Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Յօդուածաշարքիս այս բաժինը վերջաբանով մը փակելու (առատաձեռն վերջաբանները միշտ օգտակար են, ըսելու համար բաներ, որ չըսուեցան յօդուածագրութեան ժամանակ) հարկը կը պարտադրէ նշելու, թէ Հայաստանի երէկուան ու այսօրուան չափը՝ անչափ է, առօրեայ կեանքի գրեթէ բոլոր ծայրայեղ թէ աստիճանական երեւոյթներուն մէջ:

Օրինակ, մտախոհ ու իմացական անչափութիւնը կը գտնուի նաեւ գրադարաններու եւ քիչ մնացած գրավաճառատուներու մէջ: Այցելեցէք Արմենիա հրապարակին վրայ «Նոյեան Տապան» ճոխ գրավաճառատունը, որ քիչ մը աւելի է քան իր գնահատանքի համբաւը: Հոն՝ ուզածդ կը գտնես. օգտակար, նոյնիսկ նուազ օգտակար բաներ, թէեւ անօգտակար գիրք չկայ այս աշխարհիս մէջ. անոնցմէ նոյնիսկ խրատ մը դուրս կուգայ, պատահականօրէն թէ պրպտումի իբրեւ արդիւնք: Այդ գրավաճառատան մէջ գիտութիւնը հաւատաքննութեան սկզբունքով կը մշակուի ու կը բազմապատկուի: 

Գրադարանը, ընդհանրապէս գիրքը՝ խելք կը բանայ: Առանց գիրքի ու խելքի՝ միտքի ու հոգիի ապաքաղաքականացում ու ապազգայնացում տեղի կ'ունենայ, հայ կեանքին մէջ անջատման բաժանարար նոր ու վտանգաւոր սահմանագիծեր ստեղծելով:
Եթէ հարկ է, քիչ մը աւելի կարծր հաստատումներ ընելու, դիտենք, թէ Հայաստանի իրականութեան մէջ հայրենիքի գաղափարը տակաւ առ տակաւ կտոր-կտոր կ'ըլլայ: Հռետորականութիւնը միշտ ալ չի ներշնչեր պէտք եղած ձեւով, պէտք եղած չափով: Եկէք, կարգը ձիէն առաջ չդնենք. սխալ բան մը ըրած պիտի ըլլանք:
Եւրոպայի մէջ ապրող հայը մտահո՞գ է, որ այդ ցամաքամասին մէջ 100 միլիոնէ աւելի մարդ լաւ չÿապրիր: Ամերիկայի մէջ ապրող հայը մտահո՞գ է որ այդ ցամաքամասին մէջ 40 միլիոնէ աւելի մարդիկ անտուն ու սովահար կÿապրին:
Մտահոգուող կա՞յ, որ 1988ի երկրաշարժէն 26 տարի վերջ տակաւին Գիւմրիի, Նալբանդի, Սպիտակի, Ջաջուռի մէջ տուն չունեցող կայ: Կը թուի թէ ճշմարտութիւնը կարճատես ըլլալ սկսած է:
Ի՞նչ ընեմ ես Ազգային Ժողովի մէջ վրայ վրայի յաջորդականօրէն քուէարկուող այլեւայլ ու այլանդակ օրէնքներն ու սահմանադրական տիպերն ու նախատիպերը, համաձայնագիրները, պայմանագիրները, արձանագրութիւնները: Ա՛լ փաստուած է, որ Հայաստանի Ազգային Ժողովը մէկ բան շատ լաւ կ'ընէ. կուսակցութիւն կը ստեղծէ: Եւ կուսակցութիւնները քիչերու համար եղած են միշտ: Ե՛ւ երէկ, ե՛ւ այսօր: Ի՜նչ հրաշք: Տեսաբանութիւններու շրջանը այլեւս անցած է. մարդկութիւնը իրական ու շօշափելի տագնապներ կ'ապրի:
Պիտի պնդեմ. Հայաստանը պէտք է խուսափի իր քաղաքացիները անշնորհք ձեւերով ծանրաբեռնելէ: Վստահաբար մեր իշխանաւորները ողջմտօրէն մտածած են արժեւորել հայ մտքի առաւելութիւնները եւ նուազեցնել մտքին չծառայող մարդոց տկարութիւնները: Մտածա՞ծ են նաեւ՝ չքաջալերել լկտիութեան, սրիկայութեան ու կողոպուտի մէջ վաստակ ունեցող մարդոց: Ժամանակին քաղաքականութեան մէջ մարդիկ հարուստ կը մտնէին, աղքատ դուրս կուգային: Բայց հեղինակաւոր անուն մը կը ձգէին, գնահատելի համբաւի կը տիրանային: Հիմա՝ աղքատ կը մտնեն եւ զեղունօրէն հարուստ դուրս կուգան: Լեփլեցուն գրպաններով:
Եւրոպական կարգ մը երկիրներու մէջ ատենը մէյ մը մարդիկ կը քուէարկեն թէ ո՞ր քաղաքագէտը ամէնէն լաւն է: Մեր երկրին մէջ դաւադրական տեսաբանութեամբ ու գաղափարականացած կիրքով կը վիճինք թէ ո՛վ աւելի գէշն է, ո՛վ աւելի զեղծարարն է: Քաղաքագէտի աթոռը ելեկտրական աթոռ մը եղած է միշտ. անոր վրայ նստողը նոյնիսկ իր կեանքին մէկ օրը հանգիստ պէտք չէ զգայ:
Տեսնենք. Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնը կը ցոլացնէ՞ հայ կեանքի համատարած իրական պատկերը: Ի՞նչ է այսօր Հայաստանի հասցէն: Ո՞ր թիւին պէտք է զանգել եթէ վտանգուի հայրենիքը, ներսը, դուրսը, վերէն, վարէն, սրտէն:
Այսուհանդերձ. Հայաստանը այլեւս արգիլուած քաղաք մը չէ, բայց հնախօսական իր աւանդութիւնները կամաց-կամաց սկսած է մոռնալ, տեղ տեղ ալ սկսած է այլափոխել ժամանակի խորտուբորտ, կարճ թէ երկար ճամբորդութիւններու անոնց նկարագեղ շաղախը:
Հայաստանի մէջ այլեւս հռչակաւոր ու միստիկ ուղեւորութիւններ չմնացին. մանաւանդ սփիւռքահայուն համար: Քիչ թէ շատ մեծամասնութիւնը այցելած է Արցախ, Շուշի, Գառնի-Գեղարդ, Տաթեւ, Հաղբադ ու Սանահին: Հիմա Երեւանը -որուն քաղաքամայր զատորոշիչ անունն ալ կը տրուի- ամբողջական հայրենիք է: Բայց զանազանենք, առանց աւելորդ զգացապաշտութեան՝ ան զուտ զբօսաշրջական իմաստով պարզապէս հետաքրքրական քաղաք մըն է, որ յատկապէս ճարտարապետութեան մարզին մէջ դժուար կը յաջողի հարազատօրէն պահպանել աւանդական իր վաղեմի նկարագիրը: Ոչ ալ քաղաք մըն է, որ թեւ կուտայ նոր երեւակայութեան շատ աւելի մեծ անակնկալներ ընձեռելու, քան ինչ տուած է արդէն: Ան կը պահպանէ սակայն, իր սեփական նկարագիրը դիցուհիի մը պէս, որ անթափանց զրահ մը հագած է, սուր մըն ալ կը շալկէ իր ձեռքին:
Հայաստանը մեր բոլորիս կողմէ մեծ հասկացողութեամբ պէտք է դիմագրաւուի: Ի հարկին, հայրենասիրական համեմատութիւնները կոչելով ու վկայակոչելով:
Հետաքրքրական պիտի ըլլար գիտնալ, տեսնել, մղել, որ եթէ National Geographicը անգամ մը եւս թիւ մը նուիրէր Հայաստանին՝ ուրկէ՞ պիտի սկսէր եւ ո՞ւր պիտի յանգէր, ի՞նչ պիտի գրէր, ի՞նչ պիտի չգրէր, գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար, թելադրուած կամ առանց թելադրանքի որեւէ միտումի:
Անշուշտ, պատահական երեւոյթ պէտք չէ սեպել, որ այսօր Երեւանի մէջ ամէն տեսակ մարդու կը հանդիպիս. ուրախը, զուարճացողը, մտածկոտը, տխուրը, շփոթածը, աշխատողը, աղօթողը, անտարբերը, համակերպողը, չհամակերպողը: Պատմութեան թանգարանին առջեւ վրայ վրայի ծուխը խորունկ իր թոքերուն մէջ ծծող, սառած դիմագիծով հայու մը խօսք ուղղեցի: Առանց դէմքի որեւէ մկան շարժելու, անորոշին նայող հայեացքով պատասխանեց.
