Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Յաճախ կը լսենք, որ ազգի մը ապագան իրենց պատրաստած սերունդներն են: Նոյպէս կը լսենք, որ ընտանիքը, դպրոցը եւ ընկերութիւնը պատասխանատու են առողջ սերունդներու կերտման մէջ: Ի զուր չէ, որ այսօր մեր հետաքրքրութեան նիւթը Հայաստանի Հանրապետութեան ուսումնական ներկայ իրավիճակն

է: Ան, ոչ միայն կը հետաքրքրէ այս հաւաքը կազմակերպող կրթութեան բնագաւառին մէջ աշխատող ուսուցիչևուսուցչուհիները, այլ նաեւ համայն հայ ազգը: Ի վերջոյ, մեր երիտասարդ հանրապետութեան կրթական համակարգը եւ անոր առջեւ արգելք հանդիսացող այլազան մարտահրաւէրները, մեր ամէնուն հետաքրքրութեան առարկան են:
Հակառակ  քաջածանօթ ըլլալու ուսումնական համակարգին ունեցած թերութիւններուն եւ դժուարութիւններուն, պիտի չխուսափիմ զանոնք ներկայացնելէ: Ընդունինք սակայն, որ չկայ մոգական գաւազան մը , զոր օգտագործելով կրնանք հասնիլ իտիալական գոյավիճակին: Ու չեմ ուզեր թերագնահատել մանաւանդ այն բոլոր փորձերն ու դրական ճիգերը, որոնք կը տարուին տարուէ տարի զայն բարելաւելու համար:
Պէտք է ի մտի ունենալ, որ թէ քաղաքական, թէ ընկերային, թէ կրթական, թէ մշակութային եւ թէ որեւէ այլ ոլորտ, տակաւին կը մնան ու կը գործեն եօթանասուն տարի երկարող Սովետական տիրապետութեան միահեծան, հակաժողովրդական զօրաւոր ազդեցութեանց տակ: Միայն ժամանակը ու տարուած հետեւողական ու ժողովրդանուէր աշխատանքն ու անոր գլխաւորած ազգային ոգին պիտի կարողանան մեզ հասցնել մեր երազած ու տենչացած բարենպաստ գոյավիճակին:
Հայաստանի Հանրապետութեան կըրթական ներկայ համակարգը, ինչպէս բովանդակ երկիրը, անցման փուլի մէջ են: Սովետական համակարգէն անցումը, եւրոպական կամ արեւմտեան կրթական համակարգին, այնքան ալ սահուն չ՛ընթանար: Համակարգը ուսումնական, յարաճուն փոփոխութեան մէջ է, բայց մօտակայ ապագային կայունալու նշաններ ցոյց չի տար դեռ, դժբախտաբար:
2006-2007 տարեշրջանին սկսաւ անցումը 1Օ տարուան նախնական ուսումէն 1Ձ տարուան:
2009-2010 տարեշրջանին սկսան 1Ձ տարուան միջնակարգ դպրոցները վերածուիլ Հիմնական (1-9) եւ Աւագ (1Օ-12) դպրոցներու: Թէ ծնողները եւ թէ Համակարգին մէջ աշխատողները լաւ չընկալեցին այս փոփոխութիւնները: Ուսուցիչներու մեծամասնութիւնը Սովետական Համակարգի արտադրութիւնն են եւ ջատագովը այդ Համակարգին, ուստի ամէն փոփոխութիւն կամ նորութիւն կը հանդիպին մեծ դիմադրութեան:
Աւագ  դպրոցները ունին զանազան հոսքեր, streams, «Հումանիտար», Բնագիտամաթեմատիկական եւ Ընդհանուր (arts, aciences, general) եւ նպատակ ունին նախամասնագիտական ուսում ապահովել աշակերտներուն: Ի դէպ, Հայաստանին մէջ աշակերտ բառը կը վերաբերի մինչեւ 1Ձևրդ դասարան յաճախողներուն, իսկ բարձրագոյն կրթութիւն ստացողները, համալսարաններու եւ այլ մասնագիտական հաստատութիւններուն մէջ, կը կոչուին ուսանող:
Դասագրքեր.- Դասագիրքը ուսուցիչին զէնքն է ու աշակերտին շտեմարանը: Անդադար, անհատներու կողմէ, կը պատրաստուին դասագրքեր, որոնք կը մասնակցին մրցոյթներու: Յաղթողները կ՛անցնեն փորձառական շրջան, ապա կը վաւերացուին Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան կողմէ: Սակայն դասագրքերը եւս շարունակական փոփոխութեան մէջ են: Իմ հարեւանցի փորձառութեամբս այս դասագրքերը բարդ են ու վերացական, որոնք աշակերտին կը խօսին ոչ դիւրահաղորդ նիւթերու մասին: Զանոնք պատրաստելու ընթացքին, դասարանային եւ ուսումնական մակարդակներ գրեթէ նկատի չեն առնուած: Օգտաշատ դասագիրք պատրաստելը տրամաբանութիւն ու մասնագիտութիւն կը պահանջէ: Մանաւանդ տրամաբանութիւն:
Տնօրէնները եւ ուսուցիչները պարբերաբար կը հետեւին վերաորակաւորման դասընթացներու եւ քննութիւններ կ՛անցնեն, որպէսզի ըստայնմ կարենան իրենց ունեցած գործը շարունակել:
Ազգային ոգիի եւ ազգային շունչի մասին գրեթէ խօսող չկայ: Ըստ իս, ընդհանուր գիտութեանց զուգահեռ պէտք է ընթանան անոնք, աշխարհի բոլոր հայկական դպրոցներուն մէջ: Ես կը հաւատամ, Համակարգի ամէն փոփոխութիւն, ազգային ամէն գիտութիւն կամ ուղղութիւն կը սկսին դպրոցներէն: Ինչպէս ըսի սկիզբը, դպրոցները հիմնաքարերն են ժողովուրդներու, ազգերու եւ հայրենիքներու յարատեւման:
Դպրոցական շէնքեր.- Դպրոցական շէնքերը, որոնք մեծամասամբ Սովետական տարիներուն կառուցուած են, անտարակոյս անյետաձգելի խնամքի պէտք ունին: Կառավարութիւնը ամէն տարի որոշ քանակութեամբ դպրոցներ կը նորոգէ: Օգնութեան կը հասնին նաեւ սփիւռքահայ ու տեղացի բարերարներ, զանազան անհատներ ու բարեսիրական կազմակերպութիւններ: Յիշեցնեմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին կան իննը հարիւրէ աւելի համայքներ, այսինքն գիւղեր ու գիւղաքաղաքներ, որոնցմէ ամէն մէկը ունի մէկ կամ մէկէ աւելի դպրոցներ: Մեծ քաղաքներու եւ Երեւանի դպրոցները, քիչ թէ շատ, արտաքին երեւոյթով ընդունելի վիճակ մը ունին: Ըսած եմ, կ՛ըսեմ ու պիտի ըսեմ, Երեւանը Հայաստանը չէ: Գիւղերն են Հայաստանը, մանաւանդ սահմանամերձ գիւղերը, որոնք խեղճ ու կրակ վիճ մը կը ներկայացնեն ներկայիս ու ամէն խնամքի կարիքը ունին, ըլլայ ան ուսումնական կամ նիւթական:
Ուսման որակը.- Ուսման որակը բարձրացնելու ճիգերը ակնյայտ են:ԹԷեւ միշտ չէ, որ անոնք կը հասնին իրենց հետապնդած նպատակին: Հին Համակարգին մէջ ուսուցումը կ՛ըլլար հին «մեթոտաբանութեամբ», ուր ուսուցիչը կը բացատրէր դասը եւ աշակերտը պէտք էր իւրացներ զայն: Հիւսիսային Ամերիկեան մօտեցումները, ուր կը քաջալերուին խմբային աշխատանքը, գործնական կիրարումները եւ աշակերտին անձնական ճիգերով նիւթի մը շուրջ պրպտումներ կատարելով ներկայացնելու վարժութիւնը, դեռ մուտք չեն գործած դպրոցներուն մէջ: Որպէս երկար տարիներու Սովետական «պրոբականտի» արդիւնք, ուսուցիչներն ու ծնողները կը հաւատան տակաւին, որ նախկին ուսումնական Համակարգը լաւ էր ու փոփոխութեան կարիքը չունէր: Ուստի, ամէն փոփոխութեան առաջարկ, կը հանդիպի անտեղի դիմադրութեան եւ կ՛ընդունուի հին Համակարգը նսեմացնելու որպէս փորձ: Մարդոց մտքերուն ու հոգիներուն մէջ, հին սովորութիւններ ու մտածումներ փոխելը շատ դժուար գործ է: Հետեւողականութիւն ու աննահանջ կեցուածք կը պահանջէ ան:
