Այս բոցը իր անդադրում առկայծումով կը հսկէ բոլորին վրայ։ Կը հսկէ մտածումներուն, կը հսկէ բոլորի զգացումներուն վրայ։ Կþազնուացնէ վրէժի պոռթկումը եւ կը վերածէ զայն տեսանելի պահանջատիրութեան. պահանջատիրութիւնն ալ՝ ուխտի, խոստումի, տեսլականի լծակից գումարումն է։
Բոցի առհաւատչեայ «դիմագիծը» դարերու ընթացքին զարմացուց մարդիկը, թէկուզ ան ինքնաստեղծ կապ մըն է մարդուն ու աստուծոյ միջեւ։
Բոցը կը զրուցէ մարդուն հետ, Արարատին հետ. բայց Արարատը կը կրթէ, կը դաստիարակէ. աւելին՝ կþարտացոլայ մեր արարքներուն վրայ։ Թոյլ չի տար որ ժամանակը աննպատակ սահի, հիւծի, սպառի ... իր իսկ ժամանակին մէջ։
Բոցը մարդու ու մարդկային հասարակ համեմատութիւններէն հեռու է։ Մարդ կը ծնի, կը մեռնի. բոցի պարագային՝ արժէքնրեու մնայուն զարգացում մը կþապրի դարերու մէջ, դարերու ընդմէջէն։ Իր ծննդեան թուականը ծանօթ չէ. ոչ ալ մահուանը։
Բոցը կրակ է. հայու բեղուն կրակն է. պայքարի խոստում ու կրակարան է։
Խօսքը Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակի մասին է, որ կþերկարի պատմութեան յապաղած ժամանակակագրական հորիզոններուն վրայ։
Հայաստան Համահայկական 5-րդ Համաժողովի առիթով Սփիւռքի նախարարի առաջնորդութեամբ կը փոխադրուինք Ծիծեռնակաբերդի բարձունքը։ Շատ ենք, հարիւրաւորներ. Սփիւռքի աւելի քան 60 երկիրներէ ուխտաւորներ։ Ներկայ են նախարարներ, երեսփոխաններ, հայրենի կուսակցութիւններ, պատմագէտներ, ցեղասպանագէտներ, ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէնը։ Աւելին՝ ներկայ են երեւելի ու աներեւոյթ հարիւրամեայ յիշատակներ, յիշողութիւններ։
Դիմացը՝ Արարատն է. անոր լայնածիր փէշերէն կը տարածուի մեր բռնագրաւուած հայրենիքը։ Այդ հայրենիքը կենդանի է բոլոր հայերու սիրտին մէջ։
Գիտեմ, դժբախտ ես, Արարա՛տ. Թուրքիան ի՛նչ ապերախտ դեր վերապահած է քեզի, սիրելի՜ս։ Բայց քու ցաւդ եկրար տեւեց, քու պատմութիւնդ վերջ չունի։
Ծիծեռնակաբերդի բոցին շուրջ, գլխիկոր, խոնարհած են հայերը։ Անմեղ զոհերու յիշատակը վառ պահելու համար բոլորին բաժնուած են սպիտակ մեխակներ. սպիտակ՝ Արարատի կատարին վրայ ծուարած ձիւնին նման։ Կարմիր ու սպիտակ մեխակներով ալ զարդարուած է՝ նախարարուհիին կողմէ յուշակոթողի սիւնասլացիք կամարներուն առջեւ զետեղուած բոլորաձեւ դափնեպսակը, որ բարեդէպօրէն կþամբողջացնէ Ծիծեռնակաբերդեան սգաւոր տեսարանէն վերընձիւղուող կրակը։ Ամէն կրակ իր պատմութիւնը ունի եւ հոս՝ այս կրակը բացարձակապէս չի ներեր իր առջեւ արտակարգ յարգանքով չխոնարհողներուն. ան քաղաքական ու դիւանագիտական ճկուն մեքենայութիւններու լեզուն չի հասկնար. չէ սորված երբեք. ժամանակ կը գտնէ տարակուսանքով, բայց ժամանակ չի ծախեր իր դաշնակիցներուն, իր թշնամիներուն, անոր բարեկամներուն։
Ծիծեռնակաբերդի խիզախ բոցը ոեւէ մէկուն պարտական չէ. իրե՛ն պարտական են։
Բոցի մասին շատ գիրքեր գրուած են ու չեն գրուած. անոնց մասին աղբիւրներ կան ու չկան. վկայութիւններ կը յամենան ու չեն յամենար, բայց չմոռնանք, որ աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ բաները կրակին համար գրուած են։ Ան՝ ժամանակին մէջ չի կորսուիր, կը վերականգնուի, կը վերականգնէ։ Անոր հռչակը աւելի մեծ է՝ քան իր սփռած ջերմութիւնն ու ջերմութեան անմեկնելի խորհուրդը։
