Պոլսոյ Պալատ թաղամասի մէջ Բրաբիոն գրագիտուհիին հետ եղած հանդիպումէն ճիշդ կէս դար եւ երկու ժամ հեռու է Պէշիկթակը իր Պարոնեանով: Այդ հեռաւորութիւնը ոտքով կտրելու համար պէտք եղած ժամանակը -երկու ժամ- ստուգաբանութիւնը կը հաշուէ Պարոնեան մեծն երգիծաբանի արագութիւնը չափանիշ առնելով, տրուած ըլլալով որ վերջինս ամէն օր Պապ-ը Ալիի տպարաններէն մինչեւ Պէշիկթաշ կը քալէ:
1884 թուականն է: Պարոնեան արդէն հրատարակած է իր ամէնամեծ քննադատական գործերը: Ու նոր հրատարակութեան մը երկունքին մէջ՝ մտազբաղ կը քալէ կայսերական պալատի բարձր պատերուն երկայնքով:
Ստուգաբանութիւնը լսած է, թէ երգիծաբանը, որպէս սովորութիւն, հսկայական պալատը իր պուրակներուն միացնող կամուրջին տակ ամէն օր շունչ մը կ'առնէ: Երկու քայլ աւելի արագ՝ ու դժուար չ'ըլլար անոր հասնիլ:
- Պարոն Պարոնեան:
- Դո՞ւք:
- Կը ներէք, անքաղաքավար գտնուեցայ ինքզինքս չներկայացնելով: Ես ձեր ընթերցողներէն եմ: Հաւատարիմ ընթերցող նոյնիսկ կրնամ համարուիլ:
- Շատ անգամ մարդիկ ինծի չեն հետեւիր, գրածներս նկատի ունիմ: «Խիկար»ը պիտի հանեմ հիմա: Երգիծաթերթ: Կ'ուզեմ մեր ազգայիններուն յոռի բարքերուն, բարոյական եւ ընտանեկան անկումներուն կեդրոնանալ: Պիտի հակազդեն: Գիտեմ: Գրչիս համար «խայթող» է կ'ըսեն: Օձն ալ կը խայթէ, բայց անոր թոյնէն հակաթոյն ալ կը շինեն: Քննադատութեան պիտի վարժուին: Անոր համար «Խիկար» պիտի կոչուի նոր թերթս, «Ժողովուրդին իմաստութիւնը մարմնացնող անձ»: Տեսէ՛ք, մեր ժողովուրդը ունի թերութիւններ, բայց աւելի մեծ է անոր իմաստութիւնը եւ հին: Ես այլեւս երիտասարդ չեմ, առողջութիւնս ալ յայտնի է: Պիտի գրեմ, որքան որ դիմանամ:
Երկու պարոնները կը վերսկսին քալել:
- Կը ներէք, դո՞ւք ինչով կը զբաղիք:
- Ստուգաբանութիւն. բառերու պատմութիւնները կը հետաքրքրեն զիս:
- Ուրեմն, թերթիս անունն ալ:
- Ի հարկէ: Գիտեմ, նաեւ, թէ ունիք «Խիկարի Գուշակութիւնք» անունով անտիպ գրքոյկ մը:
- Զարմանալի է. հազար տարիներ առաջ ալ մարդիկ ունեցեր են այս բոլոր թերութիւնները: Եւ Խիկարը այն մեծ իմաստունն էր, որ հայրական խրատներ կուտար բոլորին:
- Պարոն Պարոնեան, ան ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի իմաստունն էր: Անոր առակները հին ժողովուրդներու սրտէն բխած ու անոր բառերով մարմնաւորուած են: Ճիշդ չենք գիտեր թէ երբ, բայց կÿընդունինք, որ երկու հազար հինգ հարիւր տարի առաջ ապրած էր Ասորեստանի մէջ, թագաւոր Սենեքիրիմի օրերուն եւ եղած էր անոր ատենադպիրը: Խիկարի պատմութիւնները զրոյցներ են իր որդեգրած, չարահոգի քեռորդի Նաթանի հետ: Բնագիրը պահպանուած է ասորերէն, արաբերէն, եթովպերէն եւ հայերէն խմբագրումներու մէջ: Հայկական բնագիրը Ե. դարէն է, ամէնահինը՝ բոլոր խմբագրումներուն: Խիկարը, այլ լեզուներու մէջ Ahikar, Hiqar, Achiacharus, միջնադարձեան Հայաստանի մէջ վայելեց մեծ ժողովրդականութիւն, դարձաւ ազգային իմաստուն: Անոր հայերէն զրոյցները առաջին անգամ հրատարակուեցան 1708 թուականին, մինչեւ այսօր՝ տասնէ աւելի անգամներ:
- Պարոն Ստուգաբանութիւն, Խիկարը օր մը կը հանգստանար ծառի մը շունքին տակ: Գիւղապետը, որ այնտեղէն կ'անցնէր, Խիկարին կը հարցնէ, թէ ինչո՛ւ յարգանքի համար ոտքի չէ ելած: «Ես ոչի՛նչ եմ, կը պատասխանէ Խիկարը, դո՞ւն ով ես»: Գիւղապետը վիրաւորուած. «Ես գիւղապետ եմ, եթէ աւելի բարձրանամ կ'ըլլամ քաղաքապետ, ապա նահանգապետ, իշխան, թագաւոր..»: «Իսկ այդ բոլորէն յետո՞յ»: «Յետո՞յ, ոչինչ:» Խիկարը հպարտանալով կ'ըսէ. «Ես այդ ոչինչն եմ»:
Պարոն Ստուգաբանութիւն, ամիրաներու, աղաներու, առաջնորդներու, թաղականներու, մեծահարուստներու քով Պարոնեանը ոչինչ մըն է ու հպարտ է: Անոր համար է, որ նոր թերթս պիտի կոչուի «Խիկար»:
Նորայր Տատուրեան - «Ակօս»