Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Ցարական շրջանի ռուս գրականութեան տիտաններէն Տոսթոեւսքի, Չեխոֆ, Փուշքին, Թոլսթոյ, Կոկոլ, Կորքի. իսկ խորհրդային օրերուն՝ Պորիս Փասթերնաք:

Մենք այսօր, այս բոլորէն պիտի խօսինք Մաքսիմ Կորքիի մասին, որ իր գրականութեամբ յատկանշուեցաւ իր ժամանակի ընկերվարական իրապաշտութեան դպրոցի ներկայացուցիչը:
Կորքի՝ իրաւամբ բնորոշուեցաւ ռուսական գրականութեան պատրիարքը եւ իբրեւ յարգանքի համատարած արտայայտութիւն թաղուեցաւ Մոսկուայի Կարմիր հրապարակին վրայ, իր մարմարեայ շղարշին տակ:
Իր արկածախնդիր կեանքի եւ շարունակական ճանապարհորդութիւններու շարքին, 1928ին այցելեց Իտալիոյ Սորենթօ քաղաքը, ինչպէս նաեւ Կովկաս, այդ շարքին՝ Երեւան: Արդէն վարակուած էր թոքախտէ:
Այսքան, որպէս նախաբան: Նախաբան մը միշտ ալ օգտակար է յաւելեալ ծանօթութիւններ տալու համար օրուան նիւթին շուրջ:
Արդ՝ անուանի մեծատաղանդ գրողը Երեւան ալ ապրած է: Աբովեան փողոցին վրայ, իր բնակած տան պատին մուտքին այս մէկը վկայակոչող ցուցատախտակ մը կայ:
Ինչպէ՞ս գիտնալ մեր շուրջ անցող-դարձող անցեալի ամէն ինչը, որ մեզ հոգեւոր մխիթարութեան կրնայ առաջնորդել, գոհացում տալով մեր հետազօտող հետաքրքրութեան:
Ինչպէ՞ս լսել, սորվիլ, երիտասարդ եղած ատեն իմաստուն դառնալ, ամէն ինչի պատճառը փնտռել, ստուգել, հասկնալ, հաստատել, թէ ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս ամէն ինչ որ դարաշրջանի մը մէջ վիպապաշտօրէն կը ծնի եւ կը մեռնի, ինչպէ՞ս ամէն ինչի տիեզերական գոյութեան պարզ թէ խորունկ պատճառը իմանալ, իւրացնել, դաստիարակել, դաստիարակուիլ՝ գրականութեամբ, կեանքով, ըլլալ մանաւանդ իր ժամանակի տղան, զաւակը, իր ժամանակի մտաւորականը:
Գրագէտ մարդը այս բոլոր հարցականներով կը զբաղի ու կը զբաղեցնէ իր ընթերցողները, ամբողջ աշխարհը: Կը զբաղի իր շուրջ տարածուած մարդկային շահագործումի տխուր երեւոյթներով: Կորքի 1885էն սկսած էր կապի մէջ ըլլալ յեղափոխական ապօրէն շարժումներու հետ, ընդդէմ դասական այլամերժ քաղաքականութեան մը, որ սուղ վճարեց, նաեւ բանտարկութեամբ: Չվախցաւ բանտէն, ոչ ալ բանտարկուելու սպառնալիքէն: Բայց երբ Ռուսաստանի ակադեմիայի կողմէ պատուակալ անդամի կոչումին արժանացաւ, Նիքոլա Բ. ցարին կողմէ այդ տիտղոսը յետս կոչուելու կողմնակալ հրահանգ տրուեցաւ, Կորքիի հակացարական, յեղափոխական գործունէութեան հակազդող իբրեւ պատիժ: Ցարերը երբեք չհանդուրժեցին որ ընդդիմադիրներ ըլլան բացարձակօրէն մենատիրական իրենց իշխանութեանց մէջ:

* * *

1978էն Հայաստան կ'այցելեմ: Չէի գիտեր, որ ռուսական դասական գրականութեան առաջապահներէն Մաքսիմ Կորքի-Փիշքով Երեւան ապրած է: Հայրենիք Սեպտեմբերեան իմ ճամբորդութեանս իմացայ, իր ապրած տան մուտքին զետեղուած յուշաքարը կարդալով: Չեմ կրնար երկու խօսք չգրել այս մասին, առանց սակայն կենսագրական աւելորդ որոնումներու ոլորապտոյտին մէջ մխրճուելու:
Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան անհանդարտ տարիներն էին: Տարիներ, որ մտքեր ու գաղափարներ կը գրգռեն: Տարիներ, որ կը ստիպեն որ զօրանոցդ ընտրես, գաղափարական կողմնորոշումդ ընտրես, որովհետեւ կողմնորոշումդ նաեւ քու ընկերաքաղաքական բարոյականութիւնդ կը ճշդէ: Տարիներ, որ ամէն ինչի համար հարցական կ'ունենաս, նոյնիսկ օդի, ջուրի, նոյնիսկ արեւու, այլեւ գաղափարախօսութիւններու, տեսլականներու համար, որոնք մարդկութիւնը կրնան դէպի աւելի գեղեցիկ ու երեւակայածին աշխարհներու առաջնորդել:
Լաւ եւ գէշ բաները անհամար, այդ տարիներու տարերքին մէջ, երբ մարդկային միտքը կամովին կրնար ըմբոստանալ, որպէսզի այդ ըմբոստութենէն տարակուսող մարդու նկարագրային բիւրեղացումը ծնի:
Մաքսիմ Կորքի (ռուսերէնով՝ լեղի) իր կեանքի քաղաքական դերակատարութիւնը եւ գաղափարներուն փնտռտուքը ոչ սկսաւ, ոչ ալ դադրեցուց Երեւանի մէջ: Ուղղուեցաւ դէպի այլ ճանապարհներ ալ: Պայքարեցաւ կեանքի սուրհանդակային մաշումին դէմ: Տարուբերուեցաւ երկարաձգուող «այո»ներու եւ «ոչ»երու գաղափարական ոլորապտոյտի ընտրանքներուն մէջ: Ան յաճախ հաստատեց, որ աշխարհի անորոշութիւնը Հայաստանէն չսկսիր, ոչ ալ անպատեհօրէն հոն կը վերջանայ, քանի աշխարհի բոլոր լաւ եւ գէշ բաները միայն Հայաստանի մէջ տեղի չեն ունենար: Լաւը եւ գէշը՝ լաւ եւ գէշ խորհրդանիշներ են: Անսխալականութիւնը ցուցանիշ չէ եղած երբեք, ոչ ալ կրցած է ինքզինք արդարացնել հոս եւ կամ այլուր:
Կորքի Երեւանի մէջ քիչ մը աւելի մեծցաւ. քիչ մը աւելի հասունցաւ: Իր շարք մը մտորումներուն ալ պատասխանները գտաւ, կամ չգտաւ: Մտաբերեց, որ թերեւս, իր գտած պատասխաններով, տակաւին կեանքի բոլոր գաղտնիքները չիմացաւ: Բայց հաստատեց, որ գրականութիւնն ու մշակոյթը տիրական են Հայաստանի ու հայուն մէջ: Հաստատեց նաեւ որ փոքր թէ մեծ հաւաքականութիւնները պէտք է իրար ճանչնան, գրականութիւնն ու մշակոյթը մեկնաբանող եւ իրար կամրջող հասկացողութեանց ընդմէջէն, քանի մշակոյթը մշտապէս նորոգուող իմաստ է: Այս մէկը թերեւս մխիթարական ձեւ մըն է աշխարհը տարբեր ձեւով տեսնելու եւ ընկալելու համար: Բայց աշխարհի բոլոր պատճառներուն պատճառը մնաց անծանօթ, որքան ալ իր անցեալէն վերադարձաւ իր ներկային, որքան ալ այդ ներկան պառակտուած էր իր պրպտող ներաշխարհին մէջ, որքան ալ այդ պառակտումը առասպելականացած էր ատենի իր յուսախաբուած ամբոխներուն համար, որոնք խաւարամտութեան ու յեղափոխականութեան միջեւ իրենց ժամանակի արդարութիւնը փնտռեցին, ոմանք կրօնքին, ոմանք ալ անկրօնութեան մէջ:
Կրօնքը պետութիւն չունի. կրօնքը ազգութիւն ալ չունի, հակառակ որ կրօնքն ալ մեր ժամանակներուն ամբողջատիրականօրէն գաղափարականացաւ եւ այդ գաղափարականացման ճամբով ալ ուղեցոյց, կամ կոյր ուղեցոյց դարձաւ ոմանց համար:
Ընդունինք, որ կրօնքը ճշմարտութիւն կÿուզէ: Խորհրդային նախկին հանրապետութիւններու ժողովուրդները այլեւս վերագտած են իրենց կրօնքը, վերագտած են նոյնիսկ իրենց իշխանութիւններն ու իշխանաւորութիւնները, բայց չեն գտած կրօնքին ճշմարտութիւնը: Թերեւս, որովհետեւ բոլորն ալ անձնական բաներու վրայ հիմնուած են, կամ ալ անձնականացուած են անցեալի յոռետեսութիւնը ապագայի լաւատեսութեան վերածելու հաւանական վարկածով:
Կը սպասենք, որ Հայաստանի կրօնքը պատասխան տայ մեր ժողովուրդի բազում ու աճող հարցականներուն, որովհետեւ հայը կը դիմագրաւէ կրօնքէն առաջ թէ վերջ գոյապաշտական լրացուցիչ շատ մը հարցեր:
Կրօնքի ներշնչող համարատուութիւնը բալասան կրնայ ըլլալ հայու հին թէ նոր վէրքերուն համար:
Որքան մոռցանք շիտակ խօսիլ: Որքան մոռցանք բարձրաձայն մտածել, բարձրաձայն արտայայտուիլ:
Որքան կը վախնանք տարբեր ըլլալէ: Որքան կը վախնանք ուրիշը տարբեր տեսնելէ:
Ճշմարտութիւնը լաւագոյն քաղաքականութիւնն է. քաղաքականութեան քաղաքակրթութիւնն է: Կորքիի պարագային գրականութիւնը, որու լուսաւոր ճամբով ալ, ան դրսեւորեց իր քաղաքական ու գաղափարական մտածելակերպի ու ապրումներու մտային ու հոգեկան բեռը:
Աշխարհի բոլոր խոստումները կը կրկնուին փոխադարձութեան արարողակարգով, ընդդէմ մաշած ու մաշեցնող գաղափարներու, ընդդէմ նեխած վերաբերումներու: Վերջապէս, ընդդէմ միտումնաւոր շփոթներու, որոնք զինաթափ կ'ընեն մարդս իր մտաւոր ու հոգեւոր արժէքներու խափանման դէմ իր պայքարունակութեան մարմաջէն:
Ողջմտութիւնը՝ որքա՞ն մօտ, որքա՞ն հեռու է մարդոցմէ: Իսկ գաղափարական վերամկրտութի՞ւնը:
Մնացեալը յաջորդով:

Յովսէփ Պարազեան

(Շար. թիւ 27)