Շատեր կþըսեն, որ բոցը պատերազմի մտրակող նշան է։ Ուրիշներ կþըսեն, թէ անաւարտ խաղաղութեան մը նշանն է։ Երկու պարագային ալ, տարաշխարհիկ նպատակի մը համար իմաստային խորհրդանշան մը կը կազմէ։
Ծիծեռնակաբերդի բոցը հայերէն կը խօսի, որովհետեւ կþապրի հայոց պատմութենէն՝ հայոց պատմութեան համար։
Այս բոցը պատմական աղօտ բաղդատութիւններու չի դիմանար. ուղղակի անցած է հայ ժողովուրդի խիղճին ու կեանքին մէջ։
Ատեն կար, որ բոցը իբրեւ սուրբ եւ սրբութեան «կամար» պաշտուեցաւ եւ իր առջեւ ծունկի եկան աշխարհակալներ, թագաւորներ, զօրավարներ։ Թագաւորներ եղան, որ իրենց մատանիին վրայ իր լրիւ հասակով մեծահռչակ բոցը պատկերացուցին, փառաբանեցին, յուսալով որ ատկէ մեծամոլիկ փառաբանանքի բաժին մը պիտի գողնան։ Եղան նաեւ, պարզ ու համեստ մարդիկ, որոնք երկիւղած յարգանքով խոնարհեցան իր առջեւ եւ յարգանքի ընկալեալ տուրք մատուցանեցին իրեն։ Բայց այսօր, կրակին առջեւ կը խոնարհին կրակապաշտական ուրիշ բանի, հեթանոսական ուրիշ բաներու, եւ դեռ՝ բաղդատական զանազան ու զարմանազան «խորհուրդներու», աղանդներու յանձնապաստանութեան զգացումներով։
Հայերը իրենց համար վերապահած են սրբացած խորհուրդի իմաստն ու խորհրդանիշը եւ դարերու ընթացքին տաքցած են բոցի ջերմութենէն։ Իրենց համար այդ բոցը կը սկսի իր անունով ու կը վերջանայ իր մականունով։ Այդ անունը կրնայ կեանք, կրնայ մահ, եւ կամ՝ այլակերպուած տարբեր բան մը ըլլալ։ Բայց անպայման խորհրդապաշտական բան մըն է, որ գիտէ հաղորդակցիլ հայերուն հետ։
Ուրիշ բոցեր, մեր բոցէն աւելի լաւ բախտ ունեցան։ Մերը՝ Ծիծեռնակաբերդի մէջ օր ու գիշեր կը բոցկլտայ հաշտեցնելով աշխարհի տարամերժ բոլոր հայերը, քանի հոն այցելողները, գէթ պահու մը կը մոռնան կուսակցական եւ այլադաւան իրենց տարբերութիւնները։ Այդ կրակը՝ հոն, կապ ունի միայն իր սեփական աշխարհին հետ. միայն իր աշխարհի հինաւուրց խորհուրդին հետ։ Սիրահարուած է իր շրջակայքի անծայրածիր տեսարանին, քանի հանդիսաւոր այդ տեսարանին դիմաց, նոյնինքն Արարատն է իր լման հասակովը։
Ես ալ, իրեն պէս, գաղտնի ու սիրային զրոյցներ կþունենամ երկու սպիտակ գագաթներուն հետ, անգիտանալով թէ երկուքէն ո՞ր մէկը աւելի կը սիրեմ։
Ծիծեռնակաբերդը Արարատի պատգամը կը փոխանցէ բոլոր հայերուն որ յարգանքի կþերթան անոր բարձունքին, ապա երկիւղածօրէն կþիջնեն յուշահամալիրի սանդուխներէն, հաւասարէ¬հաւասար իր հետ խօսելու համար։
Այդ խօսակցութիւնը կանխամտածուած է. ինչպէս նաեւ, անոր արդիւնքը։ Ցեղասպանութի՜ւնը։ Հոն՝ Ցեղասպանութեան գաղափարը կը վերարտադրուի գաղափարական անվերջ յուզականութեան ու ազատութեան տեսլականով մը։
Բոցին կարողութիւնները բնութեան այլ տարերքներէն պակաս չեն բնաւ։
Հազարամեակներէ ի վեր բոցը մարդոց ու ժողովուրդներու ապագան ճշդած է։ Սարսափի ու պատերազմներու հաւասարակշռութիւնները պահպանած է, այդ իսկ պատճառով լուսաւորած է ու կը շարունակէ լուսաւորել մեր կեանքը, դաստիարակելով մեր ազգային արժէքներու ժառանգականութեան մասին։ Այս կրակը միայն հայոց պատմութեան պատգամներ չի փոխանցեր հայերուն, այլ պատգամներ կը փոխանցէ համաշխարհային պատմութիւնը ընկալողներուն ալ։
Բայց ո՞վ պիտի փոխարինէ զայն։
Մեր բոցին պատերազմը դեռ նոր կը սկսի... ։ (Շար. 10)
Յովսէփ Պարազեան