Print
Category: Յօդուածագրութիւն

64 ճեր­մակ եւ սեւ քա­ռա­կու­սի­նե­րով տախ­տա­կի մը վրան շա­րո­ւած են նոյն գոյ­նով թա­գա­ւոր մը, թա­գու­հի մը, եր­կու աշ­տա­րակ, եր­կու խենթ, եր­կու ձիա­ւոր եւ ու­թը քար: Ա­նոնց շար­ժում­նե­րը նշո­ւած են խումբ մը շատ ճշգրիտ օ­րէնք­նե­րով. խա­ղին նպա­տակն է պար­տու­թեան մատ­նել թշնա­մին՝ բռնե­լով ա­նոր թա­գա­ւո­րը, այ­սինքն «մաթ» ը­նե­լով:

Յաղ­թե­լու հա­մար, պէտք է նա­խա­տե­սել թշնա­միին բո­լոր շար­ժում­նե­րը եւ հա­ւա­նա­կա­նու­թեան ո՛չ մէկ ա­ռիթ ձգել:

­Սիս­սա Ի­մաս­տու­նին Ա­ռաս­պե­լը

­Ճատ­րա­կի խա­ղը ե­կած է հին ժա­մա­նակ­նե­րէն. ան յայտ­նո­ւած է Հնդ­կաս­տա­նի մէջ, 6-րդ դա­րուն: Ըստ ա­ռաս­պե­լին, Սիս­սա ա­նու­նով ի­մաս­տուն մը զայն հնա­րած է՝ իբ­րեւ թա­գա­ւո­րին զբա­ղում: Իբ­րեւ վար­ձատ­րու­թիւն, Սիս­սա թա­գա­ւո­րէն քիչ մը ցո­րեն խնդրած է ա­ռա­ջին քա­ռա­կու­սիին մէջ դնե­լով մէկ հա­տիկ, երկ­րորդ քա­ռա­կու­սիին մէջ եր­կու, եր­րորդ քա­ռա­կու­սիին մէջ չորս եւ այս ձե­ւով շա­րու­նա­կե­լով մին­չեւ վաթ­սուն­չոր­րորդ քա­ռա­կու­սին՝ ա­մէն ան­գամ հա­տիկ­նե­րուն թի­ւը կրկնա­պատ­կե­լով: Այս վար­ձատ­րու­թիւ­նը ա­նե­րե­ւա­կա­յե­լի էր, ո­րով­հե­տեւ հա­տիկ­նե­րուն ընդ­հա­նուր գու­մա­րը բազ­մա­թիւ մի­լիառ էր, հնդիկ թա­գա­ւո­րին ու­նե­ցած թա­գա­ւո­րու­թեան բո­լոր հունձ­քե­րէն շատ ա­ւե­լի:

­Ճամ­բոր­դու­թիւն Մը  Ժա­մա­նա­կին Եւ
­Ցա­մա­քա­մա­սե­րուն Ընդ­մէ­ջէն

­

Ճատ­րա­կի խա­ղի այս նա­խա­հայ­րը կը կո­չո­ւի «շա­թու­րան­կա»: Ի­րա­րու դէմ կը խա­ղան չորս ան­ձեր, ո­րոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը ու­նի մէկ թա­գա­ւո­րէ, չորս քա­րե­րէ, հրա­սայ­լէ մը, ձիա­ւո­րէ մը եւ փի­ղէ մը կազ­մուած բա­նակ մը: Զա­նոնք տե­ղա­փո­խե­լու հա­մար, խաղ­ցող­նե­րը զա­ռեր կը նե­տեն. հե­տե­ւա­բար պա­տա­հա­կա­նու­թիւնն ալ իր տե­ղը ու­նի խա­ղին մէջ:

Ի­րեն եր­կար պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին է, որ ճատ­րա­կը պի­տի ստա­նայ ներ­կա­յիս ու­նե­ցած իր կեր­պա­րան­քը: Զա­ռե­րը շատ ա­րագ խա­ղէն պի­տի ան­հե­տա­նան, եւ խաղ­ցող­նե­րուն թի­ւը պի­տի նո­ւա­զի եր­կու­քի:

Հնդ­կաս­տա­նէն ճատ­րա­կը նախ պի­տի անց­նի Չի­նաս­տան, ա­պա Պարս­կաս­տան: Երբ ա­րաբ­նե­րը Պարս­կաս­տա­նը կը նո­ւա­ճեն 7-րդ դա­րուն, ա­նոնք ալ այս խա­ղը կ­՛որ­դեգ­րեն: 9-րդ դա­րուն Հա­րուն Րա­շիտ խա­լի­ֆան կը կազ­մա­կեր­պէ ճատ­րակ խաղ­ցող­նե­րու ա­ռա­ջին մրցա­շար­քը Պաղ­տա­տի մէջ. եւ ա­նոր թա­գա­ւո­րու­թեան ըն­թաց­քին է, որ կը ներ­կա­յա­ցո­ւին ճատ­րա­կի խա­ղին մա­սին ա­ռա­ջին գրու­թիւն­նե­րը:
Ա­պա, մօ­տա­ւո­րա­պէս 10-րդ դա­րուն, ա­րաբ­նե­րը այս խա­ղը կը մտցնեն Եւ­րո­պա, ուր նո­ւազ քան մէկ դարի մէջ ան մեծ յա­ջո­ղու­թիւն պի­տի գտնէ հա­րուստ իշ­խան­նե­րուն, միջ­նա­դա­րեան ըն­կե­րու­թեան բո­լոր դա­սա­կար­գե­րուն մէջ, թէ՛ այր մար­դոց, թէ՛ ալ կի­նե­րուն մօտ:

­Վե­զի­րէն Թա­գու­հին, Փի­ղէն… Խեն­թը

­

Մի­ջին դա­րե­րուն վեր­ջա­ւո­րու­թեան, խա­ղի տախ­տա­կը եր­կու գոյն կը դառ­նայ, բաց եւ մութ գոյ­նե­րով տու­փիկ­նե­րով (մինչ այդ միայն պա­րապ քա­ռա­կու­սի­ներ գծո­ւած էին): Ա­նոր քա­րե­րը այ­լեւս բա­նակ մը չեն ներ­կա­յաց­ներ, այլ իշ­խա­նա­կան աշ­խար­հի մի­ջա­վայ­րը: Թա­գու­հին կը յայտ­նո­ւի եւ կ­՛առ­նէ պարս­կա­կան եւ ա­րա­բա­կան խա­ղե­րուն վե­զի­րին տե­ղը: Աշ­տա­րա­կը հնդկա­կան հրա­սայ­լին ժա­ռան­գորդն է, իսկ խեն­թը՝ փի­ղին: Ճատ­րա­կը յա­ճախ կը խաղ­ցո­ւէր դրա­մի հա­մար: Հետզ­հե­տէ նոր օ­րէնք­ներ դրո­ւե­ցան, որ­պէս­զի քա­րե­րը ա­ւե­լի ա­րա­գօ­րէն շար­ժին, եւ մրցա­շար­քեր սկսան կազ­մա­կեր­պո­ւիլ: Եւ­րո­պա­յի մէջ ա­ռա­ջին մրցա­շար­քը կը կազ­մա­կեր­պո­ւի 1575-ին:

­Ճատ­րա­կը՝ Ներ­կա­յիս

Մե­զի ծա­նօթ ճատ­րա­կի ար­դի խա­ղը իր վերջ­նա­կան ձե­ւը կը գտնէ 19-րդ դա­րու վեր­ջա­ւո­րու­թեան, 20-րդ դա­րու սկիզ­բը: 1924 թո­ւա­կա­նին կը ստեղ­ծո­ւի ճատ­րա­կի մի­ջազ­գա­յին ֆե­տե­րա­սիո­նը: Երբ Հա­մաշ­խար­հա­յին Բ. պա­տե­րազ­մէն ետք կը սկսի Պաղ պա­տե­րազ­մը՝ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն եւ Խոր- հըր­դա­յին Միու­թեան մի­ջեւ, ճատ­րա­կը կը դառ­նայ մի­ջոց մը եր­կու հզօր պե­տու­թիւն­նե­րուն հա­մար ի­րա­րու դէմ կռո­ւե­լու՝ ի­րենց ա­խո­յեան­նե­րուն մի­ջո­ցով: Այժմ, հա­մա­ցան­ցին շնոր­հիւ, կա­րե­լի է ճատ­րակ խա­ղալ աշ­խար­հին միւս կող­մը գտնո­ւող խա­ղա­ցո­ղի մը հետ, կամ խա­ղալ պար­զա­պէս հա­մա­կար­գի­չին դէմ, որ պատ­րաս­տո­ւած է վեր­լու­ծե­լու բո­լոր հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն­նե­րը շատ կարճ մի­ջո­ցի մէջ:
­Դա­րե­րու ըն­թաց­քին ճատ­րա­կը ա­ռիթ մըն է ոս­կե­րիչ­նե­րուն եւ ազ­նիւ փայ­տի կա­հա­գործ­նե­րուն շքեղ ճատ­րա­կի խա­ղեր ար­տադ­րե­լու, օ­րի­նա­կի հա­մար՝ Սէն Լո­ւի թա­գա­ւո­րին ճատ­րա­կի խա­ղա­սե­ղան: 20-րդ դա­րուն, Մարքս Էրնսթ ա­րո­ւես­տա­գէ­տը Միւ­րա­նո­յի մէջ ստեղ­ծեց վե­նե­տի­կեան ա­պա­կիէ 5 մեթր կող­մե­րով հսկա­յա­կան ճատ­րա­կի տախ­տակ մը: Ա­նոր 32 քա­րե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րը կը կշռէր քա­նի մը քի­լօ:

Շատ գե­ղե­ցիկ ա­րո­ւես­տի գործ մը, սա­կայն ոչ շատ գործ­նա­կան խա­ղա­լու հա­մար:

Հա­յաս­տա­նը՝ Ճատ­րա­կի Եր­կիր

­Հա­յաս­տան ճատ­րա­կի եր­կիր է, որ տո­ւած է եւ տա­կա­ւին կու տայ բազ­մա­թիւ ա­խո­յեան­ներ: Հա­յաս­տա­նի մէջ մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը տրո­ւի ճատ­րա­կին, որ նաեւ կը դա­սա­ւան­դո­ւի դպրոց­նե­րուն մէջ:
­Մի­ջազ­գա­յին ա­խո­յեան­ներ են Տիգ­րան Պետ­րո­սեա­նը, Ռա­ֆա­յէլ Վա­հա­նեա­նը, Սմ­բատ Լ­պու­տեա­նը, Ար­շակ Պետ­րո­սեա­նը, Վ­լա­տի­միր Յա­կո­բեա­նը, Ար­տա­շէս Մի­նա­սեա­նը, Սեր­գէյ Մով­սի­սեա­նը, Լե­ւոն Ա­րո­նեա­նը, ո­րոնք ի­րենց մա­սին խօ­սիլ տո­ւած են ամ­բողջ աշ­խար­հին մէջ:  Աշ­խար­հի կրկնա­կի ա­խո­յեան Տիգ­րան Պետ­րո­սեա­նի ա­նու­նով ճատ­րա­կի մրցա­շարք կը կազ­մա­կեր­պո­ւի Հա­յաս­տա­նի մէջ, ուր նաեւ կան իր յու­շար­ձան­նե­րը եւ իր ա­նու­նով փո­ղոց­ներ:

2012 թո­ւա­կա­նին Ե­րե­ւա­նի Մաշ­տոց պո­ղո­տա­յի մայ­թին վրայ՝ Օ­փե­րա­յի շէն­քին դի­մաց, նստա­րա­նի մը ե­տե­ւը տե­ղադ­րո­ւե­ցաւ նշա­նա­ւոր ա­խո­յեա­նին՝ Տիգ­րան Պետ­րո­սեա­նի ար­ձա­նը: Նս­տա­րա­նին վրայ դրո­ւե­ցան խա­ղա­քա­րե­րը, որ­պէս­զի ու­զո­ղը նստի եւ խա­ղայ:
­Հե­տաքրք­րա­կան է նաեւ Ե­րե­ւա­նի «­Մոս­կո­ւա» շար­ժա­պատ­կե­րի սրա­հին դի­մաց գտնո­ւող, Ազ­նա­ւու­րի ա­նու­նը կրող հրա­պա­րա­կին վրայ 2013-ին տե­ղադ­րո­ւած մեծ ճատ­րա­կի հար­թա­կը եւ մօ­տա­ւո­րա­պէս մար­դու հա­սակ ու­նե­ցող ճատ­րա­կի քա­րե­րու զե­տե­ղու­մը: Ա­սի­կա ոչ միայն կա­րե­ւոր է դաս­տիա­րակ­չա­կան ա­ռու­մով, այլ նաեւ ճատ­րա­կի նկատ­մամբ հե­տաքրք­րու­թիւն կը ստեղ­ծէ: Այս ճատ­րա­կը միայն զար­դա­րան­քի հա­մար չէ, այլ ե­թէ մէ­կը փա­փա­քի կրնայ ել­լել հար­թա­կին վրայ, որ 30 քի­լո­մեթր մա­կե­րես ու­նի, եւ ճատ­րակ խա­ղալ: