Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն-տպարանէն նոր լոյս տեսաւ (2011) «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» շարքին Ը. հատորը‘ պատրաստութեամբ, խմբագրութեամբ եւ ծանօթագրութեամբ Երուանդ Փամպուքեանի: Երկսիւնակ 495 ծաւալուն էջերով գեղատիպ եւ խնամուած աշխատանքով հրատարակուած այս հատորը նախ

պատկառանք կ՛ազդէ‘ իբրեւ յատուկ աշխատասիրութիւն, ապա մտածել կու տայ իրագործուած տքնաջան աշխատանքին մասին, որ կը շարունակուի տարիներէ ի վեր‘ իբրեւ անյետաձգելի պարտաւորութիւն ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյին:
Խմբագիր Ե. Փամպուքեան բծախնդիր եւ նախանձախնդիր վերաբերումով հակած է այս ծանրակշիռ եւ պատասխանատու աշխատանքին‘ մոռացութենէ փրկելու եւ գալիք սերունդներուն յանձնելու պատմութիւնը ՀՅ Դաշնակցութեան, թէ ինչպիսի՛ անձնուրաց նուիրաբերումով պաշտպանած է ազգային իրաւունքները, օսմանեան բռնակալ իշխանութեան դիմաց:
Ընթերցողը նոյնիսկ պարզ հայեացքով, էջերուն վրայ ակնարկ մը նետելով պիտի անդրադառնայ 20-րդ դարու առաջին տարիներուն հայ ժողովուրդին ապրած կեանքին, Արեւմտեան Հայաստանէն մինչեւ Կովկաս եւ Կիլիկիա, ուր կազմաւորուած են Արեւմտեան եւ Արեւելեան Բիւրոներ, որոնք կազմակերպած են Ընդհանուր ժողովներ, Պատգամաւորական ժողովներ‘ քաղաքներու, գիւղերու, այլ շրջաններու մարմիններուն: Հրաւէրներ կ՛ուղղուին ամէնուն, շրջաբերականներով, որոնց բովանդակութիւնը արձանագրուած է այս հատորին մէջ: Կը կարդանք ատենագրութիւններ, տեղեկագիրներ, հարցարաններ եւ անոնց պատասխանները‘ գրուած ամենայն ուշադրութեամբ եւ կարգապահական պատասխանատուութեամբ: Այս ցոյց կու տայ կուսակցութեան հեղինակութիւնը‘ աշխատանքները ճիշդ ուղղութեան վրայ տեղադրելու:
Կը դարձնենք էջերը, կը ծանօթանանք աշխարհագրական տարածքներու, ուր կան ՀՅ Դաշնակցութեան կեդրոնական կոմիտէները: Անոնք կը ստանան հրահանգներ, տեղեկագիրներ կ՛ուղարկուին կեդրոնական մարմիններուն, հաշուետուութեամբ: Կարծես վէպ մըն է մեր կարդացածը: կը շրջինք երկրէ երկիր, քաղաքէ քաղաք: Տանք քանի մը տեղանուններ, ուր յեղափոխական դաստիարակութեան եւ ազգապահպանման հետեւողական աշխատանքներ կատարած են աչքառու եւ քաջարի դաշնակցական ընկերներ: Վասպուրական, Բարձրաբերդ, Միջնաբերդ, Խարբերդ, Վիշապաձոր, Կ. Պոլիս, Լեռնավայր‘ անցնելով Կիլիկիա, Ատանա եւ շրջաններ: Չմոռնանք Մարզուանը‘ Կեսարիան, Զմիւռնիան, ապա կը հասնինք Պալքաններ, հոնկէ‘ դէպի Միացեալ Նահանգներ: Սա արդէն կարեւոր ցուցանիշ մը‘ Արեւելքէն Արեւմուտք, Եւրոպայէն Ամերիկա, մինչեւ Լիբանան տարածուած կուսակցական, ազգապահպանման աշխատանքին, ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր այսօրուան թեքնիք դիւրութիւնները չկային, եւ լրատուական միջոցառումները այնքան դժուար կ՛ըլլային գաղտնի ճամբաներով:
Հատորին վերջին 12 էջերուն մէջ արձանագրուած անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկը, այբենական շարքով տպուած, մանրամասնօրէն կը յայտնաբերեն մեզի այն հայկական հողերը եւ բնակավայրերը, ուր հայը ապրած ու ստեղծագործած է դարեր շարունակ եւ ապա ենթարկուած բռնագաղթի‘ օսմանեան պետութեան վայրագ հրահանգով:
Յիշենք նոյն ատեն, որ Դաշնակցութիւնը օսմանեան պետութեան Իթթիհատ վէ թերաքքը կուսակցութեան հետ ունեցած է տեսակցութիւններ եւ միտքերու փոխանակումներ, բայց‘ միշտ յուսախաբութեամբ:
Հատորին մէջ կը կարդանք նաեւ նամակներ‘ ղեկավար դէմքերու գրիչով փոխանցուած, կուսակցութեան վերաբերեալ տեղեկութիւն տուող:
Համբերութիւն, ժամանակ, պրպտող աչք, հետապնդում եւ աշխատանքային կարգապահութիւն պահանջող իրագործում մըն է «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» այս պատկառելի հատորը, որ կորուստէ կը փրկէ հարիւր եւ աւելի տարիներէ ի վեր պահ դրուած արխիւները, իրենց կարգին «ման եկած» տարագրութեան ճանապարհին, եւ ի վերջոյ ապաստան գտած‘ Պոսթընի, ՀՅ Դաշնակցութեան արխիւներու կեդրոնին մէջ: Հատորը խմբագրած Երուանդ Փամպուքեան բազմիցս այցելած ըլլալով յիշեալ կեդրոնը‘ բծախնդրութեամբ կատարած է աշխատանքը ձեւաւորելու գործընթացը եւ հասած‘ իր նպատակին: Եախտագէտ ու քրտնաջան աշխատանք մը, յարգանքի արժանի:
Այս առիթով հարկ է շնորհակալական խօսք մը բանաձեւել հատորին հրատարակութիւնը լոյսին բերած մեկենաս տէր եւ տիկին Հրայր եւ Մակի Սողոմոնեաններուն:
Գիտութիւնը որքան ալ յառաջդիմէ եւ հրաշքներ իրագործէ, գիրը եւ գրութիւնը անհրաժեշտութիւն են համացանցի «երակներուն ջուր տանելու» համար:
1909-1911 երեք տարիներու ՀՅ Դաշնակցութեան ժողովական կեանքին յստակ պատկերն է հատորը‘ օրակարգային ամբողջական թեմաներով եւ նիւթերով յագեցած: Կը յուսանք, որ մինչեւ 1915-ի ճակատագրական տարիներու արխիւները եւս կը յանձնուին տպարան, պատրաստակամութեամբ այս պատմական ու կոթողային գործը ստանձնած ընկերներուն:

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