«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:
Գրպանի խնդիր
Երբ որոշեցի արձակուրդի երթալ ու ճշդեցի օրերս, ճամբորդական ներկայացուցիչէն խնդրեցի որ ապահովէ օդանաւի երթուդարձի տեղերը: Տուի թուականները, ժամերը, եւ յարակից մանրամասնութիւնները:
-Շատ լաւ, ըսաւ պաշտօնեան: Կրնա՞մ ունենալ ձեր գրպանը:
Ես կատակով պատասխանեցի.
-Ոչ, իմ գրպանս ինծի կը պատկանի, թէեւ ըսեմ որ շատ ալ լեցուն չէ:
Անշուշտ գիտէի որ ան իմ իրական գրպանիս չէր ակնարկած, ոչ իրական գրպանիս, ոչ ալ գրպանիս բովանդակութեան, ան պարզապէս ուզած էր ունենալ իմ գրպանի հեռախօսիս թիւը: Բայց հարցն այն էր որ գրպան բառը այլեւս ուրիշ ոչինչ կը նշանակէր եթէ ոչ գրպանի հեռաձայն: Ուրիշ հարց մըն ալ կար: Պաշտօնեայ այդ աղջիկը չէր գիտեր որ ես աշխարհի քանի մը միլիառ բնակիչներէն այն բացառիկ ու յետամնաց մարդն էի որ տակաւին գրպանի հեռախօս չէր գործածեր մինչեւ որ ստիպողական պարագայ մը չներկայանար: Տուի խմբագրատան եւ բնակարանիս հեռաձայնի թիւերը:
-Այսքան, ըսի, այս երկու թիւերէն միշտ կրնաք գտնել զիս:
Խմբագրատան մէջ մեր բոլոր գործընկերները մէկմէկ գրպանի հեռախօս ունին եւ անոնց այդ հեռախօսը միշտ բաց է: Եւ քանի որ բաց է, շարունակ կը գործէ: Մեր ընկերները շարունակ կը փնտռուին դուրսէն ու իրենց ալ կը փնտռեն դուրսը: Միայն իմ գրպանի հեռախօսն է որ գոց է եւ քանի որ գոց է, չի գործեր: Արդէն սխալ է իմ գրպանի հեռախօսը կոչել գրպանի հեռախօս, որովհետեւ ան երբեք գրպանիս մէջ չէ, այլ միշտ պայուսակիս մէջ է եւ պէտք է կոչուի պայուսակի հեռախօս:
Անշուշտ զիս շրջապատող գործընկերներս այնքան շատ գործ ունին որ բացի սենեակին մէջ գտնուող կանոնական հեռախօսէն, պարտաւոր են գործածել նաեւ իրենց գրպանի հեռախօսները, եւ թէ շատ յաճախակի կերպով ու գիտեմ որ մօտ օրէն պիտի ստիպուին իրենց միւս գրպանին համար երկրորդ հեռախօս մըն ալ գնել: Միայն ես եմ որ շատ գործ չունիմ դուրսիններուն կամ արտաքին աշխարհին հետ եւ աշխատասենեակիս կանոնական հեռաձայնը լրիւ կը բաւէ ինծի, նոյնիսկ պիտի ըսեմ որ յաճախ այդ իսկ շատ կուգայ ինծի, որովհետեւ կը պատահի որ երբեմն նայիմ հեռաձայնի գործիքին ու մտածեմ:
-Ինչո՞ւ մարդ չի փնտռեր զիս, ինչո՞ւ իմ հեռաձայնի գործիքը այսքան լուռ կը մնայ, մինչ իմ շուրջիններս շարունակ կը խօսին մէկու մը հետ:
Արդարեւ, երբ գործս կÿաւարտի ու յարմար եմ բարեկամի մը հետ շաղակրատելու, իմ հեռաձայնի գործիքը կը յամառի լուռ մնալ:
Յաճախ այցելութեան կուգան սա կամ նա հիմնարկի կամ մարմնի ներկայացուցիչները երեք կամ չորս հոգիով: Բոլորն ալ իրենց ձեռքը կամ տաբատի գրպանին մէջ ունին իրենց գրպանի հեռախօսը, որ անպայման պիտի հնչէ անոնց դիմացս նստելէն հինգ վայրկեան վերջ: Պիտի հնչէ կÿըսեմ, բայց ասիկա ըսելու ձեւ մըն է, որովհետեւ չի հնչեր, ձայն չի հաներ, միայն թէ չեմ գիտեր ինչպէս յայտնի կը դարձնէ որ փնտռող մը կայ: Մէկ մըն ալ կը նայիմ որ սա կամ նա հիւրը յանկարծ ձեռքը գրպանը կը տանի ու հեռախօսը դուրս կը հանէ, սանկ անգամ մը հեռախօսին պաստառին վրայ կը նայի, յետոյ կը բանայ ու կÿըսէ.
