Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Մեր ըն­թեր­ցող­նե­րէն շա­տեր տե­սած են։ Նախ հա­մա­ցան­ցի, ա­պա՝ հե­ռուս­տա­կա­յան­նե­րու մի­ջո­ցաւ, հա­մայն աշ­խար­հին սփռո­ւե­ցաւ այն լու­սան­կա­րը, ուր կ­՛ե­րե­ւէին գե­րե­վա­րո­ւած ծնկա­չոք ֆրան­սա­ցի մը եւ ա­նոր կող­քին կայ­նած Ի­Պի («Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թիւն») դա­հի­ճը:

Այս ան­գամ, լրա­տո­ւու­թիւ­նը կու գար Ալ­ճե­րիա­յէն. այս երկ­րին մէջ խարս­խո­ւած իս­լա­մա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն մը հպա­տա­կած էր Ի­Պին եւ ա­րար­քով կ­՛ա­պա­ցու­ցէր իր հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը եւ վճռա­կա­մու­թիւ­նը: Ար­դեօք դեռ քա­նի՞ եր­կիր­նե­րու մէջ կան ու կը գոր­ծեն նման մտայ­նու­թեամբ օժ­տո­ւած իս­լա­մա­կան խում­բեր: Ե­թէ նկա­տի ու­նե­նաք Ի­Պի նկատ­մամբ հա­մակ­րան­քը, ար­դեօք մեր եր­կի­րը՝ Թուր­քիա, ի՞նչ նե­րուժ կ­՛ու­նե­նայ նման ոճ­րա­գործ­ներ ար­տադ­րե­լու հա­մար: Զար­մա­նա­լի է, բայց նման հար­ցում տա­կա­ւին ու­նի ի­րա­րու հա­կա­սող եր­կու պա­տաս­խան­ներ:

Ի­րա­ւա­ցի պա­տաս­խա­նը ար­դէն շատ յստակ է: Բայց կայ նաեւ խաբ­կան­քին ա­պա­ւի­նող­նե­րու միա­միտ պա­տաս­խա­նը: «Ո՛չ» պի­տի ը­սեն ա­նոնք: «Ո՛չ, մեր եր­կի­րին մէջ նման բան չի պա­տա­հիր»:

Իսկ որ­քա­նո՞վ կա­րե­լի է մե­ղադ­րել այս միա­միտ պա­տաս­խա­նին դի­մող­նե­րը: Պէտք է հասկ­նալ, որ նախ եւ ա­ռաջ սար­սափն ու վախն են, ո­րոնք զի­րենք այս­պէս ան­փոյթ կը դարձ­նեն: Ա­պա, կայ ամ­բողջ եր­կի­րը սու­տի ու խաբ­կան­քի մատ­նող հսկայ քա­րոզ­չա­մե­քե­նան: Թուր­քիոյ օ­րա­թեր­թե­րը եւ հե­ռուս­տա­կա­յան­նե­րը կը փոր­ձեն ա­րար աշ­խար­հին տե­սա­ծը շրջել: Ան­շուշտ, ե­թէ կա­րե­լի ըլ­լայ, նա­խա­գահ Էր­տո­ղան պի­տի փոր­ձէ «­Նիւ Եորք Թայմզ» կամ «Ո­ւա­շինկ­թըն Փոսթ» թեր­թերն ալ կար­գի բե­րել: Թէեւ սա պա­հուս կա­րե­լի չէ, բայց Թուր­քիոյ պե­տա­կան մտա­ծե­լա­կեր­պով ա­մէն ինչ գին մը, ա­մէն ինչ փո­խար­ժէք մը ու­նի: Կա­շառ­քով կամ սպառ­նա­լի­քով կա­րե­լի է ա­պա­ցու­ցել, թէ ի­րա­ւուն­քը զօ­րա­ւո­րին է: Իսկ ան­դին, կայ «Ար­շա­ւէ՛ Ո­ւոլ Սթ­րիթ» կար­գա­խօ­սով ներ­կա­յա­ցող եւ «­Մենք 99 տո­կոս ենք» յայ­տա­րա­րող կշիռ­քի միւս նժա­րը:

Ե­թէ շա­տեր կը շփո­թեն ու կաս­կա­ծով կը մօ­տե­նան Եւ­րո­պա­յի մէջ լոյս տես­նող եւ մեծ ըն­դու­նե­լու­թիւն գտած կնո­ջա­կան «Էլ» պար­բե­րա­կա­նի հրա­տա­րա­կու­թեան տնօ­րէն Վա­լե­րի Թո­րա­նեա­նի՝ Ի­Պի դէմ պա­տե­րազ­մող քիւրտ կա­նանց ուղ­ղո­ւած խօս­քե­րուն: «­Սու­րիոյ Ի­րա­քի սահ­մա­նին վրայ գտնո­ւող ժո­ղո­վուր­դի ինք­նա­պաշտ­պան­ման միա­ւո­րում­նե­րու 40 տո­կո­սը կի­նե­րը կը կազ­մեն: Այս զի­նեալ կի­նե­րը «ճի­հատ»ա­կան­նե­րու դէմ պայ­քա­րին մէջ լոկ զի­նո­ւո­րա­կան գո­յու­թիւն մը չեն. ա­նոնք յետ պա­տե­րազ­մեան շրջա­նին ալ ի­րենց ի­րա­ւունք­նե­րը ա­պա­հո­վե­լու ուղ­ղո­ւած օ­րի­նա­կա­նու­թիւն մը կը զար­գաց­նեն: Գո­նէ այդ յոյ­սը կը գո­յաց­նեն: Նա­խա­գահ Օ­պա­մա եւ Հո­լանտ սա­տա­րե­լու են ի­րա­քեան դի­մադ­րու­թեան, բայց՝ սու­րիա­կա­նի՛ն ալ: Ա­նոնք ար­ժա­նի են ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան­նե­րու կրկնա­կի օ­ժան­դա­կու­թեան: Քան­զի ա­նոնք բար­բա­րո­սու­թեան դէմ հե­րո­սա­բար կը պայ­քա­րին: Քան­զի ա­նոնք կի­նե­րու պատ­մու­թեան մէջ ցարդ չար­ձա­նագ­րո­ւա­ծին հա­մար գլուխ կը ցցեն: Եւ հա­մաշ­խար­հա­յին ա­զա­տա­տենչ պայ­քա­րը ա­հա՛ հի­մա կը ծա­գի: Հա­մայն աշ­խար­հի պա­տո­ւոյ խնդիրն է՝ ա­նոնց չմոռ­նալ: Եր­բե՛ք պի­տի չդադ­րի կի­նե­րու եր­թը»:

Վա­լե­րի Թո­րա­նեան այս տո­ղե­րով ա­ւար­տած իր խմբագ­րա­կա­նին տակ կ­՛ա­ւելց­նէ 13 տա­րո­ւան ծա­ռա­յու­թե­նէ ետք՝ «Էլ» պար­բե­րա­կա­նէն հրա­ժա­րու­մը: Մե­զի հա­մար մեծ ու­րա­խու­թիւն է հան­րա­յին հե­ռուս­տաե­թե­րով տես­նել Ե­րե­ւա­նի փո­ղոց­նե­րուն վրայ Շեն­կա­լի զօ­րակ­ցու­թեան հա­մար աշ­խա­տող հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը: Ինչ լաւ է, որ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­ներն ալ կը հաս­տա­տեն «­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ապ­րած ժո­ղո­վուր­դը չի կրնար ան­տե­սել այլ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­ներ» հա­մո­զու­մը:

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