Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Հայաստանի մէջ տարուէ-տարի պատմահնագիտական կենսագրութեան կնիք դրոշմած թանգարանները կ'աւելնան. մարդոց կողմէ թանգարաններուն հանդէպ հետաքրքրութիւնն ալ կ'աւելնայ:
Հայաստանը միայն իր նախագահը, վարչապետը, կաթողիկոսը չէ. ուրիշ կարեւոր բաներ ալ կան:
Թանգարանները մշակութային ժառանգութիւն կը փոխանցեն սերունդներուն. կը հարստացնեն անոնց հոգեկան ու զգացական աշխարհը:
Հայաստանի թանգարաններուն մէջ մեծամասնութեամբ երիտասարդներ կը տեսնես, որոնք որոշակի մտածողութեամբ ու պատկերացումով տպաւորուած ու հիացած կը հետեւին՝ ցուցադրութիւններուն, երբեմն ժամեր մնալով թանգարանային միջավայրին մէջ:
Թանգարաններուն մէջ դարաշրջանները առջեւէդ կը տողանցեն, իւրաքանչիւրն իր պատմութեան ծաւալով ու արժէքով: Հոն կայ պատմութիւն մը, որ քեզի դիւրութեամբ կը համոզէ: Շնորհակալ ենք լաւագոյններուն համար:
Ազգային Պատկերասրահին մէջ այցելուներու այս ամառուան հետաքրքրութիւնը կը գրաւէր Սալվաթորէ Տալիի կրաֆիքական չորս գործեր, որոնք ցուցադրութեան համար յատկապէս տրամադրուած էին պատկերասրահին:
Ալեքսանդր Սբենդիարեանի տուն-թանգարանին մէջ իրարանցումը մեծ էր այս ամառ: Հոն՝ երաժշտական սաներ բացօթեայ կը նկարահանէին ներշնչելով ու ներշնչուելով:
Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանին մէջ 100 դիմակներու մրցոյթ յայտարարուած էր: Հոն կը ներկայացուէին Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին հայութեան մասնակցութիւնն ու դերակատարութիւնը յատկանշող վկայութիւններ: Տարիքային խումբեր կը մրցէին որակական երեւակայութեան ու ստեղծագործական հենքին հետ: Պարգեւատրուեցան լաւագոյնները խանդավառ ընդհանուր մթնոլորտի մը մէջ:
Գաֆէճեան արուեստի կեդրոնին մէջ երեք տարբեր ցուցահանդէսներ կը ներկայացուէին: Մասնակիցները շատ. խանդավառութիւնը մեծ: Կը հանդիսադրուէին Գաֆէճեանի հաւաքածոյէն նմուշներ, ինչպէս նաեւ իտալացի գծագրիչներու 60-ական 70-ական թուականներու գործեր: Առհասարակ երիտասարդներու հետաքրքրութիւնն ու մասնակցութիւնը չափազանց մեծ էր: Թանգարանին մէջ կը ներկայացուէր նաեւ ռուսական կերպարուեստ, կիրարական կերպարուեստ, հայ եւ ռուս արուեստագէտներու ստեղծագործութիւններ: Թանգարանը ամէն օր նոր բան մը, ընդհանրապէս հետաքրքրական հաւաքածոներ կը ներկայացնէր, յատկապէս յատկացուած ցուցադրական տարածքներու մէջ:
Երուանդ Քոչարի թանգարանին մէջ կը ներկայացուէին վարպետի տպաւորիչ գործեր: Արուեստագէտի այն գործերը, որ 70 տարի վերջ հրապարակ կուգային, որպէսզի հիները յիշեն եւ նորերը սորվին:
Փայտարուեստի թանգարանին մէջ մշտական ցուցադրութիւն կար: Հոն՝ հին ու նոր նուագարաններ կը ներկայացուէին, ուշադրութեամբ, բծախնդրութեամբ, բայց մանաւանդ նուրբ ճաշակով: Վստահաբար ժամանակը դաշնակցած է թանգարանի պահածոներուն հետ:
Տակաւին՝ Դեմիրճեանի, Փարաճանովի, Սարեանի, Չարենցի, Թումանեանի, Մինաս Աւետիսեանի թանգարանները, իւրաքանչիւրը այցելուներու ճաշակին ու հետաքրքրութեան դաշտի նախընտրութեամբ:
Հաւատացէք, ժամեր ու ժամեր կրնանք խօսիլ այս թանգարաններուն մէջ զետեղուած գանձերուն մասին, միեւնոյն տրամադրութեան մղող զգացականութեամբ:
Թանգարան մարդ ըսել է. արուեստ, պատմութիւն, աւանդութիւն ըսել է: Հոն՝ միայն «ազատ» բաները «ներկայ եմ» կը բացագանչեն: Հոն՝ դարերն ու իրար յաջորդող ժամանակաշրջանները կը հանդիպին, իրարու կը խաչաձեւուին պատմական եղելութիւններու եռուզեռային խտացումով ու պաշտօնականացած վերադարձով ու վերամկրտութեամբ:
Թանգարանները կարեւոր դեր խաղցած են մեր պատմութեան մէջ: Թանգարանը աչքի, ականջի ախորժալուր հմայք մըն է, արժէքներու հաղորդակցութեան վայր ու շրջագիծ մը, որ կը տոկայ ու կը յառաջդիմէ ժամանակին մէջ:
Թանգարանի շարունակութիւնը կարեւոր է: Շարունակութիւն ըսելով, կը հասկնանք ժամանակներու տեսաբանութեան ու տեսաբանութիւնը գործնականացնող իրազեկութիւն:
Հայաստանեան թանգարանը փիլիսոփայութիւն է: Երեւանեան թանգարանը նաեւ ճարտարապետութիւն է իր շէնքային կամ համաշխարհային կառուցուածքով: Իր հետ կը խօսիս դէմ դիմաց, բայց երրորդ դէմքով, որ հնագիտական արժէքին հանդէպ յարգանքի ցուցանիշ է:
Մեր թանգարանները հոտ ու բոյր ունին. սկիզբէն վերջաւորութիւն կը նախատեսեն: Այդ նախատեսութեան շնորհիւ կեանքը չի մեռնիր. տեւաբար կը վերածնի:
Թանգարանը մշակոյթի զարթնեցման խայծ ու շարժառիթ է: Չմոռնանք, որ մեր անցեալի նախահայրերուն հետ մեր մօտիկ թէ հեռաւոր կապը միշտ ալ ազգային կամ քաղաքական եղած չէ, այլ եղած է անմիջականօրէն քաղաքակրթական: Հետեւաբար, մեր քաղաքական ինքնութիւնը հրամայականօրէն հինէն չի գար, այլ հրամայականօրէն մեր քաղաքակրթական ինքնութեան շարունակութիւնը կը կազմէ: Եւ եթէ մշտավառ պահենք մեր քաղաքակրթութեան կրակը, թերեւս նուաճենք մեր մշակութային հետագայ թիրախներուն:
Ժամանակի խորութեան մէջ ճամբորդող հայը, հոն կը հանդիպի իր ինքնութիւնը ստորագրող այնպիսի արժէքներու, որ պատմութեան կը նմանին: Պատմութիւնը աւելի կը նմանցնեն պատմութեան: Անոնք՝ փաստօրէն պատմութիւն եւ շարունակութիւն են: Միաժամանակ՝ դասեր են մեր այսօրուան ու վաղուան կեանքին համար, անոր հին թէ նոր պատմական ճեղքերուն համար:
Թանգարան այցելելով մեր անցեալին կը նայինք, ինչպէս կը նայինք մեր ներկային: Այսպիսի մտածումներ կարելի չէ հինցած համարել, նոյնիսկ մեր ժամանակներուն:
Հայրենի թանգարանները մեր պատմութեան մխիթարութիւնն են: Ամէն անգամ որ թերահաւատ ենք:

Յովսէփ Պարազեան

(Շար 18)