Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Գործարար եւ իր ասպարէզին մէջ յաջողութեանց հասած ընկեր մը, Քալիֆորնիայէն, ամիսներ առաջ գոհունակութեամբ եւ խանդավառութեամբ կ՛ընդգծէր, թէ Հայաստանի մէջ վերջապէս սկսած են հասկնալու Սփիւռքին ներկայացուցած բուն արժէքն ու հարստութիւնը։

«Այլեւս միայն մեր դրամին ետեւէն չեն. իսկապէ՜ս մեր փորձառութենէն օգտուիլ կ՛ուզեն», կը շեշտէր ընկերս՝ դէպի Հայաստան կատարած իր այցելութեան լոյսին տակ, պաշտօնատար թէ գործարար մարդոց հետ իր ունեցած հանդիպումներուն եւ խօսակցութեանց ընդհանուր գնահատականը կատարելով։
Գործի մարդ ըլլալով եւ շուկայի հմտութիւն ունենալով՝ ընկերս յուսադրիչ կը գտնէր, որ սփիւռքահայու փորձառութենէն օգտուելու հայաստանահայուն «հասունացում»ը անպայման պիտի օգնէ, միջազգային շուկայի վրայ, հայրենական արտադրութեանց որակական բարելաւումին եւ մրցունակութեան բարձրացման։
Իսկ նման պատուաստում նոր հորիզոններ կը բանայ Հայաստանին օգնութեան հասնելու հաւաքական մեր զօրաշարժին առջեւ, կ՛եզրակացնէր ընկերս։
Յատկանշական զուգադիպութեամբ մը, նոյնիմաստ խորհրդածութիւններ կ՛ունենար, քանի մը շաբաթ առաջ, Հայաստանի Հանրային Հեռուստատեսութեան պաստառէն, ՀՀ Սփիւռքի նախարարուհին։ Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեան հայրենաբնակ իր լսարանը կը յորդորէր, ի միջի այլոց, թէ Սփիւռքին պէտք չէ նայիլ «դրսեցին» խաբելու «տեղացի»ի մտայնութեամբ, այլ՝ պէտք է օգտուիլ որակ բարելաւող սփիւռքահայուն փորձառութենէն, որուն հնարաւորութիւնն ու պատեհութիւնը չէ ունեցած հայաստանցին՝ պայմաններու բերումով։
Անշո՛ւշտ, կամուրջ մը երկու ուղղութեամբ կը բանի։
Յատկապէս Հայաստան-Սփիւռք կամուրջը միայն մէկ ուղղութեան չի ծառայեր։
Որքան Հայաստանը Սփիւռքի, նոյնքան Սփիւռքը Հայաստանի փորձառութենէն օգտուելու եւ սորվելու շատ բան ունի։
Խօսքը միայն տնտեսական կամ նիւթական բարիքներու, որակներու եւ փորձառութեանց փոխանակման կամ փոխազդեցութեան չի վերաբերիր, անկասկա՛ծ։
Նաեւ համայն հայութեան ազգային յիշողութիւնն ու արժէքային համակարգը փոխադարձ պատուաստումներով հարստացնելու հեռանկարին կը վերաբերի խօսքը։
Կը նշանակէ, որ հայութեան հայրենաբնակ եւ տարագիր հատուածներուն միջեւ գոյութիւն ունի, առաջին հերթին, լեզուամտածողական հաղորդակցութեան կամրջումի անհրաժեշտութիւնը։
Նոյնիսկ ամէնէն տարրական մակարդակի վրայ զիրար հասկնալու դժուարութիւն ունին Հայաստանն ու Սփիւռքը։
Պէտք չկայ մասնագիտական հարցախոյզ կատարելու՝ ստուգելու համար, որ միջին սփիւռքահայն ու հայաստանահայը մեծ մասով տակաւին կը շփոթեն միասնական ուղղագրութեան պահանջը մէկ ու միեւնոյն հայերէն լեզուն գործածելու առաջադրանքին հետ։ Աւելի՛ն. միջին արեւմտահայը կը դժուարանայ հասկնալու արեւելահայերէնը. նոյնպէ՛ս եւ հակառակը։
Հաղորդակցութեան կամրջումը եւ փորձառութեանց փոխադարձ ճանաչումը աւելիով կը բարդանան, երբ գաղափարական ու քաղաքական ընկալումներու, այլեւ հանրային ու ընտանեկան բարոյականի հարթութեան վրայ կը կանգնին միջին հայաստանաբնակն ու սփիւռքահայը։
Միջին հայաստանաբնակը, օրինակի համար, Անաստաս Միկոյեանի անունը լսելով կամ կարդալով, թերեւս ազգային հպարտութեան պահեր կ՛ապրի։ Մինչդեռ միջին սփիւռքահայը, լաւագոյն պարագային, սոսկ ապազգային ու միջազգայնական համայնավար գործիչ մը կը պատկերացնէ:
Օրինակները բազմերանգ են եւ բազմաճիւղ։ Նոյնպէս, օրինակի համար, կուսակցութիւն բառն ու յղացքը, հայրենի կողմն հայաշխարհի, առաւելաբար շահախնդրութիւն, նեղմտութիւն, հատուածականութիւն եւ այլամերժութիւն կ՛արթնցնեն մարդոց ենթագիտակցութեան մէջ։ Մինչդեռ Սփիւռքի տարածքին միջին հայը չի կրնար քաղաքական եւ ընկերային արժէքներու մասին խօսիլ ու վիճիլ՝ առանց կուսակցութեան մը փարելու, ոգի՛ ի բռին։
Գաղափարական եւ քաղաքական մակարդակի խոտորումները այնքան խորացած են, որ Մայիս 28-ի եւ Սեպտեմբեր 21-ի միջեւ իր հաստատ պատուանդանը դեռ չէ գտած Հայաստանի Անկախութեան ազգային տօնը։
Անտարակոյս դժուար է այս աստիճան ժանգ կապած կարծրատիպերու միջեւ կամրջումը։
Մանաւանդ որ ազգովին մեր միասնութիւնը խոցող ու տկարացնող տարբերութիւններն ու հակասութիւնները միայն հայրենականի եւ տարագիրի սահմանազատումով չեն պայմանաւորուիր։ Հիմնական տարբերութիւններ ու հակասութիւններ իրարմէ կը հեռացնեն, երբեմն նաեւ իրարու կը հակադրեն հայրենաբնակները. նոյնպէս եւ՝ սփիւռքահայերը…
Ելքը ի՞նչ է։
Ելքը Արցախեան պահանջատիրական շարժումով սկսած եւ Հայաստանի վերանկախացումով իր պատմական հունը գտած հայ ազգային ժառանգութեան մաքրազտումն է ամէն կարգի այլասերումներէ…
Ելքը փոխադարձ ճանաչումն ու արժեւորումն է հայ ազգային ժառանգութեան կենարար ակունքը կազմող հաւաքական փորձառութեանց՝ ինչպէս հայրենի հողի վրայ, նոյնպէս եւ Սփիւռքի տարածքին։
Ինչպէս որ Հայաստանը պիտի ընդունի, որ Սփիւռքը համահաւասար իրաւունքը ունի Ազգի Պետական Տան կառավարումը իրականացնելու, այնպէս ալ Սփիւռքը պիտի ընդունի, որ Հայաստանը համահաւասար իրաւունքը ունի կառավարելու Ազգի Փորձառութիւնը հարստացնող Սփիւռքը։
Փոխադարձ վստահութեան կամուրջներ երկարելու եւ ամրապնդելու մարտահրաւէրին մասին է խօսքը։

Նազարէթ Պէրպէրեան