Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Գանատացի յօդուածագիր Նիք Աշտոուն մօտէն այցելած է Պոլսոյ մէջ յունական համայնքի օրաթերթ «Ափողեւմաթինի»ի խմբագրատունը, իրազեկ դառնալով թերթի առօրեային ու դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Ստորեւ, թարգմանաբար կուտանք իր յօդուածի հիմնական կէտերը:

Պոլսոյ կեդրոնին մէջ զետեղուած է յունական «Ափողեւմաթինի» օրաթերթի խմբագրատունը: Ամէն օր, հինգ պաշտօնեաներ, գրասենեակներու վարի յարկը գտնուող փոքրիկ տպարանը կը հաւաքուին, ծալելու համար չորս էջերէ բաղկացած օրաթերթը: Բոլորն ալ թուրք են, մէկ բառ նոյնիսկ չեն կրնար կարդալ յունարէնով գրուած լրագիրէն: Շուտով անոնք ծալուած 600 թերթերը կը վերցնեն եւ նամակատուն կամ ցրուիչներուն կը յանձնեն, մէկական թերթ ղրկելով Պոլիս մնացած սակաւաթիւ յոյն ընտանիքներուն:
Պաշտօնեաներէն երեքը արդէն 30,50 եւ 60 տարիներ կը հաշուեն որպէս թերթի աշխատակիցներ: Ցրուիչ Սեպահէթին Էսէն կը խոստովանի թէ ինքզինք կարեւոր մէկ մասը կը զգայ յունական համայնքին. «Ես պարբերաբար կ'այցելեմ մեր ընթերցողներուն բնակարանները, ինծի սուրճ կը հրամցնեն. կը զրուցենք» կ'ըսէ ան, յիշելով յատկապէս ամառնային ժա- մանակաշրջանները, երբ ժողովուրդը արձակուրդի կը մեկնի Փրինկիփոս կղզի, ուր ինքնաշարժի օգտագործումը արգիլուած է. «ամէն օր զառիվեր բարձրանալը դժուար է. եւ այս ճիգը կ'ընենք 50 ղուրուշ (25 սենթ) արժող մէկ թերթի համար: Բայց մեր ընթերցողները իսկապէս կը գնահատեն մեր ծառայութիւնը եւ շատ ձեւերով ցոյց կուտան իրենց գոհունակութիւնը» կ'ըսէ ան:
Թուրքիոյ երբեմնի բազմամարդ յունական համայնքէն փոքր թիւ մը մնացած է ներկայիս, պետական քաղաքականութեան որպէս արդիւնք, որ իրերայաջորդ հարուածներ հասցուց փոքրամասնութեանց պատկանող ազգերուն, 20րդ դարու ընթացքին: Համայնքի պատկերը կ'արտացոլայ իր օրաթերթին վրայ, որ ինք եւս դադրեցման վտանգի եզրին հասած է:

* * *

«Ափողեւմաթինի»ն ցրուելու ժամն է: Առաւօտեան ժամը 11ին, կը սկսի աշխատանքը: Կ'ընկերանամ Մուսթաֆա Եորուքչայրին. կը քալենք պատմական յունական թաղամասին մէջէն, որ այժմ արուեստագէտներու եւ մտաւորականներու թաղ դարձած է: Կ'անցնինք 120-ամեայ Զողրաֆիոն կրթական հաստատութեան մարմարեայ սիւներու քովէն: Թուրքիոյ մէջ վերջին յունական վարժարաններէն է: Կը հանդիպինք մոխրագոյն մազերով զոյգի մը, որպէս ներկայացուցիչներ՝ անհետացող մարդոց խումբի մը: Թերթ կուտանք իրենց: Մուսթաֆա կ'ըսէ թէ մեծ մասը այլեւս Մահազդներու յայտարարութիւնները կը ստուգէ, հազիւ թերթը ձեռքը առնէ...

Տարիքոտ կին մը ձայն կուտայ շէնքի մը երկրորդ յարկի պատուհանէն: Զամբիւղ մը կÿիջեցնէ, խնդրելով որ լրագիրը զետեղենք զամբիւղին մէջ: Մեր շրջանը կ'աւարտի 134 տարուայ պատմութիւն ունեցող Այիա Թրիատա ուղղափառ եկեղեցւոյ մօտ, Թաքսիմի հրապարակին վրայ: Սեւ թաշկինակներ կախուած են շրջակայքի շէնքերուն վրայ, դիտաւորեալ յիշեցնելու համար 1955ի ազգայնականներու փոկրոմները յոյներուն դէմ, երբ փորձեցին եկեղեցին հրկիզել:
Կը հանդիպիմ «Ափողեւմաթինի»ի խմբագիր Միխալիս Վասիլիատիսին, Քուրթուլուշ թաղամասի իր բնակարանին մէջ, որ անցեալին Փոքրիկ Աթէնք անունը կը կրէր: Վասիլիատիս ունի շատ պատմութիւններ, լրագիրի հետ կապուած դէպքերու մասին: «Կին մը կար, որ իր բնակարանի բանալին յանձնած էր ցրուիչին: Եթէ ինք բացակայէր տունէն, ցրուիչը դուռը կը բանար եւ թերթը ներս կը ձգէր: Այնքան հարազատ են թերթի եւ ժողովուրդի միջեւ կապերը»:
Ան խնդալով կ'ըսէ թէ «Կինեսի» մրցանակներու գիրքին մէջ պէտք է տեղ տալ «Ափողեւմաթինիի», նկատի առնելով թէ 100% կը սպառին թերթերը, տեղւոյն բնակչութեան թիւին համեմատ: Փաստօրէն դառն իրողութիւն մը, որ բնաւ չի յիշեցներ 1920ական-1930ական թուականներուն աւելի քան 30.000 թերթի տպաքանակը: Այժմ, թերթի նիւթական վիճակը խղճալի դարձած է, բոլորովին անկարողութեան մատնուելով: Կարճ ժամանակ առաջ յայտարարուած էր թէ թերթը կը դադրեցնէ իր հրատարակումը, բայց մի քանի սրտցաւ բարերարներու շնորհիւ, երկարաձգուեցաւ լրագիրին կեանքը: