ Զանգակին կառուցման ծրագիրներուն շուրջ՝ օրուայ քաղաքապետ պրն. Պապիս Փեխլիվանիտիսի հետ առաջին խօսակցութիւնները, ապա նաեւ իր շունչին տակ հասակ առած յաջորդող երիտասարդներէ բաղկացած կոմիտէներու կողմէ այդ ծրագիրը իր բարեյաջող աւարտին հասցնելու եւ գաղութը Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին յուշարձան մը ունենալու իրագործումը։
Աւելի վերջ ընկեր Արմէնը այլ ազգային պաշտօններ ալ ստանձնեց, ինչպէս ազգային վարչութեան տնտեսական խորհուրդին մէջ, նաեւ կալուածային մարզի յանձնախումբերու պարտաւորութիւններով։
Գաղութի կարիքները միայն աչքով չէր տեսներ, միայն ականջով չէր լսեր։ Ան կը տեսնէր ու կը լսէր մանաւանդ հոգւով ու խիղճով։ Հոգիի գրաւը գերիվեր էր մանր-մունր հաշիւներէ, նեղմտութիւններէ, բարդոյթներէ, մեքենայութիւններէ։
Ընկ. Արմէնը խստապահանջ, լուրջ ու կարգապահ անձնաւորութիւն մըն էր եւ կարգապահութիւնը վերածած էր կանոնագրային ամէնօրեայ հասկացողութեան։
Կեանքին մէջ ընդհանրապէս, բայց կուսակցական կեանքին մէջ մասնաւորապէս գոյութիւն ունի մարդ, եւ գաղափարական մարդ հասկացողութիւնը։
Մեր ընկերոջ համար մարդը զուգորդուած էր գաղափարին եւ գաղափարը մարդուն, գաղափարախօսական ու բարոյախօսական, ի մասնաւորի իտէալապաշտական գերագոյն իմաստներով։
Հիմա, որ այսպիսի մարդիկ կը հեռանան մեր կեանքէն, ո՞վ պիտի խաղայ անոնց դերը։ Կարեւորը՝ չտկարանալն է, այլ պահպանելը՝ տոկալու հաւատքին այն կարողականութիւնը, որ մեզի կտակուեցաւ անցնող սերունդի մարդոց կողմէ։
Բայց գիտցէք, այդ սերունդի մարդոց պատմութիւնը չի վերջանար. բարեբախտաբար։
Անոնք՝ սերունդ մըն էին, որ ապագայ չերազեցին միայն, այլ այդ երազը մաքուր ու անկեղծ վիճակի մէջ մեզի վստահեցան։
Ընկերը համոզուած էր, որ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը եւ հայրենասիրութիւնը մէկ էր։ Երկուքն ալ չեն վերջանար։ Երկուքին հանդէպ ալ ունէր ովկիանոսային տարածքով տեսլական, սէր, հաւատք ու հեռանկար։
Խորապէս համոզուած էր, որ ազգային ու կուսակցական գործերով զբաղողը, նաե՛ւ բախումի ճանապարհը պէտք է ընտրէ, եւ ո՛չ միայն ամէն ինչին համակերպելու ու դիւրութեամբ համաձայնելով «այո՛» ըսելու։ Ան վճռականօրէն կը պարտադրէր իր կամքը, երբ այդ կամքը ազգի, ժողովուրդի, կուսակցութեան եւ գաղափարի կամքը կþարտայայտէր։
Իրեն համար կուսակցական գործը՝ անձերու ընտրութեան, կամ նախընտրութեան խնդիր չէր. երբեք չեղաւ։ Ընդհակառակը՝ եղաւ ամէն բանէ առաջ ու վերջ կառոյցներու, եւ կառոյցներու ճամբով կացութիւններ, վիճակներ, հարցեր լուծելու խնդիր։ Ան թոյլ չէր տար ոեւէ մէկուն, որ կուսակցութեան, կամ ընդհանրապէս, աւելի ընդարձակ առումով մեր ազգային կառոյցներով խաղալ, կամ կառոյցները խանգարելու փորձութեան մատնուէր։
Անխնայ էր անոնց հանդէպ, որոնք կորսնցուցած են իրենց ազգային արեւելումը. անոնց որոնք շեղած էին իրենց բարոյական առաքինութեան յատկանիշներէն։ Բայց միաժամանակ կողմնակից էր մեր կառոյցներու երկարարատեւութեան, համագործակցութեան ու զարգացման։
