Քիչ թէ շատ տասը տարեկանի չափ բան մը պէտք էր ըլլայի, եւ արդէն նախակրթարանին կէսը անց, երբ, չեմ գիտեր այլեւս ո՞ր տարուայ Սեպտեմբերի վերամուտին, մեր դպրոցի տնօրէնը մեզի ներկայացուց մեր հայերէնի նոր ուսուցիչը:
Քանի՜ տասնեակ տարիներ անցեր են արդէն, բայց կարծէք երէկ ըլլար դեռ, երբ մեր հայերէնի նոր ուսուցիչը, առաջին անգամ ըլլալով, մուտք կը գործէր մեր փոքրիկ դասարանի -հազիւ 8-10 աշակերտ- գողտրիկ դռնէն: Երկայն-բարակ, բարձրահասակ, գագաթն ալ սպիտակաւոր: Ինծի համար՝ մեր դասարանին դուռը հրելով ձիւնազարդ Արարա՜տն էր որ մեզի այցելութեան էր եկեր. ու իր այցելութիւնները պիտի շարունակուէին, պիտի ըլլային ամէնօրեայ, եւ պիտի տեւէին 3-4 տարի, մինչեւ նախակրթարանը աւարտելս եւ վկայական ստանալս:
Ան օրերով, ամիսներով, տարիներով դասաւանդեց մեզի մեր մայրենի լեզուն, մեր կենցաղն ու սովորութիւնները. պատմեց մեզի մեր առասպելները, դիւցազներգութիւնները, պատմութիւնը. ու ամէն անգամ ինծի այնպէս կը թուէր՝ որ Արարատի գագաթը ամպեր կը պատէին, կը դիզուէին եւ փոթորիկներ տեղի կ՛ունենային, ու իր աչքերը կը մշուշոտէին, կը խոնաւնային եւ մեր մանկական մատղաշ սիրտն ու հոգին տակնուվրայ կ՛ընէին, կ՛ալեկոծէին. ու մենք ալ իրեն հետ կ՛երթայինք, կը սաւառնէինք դէպի հայրենի դաշտերը, լեռները, ձորերը, Վանայ լիճը, Արարատը:
Կը յիշեմ, ան միշտ կ՛ըսէր՝ «Տղա՛ք, աղջիկնե՛ր, հայերէ՜ն խօսեցէք»:
Քանի՜ քանի անգամներ երբ, դպրոցէն ելլելնուս, դուրսը թաղին մէջ կը խաղայինք եւ մեր մէջ յունարէն կը խօսէինք, որքա՜ն կը նեղուէր եւ կը կրկնէր ու կը կրկնէր՝ «Հայերէ՜ն խօսեցէք, հայերէ՜ն խօսեցէք»:
Տարիները անցան ու Նոյեմբերի արեւոտ օր մը, ճիփ-ճիշդ 50 տարի առաջ, Յունաստանի իմ 20 տարուայ արեւս ձգելով ու 4-5 ժամ երկինքին մէջ սաւառնելէ վերջ՝ եկայ ու դանդաղօրէն, բայց վստահօրէն՝ ինկայ, սուզուեցայ Փարիզի 50 սանթիմեթր ձիւնին մէջ:
Քանի մը տարի ետք առիթը ունեցայ արձակուրդի Յունաստան վերադառնալու օր մըն ալ պատահմամբ, Աթէնքէն քանի մը տասնեակ քիլոմեթր հեռու, հայկական դպրոցի ամառնային բանակումին մէջ գտնուեցայ: Եւ ի՜նչ տեսնեմ... Այո՛, այո՛, իմ Արարատը, իմ հայերէնի ուսուցի՜չս:
- Բարե՜ւ, Պարոն:
Պատասխան չտուաւ, կարծէք չէր տեսած, կարծէք չէր լսած, հայեացքը հեռուն՝ անցաւ առջեւէս ու աննշմարելի, անհասկնալի բառեր մրմռալով ծառերուն, վրաններուն մէջէն շարունակեց իր ճամբան: Յանկարծ, չեմ գիտեր ինչպէս, -ինչպէ՞ս էր կարելի,- «տին, տան, տոն» լսեցի դպրոցիս զանգակը, ու ականջներուս մէջ հնչեց ուսուցիչիս անուշ ձայնը՝ “Տղա՛ք, հայերէ՛ն խօսեցէք...”:
Ըսին ինծի՝ Պարոնը արդէն երկու-երեք տարի է կ՛ապրի այսպէս, ինքն իր մէջ, իր երազներուն մէջ: Այլեւս ինքը, խելքը-միտքը ու սիրտը կը սաւառնին հեռուներ... Վանայ Ծովը, Սիփան Սարը, Ախ(թամար)ը, իր ծննդավայր մայր քաղաք Վանը՝ իր Այգեստանով, շոճի-նոճիներով ու իր սեփական տան պարտէզին մէջ գտնուող՝ Վանի չինարի սօս(ի)ներով:
Այն վերջին անգամն էր որ կը տեսնէի իմ հայերէնի ուսուցիչս, բայց ան եւ իր յիշատակը միշտ վառ կը մնան ու կ՛ապրին իմ եւ, վստահ եմ, իր բոլոր միւս աշակերտներուն սրտին մէջ:
Քանի մը տարի առաջ ձեռքս գրքոյկ մը անցաւ, 10-15 պատմուածք, Շաւարշ Միսաքեանի կողմէ կազմուած. անոնցմէ մէկը կը կրէր ուսուցիչիս ստորագրութիւնը. շատ պիտի ուզէի իր քանի մը տողերը ընդգրկել այս գրութեանս մէջ, բայց չեմ գիտեր գրքոյկին ո՞ւր ըլլալը, ո՛չ ալ ո՞ր ծակը ինկած ըլլալը. հոգ չէ՛, օր մը չէ օր մը կը գտնեմ ու, անպայման, այս քանի մը տողերս կը լրացնեմ:
Բայց չեմ գիտեր, տուի՞ ձեզի ուսուցիչիս անունը, կարծեմ թէ ո՛չ:
Բոլորը կը կոչէին... ՍՕՍ ՎԱՆԻ...
Գեղամ Նիկողոսեան
France Armenie