Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­­Հայ կա­թո­լիկ ե­կե­ղե­ցի­

­Հա­յաբ­նակ այլ վայ­րե­րու նման, 1860-ա­կան­նե­րու վեր­ջե­րը կա­թո­լի­կու­թիւ­նը մուտք կը գոր­ծէ ­­Հա­ճըն, եւ կարճ ժա­մա­նա­կի մը ըն­թաց­քին, բա­ւա­կան թի­ւով հայ լու­սա­ւոր­չա­կան ըն­տա­նիք­ներ կա­թո­լիկ դա­ւա­նան­քը կ­‘ըն­դու­նին:


Սկզբ­նա­կան շրջա­նին ա­նոնք ի­րենց հա­ւաք­նե­րը կ­‘ու­նե­նան ­­Ղուլ­լէպ­ճեան­նե­րու բնա­կա­րա­նին մէջ, ա­պա կը փո­խադ­րո­ւին բեր­դի կող­մե­րը, ուր կը կա­ռու­ցեն ե­կե­ղե­ցի մը, որ սա­կայն1884-ի ­­Հաճ­նոյ ­­Մեծ Հր­դե­հի պա­հուն հրոյ ճա­րակ կը դառ­նայ:
1892-ի ա­տեն­նե­րը հայ կա­թո­լիկ հա­մայն­քին եւ ան­ձամբ ­­Թէր­զեան ­­Գե­րա­պայ­ծա­ռի ջան­քե­րով եր­կու հսկայ շէն­քեր կը կա­ռու­ցո­ւին, ճար­տա­րա­պետն է հա­ճըն­ցի ­­Թո­րոս վար­պետ ­­Պա­պա­հէ­քեան: Այս շէն­քե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րը կը բաղ­կա­նայ ե­րեք յար­կէ: Ա­սոնց­մէ մին կը ծա­ռա­յէ միան­գա­մայն ­­Հայ­րա­պե­տա­նո­ցի եւ տղա­յոց վար­ժա­րա­նի, իսկ միւ­սը կը գոր­ծա­ծո­ւի իբ­րեւ ­­Մայ­րա­պե­տա­նոց եւ Ա­նա­րատ Յ­ղու­թեան ­­Քոյ­րե­րու աղջ­կանց գի­շե­րօ­թիկ վար­ժա­րան:
1900-ա­կան­նե­րու սկիզ­բը նոյն շրջա­փա­կին մէջ կը կա­ռու­ցո­ւի քա­րա­շէն խո­շոր ե­կե­ղե­ցի մը, միա­ժա­մա­նակ թէ’ վե­րա­հաս հրդեհ­նե­րէ պաշտ­պա­նո­ւե­լու եւ թէ ա­ւե­լի մեծ թի­ւով ժո­ղո­վուրդ պատս­պա­րե­լու նպա­տա­կով:

 