Նախկին Համակարգին մէջ հայրենիք բառը համազօր էր Սովետական հայրենիքին: Ազգային դաստիարակութիւնը չէր, որ կը մատուցուէր դպրոցներուն մէջ, այլ համայնավարամիտ մեծ հայրենիքին հնազանդ քաղաքացի ըլլալու եւ Խորհրդային համակարգին հաւատացողը եղող սերունդ պատրաստելու աշխատանք մըն էր ան: Առհասարակ այս «մեթոտով» դաստիարակուած սերունդն է, որ ներկայիս կը կառավարէ մեր նորանկախ հայրենիքը, գրեթէ իր բոլոր ոլորտներուն ու մարզերուն մէջ: Այսօր դասաւանդուող նիւթերուն վրայ աւելցուած են, հասարակագիտութիւն, հայրենագիտութիւն,Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն, ռազմագիտութիւն առարկաները, որոնք կը միտին գոցել այս բացը:
Ամիս մը առաջ յայտարարուեցաւ հայկական պարի նիւթի աւելացումը: 2Օ11ևէն սկսան դասաւանդել ճատրակ (chess), Երկրորդ դասարանին մէջ: Ըստ իմ ունեցած տեղեկութեանց,Հայաստան աշխարհի միակ երկիրն է, ուր դպրոցներուն մէջ, պաշտօնապէս կը դասաւանդուի ճատրակը: Հայաստանին մէջ կը գործածուի շախմատ բառը  փոխան ճատրակի:
Հայրենագիտութիւն առարկան կը միտի աշակերտին ծանօթացնել ներկայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իր քաղաքական, ընկերային, աշխարհագրական, պատմական ու այլ երեսներով:
Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը կը խօսի մեր եկեղեցւոյ արձանագրած պատմական  ոլորտներու մասին: Քրիստոնէական, մարդասիրական մօտեցումները հեռու կը մնան այս դասաւանդութիւններէն: Անոնց բացը մասամբ մը կը փակեն, կարգ մը շրջաններու մէջ, եկեղեցւոյ միջոցներով կազմակերպուած Կիրակնօրեայ վարժարանները, որոնք ազգային շունչով տկար են տակաւին: Աղօթքն ու մեր ազգային Ոգերգը, «Մեր Հայրենիքը», դեռ չեն սեփականացուած դպրոցներուն կողմէ: Անոնց ներփակած հոգեկան բաւարարութիւնը եւ հայրենասիրական  շունչ ներշնչող ոգին, կարծես կարեւոր չեն  նկատուիր դպրոցներու պատասխանատուներուն կողմէ: Տէրունական աղօթքը եւ ազգային Ոգերգը հաւաքաբար արտասանելու կամ երգելու վարժութիւնը չէ որդեգրուած տակաւին:
Ռազմագիտութիւն առարկան կը միտի մանչերուն տալ զինուորական նախնական պատրաստութիւն: Իսկ աղջիկներուն կը դասաւանդուի օրինակելի կիներ ու մայրեր դառնալ:
Անցեալ տարի սկսաւ հայկական «պլանշեթներու», փոքր ու ձեռքի համակարգիչներու (tablets), տեղական արտադրութիւնը: Ըստ Կրթական Նախարարութեան կատարած յայտարարութեան, շարք մը դպրոցներու տարրական դասարանի ամէն աշակերտ շուտով պիտի ունենայ իր անձնական փոքր համակարգիչը, որուն մէջը պիտի ըլլան իր բոլոր դասանիւթերն ու դասագրքերը: Իսկ ծնողները, եթէ կը փափաքին, պիտի կարենան, համակարգչային միացումով, տեսնել իրենց զաւակներուն տրուած գնահատականները,ստացած նիշերն ու արձանագրած յառաջդիմութիւնը: Ասոր կ՛ըսեն յառաջդիմութիւն:
Ամավերջի քննութիւնները (գրաւոր ու բերանացի) կ՛անցընեն Չորրորդ, Իններորդ եւ Տասնըերկրորդ դասարանները միայն: Միւս դասարաններու գնահատականները կը հիմնուին տարուան ընթացքին ցուցաբերուած աշխատանքին վրայ:
Պետական համալսարանները ընդունուելու համար պէտք է մասնակցիլ միասնական քննութիւններու: Ամբողջ երկրին մէջ, նոյն օրը, նոյն ժամուն, աշակերտները կը մասնակցին այս քըննութիւններուն: Յաջողելու պարագային, կ՛ընդունուին համալսարան: Ամէն տարի կը հրատարակուին Շտեմարան անունը ունեցող գրքեր, որոնք կը մանրամասնեն այս քննութիւններուն մասնակցելու համար հարկ եղած գիտելիքները:
Մասնագիտական հակում ունեցող «գոլեճներ» ընդունուելու համար նման քննութիւններու հարկը չկայ:
Պետական դպրոցներու շարքին կան նաեւ Մասնաւոր դպրոցներ: «ԱՅԲ» դըպրոցը, օրինակի համար, որ քանի մը տարի առաջ հիմնուեցաւ ռուսահայ  բարերարներու օժանդակութեամբ, կը միտի արտադրել երկրի «Էլիդը» կամ ինչպէս Հայաստան կ՛ըսեն «Էլիտան», վերնախաւը: Զայն կարելի է բախտատել, օրինակ, Թորոնթոյի  «Upper Canada College»ին հետ: Միայն ուսումնատենջ եւ ուշիմ աշակերտները կ՛ընդունուին հոն: Կրթաթոշակը շատ բարձր է, բայց բարերարներու օգնութեամբ, յառաջադէմ աշակերտները, որոնք չեն կրնար վճարել զայն, դուրս չեն մնար: Այս դըպրոցը ունի ժամանակակից բարձր          «տեխնոլոկիա», որուն նմանին ես չեմ հանդիպած արեւմուտքին մէջ: Դպրոցին ներքին բոլոր պատերը գործածելի գրատախտակներ են: Աշակերտները դասարան կը մտնեն իրենց անձնական հմակարգիչներով եւ անմիջապէս կը միանան դպրոցի կեդրոնացուած համակարգիչին եւ դասաւանդութիւնը կը վարուի interactive, ներքնագործօն կամ փոխագործօն դրութեամբ: Կան նաեւ ուրիշ վճարովի յատուկ դպրոցներ, որոնք կը ջանան արդիական «մեթոտաբանութիւն» գործածել իրենց դասաւանդութեանց մէջ, շեշտը դնելով նոր «տեխնոլոկիայի» ունեցած առաւելութեանց վրայ:
Դիլիջանի միջազգային դպրոց.և Իրենց կայքէջէն կը տեղեկանամ, թէ  Դիլիջանի միջազգային այս դպրոցը, որ կը գործէ Դիլիջանի կանանչապատ ու գեղատեսիլ վայրին մէջ, որ կը գտնուի Երեւանէն  մօտաւորապէս երկու ժամ հեռաւորութեան վրայ եւ կը զբաղեցնէ աւելի քան 88 հեկտար հողատարածք ու նոր սկսաւ եւ բարեգործական լայնածաւալ նախաձեռնութիւն մըն է, որ նորովի կը ներկայացնէ Հայաստանը  աշխարհի կրթօճախներու քարտէզին վրայ, ստեղծելով աւելի քան 6Օ երկիրներու տարբեր ազգութիւններու աշակերտներէ ներկայութիւն, Հայաստանին մէջ: Ուսումնական ու հասարակական ամէն մարզէ ներս ծրագրած են լայն գործունէութիւն իրագործել: Այս դպրոցի նախագծի հիմնադիրներն են ռուսաստանաբնակ գործարար եւ բարերար Ռուբէն Վարդանեանն ու իր տիկինը: Դպրոցի հոգաբարձուներու խորհրդի անդամներն են կրթութեան ոլորտի եւ «բիզնեսի» ականաւոր ներկայացուցիչներ Ա.Մ.Ն.էն, Մեծ Բրիտանիայէն, Ֆրանսիայէն, Զուիցերիայէն եւ Ճափոնիայէն: Դպրոցի ուսումնական տարեկան արժէքը  շատ բարձր է, մօաւորապէս  3Օ հազար տոլար, սակայն այս բացառիկ աշակերտներուն զգալի մեծամասնութիւնը կ՛ընդունուի անվճար: Այլազան բարերարներ կը հոգան այդ ծախսը:
Հոս կ՛արժէ խօսիլ, գիտակցական բացառութիւն մը կատարելով, հանրային համեստ դպրոցի մը մասին, որ կը գտնուի Հայաստանի Տաւուշ Մարզի ազերիներու սահմանակից Կայան Աւանին մէջ: Դպրոցական խարխուլ այս հին շէնքը վերանորոգուեցաւ Պոլսոյ Յովհաննէս Հինդլեան անունը կրող, իր հիմնած «Նոր Դպրոց»ի նախկին սաներու Միութեան հովանաւորութեամբ, մեծ մանկավարժին եւ մտաւորականին անունն ու անմոռանալի յիշատակը, Հայաստանին մէջ ալ անմահացնելու ազնիւ մտադրութեամբ: Այս դպրոցին նորոգուած շէնքին բացումը կատարուեցաւ 2ՕՕ5ևին, իսկ պաշտօնական, «Յովհաննէս Հինդլեան» անուանակոչումը տեղի ունեցաւ երկու տարի ետք: Դպրոցը ունի ուսումնական ամէն յարմարութիւն, համակարգիչներ եւայլն, եւայլն: Հոն կ՛ուսանին 14Օևէ աւելի աշակերտևաշակերտուհիներ: Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիրներէն այս անզուգական մանկավարժին, Պոլսոյ մէջ, հարիւր տարիներէ առաջ հիմնած դպրոցի անունն ու ոգին, այս հեռատես ու նպատակայարմար արարքով ապահովեց իր շարունականութիւնը մեր մայր ու հարազատ հողին վրայ, ուսում, սէր եւ լոյս փոխանցելու համար այս շատ սահմանամերձ հայկական համեստ գիւղի երկսեռ աշակերտներուն: Իսկապէս, ուրիշներուն օրինակ եղող եւ յոյժ  գնահատելի արարք մըն է այս կատարուած ազգօգուտ գործը:  Իսկ եթէ ուրիշ Միութիւններու եւ անհատներու հովանաւորութեամբ, Հայաստանին մէջ, դպրոցներ հիմնուած են կամ վերանորոգուած եւ տեղեակ չեմ, ներողութիւն կը խնդրեմ:
Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութիւնը մեծապէս կը քաջալերէ ազգային ու միջազգային մրցոյթները: «Օլիմպիադա» կոչուող այս մրցոյթներուն, պէտք է ըսել, որ բաւական լաւ յաջողութիւններ կ՛արձանագրուին իրենց մասնակցութիւնը բերող մեր աշակերտներուն կողմէ: Բոլոր յաղթողներն ալ կը գնահատուին պետական մակարդակով:
Հեռասեսիլի տարբեր կայաններ ունին դաստիարակչական զանազան ծրագիրներ, ինչպէս «Հայ Ասպետ», «Զարթօնքի Սերունդ» եւ ուրիշներ, որոնք ազգային եւ ընդհանուր գիտելիքներու մրցումներ են, որոնց կը մասնակցին զանազան դպրոցներէ ներկայացուցիչներ: Դպրոցներուն միջեւ տեղի ունեցող այս մրցումներէն հանդէս եկող  աշակերտներուն ցոյց տուած գիտութեան մակարդակը իրապէս բարձր է: Խանդավառիչ ու խրախուսիչ երեւոյթ մըն է այս մէկը, արդարեւ: Այս երեւոյթները իսկապէս կը յուսադրեն մեզի ապագայի նկատմամբ:
Հայոց լեզուի գործածութիւնը.և Հայ ուսուցիչին պաշտօնը մարմնաւորող, իմ նախընտրած բառը դաստիարակն է: Դաստիարակը ոչ միայն գիտութիւն պէտք է փոխանցէ աշակերտին այլ մեր ազգին դարերէն ժառանգ մնացած ապրելակերպին, ազգային սովորութիւններուն, մարդկային մօտեցումներուն եւ որպէս ազգ զանազանուելու եւ գոյատեւելու ոգին: Դաստիադակները լաւ ըմբռնած պէտք է ըլլան, որ եկող սերունդներուն ապագան իրենց ձեռքերուն մէջն է: Սերունդներ դաստիարակելը մասնագիտութիւն