Print
Category: Յօդուածագրութիւն

«Ազերնիուզ»-ի հրապարակած լուրը (տես՝ «Ազատ Օր»ի Երկուշաբթի 10 Նոյեմբերի թիւը), որուն համաձայն, Ատրպէյճանի իշխանութեանց նախաձեռնութեամբ, ատրպէյճանական սփիւռքը համակարգող կեդրոններ պիտի բացուին աշխարհի տարածքին, ներառեալ՝ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Ուքրանիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ, հաւանաբար հիմնական նորութիւն չփոխանցէ:

Ատրպէյճանական սփիւռք դասական հաս- կացողութեամբ գոյութիւն չունի. այս նախաձեռնութիւնը զուգահեռ բնոյթ ունի Անգարայի փորձին: Լրատուութիւններուն հետեւողները կը յիշեն անպայման, որ Թուրքիա քանի մը անգամ համագումարներ կազմա- կերպեց թրքական սփիւռքը համախմբելու եւ յանձնարարականներ տալու նպատակով:

Հայաստանի Հանրապետութիւն-սփիւռք հետզհետէ զարգացող համագործակցութիւնը անշուշտ աննկատ չ՛անցնիր Անգարայի կողմէ, եւ ոչ միայն Անգարայի, այլ նաեւ յայտնաբար Պաքուի: Երկու երկիրներուն փորձածները խորքին մէջ հակակշիռ գործողութեան տրամաբանութիւնը ունին:
Անգարան իր սփիւռքի գոյութիւնը քանի մը անգամ զգացուց հակացոյցերով, ինչ որ աւելի համոզիչ դար- ձուց այդ նախաձեռնութիւններուն հակակշիռ բնոյթը: Թրքական սփիւռքի այսօրուան պատկերը ուսումնա- սիրելու համար բնականաբար պէտք է յենիլ արտաթուրքիա ապրող Թուրքիոյ քաղաքացիներու ժողովրդագրական սփռուածութեան, տեղւոյն երկիրներուն հասարակութեան հետ համարկման միտումներուն եւ յատկապէս Եւրոպայի մէջ կատարուող փորձին՝ քաղաքական հաստատութիւններուն մէջ ներկայութիւն ապահովելու: Այստեղ սակայն իբրեւ թուրք քաղաքացի ներկայացողներուն ծագումին մասին գաղափար կազմելը կարեւոր է՝ տրուած ըլլալով, որ անոնց մէկ կարեւոր մասը ոչ թուրք ինքնութիւն ունի: Բայց այդ մէկը արդէն տարբեր խնդիր է: Հիմա այս պարագային դիտարժան կէտը, թրքական սփիւռքին հայկական հարցերով կազմակերպուածութեան աստիճանաչափն է: Հակազդող այս հանգամանքը անհամեմատելի չափերով կը զիջի հայկական սփիւռքի քաղաքական նկարագիրին եւ կազմակերպուածութեան: Այս դաշտին մէջ հայկական կողմը յստակ առաւելներ ունի: Խօսքը չի վերաբերիր պետական միջամտութիւններով կացութիւններ ստեղծելու կամ շրջելու Անգարայի դերակատարութեան, այլ Թուրքիայէն դուրս սփռուած միլիոնաւոր Թուրքիոյ քաղաքացիներուն անկազմակերպուածութեան:
Ալ ուր մնաց ատրպէյճանական մանրապատկերին մասին համեմատութիւն կատարելը: Այս բոլորին վիճակագրական եւ վերլուծական գնահատական տալը խիստ կարեւոր է, մանաւանդ 100-ամեակի դիտանկիւններէն: Թուրքիայէն դուրս մղուելիք քարոզչաքաղաքական պատերազմին ուժերու գնահատումը անգիր օրէնք է:
«Ազերնիուզ»-ը կը պարզաբանէ, որ ատրպէյճանական սփիւռքի համակարգող կեդրոններուն գործառոյթին մաս կը կազմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը: Այս գործառոյթը չէ բացառուած, որ նախագծուած ըլլայ Անգարա-Պաքու միացեալ քարոզչամեքենային կողմէ: Աւելի համոզիչ կը դառնար, եթէ գործառոյթներուն առաջինը նման համակարգող խորհուրդներու ըլլար արցախեան հարցին վերաբերեալ ատրպէյճանական ապատեղեկատուութեան տարածումը եւ պատմութեան նենգափոխումը: Սակայն 100-ամեակի նախօրէին ատրպէյճանական սփիւռքի համակարգող կեդրոններու ցանցի յայտարարութիւնը կը մատնէ Անգարայէն եկած ներշնչումին եւ պատուէրին առկայութիւնը:
Հայկական կողմը առաւելներ ունի. այս մէկը սեփական ուժի գերագնահատում չէ: Սփիւռքի կառուցակարգումն ու քաղաքականացումը հոլովոյթ ապրած են եւ հարիւրամեայ ճամբայ կտրած: Թուրքեւատրպէյճանական համակարգող կեդրոնները պարզապէս հակակշիռ գործողութիւններ կազմակերպելու տրամաբանութեամբ պիտի բանին: Եթէ բանին:

«Ազդակ»