Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Եր­կու հա­րիւր հա­զար քա­ռա­կու­սի մեթր տա­րա­ծու­թիւն մը, ո­րուն մէջ տեղ գրա­ւած են շուրջ հա­զար սե­նեակ­ներ եւ են­թա­բա­ժա­նում­ներ, նաեւ հա­մա­կարգ­չա­յին ար­դի մի­ջոց­նե­րով կա­տա­րե­լա­գոր­ծո­ւած փա­պու­ղիի դրու­թիւն մը: Ա­ւե­լի քան 350 մի­լիոն տո­լար ար­ժած, այս շքեղ հա­մա­լի­րին՝  ամ­րո­ցին վար­ձա­կալն է Թուր­քիոյ նա­խա­գահ Ռէ­ճեպ Թա­յիպ Էր­տո­ղան:

Իսկ բա­ցումն ալ կա­տա­րո­ւե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան հռչակ­ման օ­րը՝ Հոկ­տեմ­բեր 29-ին…Իւ­րա­յա­տուկ տօն մը Թուր­քիոյ պատ­մու­թեան հա­մար, որ մեծ հան­դի­սու­թեամբ կը նշո­ւի 1923-էն ի վեր երբ Քե­մալ Ա­թա­թիւրք ստանձ­նեց յետ Օս­մա­նա­կան Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հու­թիւ­նը:

Այդ թո­ւա­կա­նէն ի վեր 12 նա­խա­գահ­ներ ղե­կա­վա­րած են Թուր­քիան եւ բո­լո­րին ալ նստա­վայ­րը ե­ղած է Չան­քա­յան, որ կը գտնո­ւի մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի կեդ­րո­նէն ներս: էր­տո­ղա­նի հա­մար մար­տահ­րա­ւէր մըն էր այս զե­խու­թիւ­նը: Վար­չա­պե­տի պաշ­տօ­նէն նա­խա­գա­հի պաշ­տօն ստանձ­նել չէր մար­տահ­րա­ւէ­րը, այլ խորհր­դա­րա­նա­կան ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան դրու­թե­նէն դուրս եւ իր հետ նա­խա­գա­հա­կան պա­լատ փո­խադ­րելն էր բո­լոր կա­ռոյց մը, ան­շուշտ Չան­քա­յան յանձ­նե­լով վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­ւու­թող­լո­ւին:

Այս­պէս, նախ­կին նա­խա­գահ Կիւ­լի նման պի­տի չղե­կա­վա­րո­ւի եր­կի­րը, ուր վար­չա­պե­տը ստանձ­նած էր գոր­ծին ա­ռիւ­ծի բա­ժի­նը: Ընդ­հա­կա­ռա­կը, միեւ­նոյն ո­ճով, եւ շա­րու­նակ ձեռք եր­կա­րե­լով, տա­րի­նե­րու իր գոր­ծա­կից Տա­ւու­թող­լո­ւի հետ, ան պի­տի կա­տա­րէ իր պար­տա­կա­նու­թիւ­նը:

Նոր պա­լա­տը նաեւ մուտք կրնայ գոր­ծել մրցա­նիշ­նե­րու տե­ղե­կա­գի­տա­րա­նին մէջ, նկա­տի ու­նե­նա­լով որ, այս պա­լա­տը իր տա­րա­ծու­թեամբ կը գե­րա­զան­ցէ Ք­րեմ­լը եւ Պա­քինկ­հա­մը, այլ նաեւ նոյ­նինքն Ո­ւա­շինկ­թը­նի “Ս­պի­տակ Տուն­“ը: Այլ հե­տաքրք­րա­կան ման­րա­մաս­նու­թիւն մը՝ այս վիթ­խա­րի ամ­րո­ցին ա­նունն ալ “Ս­պի­տակ Տուն“ (կամ պա­լատ) է, այ­սինքն պա­հե­լու հա­մար տե­ղա­կան գու­նա­ւո­րու­մը՝ “Աք Սա­րայ“ կը կո­չո­ւի: Այս ալ ար­տա­քին աղ­բիւր­նե­րու օգ­տա­գործ­ման՝ outsource-ի նո­րա­գոյն ո՞ճն է:

Ս­րա­միտ ու պար­զա­միտ եւ յատ­կա­պէս ընդ­դի­մա­դիր միւս թուր­քը, իւ­րա­յա­տուկ բա­ռա­խա­ղու­թեամբ մը. այս դղեա­կին ա­նու­նը կը բաղ­դա­տէ Էր­տո­ղա­նի պատ­կա­նած “Ար­դա­րու­թիւն եւ Բար­գա­ւա­ճում“ կու­սակ­ցու­թեան՝ AKP-ի հետ:

Դեռ ա­ւե­լին, Ա­րե­ւել­քի “Ս­պի­տակ Տան“ կա­ռու­ցու­մը կա­տա­րո­ւած է քան­դե­լով լայ­նա­տա­րած կա­նա­չու­թիւն մը, զայ­րաց­նե­լով բնու­թե­նա­պաշտ տե­ղա­կան թէ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ, ո­րոնք ար­դէն իսկ ան­ցեալ ամ­րան Պոլ­սոյ Կէ­զի պար­տէ­զի քան­դու­մին եւ վե­րա­կա­ռուց­ման հար­ցով, բա­ւա­կան մը զբաղ­ցու­ցած էին Էր­տո­ղանն ու իր “ա­նար­դար բար­գա­ւա­ճում­ներ­“ու թղթած­րա­րը:

Ան­գա­րա­յի մէջ ալ կա­տա­րո­ւե­ցան ցոյ­ցեր, սա­կայն նոյն­քան աղ­մուկ չստեղ­ծե­ցին, որ­քան Կէ­զին:

Դեռ հոս չա­ւար­տիր ստո­րա­կա­յու­թեա՞ն թէ գե­րա­զան­ցու­թեան բար­դոյ­թէ տա­ռա­պող  հի­ւանդ մար­դուն ըն­թաց­քը: Պոլ­սոյ մէջ, Պոս­փո­րի ա­փին, ան վե­րա­կա­ռու­ցած է դղեակ մը, եւ դեռ վեր­ջերս օժ­տո­ւած յա­տուկ գե­րար­դիա­կան նա­խա­գա­հա­կան օ­դա­նա­ւով մը, ո­րուն ար­ժէ­քը 200 մի­լիոն տո­լա­րի կը հաս­նի…:

ՀԱՅՐԵՆԻՔ