-Հիմա ժողովի մէջ եմ, ես քեզ քիչ վերջ կը փնտռեմ:
Կը պատահի որ հեռաձայն ստացողը յանկարծ գործիքը բանայ, ականջին տանի ու միաժամանակ վազելով սենեակէն դուրս ելլէ որպէսզի դուրսը խօսի: Անկարելի է որ չորս հոգիէն երեքին հեռաձայնի գործիքը գոնէ անգամ մը չհնչէ մեր այցելութեան ընթացքին: Ասիկա զիս բնաւ պիտի չխանգարէր եթէ այդ տեսարանին դիմաց ստորակայական բարդոյթ մը չզգայի մտածելով որ ամէն մարդ այսքան փնտռուած մարդ է մինչ ես ոչ մէկուն կողմէ կը փնտռուիմ:
Հետաքրքրական ուրիշ կէտ մըն ալ կայ: Չեմ գիտեր թէ սա վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին քանի հարիւր կամ քանի հազար այցելու ընդունեցի այս սենեակէն ներս: Ասոնցմէ ոչ մէկը սակայն օր մը ինծի ըսաւ.
-Ներեցէք, կրնա՞մ ձեր սեղանի հեռաձայնը գործածել:
Ոչ: Ոչ մէկը պէտք ունի սեղանի հեռաձայնին, որովհետեւ ամէն մարդ ունի իր գրպանի հեռախօսը: Իմ պարագաս բացառիկ է: Ես սեղանի հեռաձայն մը ունիմ խմբագրատան մէջ, սեղանի հեռաձայն մըն ալ ունիմ բնակարանիս մէջ, եւ կրնամ ըսել որ ամէն վայրկեան կա՛մ առաջինին քովն եմ, կամ երկրորդին քովն եմ: Փնտռեցէք, պիտի տեսնէք: Բայց գիտեմ որ աշխարհի վրայ շատեր յաճախ փողոցն են, ուստի պէտք ունին իրենց գրպանին մէջ երրորդ հեռախօս մըն ալ կրելու: Ասիկա ալ զիս բնաւ պիտի չխանգարէր, եթէ պարբերաբար չվախնայի որ այսօր աշխարհի վրայ մարդու տեղ չեն դրուիր այն անձերը որոնք գրպանի հեռախօս չեն գործածեր: Նախապէս դրամատունէ մը վարկ ստանալու ու դրա- մատան վստահութիւն ներշնչելու համար մարդիկ իրենց կալուածները, իրենց հարստութիւնը, իրենց գործը ցոյց կուտային: Հիմա չեմ գիտեր թէ գրպանի հեռախօս ունենալը բաւարա՞ր է վստահութիւն ներշնչելու համար, բայց գիտեմ որ գրպանի հեռախօս չունենալը թերեւս կասկած ու անվստահութիւն կը ներշնչէ: Այսօր կը վախնամ որ շատեր պիտի ըսեն.
-Այս մարդը ի՞նչ տեսակ մէկն է որ գրպանի հեռախօս չի գործածեր:
Պէտք է խոստովանիմ վերջին կէտ մըն ալ որ կարեւոր է: Երբեմն ես ինծի կÿըսեմ.
-Մարդ Աստուծոյ, չորս ժամէ ի վեր ոչ մէկը փնտռեց զիս: Ի՞նչ ընեմ, արդեօք ե՞ս ալ գրպան գործածել սկսիմ որպէսզի ամէն մարդ ամէն վայրկեան փնտռէ զիս:
Ռ. Հատտէճեան - «Կեանքը խմբագրատունէն ներս»
(Յուշատետր - 71)