Print
Category: Յօդուածագրութիւն

1908, Պո­լիս։ Ս­տու­գաբա­նու­թիւ­նը «Օ­թէլ Պ­րիս­թոլ»ի ըն­դու­նարա­նին մէջ թէյ կը խմէ պան­դո­կին ճար­տա­րա­պետ Պա­րոն Ա­քիլ­լէս Մա­նուս­սո­յին  հետ։

- Ճիշդ է Պա­րոն Ս­տու­գա­բա­նու­թիւն. մին­չեւ 1880 թո­ւա­կան­նե­րը Պոլ­սոյ մէջ չկա­յին մի­ջազ­գա­յին  չա­փա­նի­շե­րով պան­դոկ­ներ։
­Մայ­րա­քա­ղաք այ­ցե­լող­նե­րը կը  մնա­յին խա­նե­րու եւ ա­րե­ւե­լեան ի­ջե­ւան­նե­րու մէջ։ Բայց երբ «Օ­րիէնթ Էքսփ­րէս»ը սկսաւ գործել, քա­ղա­քին մէջ եւ­րո­պա­ցի հիւ­րե­րուն հա­մար, մա­նա­ւանդ  Բե­րա  պատ­կա­ռե­լի թա­ղին մէջ, սկսան շքեղ պան­դոկ­ներ բացո­ւիլ։ Իսկ ես ալ 1893 թո­ւա­կա նին այս պան­դո­կը գծագ­րե­ցի։ Այս­տեղ ա­մէն ինչ մտա­ծո­ւած ու ձե­ւա­ւո­րո­ւած է եւ­րո­պա­ցի բա­րե­կե­ցիկ զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու ճա­շա­կին հա­մա­ձայն։
- Պան­դո­կը այս օ­րե­րուս, Պա­րոն Մա­նուս­սիս, սո­վո­րա­կա­նէն նկա­տե­լիօ­րէն ա­ւե­լի բազ­մա­մարդ է։
-­Սահ­մա­նադ­րու­թիւնն է։ Կը տես­նէ՞ք, յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը ինչ­քա՛ն սկսաւ օգ­նել քա­ղա­քի տնտե­սու­թեան։ Ե­ռու­զեռ մը կայ։
Ա­րեւմուտ­քէն ե­ւ  այլ  եր­կիր­նե­րէն բազ­մա­հա­զար­ներ Պո­լիս կու­գան այս յու­սա­լի մթնո­լոր­տին ա­կա­նա­տես ըլ­լա­լու  հա­մար։
Լ­սած եմ, որ հայ մտա­ւո­րա­կան­ներ ալ սկսած են Պո­լիս վե­րա­դառ­նալ։
- Ճիշդ է, շա­տե­րը։ Ա­զա­տու­թիւ­նը բո­լո­րին մէջ դրաւ նոր ե­ռանդ։
- Իսկ ձեր հիւրը՞։
- Պա­րոն Օ­տեա­նը այ­սօր կը հաս­նի։
­Զինք հոս հրա­ւի­րած եմ։
Ըն­դու­նա­րա­նէն ներս կը մտնէ ներ­կա­յա­նալի ե­րի­տա­սարդ մը։
- Պա­րոն Օ­տեան, բա­րի ե­կած էք։
- Ծա­նօ­թաց­նեմ, Պարոն Մանուս­սիսն է, այս պան­դո­կին ճար­տա­րա­պե­տը։
- Ու­րախ եմ։

- Պա­րոն Մա­նուս­սիս, Պարոն Երո­ւանդ Օ­տեա­նը եր­գի­ծա­բան է. ըն­կե­րա­յին թե­րու­թիւն­նե­րը իր սրա­տես քննա­դա­տու­թեամբ օ­րը օ­րին գրի կ’առնէ «տոմս»ե­րու մէջ։ Պա­րոն Օ­տեան ինչ­պէ՞ս էր ձեր ճամ­բոր­դութիւ­նը դէ­պի Հնդ­կաս­տան։
- Ծի­ծա­ղա­շարժ։ Հնդ­կաս­տա­նի ա­ռա­ջին գի­շերս շատ հան­գիստ չան­ցաւ։ Պան­դո­կա­պե­տը, որ հետս  բա­րե­կա­մա­ցած էր, տո­ւաւ կարգ մը խրատ­ներ, ո­րոնք զիս քիչ մը մտա­հո­գե­ցին. պա­տու­հանին փեղ­կե­րը գոց պա­հել, ո­րով ագ­ռաւ­նե­րը սե­նեակ կը մտնեն, ձե­ղու­նին  կամ պա­տին մէ­ջէն ձայ­ներ ե­թէ լսո­ւին  ի­րար չանց­նիլ, ա­նոնք մու­կե­րուն աղ­մուկն է  պար­զա­պէս ու կան թու­նա­ւոր կա­րիճ­ներ եւ օ­ձեր...
- Պա­րոն Ս­տու­գա­բա­նու­թիւն, ձեր հիւ­րը այս պան­դո­կին մէջ վեր­ջա­պէս հան­գիստ կրնայ ը­նել։ Միայն նկա­տե­ցի, թէ դուք յա­ճախ կը գոր­ծա­ծէիք «պան­դոկ» բա­ռը։ Հե­տաքրք­րական է։  «­Պան­դոկ»ը մեր բառն է։ Սա­կայն, յոյ­ներս եր­կար ժամա­նա­կէ ի վեր չենք գոր­ծա­ծեր զայն։ Ինչ­պէ՞ս մնա­ցեր է ձեր մօտ։
- Ի­րա­ւունք ու­նիք Պա­րոն Մանուս­սիս։
­Բիւ­զան­դա­կան շրջա նին մենք փոխ  ա­ռինք զայն։ Բու­նը, ինչ­պէս գի­տէք, «փ(պ)ան­դո­հիօ» է, եւ ար­մատն է «տե­խո­մէ» բա­յը, «ըն­դու­նիլ»։ Ուս­տի «պան­դոկ» կը նշա­նա­կէ «բո­լո­րին ըն­դու­նող»։
- Այդ բառը մենք գոր­ծա­ծու­թեան կը կո­չենք միայն, երբ կը խօ­սինք պարզ ի­ջե­ւան­նե­րու մասին։  Իսկ երբ նկա­տի ու­նինք «Օ­թէլ Պ­րիս­թոլ»ի նման հաս­տա­տու­թիւն մը, կը նա­խընտ­րենք «քսե­նո­տո­հիօ» (հիւ­րա­նոց) ա­ւե­լի քա­ղա­քա­կիրթ բա­ռը, որ կը նշանա­կէ «օ­տար­ներ ըն­դու­նող»։ 

Նորայր Տատուրեան