ըլլալով հանդերձ, գլխաւորաբար կոչում է ու յատկապէս գիտակցական նուիրում: Հայոց լեզուի ճշգրիտ ու անխաթար գործածութիւնը կարեւոր դեր կը խաղան իրենց ստանձնած այս առաքելութեան մէջ: Այս կարեւոր մարզին մէջ, ոչ միայն սփիւռքին, այլ նաեւ հայրենիքին մէջ, տկար ենք ու տարիներ շարունակ  նահանջողական ոգի կը ցուցաբերենք: Ու այս մէկը, միջավայրի (Սփիւռք) եւ հին Համակարգէն (Հայաստան) բնական կերպով մեզի պարտադրուած վատ սովորութիւն է: Եթէ լեզուն կորսնցնենք (Սփիւռք) եւ կամ զայն աղաւաղենք ռուսական ու թրքական անհիմն, խորթ ու անտեղի բառերով, ինչ որ ներկայիս կը պատահի, դըժբախտաբար մեր ազատ Երկրին մէջ, մեր ինքնութիւնը, մեր գոյութիւնը պահել աշխարհին մէջ, շատ դժուար պիտի ըլլայ: Այս հարցը, մեր ազգային գոյատեւման համար, խոցելի հարց մըն է, երկու ճակատներուն վրայ ալ, որու մասին, ուրիշ առիթով, փաստացիօրէն ու մանրամասնօրէն կ՛արժէ խօսիլ, ձեռքը բաց վէրքին վրայ դնելով, ի մասնաւորի ներկայ Հայաստանի ներքին իրավիճակը նկատի ունենալով: Ես անձնական ու փաստացի շատ օրինակներ ունիմ: Պէտք է ընդունինք այս ճշմարտութիւնը, որ դժբախտաբար պետական վերի խաւերէն կու գայ: Ազգային լեզու, ազգային դաստիարակութիւն եւ ազգային ոգի փոխանցելը նոր սերունդին, համապատասխան պետական մարմիններուն գլխաւոր առաջնահերթութիւնը պէտք է դառնայ, դրական արարքներով եւ ոչ թէ խօսքեր ու քարոզներ արտասանելով միայն: Դպրոցներու յառաջադէմ, գերազանց աշակերտներուն դեռ կարմիր «տիփլոմներ» կը տրուին, փոխանակ եռագոյն վկայականներ տալու: Անձնակազմը տակաւին «կոլեկտիւ» է, իսկ պաշտօնակիցը «կոլեկայ»: Ժամանակացոյցը «կրաֆիկա» կամ «կրաֆիկ»: Վերաքաղը «կոնսուլտացիայ» : «Ռեկտոր», «Տեկան» եւայլն, եւայլն...:  
Ազգային ոգին կը փոխանցուի ազդեցիկ կերպով, դպրոցներուն մէջ մեր ազգային պատմական թուականներու վերյիշումներով, հաւաքական տօնակատարումներով, որոնց նկատմամբ, Հայաստանի դպրոցները,այս ուղղութեամբ, գրեթէ անտարբեր դիրքորոշում կը ցուցադրեն: Ոչ միայն Կրթական նախա- րարութեան կողմէ անոնց տօնակատարութիւնները չեն հրահանգուիր պատասխանատու անհատներուն կամ մարմիններուն, այլ Հ.Հ. Կրթական նախարարութեան բարձր հրամանով Հայաստանի դպրոցները պաշտօնապէս կը փակուին ամավերջի հանդէսներով, Վերջին Զանգով, ինչպէս Հայաստանին մէջ կը կոչեն, Մայիս 28ևի պատմական թուականէն քանի մը օր առաջ: Մայիս 28ևի միակամ ու ժողովրդական այս փառաւոր յաղթանակը մեր ազգին ու Հայաստանին յարատեւ գոյատեւման պատմական հիմնաքարն է: Հայաստանի ապագային նկատմամբ լաւատես ըլլանք ու մեր յոյսը դնենք երիտասարդութեան աւելի առողջ մտածելակերպին վրայ:
Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ ընդհանուր Համակարգը, ինչ վիճակ ալ որ ներկայացնէ,Հայաստանը  չի դադրիր ՄԵՐԸ ըլլալէ:
Ինչ որ ըլլայ, մերն է ան: Վատ կամ լաւ,մերն է ան: Սխալ կ՛ընէ, մերն է ան:  Ճիշտ կը գործէ, մերն է ան: Մեր փրկութեան տունն է ան:

 

 

Մարգար Շարապխանեան