Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Տասնամեակներէ ի վեր կը փորձեմ բնորոշել հայու անաղարտ, կամ աղարտուած դիմագիծը: Չեմ յաջողիր մօտաւոր թէ ճշգրիտ եզրակացութեան մը յանգեցնել մտածումս:

Հայաստան կատարած յաջորդական երկու այցելութիւններս այն եզրակացութեան յանգեցուցին զիս, որ բոլոր հայերը միայն

Արարատի շուքին տակ կրնան զտարիւն դիմագիծ ստանալ: Ի՜նչ հագուստ ալ հագնին անոնք՝ Արարատին առջեւ անոնց տարազը հայկական է: Ի՜նչ երկրի սիկարեթ ալ ծխեն անոնք, անոնց ծուխն ու մուխը հայկական է: Ի՜նչ երկրի դրօշ ալ վերցնեն անոնք, անոնց սրտին մէջ Եռագոյնը պիտի տիրապետէ, պիտի գերակշռէ:

 

Արարատը ամէն տեղ պիտի դրոշմէ իր կնիքը:

Թերեւս, թերահաւատներ հարց տան.- Արարատը կրնա՞յ դիմագիծ տալ հայուն: Խօսքը անոնց համար է, որ Արարատի սէրէն, պաշտամունքէն չեն կշտանար:

Ինչո՞ւ զարմանալ սակայն: Այսքան տարի այս եւ նման հարցադրումներ, տարբեր ու տարբեր բառերով, նախադասութիւններով, ոճով, զարտուղի թէ յստակ մտքերով արտասանած ենք՝ Շիրազեան, Սեւակեան, Կապուտիկեանական, Ծառուկեանական քառեակներով:

Պիտի հասնինք կատարիդ

Երբ ջրհեղեղը ռումբերուն գտնէ վերջ

Եւ արիւնի ծովերը հագնին ծիածան:

Ահա՛ պատմութիւնը պարտական է Արարատին: Միշտ պարտական պիտի ըլլայ անոր:

Ո՞ր հայրենիքը կրնայ այստեղ-այնտեղ տարտղնուած իր զաւակներուն պահպանելի դիմագիծ, կամ դիմագիծի պէս բան մը տալ: Դիմագիծը անհատականութիւն է, դիմագիծը երազ է: Ո՞ւր կը գտնուի սակայն այդ անհատականութեան գաղտնիքը: Դիմագիծն ալ գաղտնիք կ'ունենայ. չմոռնա՜նք: Կ'ունենայ անտարակոյս, երբ Մեծ Լերան շուքը պակսի իրմէ: Պակսելու-չպակսելու գաղտնիքը չվերակենդանացնելու, չվերապրեցնելու համար մենք պատասխանատուութեան մեր մեծ բաժինը ունինք:

Հայու ինքնութեան տեսաբանական բնորոշումի բազմակողմանի համեմատութիւններէն անդին սակայն, ե՞րբ պիտի խորանանք հայու խիղճի ինքնութեան, հայու տարուբերող պատկանելիութեան, այդ պատկանելիութիւնը կազմաւորող շրջապատին, միջավայրին, գաղափարական ակնկալութիւններուն, ու այսպիսի յատկանիշները ինքնաճշդող բովանդակութեան իմաստներուն մասին:

Հայու դիմագիծի ինքնութեան որոնումը անհրաժեշտ է. բայց հայը ո՞ր դիմագիծով կը շրջագայի այսօր աշխարհիս երեսին: Ինչպէ՞ս կը պատկերացնեն արդի հայը՝ այսօ՛ր:

Վերադառնամ սակայն, հայու ընդհանրական դիմագիծին՝ ինքնազարգացող, կամ զարգացման իր ուղիներով, գաղտնի թէ յայտնի ճամբաներով:

Ինչպէ՞ս կը բնորոշուի այսօր հայու դիմագիծի կենսագրութիւնը, հայու ծագման ու ինքնութեան հպարտութիւնը, արժանապատուութիւնը, արժանահաւատութիւնը ի՞նչ ձեւով կ'արտացոլայ իր դէմքին վրայ:

Այսօրուան դիմագիծը հին ժամանակներու չ'անդրադառնար, ոչ ալ ստիպողաբար հայու անցեալը կը վկայակոչէ:

Հայու ժամանակակից փառասիրութիւնները ի՞նչ ձեւով կը յատկանշուին մեր օրերուն, կեանքի ժամանակագրական քարտէսին մէջ:

Այլ ազգերու հետ բաղդատական կ'ընե՞նք. կրնա՞նք ընել. կ'արժէ՞ ընել...

Հայը՝ միշտ ալ պարզ ու ծանօթ բաներու մասին կը խօսի այնպիսի ձեւով, որ կը գերարժեւորէ անոնց իմաստը եւ կարեւորութիւնը: Իսկութեան մէջ իր չափազանցող ծանօթ նկարագրի յատկանիշն է ան: Հայը ամէնէն պարզ բաներուն վրայ իսկ կ'ուզէ կնիք դնել. ի՛ր կնիքը:

Մեր հայերը բնակչագրական թէ թուային առաւելութիւններ չունին իրենց ապրած երկիրներուն մէջ: Չունին նոյնիսկ մայր հողին վրայ: Երկու հակոտնեայ բեւեռներ որ նոյն յայտարարին կը յանգեցնեն, թէկուզ երկրորդական, երրորդական. քիչեր միայն կը յաւակնին առաջնակարգ դերեր փնտռել, գտնել, ապահովել: Հայը, նոր հայը՝ իրեն համար ամէնէն իրապաշտ դերը կը համարէ նոր իրականութիւններու համակերպիլը, պատշաճիլը. պատշաճեցումը իրապաշտ մարտավարութեան պէս բանի մը վերածելով: Ան կ'որոնէ իր յաջողութեան յաջորդ հանգրուանը: Կը հսկէ իր զգացումներուն ու իրեն պարտադրուած իրավիճակին վրայ, կապուած, թէ քակուած ձեռքերով:

Մեր հայրենակիցներէն ոմանք, արտասահմանեան իրենց նոր կայքերէն կը յայտարարեն, թէ հայրենիքէն չհեռացան միայն տնտեսական տագնապի պատճառներով, այլ ժողովրդավարական ներքին իրավիճակի ու բարոյահոգեբանական արժէքներու չգոյութեան իբրեւ դժգոհութիւն:

Ժամանակակից անդիմագիծ հայը իր դիմագրաւած բազմաբնոյթ ու բազմակողմանի խնդիրներուն զուգահեռ պարտի գիտնալ, պարզել, թէ ան տեւաբար կը թափառի ու կը թափառի, բայց իր բազմացող խնդիրներուն լուծումը չի գտներ, չի յաղթեր, գէթ՝ իր ուզած չափանիշներով: Լաւ գիտէ, որ ուրիշներ կը ճշդեն իր ապագան, եւ այս՝ ո՛չ թէ հիմա, այլ՝ հարիւրամեակներէ ի վեր: Ճշդած է, որ ինք տեղ ունի այն վայրին մէջ, ուր իր տեղը կը գտնէ, կամ հոն՝ ուր իրեն բարեհաճօրէն տեղ կը տրամադրեն: Եւ այս մէկը մաս կը կազմէ իր բնութեան ու նկարագրային յատկացուցիչին, իր պատկանելիութեան ամբողջացուցիչ յարակցութեան: Բայց ազգային թէ քաղաքական ի՞նչ միջավայրի մէջ տեղի կÿունենայ իր կեանքի զարգացումը, հոլովոյթը:

Չեմ գիտեր, եթէ ճիշդ դիտած եմ սփիւռքեան մեր իրավիճակը, բայց, կարծեմ, որ հայը՝ քիչ թէ շատ կորսնցուցած է իր քաղաքական, քաղաքացիական ու քաղաքակրթական անկախութիւնը. կը դժուարանայ հիմնաւորել ու մարմնաւորել իր ուժը. կը դժուարանայ բազմապատկել իր ուժը: Թերեւս, ոմանց հաշւոյն կուգայ այս տեսաբանութեան զարգացումը տարբեր ու ինչ-ինչ պատճառներով:

Հայերը իրենք զիրենք գաղթական պղտոր վիճակի մը մատնած են. երբ դուրս կուգան գաղթականի ընթացիկ իմաստով կենցաղավարական վիճակէն, արդէն իսկ կը լուծուին, կը ձուլուին իրենց շրջապատի ընկերային հասարակութեան մէջ, պատճառաբանելի թէ անպատճառաբանելի տուեալներ յառաջ քշելով: Չմոռնանք, որ մարդուն կը գրաւէ ընդհանրապէս արգիլուած բանը:

Հասարակաց խիղճ մը ի զօրու է իր կեանքի յաջորդական հանգրուաններուն համար: Իր կեանքին մէջ այնքան միջամտութիւններ եղած են, որ աղաւաղած են իր անցեալի կերպաւորուած դիմագիծը: Հայը՝ այսօր, հազուագիւտօրէն իր աւանդական դիմագիծը կը պահպանէ: Առանց որեւէ նախապաշարումի կրնամ ըսել, թէ տեսլականներու վրայ փարած մարդոց տոկոսը քիչցած է: Առիթներէն աւելի քննա՞ծ ենք ասոր պատճառները:

Հայը գաղջ վերաբերում ունի ժամանակին հանդէպ: Կը խորհի՞ յաջորդ սերունդներու ազգային ելքերու մասին: Կը խորհի՞ եկող հայու նոր տիպարի մասին: Կը մտածէ՞ կոյր եւ անարդիւնք կարգ մը զօրաշարժերուն մրցակցական առաւելութիւններ ապահովելու մասին:

Ինչպէ՞ս...:

Հայու դիմագիծը արտասովոր ահազանգի մէջ է: Կորսնցնելու վրայ է իր աւանդական կապը իր իրականութեան հետ: Այս իմաստները կը բխին մեր իրականութենէն եւ միայն գրականութեան մէջ չենք գտներ զանոնք:

Չի բաւեր հպարտ ըլլալ հայու եւ Հայաստանի անցեալով միայն, այլեւ ու մանաւանդ ներկայով:

Մեր ազգին յոյս ներշնչող կա՞յ: Մեր պատմութիւնը սեւ է: Մեր ապագան գունաւո՞ր է:

(Շար.13)

ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