­­Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղե­ցի­ներ­

­Հաճ­նոյ շրջա­նա­կին մէջ Ա­ւե­տա­րա­նա­կա­նու­թիւ­նը մուտք կը գոր­ծէ 1860-ա­կան­նե­րուն սկիզ­բը, ա­մե­րի­կա­ցի մի­սիո­նար ­­Ճեք­սըն ­­Քոֆ­ֆին­կի մի­ջո­ցաւ: ­­Վեր­ջինս իր տիկ­նոջ՝ ­­Ժո­զե­ֆին ­­Քոֆ­ֆին­կի հետ միա­սին ­­Հա­ճըն հաս­տա­տո­ւե­լով կը սկսին Ա­ւե­տա­րա­նա­կան գա­ղա­փար­ներ, Ս. ­­Գիրք քա­րո­զել ժո­ղո­վուր­դին մէջ: ­­Շու­տով Այն­թա­պէն ­­Հա­ճըն կու գան նաեւ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան այլ գոր­ծիչ­ներ եւս, Ա­ւե­տա­րա­նա­կան շար­ժում մը յա­ռաջ բե­րե­լու նպա­տա­կով: Եւ ար­դէն 1867-ին կը կազ­մո­ւի ա­ռա­ջին ե­կե­ղե­ցին, փոք­րա­թիւ ան­դամ­նե­րով, ո­րոնք ի­րենց պաշ­տա­մունք­նե­րը կը կա­տա­րեն ­­Նա­զա­րէթ ­­Տար­տա­ղա­նեա­նին տան մէջ: ­­Քա­ղա­քին մէջ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան­նե­րուն թի­ւը հետզ­հե­տէ ա­ւել­նա­լով, ­­Վե­րի ­­Թա­ղին մէջ կը­կա­ռու­ցո­ւի ­­Հայ Ա­ւետ. Ա­ռա­ջին ե­կե­ղե­ցին:
1878ի ա­տեն­նե­րը այս ե­կե­ղե­ցին ալ նեղ գա­լով քո­վը գտնո­ւող քա­նի մը տու­նե­րը կը գնո­ւին ա­ւե­լի ըն­դար­ձակ ե­կե­ղե­ցիի մը շի­նու­թեան հա­մար: 1879ի գա­րու­նը, յատ­կա­պէս ե­կե­ղե­ցիի շի­նու­թեան գոր­ծին օ­ժան­դա­կե­լու հա­մար ­­Մա­րա­շէն ­­Հա­ճըն կու գան ­­Տօքթ. ­­Թո­մաս Ք­րիս­թի եւ կի­նը՝ ­­Քար­մը­լայթ: ­­Սա­կայն, նախ յար­մար կը դա­տո­ւի ­­Պատ. ­­Սար­գիս ­­Տէ­վի­րեա­նի ձեռ­նադ­րու­թիւ­նը կա­տա­րել, որ տե­ղի կ'ու­նե­նայ 15 ­­Սեպ­տեմ­բեր 1879ին: Ե­կե­ղե­ցիի նե­ղու­թեան պատ­ճա­ռով ձեռ­նադ­րու­թիւ­նը բա­ցօ­թեայ կը կա­տա­րո­ւի: Աս­կէ յե­տոյ է, որ ա­ւե­լի ըն­դար­ձակ ե­կե­ղե­ցի մը կա­ռու­ցե­լու նպա­տա­կով ժո­ղո­վուր­դին կը դի­մեն նո­ւի­րա­տո­ւու­թեան հա­մար: ­­Ժո­ղո­վուր­դը սրտա­բուխ նո­ւէր­նե­րով կը մաս­նակ­ցի նո­ւի­րա­հա­ւա­քին եւ 1880-ին կը ձեռ­նար­կեն շի­նու­թեան գոր­ծին, որ կ­‘ա­ւար­տի 1882-ին:
­­Նո­րա­կա­ռոյց շէն­քին վա­րի յար­կը կը ծա­ռա­յէ հա­մայն­քին երկ­սեռ մա­նուկ­նե­րուն իբ­րեւ դպրոց, իսկ վե­րի յար­կը իբ­րեւ ե­կե­ղե­ցի: ­­Հարկ է յի­շել, որ ­­Հաճ­նոյ ­­Հայ Ա­ւետ. Ե­կե­ղե­ցին իր հիմ­նադ­րու­թե­նէն ի վեր ինք­նա­բաւ վի­ճակ մը ու­նի, ե­կե­ղե­ցիի բո­լոր ծախ­սե­րը, նե­րա­ռեալ հո­վի­ւին ամ­սա­թո­շա­կը, կը հո­գա­ցո­ւի հա­մայն­քին մի­ջոց­նե­րով, ա­ռանց ար­տա­քին օ­ժան­դա­կու­թեան, որ բա­ցա­ռիկ ե­րե­ւոյթ մըն էր այդ ա­տեն: 1903-ի տո­ւեալ­նե­րով այս ե­կե­ղե­ցին ու­նի 1000-է ա­ւե­լի ժո­ղո­վուրդ:
­­Հաճ­նոյ հա­րա­ւա­յին կող­մը եւս Ա­ւե­տա­րա­նա­կան հե­տե­ւորդ­նե­րու թո­ւա­կան ա­ճը, ինչ­պէս նաեւ Ա­ռա­ջին ե­կե­ղե­ցիի հե­ռա­ւո­րու­թիւ­նը նկա­տի առ­նե­լով, 1889-ին ­­Բեր­դի վա­րի կող­մը ըն­դար­ձակ հող մը գնե­լով կը կա­ռու­ցեն ­­Հայ Ա­ւետ. Երկ­րորդ Ե­կե­ղե­ցին: Երկ­յար­կա­նի այս շէն­քը նոյն­պէս կը ծա­ռա­յէ թա­ղին հո­գե­ւոր եւ կրթա­կան կա­րիք­նե­րուն: Ա­ռա­ջին յար­կը կը գոր­ծա­ծո­ւի երկ­սեռ մա­նուկ­նե­րու իբր ման­կա­պար­տէզ եւ նա­խակր­թա­րան, իսկ վե­րի յար­կը իբ­րեւ ժո­ղո­վա­րան:
Եր­կու ե­կե­ղե­ցի­ներն ալ ու­նին ի­րենց նա­խակր­թա­րան­նե­րը՝ ընդ­հա­նուր 630 ա­շա­կեր­տու­թեամբ, Ե­րի­տա­սար­դաց եւ ­­Կա­նանց ա­ռան­ձին ըն­կե­րակ­ցու­թիւն­նե­րը:
­­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­մայն­քը Ա. ­­Պա­տե­րազ­մէն ա­ռաջ կը հա­շո­ւէր մօտ 300 տուն:
­­Հայ Ա­ւետ. Ա­ռա­ջին Ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վիւ­նե­րը ե­ղած են՝ ­­Վեր. ­­Փա­նոս ­­Գա­րա­կէօ­զեան եւ իր օգ­նա­կա­նը Ա­ւագ ­­Խո­ճա ­­Շի­րէ­ճեան, ­­Վեր. ­­Սար­գիս ­­Տէ­վի­րեան, ­­Վեր. ­­Սար­գիս ­­Թօ­րեան, ­­Վեր. ­­Տիգ­րան ­­Րէ­ճէ­պեան, ­­Վեր. ­­Կա­րա­պետ ­­Յա­րու­թիւ­նեան, ­­Վեր. ­­Յա­րու­թիւն ­­Խա­չա­տու­րեան: Իսկ Երկ­րորդ Ե­կե­ղե­ցիի հո­վի­ներն են՝ ­­Պատ. Ա­ւագ ­­Շի­րէ­ճեան, ­­Պատ. Ս­տե­փան ­­Յով­հան­նէ­սեան, ­­Պատ. Գ­րի­գոր ­­Գըր­գեա­շա­րեան, ­­Պատ. ­­Տիգ­րան ­­Գա­լայ­ճեան եւ ­­Վեր. ­­Լե­ւոն ­­Սո­ղով­մէեան: (Գ. մաս)

 

Հեղինակ՝Վար­դի ­­Քէ­շի­շեան,
www.houshamadyan.org