Իբրեւ շարունակութիւն վերջին գրութեանս, լրացուցիչ կը փափաքիմ որոշ մտածումներ արտայայտել, քաղաքամայր Երեւանի էութեան մասին:
Երեւանը երեւակայութեամբ ու միաժամանակ իրապաշտութեամբ կառուցուած կամ կառուցուող քաղաք մըն է: Իր ժամանակներուն հետ կապ ունեցող քաղաք մըն է: Ի՞նչ կը մտածէինք երէկ, ի՞նչ կը մտածենք այսօր այս քաղաքին մասին:
Մեկնակէտ ունենալով Երեւանը, որ կազմուեցաւ, կամ կազմաւորուիլ սկսաւ 1918ին, Հայաստանի իբրեւ Առաջին Հանրապետութեան մայրաքաղաք, անկէ առաջ ալ իր ունեցած հնամենի պատմութեամբ:
Այսօր, ի՞նչ կը մտածենք երէկի, ի՞նչ կը մտածենք այսօրի մասին: Երէկի ու այսօրի բաղդատութեան միջեւ ուրուականներ կը տեսնե՞նք:
Հինէն ի վեր Երեւանի դիմաց Արարատը կար. անշարժ. այսօր ալ կայ. վաղն ալ պիտի ըլլայ: Երէկի ու վաղուայ մեր գոյատեւման պայքարի արտայայտութիւնն է ան: Քաղաքներն ալ կը գոյատեւեն, ճամբաներն ալ կը գոյատեւեն:
Եկէք, պահու մը, նայինք 1918ի Երեւանին: Պահու մը, նայինք, 2014ի Երեւանին: Շատ գեղեցիկ ու լուսաւոր քաղաք մը, լայն պողոտաներով, մայթերու երկայնքի ծառերով, լայն հրապարակներով, անուշավաճառատուներով, սրճարաններով, զբօսավայրերով, օտար գրութիւններով վխտացող վաճառատուներով, գեղեցիկ ցուցափեղկերով: Առաջ՝ նորաձեւութեան խանութներ չկային, այսօր ամէն քայլափոխիդ կը հանդիպիս անոնց:
Երեւանի հին թէ նոր պատմութիւնը անոր փաստը կամ անոր փաստի պակասն է, որ մեր իրականութեան մէջ ձեւաւորուած տուեալներով կը ներկայանայ, կամ կը փորձէ ինքզինք համոզել իր զարգացման նոր փաստերուն հաշւոյն:
Ի՞նչ կը մտածէին մարդիկ անցեալին իրենց վաղեմի քաղաքին համար, ի՞նչ կը մտածէ այսօր նոր հայը իր նորածին քաղաքի մասին: Քաղաքային ինքնութեան հարցերը ինչպէ՞ս կը դասաւորուին:
Տեսնենք. ի՞նչ էր երէկ մայրաքաղաքի պատմամշակութային միջավայրը, ի՞նչ է այսօր: Թերեւս լաւ էր, թերեւս աւելի լաւ պիտի ըլլայ. տուեալները այլեւս փոխուած են: Բայց ուզենք թէ չուզենք, նորը անցեալին հետ կապ ունի ու կապ պիտի ունենայ ընդմիշտ:
Անկախութիւնը կը ձեւաւորէ կառուցային նոր հիմք: Բնակիչները բախտաւոր են: Կը նախանձին ժամանակին մէջ ներդաշնակութիւն ստեղծելու գաղափարի ստեղծագործութեան:
Նոր շինութիւնները կրնա՞նք նոր դարու, նոր տասնամեակներու շինարարական յեղափոխութիւն բնորոշել: Քանի՞ հոգի հեռաձայն, քանի՞ հոգի ելեկտրականութիւն ունէր 1918ին, թէեւ քաղաքի մը գեղեցկութիւնը միայն հեռաձայնն ու ելեկտրականութիւնը չեն:
Բաղդատական մը տալու համար ըսեմ, թէ 1914ին Աթէնքի մէջ հազիւ 800 հոգի հեռաձայն ունէր, իսկ ելեկտրականութիւն ունէին միայն Սինտաղմայի եւ Օմոնիայի ամէնակեդրոնական հրապարակներուն տուները:
Քաղաքները սովորաբար կÿարդիականանան պատերազմներու յաջորդող տասնամեակներուն:
Հայաստանի մէջ արձան, շէնք, համալսարան աղտոտելու, պատերու վրայ նշանախօսքեր գրելու սովորութիւն չկայ, ինչպէս այլ երկիրներու մէջ: Համալսարաններն ու պետական շէնքերը, թանգարանները, մաս-մաքուր են, կը ծփան:
1918ին ինթերնեթ եւ ֆէյսպուք չկար. համակարգիչ ալ չկար. քազինօ բնաւ չկար: Այսօր, Երեւանը ուրիշ քաղաքներէ ետ չի մնար. կարգ մը պարագաներու ալ անոնցմէ աւելի անդին կÿերթայ:
Քաղաքամայրը կը կառուցուի յոյսով. չեմ կրնար ըսել լրիւ ճաշակով:
Նորակառոյց շինութիւններու հասուն ու ապահով ծրագիր նախատեսուա՞ծ է: Հաստատելի է, թէ Երեւանը երկար ժամանակ շինարարական մարզին մէջ ետ մնացած էր:
Հիմա, մէկը համաձայն ըլլայ, կամ չըլլայ, առանց զգայնութիւններու որեւէ մենաշնորհի, խօսինք նոր Երեւանի մը մասին:
Նորի որակը աննշան չէ: Երեւանը կը փոխուի եւ իր հետ կը փոխուի քաղաքին քարտէսը: Իսկ ընկերայի՞ն քարտէսը: Հոն ցաւալի պատմութիւնները շատ են: Շինարարական յանդուգն նախատեսումները այդ մարզի խորունկ տագնապը չեն լուծեր:
Երեւանի մէջ բազմացած են նոր թանգարանները, նոր շունչ ու զարգացման պատուաստ տալով հայրենաբնակ թէ սփիւռքաբնակ մշակութասէրներուն:
1918ի անկախութենէն եւ յետ խորհրդային տասնամեակներէն վերջ Երեւանը իր նկարագիրը կը փոխէ: Քանի մը տասնամեակ վերջ քաղաքի հին նկարագրէն միայն հետքեր մնացած պիտի ըլլան: Հին քաղաքի մնացորդացը...:
Յաջորդ էջը ի՞նչ է. ի՞նչ պիտի ըլլայ: Աւելի պիտի շնչե՞նք. յեղձամա՞հ պիտի ըլլանք. օդը պիտի աւելնա՞յ. երկինքը աւելի պիտի բացուի՞: Մեր փնտռած Երեւանը շինարարական արժէքներով գեղեցակացած Երեւան մըն է: Ա՛յդ դերը կÿուզենք վստահիլ իրեն, որպէսզի բարելաւուի իր օդը եւ աւելի առողջապահական դառնայ:
Մայրաքաղաքի բնակչութիւնը հին քաղաքի ժառանգութիւնը, հոգեբանական վիճակները ի՞նչ ձեւով կը դիմագրաւէ: Մարդիկ գործի գացած ատեն հիմնայատակ փլած հին տուները կը փնտռե՞ն: Վերջին 23 տարիներու փոփոխութիւններու մասին ժողովուրդը ի՞նչ կÿըսէ: Դիմագրաւուած խնդիրները լուծուա՞ծ են, թէ նորեր բարդացած են հիներուն վրայ:
Երեւանը արակա՞ն թէ իգական քաղաք մըն է:
Երեւանասէրներ թէ հակա-Երեւանասէրներ կա՞ն մայրաքաղաքին շինարարական շահագրգրութեան առումով: Նոր Երեւանը կը հետաքրքրէ՞ զիրենք: Ի՞նչ կÿըսեն հին քաղաքին մէջ մեծցած սերունդները, թէկուզ արտասահման գտնուին անոնք: Նոր սերունդին մէջ Երեւանը սիրելու կրակը կը վառի՞ իրենց ներաշխարհին մէջ: Անոնք քաղաքացիներու նոր ընկերութիւններ կազմաւորելու եւ իրենց կեանքը հոն շարունակելու դիտաւորութիւն ունի՞ն: Զիրենք հոն պահելու դաստիարակութիւն կ'ըլլա՞յ: Նոր սերունդը ի՞նչ գիտէ իր պատմական քաղաքին համար, որ մօտ 3.000 տարուան անցեալ կը հաշուէ:
Անկախութենէն առաջ Երեւանը տարեկան 30.000 զբօսաշրջիկ ընդունելու կարողականութիւն ունէր: Այսօր՝ հիւրանոցային հնարաւորութիւնները բազմացած են եւ տարեկան մօտ կէս միլիոն մարդ ընդունելու կարողականութիւն ունի:
Այսօր, Երեւանը, միջազգային քաղաք մը կրնա՞նք համարել: Զբօսաշրջիկը՝ Գառնի, Գեղարդ, Զուարթնոց, Սարդարապատ, Էջմիածնէն զատ ուրիշ ո՞ւր կը տանինք: Ոսկէ Ծիրան փառատօնէն, Հայաստան-Սփիւռք համաժողովներէն, սփիւռքահայ կառոյցներու տարեկան ընդհանուր ժողովներէն, համագումարներէն, բանակումներէն, մարզական խաղերէն թէ տողանցքներէն ուրիշ ի՞նչ կÿընենք, ուրիշ ի՞նչ կրնանք ընել: Տասնամեակներով Հայաստանին հանդէպ վստահութեան պակաս մը կար, որ քիչ մը ուրիշներ, քիչ մըն ալ մենք ստեղծեցինք: Հիմա՝ արդի մեր ժամանակներու դժուարին հանգրուանի մը դէմ յանդիման կը գտնուինք: Մեր Երեւանի ապագան երաշխաւորող քայլեր կ'առնե՞նք:
Այսօր մենք ինչո՞ւ Հայաստան կ'երթանք:
Այսօր օտարը ինչո՞ւ Հայաստան կ'երթայ:
Ի՞նչ ձեւով կ'արժեւորենք մեր ճամբորդութիւնները, այցելութիւնները, ազգային գրգիռները, թրթիռները, կարօտը, սէրը, ժամանակը, հողը, ջուրը:
Կը մտածեմ: Մեծ ժողովրդականութիւն վայելող Երեւանը դեռ իր վերջին թուղթը խաղցած չէ: Իր մանկութեան տարիներու վերամկրտութեան թուղթը թերեւս:
Քաղաքները կ'ապրին ու կը գոյատեւեն իրենց ժամանակով, իրենց ժամանակին մէջ, իրենց ժամանակին հաշւոյն:
Երեւանը կը կառուցուի կանոնաւոր թէ անկանոն, երեւակայութեամբ կամ ոչ: Իրապաշտութեամբ թէ պատահականութեամբ, շահագործումով, ներքին թէ արտաքին զարգացման համերաշխ դասաւորումով, բայց իր պատկերը կը փոխէ պատշաճելով իր ներքին ու նկարագրային հաւասարակշռութիւններուն ու ներդաշնակութեան հաշւոյն:
Ժամանակը, դատողութիւնը եւ ճաշակը ի նպաստ նոր ձեւաւորումին կը պատկանի: Դիւրին չէ առիթ տալը. դժուար ալ չէ: Այս պատմութիւնը դեռ երկար պոչ պիտի ունենայ:
Առիթ տանք երեւակայութեան, որ պիտի բխի մեր աւանդական արժէքներու պահպանման սկզբունքէն:
Երեւանը իր աշխարհագրական քարտէսը կը փոխէ, իր նոր անհատականութիւնը հիւսելով:
Յովսէփ Պարազեան
(Շար 20)