Հրաշքներու հաւատող մարդ չէր. գործին կը հաւատար՝ արտակարգ չափազանցութեամբ, պարտաճանաչութեամբ ու բծախնդրութեամբ։ Բայց միաժամանակ զգացական հաւասարակշռութիւններ պահել գիտէր, հոն՝ ո՛ւր պէտք է, հոն՝ ո՛ւր հարկը կը զգացուէր։ Եւ այդ բոլորը պահպանել գիտէր, որովհետեւ իր ժամանակի ազգային գրգիռները, կուսակցական պատգամները լսել գիտէր։
Կարելի չէր ընկ. Արմէնը տեսնել եւ Ֆիքսը չտեսնել։
Վերջին 20 տարիներուն, տարիքի բերմամբ թերեւս, գործնական իմաստով տալիք չունէր։ Բայց տալիք ունէր իր կեցուածքով ու վարկով, վարքով։
Ան միշտ պարտական զգաց մեր ազգին հանդէպ, առանց ազգէն ու կուսակցութենէն նուազագոյն բանը ակնկալելու։
Դաշնակցականի մը մահը սովորական բան է։ Միաժամանակ սակայն, սովորական բան չէ։ Հանգուցեալի կուսակցութեան, իր գաղափարակից ընկերներուն, աւելի լայն իմաստով ալ՝ ազգին, գաղութին, ակումբին հանդէպ բարձրագոյն պատասխանատուութեան հարց է։
Ընկեր Արմէնին համար ալ, իր կուսակցութիւնը համապատասխան էր իր գաղափարներուն ու գործին, քանի անոնք սերտօրէն նոյնացած էին իրեն զգացական էութեան ու մարդկային դիմագիծին հետ, մէկը միւսը լրացնելու, մէկը միւսին համապատասխան ըլլալու համար։
Եւ իրօք, մէկը միւսին համապատասխան մակարդակներու վրայ պահեց իր ողջ կեանքին ընթացքին։
Կուսակցական ընկերը պատասխանատու է իր դիմագիծին համար իր անձին հանդէպ։ Իր հասկացողութեամբ կուսակցականը պէտք է խօսի առանց ամչնալու եւ առանց ամչցնելու, ճակատաբաց, հրապարակի մը չափ լայն ճակատով։
Ընկեր Արմէնին համար ալ, իր կուսակցութիւնը համապատասխան էր գաղափարական գործին, քանի գաղութային թէ շրջանային գործն ալ նոյնացած էին իր էութեան ու մարդկային դիմագիծին հետ, մէկը միւսին համապատասխան ու լրացուցիչ ըլլալու ակնկալութեամբ։ Իր պարագային, իրապէս ալ մէկը միւսին անշեղօրէն համապատասխան եղաւ։
Դաշնակցականի կեանքը՝ ազգային ու քաղաքական ծառայութեան հարց է։ Թերեւս մարդակեդրոն է, բայց ոչ անհատապաշտ։ Մարդակեդրոն է մանաւանդ, որովհետեւ մարդէն կը սկսի, մարդու վրայ կը կեդրոնանայ եւ մարդկայնօրէն կազմաւորուելէ ետք, մարդաստեղծօրէն կþամբողջանայ։
Մարդը՝ մեր հասկցած ձեւով հոգեկան անհամար պաշարներ ունի, որպէսզի զանոնք տրամադրէ իր ազգին ու ժողովուրդին։
Յարգելի ընկերս,
Ազգային կեանքին մէջ երբեք, բայց երբեք ուրիշի ուշադրութիւնը գրաւել չուզեցիք։ Ոեւէ մէկը ձեզմով զբաղեցնել չուզեցիք։ Երեւնալու ցուցամոլութեան ու փառքի անցողակի զգացումներ կամ մենաշնորհներ ունենալ չփափաքեցաք, որովհետեւ լռակեացութեան, խոնարհութեան, համեստութեան ու առանձնակի խոկումի մեծութիւնը գերիշխող ապրում էր ձեր հարուստ ներաշխարհին մէջ։ Եւ այդ ճամբով իսկ ձեր լրիւ պարտքը փակեցիք ազգին հանդէպ։
Հայ Կապոյտ Խաչի կազմակերպած պտոյտներուն՝ այլեւս պիտի չլսենք սրտէ բխող ու յուզիչ թրթռացումներով ձեր երգած «Տըլէ Եաման»ը։
Այդ երգով երթաք բարով։ Երբեք պիտի չմոռնանք ամէն ինչ որ կապ ունի ձեր անձին հետ։
Յիշատակի տուրքը շատ մեծ է ձեր անձին հանդէպ։
Ձեզի եւ ձեզի պէս ընկերներ՝ մեզի ժառանգ ձգեցին դաշնակցական արժանապատուութիւնն ու պատիւը։


ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