Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Հայ ժո­ղո­վուր­դի  տա­ռա­պա­լից  պայ­ման­նե­րուն ա­կա­նա­տես  օ­տա­րազ­գի գոր­ծիչ­նե­րուն  մէջ  աչ­քա­ռու  դիրք կը  գրա­ւեն,  սքան­տի­նա­ւեան եր­կիր­նե­րէն մար­դա­սի­րա­կան  ա­ռա­քե­լու­թեամբ Ա­րեւմ­տա­հայաս­տան գոր­ծու­ղ­ղո­ւած  հե­ղի­նա­կու­թիւն­ներ:

Ա­նուն­ներ, ո­րոնց առ­ջեւ  կա­րե­լի  է միայն խո­նար­հիլ՝  մեր ժո­ղո­վուր­դին մա­տու­ցած անգ­նա­հա­տե­լի ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը աչ­քի յա­ռաջ ու­նե­նա­լով: Այդ­պի­սի  նո­ւի­րեալ մըն էր  Դա­նիոյ Սիմ  քա­ղա­քին մէջ  6 Նո­յեմ­բեր 1882-ին   ծնած  Մա­րիա  Եա­քոպ­սը­նը:  Պա­տա­նե­կու­թեան սե­մին, դե­ռա­տի  Եա­քոպ­սըն  կը լսէ  հա­մի­տեան  զար­հու­րե­լի  կո­տո­րած­նե­րու  մա­սին: Կա­րեկ­ցե­լով  ան­պաշտ­պան  հայ   ժո­ղո­վուր­դի   դա­ժան  ճա­կա­տա­գի­րին,  հա­զիւ տասն եւ ութ գա­րուն­ներ բո­լո­րած  Եա­քոպ­սըն կը նո­ւի­րո­ւի  գեր­մա­նա­կան որ­բա­նոց­նե­րուն մէջ  ա­պաս­տա­նած հայ  որ­բե­րու օ­ժան­դա­կու­թեան: Ան  մաս կը կազ­մէ  Դա­նիոյ մէջ   հիմ­նո­ւած  «Կա­նանց  Ա­ռա­քե­լու­թեան Աշ­խա­տող­ներ»  մար­դա­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան: Ա­նոր  ան­դամ­նե­րուն հետ կը գոր­ծու­ղո­ւի  Խար­բերդ: Խար­բեր­դի  մէջ  կը  սոր­վի հա­յե­րէն եւ  կը նշա­նա­կո­ւի  հի­ւան­դա­նո­ցի մը   կա­ռա­վար­չու­հին:  Մա­րիա Եա­քոպ­սըն, բա­րե­սիրտ՝   Քա­րեն Եփ­փէի,   Քա­րեն  Փի­թըր­սը­նի եւ այլ  ծա­ռա­յող­նե­րու  ա­ջակ­ցու­թեամբ  որ­բա­նոց­ներ եւ   հի­ւան­դա­նոց­ներ  կը  հիմ­նէ  Այն­թա­պի,  Խար­բեր­դի, Մա­լա­թիոյ  մէջ  եւ այ­լուր:  Հո­գա­տար ձեռ­քեր էին ա­նոնք:  Ազ­գու­թեամբ   ոչ՝   հայ,  սա­կայն հո­գիով ա­ւե­լի հայ, քան՝ շա­տեր: Ինչ­պէ՞ս  կա­րե­լի է  մոռ­նալ   Մա­րիա Եա­քոպ­սը­նի, Քա­րեն Եփ­փէի, Հե­տո­ւիք  Փիու­լի,  Ալ­մա Եո­հան­սը­նի նման  ե­րախ­տա­ւոր­ներ…:

Մա­րիա Եա­քոպ­սը­նի   ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րը կը վկա­յեն՝  ան  կա­մո­վին հրա­ժա­րե­լով անձ­նա­կան եր­ջան­կու­թեան վա­յելք­նե­րէն,  ըն­տա­նիք կազ­մե­լու, զա­ւակ  դաս­տի­րա­կե­լու փո­խա­րէն, անձ­նո­ւի­րա­բար կը նո­ւի­րո­ւի   հայ որ­բե­րու խնամ­քին  եւ դաս­տի­րա­կու­թեան:  Այդ   տա­ռա­պա­լից  տա­րի­նե­րուն,  դա­նիա­ցի Եա­քոպ­սըն, անձ­նա­կան  ապ­րում­նե­րը խո­հե­րը  գրա­ռեց իր օ­րա­գի­րին մէջ, որ   հե­տա­գա­յին դար­ձաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ա­կա­նա­տե­սի ար­ժէ­քա­ւոր վկա­յու­թիւն:  Օ­րագ­րու­թեան մէջ Եա­քոպ­սըն կը նկա­րագ­րէ   ե­րիտ­թուրք ջար­դա­րար­նե­րու նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ  հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ  կազ­մա­կեր­պո­ւած եւ  գոր­ծադ­րո­ւած  դժո­խա­յին  ո­ճիր­նե­րը, Խար­բեր­դի հա­յե­րուն  տե­ղա­հա­նու­թիւ­նը  եւ բռնա­գաղ­թը:

Հայ   ժո­ղո­վուր­դին  ան­սահ­ման  նո­ւի­րեալ այս  անձ­նա­ւո­րու­թիւ­նը հա­մար­ձա­կու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ  օ­րա­գի­րին մէջ ար­ձա­նագ­րե­լու այն բո­լո­րը ո­րոնք տե­սաւ ա­կա­նա­տե­սի աչ­քե­րով, ա­ռանց պահ մը  զգու­շա­նա­լու որ օ­րա­գի­րը կրնար իյ­նալ   թուրք լրտես­նե­րու   ձեռ­քը:  Եա­քոպ­սը­նի  «Օ­րագ­րու­թիւն»ը նախ  թարգ­մա­նո­ւե­ցաւ հա­յե­րէ­նի եւ ա­ռա­ջին ան­գամ   լոյս տե­սաւ 1979-ի, Պէյ­րու­թի մէջ: Օ­րագ­րու­թեան  հետ կցո­ւած է Եա­քոպ­սը­նի անձ­նա­կան ար­խի­ւէն վեր­ցո­ւած  ութ­սուն լու­սան­կար:

Ա­ռա­ջին Հա­մաշ­խար­հա­յին  Պա­տե­րազ­մէն ետք, 1919-ին, Եա­քոպ­սըն՝ իբ­րեւ  Նիր Իսթ Ռի­լիֆ  ա­մեր­կեան  բա­րե­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան  ծա­ռա­յող ,  երկ­րա­գուն­դի տար­բեր ան­կիւն­նե­րէն հա­ւա­քեց ա­ւե­լի քան ե­րեք  հա­զար վեց հա­րիւր հայ որ­բեր: Ն­պաս­տա­հա­ւա­քի ա­ռա­քե­լու­թեամբ   մեկ­նե­ցաւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ եւ  տար­բեր  քա­ղաք­նե­րու մէջ դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րու  ըն­թաց­քին,  նկա­րագ­րեց   Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ հա­յե­րու հան­դէպ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող կո­տո­րած­նե­րը: Նիւ­թա­կան   մի­ջոց­ներ  ա­պա­հո­վեց, որ­պէս­զի  փրկէ   ժան­տա­տեն­դով  վա­րա­կո­ւած  հայ որ­բե­րը:  Ժան­տա­տեն­դը   չխնա­յեց   նաեւ զինք:   Ս­տի­պո­ւած, ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս   վե­րա­դար­ձաւ  Դա­նիա:  Ա­պա­քի­նե­լէ ան­մի­ջա­պէս ետք,  1920-21-ին, Մա­րիա Եա­քոպ­սըն  փոր­ձեց   վե­րա­դառ­նալ Խար­բերդ: Սա­կայն  քե­մա­լա­կան  իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ար­դէն իսկ ար­գի­լած էին օ­տա­րազ­գի, եւ­րո­պա­կան  կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն մուտ­քը  Թուր­քիա…: Եա­քոպ­սըն ան­ցաւ Պէյ­րութ եւ զբա­ղե­ցաւ որ­բա­հա­ւա­քով:  Դա­նիա­կան «­Կա­նանց Ա­ռա­քե­լու­թեան Աշ­խա­տող­ներ» կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը նախ  Սայ­տա­յի մէջ՝  1922-ին,ա­պա 1928-ին՝   Ճի­պէյ­լի,  հիմ­նեց «Թռչ­նոց   Բոյն» որ­բա­նո­ցը, ուր հանգ­րո­ւա­նե­ցին   Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն մա­զա­պուրծ  փրկո­ւած հայ   որ­բեր: Այս  ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցին, շնոր­հիւ  մի­ջազ­գա­յին  բա­րե­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու  ճնշում­նե­րուն,  տե­ղի ու­նե­ցաւ  Օս­մա­նեան  կայս­րու­թե­նէն ա­ւե­լի քան հա­րիւր տա­սը հա­զար հայ  որ­բե­րու  տե­ղա­հա­նու­մը դէ­պի   Հա­յաս­տան,   Յու­նաս­տան,   Սու­րիա, Լի­բա­նան եւ այ­լուր: Իր բո­լո­րա­նո­ւէր աշ­խա­տան­քին հա­մար, որ­բե­րը զինք ար­ժա­նիօ­րէն   կո­չե­ցին   «­Մա­մա Եա­քոպ­սըն» եւ  «­Հայ  Մայ­րիկ»:  Որ­բե­րուն բազ­մա­զա­ւակ մայրն էր  Մա­րիա Եա­քոպ­սըն:

Դա­նիա­կան  եւ  Լի­բա­նա­նեան  կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րը   յա­տուկ  մե­տալ­նե­րով պար­գե­ւատ­րած են   Մա­րիա Եա­քոպ­սը­նը : Այն  օ­րե­րուն, երբ  ման­կա­տու­նե­րու եւ որ­բա­նոց­նե­րու  խնա­մա­տա­րու­թեան տակ  վե­րապ­րող­նե­րու յոյ­սին  մնա­ցած էր  մեր  ժո­ղո­վուր­դին ճա­կա­տա­գիրն ու ա­պա­գան,  Մա­րիա  Եա­քոպ­սըն   մին­չեւ իր  կեան­քին վեր­ջին  պա­հը ծա­ռա­յեց հայ  ժո­ղո­վոր­դին: Բա­րե­գութ այս  մար­դա­սէր  կի­նը  աչ­քե­րը փա­կեց  1960-ին: Ա­նոր ա­ճիւ­նը ամ­փո­փո­ւած է  Ճի­պէյ­լի  «Թռչ­նոց Բոյն»ի փա­կին մէջ:

Այ­սօր,  մօ­տա­ւո­րա­պէս  ինն­սուն   եւ  ի­նը տա­րի­ներ ան­ցած են պատ­մու­թեան  մռայլ  օ­րե­րէն: Այդ  որ­բա­նոց­նե­րէն   դուրս ե­կան   գի­տու­թեան, ա­րո­ւես­տի, մշա­կոյ­թի   հռչա­կա­ւոր  ծա­ռա­յող­ներ: Այդ որ­բա­նոց­նե­րու   զա­ւակ­նե­րէն էին Անդ­րա­նիկ Ծա­ռու­կեա­նը,  Խա­չիկ  Դաշ­տեն­ցը,   Հ­րա­չեայ  Քո­չա­րը,  Գուր­գեն Մա­հա­րին,   Վա­ղար­շակ Նո­րեն­ցը,   Անդ­րա­նիկ Անդ­րէա­սեա­նը, Լե­ւոն    Զա­ւեն  Սիւր­մե­լեա­նը,  Նա­յի­րի Զա­րեա­նը, Մի­սաք Մա­նու­շեա­նը, Նո­ւէր Սա­ֆա­րեա­նը…: Որ­բեր  ո­րոնք  չտե­սան  ծնողք, հայր ու մայր, քոյր եւ  եղ­բայր,  լոյս ու ա­րեւ, որ­բեր ո­րոնք չու­նե­ցան ման­կու­թիւն…: Որ­բեր ո­րոնք մին­չեւ ի­րենց կեան­քի մայ­րա­մու­տը  վե­րապ­րե­ցան յի­շո­ղու­թեան սար­սա­փը: Որ­բեր, ո­րոնք տա­ռա­պան­քի ու  հա­ռա­չան­քի ցա­ւե­րու  մէջ շալ­կե­ցին  ի­րենց  ժո­ղո­վուր­դին  վիշ­տը: Որ­բեր, ո­րոնք ի­րենց կրած  վիշ­տին ու մոր­մո­քին  ընդ­մէ­ջէն   վե­րագ­տան ի­րենց իս­կու­թիւ­նը,  վե­րա­դար­ձան ի­րենց ար­մատ­նե­րուն, երբ  զգա­ցին  թէ  կեան­քի դա­ժան  խա­րա­նը զի­րենք  որ­քա՜ն հե­ռա­ցու­ցած էր  ազ­գա­յին  ինք­նու­թեան ճա­նա­պար­հէն:  Բայց ա­ւաղ… տա­կա­ւին  շատ շա­տեր   քրտա­ցան, թրքա­ցան, բռնի օ­տա­րա­ցան ա­րա­բա­կան ա­նա­պատ­նե­րուն մէջ: Զր­կո­ւե­ցան վե­րապ­րե­լու ի­րա­ւուն­քէն:  Որ­բեր ո­րոնց ա­նու­նը չգրո­ւե­ցաւ  իբ­րեւ   հայ մա­նուկ, որ­բեր ո­րոնք  զրկո­ւե­ցան հայ կո­չո­ւե­լու  ի­րա­ւուն­քէն: Որ­բեր, ո­րոնց  ծննդա­վայ­րը,ա­նունն ու   մա­կա­նու­նը, ծնող­նե­րը մնա­ցին ան­յայտ…:

Այս օ­րե­րուն երբ կը պատ­րաս­տո­ւինք  ո­գե­կո­չե­լու   Հա­յոց  Ցե­ղաս­պա­նու­թեան  հա­րիւ­րա­մեա­կը, վեր­յի­շենք  եւ ար­ժե­ւո­րենք   հայ  ժո­ղո­վուր­դի  յա­րու­թեան  թռիչք  ըն­ծա­յող բո­լոր ե­րախ­տա­ւոր­նե­րը: Վեր­յի­շենք ա­նա­պա­տի ա­ւազ­նե­րուն տակ  ծած­կո­ւած ան­ծա­նօթ որ­բե­րուն պատ­գա­մը: Գի­տակ­ցինք գնա­հա­տե­լու  եւ ար­ժե­ւո­րե­լու  մե­զի շնոր­հո­ւած ապ­րե­լու ի­րա­ւուն­քը: Ապ­րինք յի­շե­լով, ապ­րինք  պա­հե­լու՝  մեր ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը, մեր լե­զուն, մեր մշա­կոյ­թը,մեր ինք­նու­թիւ­նը, մեր պե­տա­կա­նու­թիւ­նը: Ապ­րինք եւ խա­ղաղ գո­յակ­ցու­թեամբ  հա­մա­տեղ ապ­րե­լու մշա­կոյ­թը  սոր­վեց­նենք  բո­լո­րին, ապ­րինք՝  հե­տապն­դե­լով մեր ի­րա­ւունք­նե­րը,  բայց չմոռ­նանք  որ­բա­նոց­նե­րու  տխուր եր­դիք­նե­րուն տակ  ծլար­ձա­կած   հայ որ­բե­րու  ո­գի­նե­րուն մէջ, ապ­րե­լու կո­րո­վը վե­րա­կեն­դա­նաց­նող, հայ որ­բին  հա­նա­պա­զօ­րեայ  հա­ցը սնող,  հայ ապ­րե­լու յոյս ու հա­ւատ­քը  ներշն­չող, հա­յու  ո­գին  դարբ­նող  բուռ  մը  մար­դա­սէր­նե­րուն դիւ­ցազ­նա­կան  ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը:

Ա­հա­րոն Շխր­տը­մեան «­Զար­թօնք» օ­րա­թեր­թի