- Ես այս աշխարհէն չեմ. հանգիստ թողեցէք զիս:
Հայաստանը պատմական չհաստատուած վաւերագրի պէս բան մըն է: Պատմութեան լուսանկարչական մեքենան կանգ առած չէ կարծես իրեն համար: Իսկ մենք՝ պատմութիւնը նկարահանողներս ենք կարծես: Ճամբորդներ՝ ծանօթ թէ անծանօթ ճանապարհներու վրայ: Աստուած օրհնէ մեզի: Աստուած օրհնէ ճանապարհներն ալ:
Յամառօրէն պիտի պնդեմ կրկին. Հայաստանեան առօրեան փաստուած ու փաստարկուած մեր մեծագոյն ճշմարտութիւնը կը պարզէ: Առօրեան մեր պատմական ճշմարտութեան հարազատ արտացոլումն է: Ուզենք թէ չուզենք: Իրականութեան մէջ՝ պատմական իրականութիւն մը այս կարծր հողերուն ու ժայռերուն վրայ, որ մերթ աղին պէս համ կուտայ, բայց երբ վէրքին վրայ կը դնես կը ցաւցնէ: Յուշին վրայ համը չի՛ մնար, այլ՝ ցա՜ւը:
Թոյլ տուէք, որ անգամ մը եւս պնդեմ, քանի պնդումները յաճախ կ'արդարացնեն իրենց խոցոտուած մտատանջութեան միատարրութիւնը: Անհրաժեշտ է, որ շուտով գտնենք Հայաստանը տարբեր ընող, զայն տարբերող տարբերութիւնը: Այսինքն՝ ուրիշին չնմանող, զանազանութիւն ներշնչող, փոփոխական կերպարանքի, բայց միաժամանակ զինք վարակիչ, տարածուն ու փոխանցիկ ընող համադրութեան մը մէջ:
Եթէ քաղաքականութիւնը պիտանիութեան արուեստն է, այդ արուեստը պարտի բոլորիս քիչ թէ շատ պակսող որակաւոր տեսլական մը ստեղծել: Տեսլականը ազգային-քաղաքական գաղափարաբանութիւն է: Եւ քանի պէտք է անոր ճիշդ արժեւորումը կատարել, եկէք նախերգանքով մը հաստատենք, որ տաշուած որակը կը ծնի, կը ստեղծագործուի: Եթէ որակ ու տեսլական պիտի փոխենք՝ վստահաբար տարբեր դաշտի մը վրայ պէտք է խաղանք, ի տես մանաւանդ մօտալուտ Հարիւրամեակին:
Նշումի արժանի համարուող կարգով ու կամքով մենք մեզի հարց տանք. ի՞նչ կը նշանակէ յեղաշրջուած որակի ու տեսլականի փոփոխութիւն երէկուան ու այսօրուան հայուն համար: Կը նշանակէ երբեմն, ինչո՛ւ չէ նաեւ մեռած ընկերութիւն մը ողջնցնել: Բայց, ո՞ր բժիշկներով, ո՞ր դեղահատով:
Նախորդ նկատողութեանս իբրեւ շարունակութիւն ցաւով կը հաստատեմ, թէ հայութիւնը այսօր կարծես թէ իր եւ ընդհանրապէս պատմութենէն դուրս կը գտնուի: Հայերս, պատմականօրէն հետզհետէ անգոյ դառնալու վտանգ կը դիմագրաւենք: Որակն ու տեսլականը կրնայ կեդրոնախոյս շունչ տալ այդ անգոյութեան: Հարիւրամեակը բացառիկ պարտք եւ առիթ է: Շտապենք:
Հայ ըլլալը տաղանդ է կ'ըսէինք անցնող, բայց ոչ շատ հին տասնամեակներուն: Տաղանդը սակայն, պատկերացուող պատասխանատուութեամբ կ'ըլլայ: Այսօրուան պատասխանատուութիւնը բաւարար չէ հանգամանաւոր տաղանդ պահելու համար:
Այս պահուս, ի խորոց սրտէ կը փափաքիմ պարզ լուսաբանութիւն մը ունենալ. ո՞ւր են հայուն տաղանդ ներշնչողները, եւ թող չըսուի, շուրջդ են, ինչո՞ւ չես տեսներ: Երիտասարդները անկախ պէտք է ըլլան եւ անկախ ըլլալու համար պաշտպանութեան պէտք չունին: Տաղանդը անորոշ ու վերացական բան չէ:
Պիտի չշարունակեմ, որպէսզի չարամիտներու հակաճառութեան թիւրիմացութիւններուն զոհ չերթամ: Բայց թոյլ տուէք անձնական վերջին ցաւոտ հաստատում մը ընել:
Հայուն համայնական չափանիշներու գաղափարը հայը դուրս բերած է իր սահմաններէն ու անկէ շատ անդին:
Պարոններ եւ տիկիններ,
Ժողովուրդ մը որ կը մերժէ գործնական անկախութիւնը, կրնա՞յ մեր երազած ձեւով ապագայ ունենալ: Յեղափոխական մարզանքները մեր սպասած արդիւնքը չեն տար միշտ:
Զգոյշ ըլլանք. անհրաժեշտ յարգանքը պահպանենք Արարատին հանդէպ:
Արարատ, սիրելի՜ս. Նոյեան աղաւնիով, ձիթենիով ու սուրով ղրկած նամակս հասա՞ւ քեզի...:

Յովսէփ Պարազեան

(Թիւ 28 - Վերջ)