Հայ ազգը կանգնած է մէկէ աւելի ճամբաբաժաններու առջեւ:
Անհատապաշտութիւն, չարաշահութիւն, սնափառութիւններ, հաւաքականի առաջնորդող գիտակցութեան պակաս եւ հեռանկարի բացակայութիւն, որակի անտեսում՝ ազգը նմանցուցած են սաւանի մը, որուն շուրջ որպէս տէր կանգնածներէն իւրաքանչիւրը իր կողմը կը քաշէ: Չենք անդրադառնար, որ անմիջականի հետամուտ այդ քաշքշուքը բզիկ-բզիկ պիտի ընէ այդ անտէր սաւանը: Հրաշք է, որ անիկա դեռ կը դիմանայ:
Ոչ ոք կ’ուզէ հաշիւ տալ ԱԶԳ-ին, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), կարծէք ան իրարմէ հեռու կղզեակներու անդիմագիծ հակաամբողջութիւն մը ըլլայ:
Հայաստանի վերանկախացումէն ի վեր հայրենասիրութիւնը յաճախ փոխարինուած է զբօսաշրջութեամբ: Յաճախ կը յիշեմ երիտասարդներ Հայաստան տանող-բերող քաղքենիի մը արտայայտութիւնը, որ՝ «երիտասարդները շատ լաւ ժամանակ անցուցին՝ մինչեւ առաւօտ անգլերէն երգելով»… Մեկնաբանութեան չկարօտող խոստովանութիւն մը: Անոնք կրնային նոյնպէս եւ նոյնքան զուարճանալ անգլերէն երգելով, եթէ գացած ըլլային Հոնոլուլու կամ Պորա-Պորա…
Այդ անգլերէն երգող զբօսաշրջիկներուն պճեղ մը հայախօսութիւն, հայ գրականութիւն, հայոց պատմութիւն կը ջամբուի՞, բացի «ճենոսայտ»-ի վերաբերող ընդհանրացած կրկնութիւններէ, որոնցմէ սկսած է բացակայիլ ազգային-գաղափարախօսական իրաւ խորքը, «հատուցում» եզրի ամէն պահու եւ առիթի պատշաճեցուող գործածութեամբ՝ մոռնալով «հայրենահանում»-ը եւ «մշակութասպանութիւն»-ը, որոնք ապրող ժողովուրդի սպառնացող նոյնքան մեծ ոճիրներ են:
Դատարկաբանութիւն է խօսիլ եւ գործել, առանց մշակութասպանութեան դէմ պայքարը ամէնօրեայ օրակարգ եւ նախաձեռնութիւն դարձնելու:
Հայ մտաւորականութիւնը, իր կարգին, դարձած է տեսակ մը «էսթեպլիշմընթ», չ’անհանգստանար եւ չ’անհանգստացներ, էականի մասին քիչ խօսող, ինքզինք դատապարելով սպասողական դիրքի: Ներազգային անընդունելի երեւոյթները չեն նշաւակուիր, կողմնապաշտութեամբ եւ կամ, ինչպէս կ’ըսեն, չուզելով գէշ մարդ ըլլալ, ընդհանրացումներ կը կրկնուին: Գովերգութիւնը երբեք յառաջդիմութեան ազդակ չէ եղած, եղած է լճացման ազդակ:
Ընկերութեան նկատմամբ հարցականներով առաջնորդուող մտաւորականութիւն կը փնտռուի: Ոմանք ալ կը հագնին կողմերէն վեր, ասդին-անդին կամ հաւասար հեռաւորութեան վրայ ըլլալու «էսթեթ»-ի պարեգօտ, տեսակ մը՝ բացառիկութեան շապիկ, բաւարարուելով նետուած ծաղիկներով կամ լամբակին կպցուած զարդերով:
Այս՝ Հայաստան եւ ինքնագոհ սփիւռք(ներ):
Երբ հեռանկարի անգոյութեան մասին ակնկարկութիւն կ’ըլլայ, «էսթեպլիշմընթ»-ը կը դժգոհի, եթէ չգոռայ… խուլ կը ձեւանայ: Միակ դրական վերաբերումը այն է, որ ինչպէս բռնատիրական երկիրներու եւ ընկերութիւններու մէջ կը պատահի, գէթ խօսքի արգելք չեն ըլլար, որ յառաջդիմութիւն է:
Խօսինք օրինակներով:
Առանց ԱԶԳ-ի վիճակի գնահատումը ընելու եւ զայն լսելու, ինչպէ՞ս կարելի էր Մելգոնեան կրթա- կան Հաստատութիւնը փակել: Այդ մասին խօսուեցաւ եւ կը խօսուի, բայց լսող չեղաւ, տերեւ չշարժեցաւ: «Էսթեպլիշմընթ»-ը չանհանգստացաւ եւ բեմի վրայ կը մնայ, կարծէք՝ ոչինչ պատահած ըլլայ:
Ինչպէ՞ս կարելի է «էսթեպլիշմընթ» խաղալ եւ հայ տղան, ան ըլլայ մեր կամ ուրիշին զաւակը, զրկել հայկական վարժարանի մէջ աճելու իրաւունքէ, նոյնիսկ երբ այդպէս կ’որոշեն ղեկավարութիւնները, քաղքենիացած ծնողքը կամ ջոջը, օտարալեզու դպրոցներ բանալով կամ հոն ղրկելով: Կարծէք յարգելիութիւնը եւ յառաջդիմութիւնը ոչ հայկական վարժարանի մէջ ձեռք կը բերուի եւ կը յառաջանայ ազգային մշակոյթէ եւ պատմութենէ անտեղեակներու «էսթեպլիշմընթ», որուն նկատմամբ անվստահութիւն պէտք է ցուցաբերել, ինչ որ չենք ըներ: Կ’ընենք հակառակը: Փաստերը խօսուն են:
Ինչպէ՞ս կարելի է ամպագորգոռ ժողովներ գումարել կամ անոնց մասնակցիլ եւ միաժամանակ հայախօս-հայատառ թերթը դադրեցնել:
Ինչպէ՞ս կարելի է վասն սնափառութիւններու եւ տեղական-տեղայնական շահերու մեր բեմերը եւ լրատուամիջոցները հետզհետէ աւելի օտարախօս դարձնել՝ մեր նախաձեռնութիւններով նահանջին գործնականութեան շղարշ հագցնելով: Օտարախօս թերթը, բեմը, գիր-գրականութիւնը, իրապէս, ցարդ ի՞նչ նպաստ բերած են մեր ինքնութեան զարգացման, մեր տեղատուութիւններու կասեցման, իրաւունքներու վերականգնման, ազգի համրանքի պահպանման, օտարացման եւ օտարման դէմ թումբ կանգնելու: Կըրնա՞նք պատասխանել ազգի տոկալու եւ տեւելու հայեցակէտէն, եւ ոչ թաղային երեւելիութեան կամ հա- սարակ մարդորսութեան:
Ինչպէ՞ս կարելի է ընդունիլ, որ հայկական մշակոյթի կեդրոններու գրադարանները ծառայեն միայն սրահի գեղազարդման: Ո՞ւր են ընթերցողները: Հարց կու տա՞նք, թէ ինչո՞ւ անոնց ապակեդարանները չեն բացուիր, նոյնիսկ՝ անոնց ետին հաւաքուած փոշին վերցնելու համար: Այսինքն այդ գրադարաններուն մէջ գիրքերու գոյութիւնը կամ անոնց դատարկութիւնը տեսակարար ի՞նչ տարբերութիւն ունին: Երբ ասդին-անդին այցելութիւններ կը տրուին ընդունելութեան մը առիթով, լաւ կ’ըլլայ չբաւարարուիլ փակ փեղկերով գրադարաններու առջեւ լուսանկարուելով եւ գինիի բաժակով:
Ինչպէ՞ս կարելի է ընդունիլ, որ հայ բանաստեղծի թաղումը ըլլայ եօթը հոգիով, ուրիշի մը՝ քսան հոգիով եւ դրուի անտէրներու եւ մոռցուելու դատապարտուածներու գորշ տուփի մը մէջ, արուեստագէտ մը նետուի հասարակաց փոսի մը մէջ, երբ այդ տխրութիւններու փոխարէն՝ տակառային աղմուկով երգի համար սրահները կը յորդին:
Այս մոխրակալած պատկերին ի տես, ո՞վ պիտի նուիրուի բանաստեղծութեան, գեղարուեստի, ոգի ժառանգելու եւ կտակելու… Այսինքն ինչպէ՞ս պիտի կարենանք պորպռալ, որ մենք ինքնուրոյն ազգ ենք, մշակոյթի ազգ ենք, հայապահպանման ջատագով ենք, մշակոյթի միութիւններ պահպանուին եւ անոնց գըլխուն հանգամանաւորներ բազմին, ընդունելութիւններու եւ նկարուելու համար, երբ հայերէն գիր-գրականութիւնը իրենց համար սեղանի զարդ անգամ չէ:
Այսպէս, անկեղծութեան պահու մը, անգտանելի դարձած պահ, եթէ մենք մեզ չհարցապնդենք կառոյցներու եւ հաստատութիւններու վախճանական (finalite) նպատակի մասին, դաշտահանդէսի գինով- ներու «քոչարի»-ին պէս գետինը կը դոփենք եւ երջանկութեան փոշի կը հանենք:
Խօսինք պարզ կերպով: Սփիւռքի մէջ ինչո՞ւ հայկական վարժարան հիմնել, պահել, ունենալ: Այս հարցումին պէտք է պատասխանել առանց սեթեւեթի: Մի՞թէ հայկական վարժարանի վախճանական նպատակը չէ մոռցուած այլ տեղատուութիւններով կամ մակերեսայնութիւններով:
Իսկական հեռանկար եւ սկզբունքներ կը բացակային եւ կը փոխարինուին ինքնարդարացման ճապկումներով:
Լոս Անճելըսի մէջ դասախօսութիւն կը կազմակերպուի հայկական սրահի մը մէջ, օտար հայագէտ մը կու գայ եւ կը բացատրէ, որ հայերէն պէտք է սորվիլ հին գիրքերը հասկնալու համար: Այսինքն հայերէնը մեռած լեզու է, ինչպէս՝ սեպագիր արձանագրութիւնները: Եւ զարմանալի կերպով ներկայ հայերը կը ծափահարեն: Այս տխրութիւնը կը լուսաբանուի, երբ կազմակերպողը կը յայտնէ այն չնաշխարհիկ կարծիքը, որ՝ «հայերէնը ռոմանթիկ լեզու է, բիզնեսի լեզու չէ»… Եթէ ազգային հպարտութիւն պահած ըլլայինք, հոտած հաւկիթ կը նետէինք մարդուն գլխուն… Այդ գիտակցական քաջութիւնն անգամ կորսնցուցած ենք:
Այս պայմաններուն մէջ, առանց ձուկը ջուրին մէջ խեղդելու միտող ճապկումներու, պէտք է պատաս- խանել պարզ, բայց անշրջանցելի հարցումներու.
- Ինչո՞ւ հայկական վարժարան ունենալ, ի՞նչ ընելու, ո՞ւր հասնելու եւ սերունդը ո՞ւր հասցնելու համար:
- Ի՞նչ պիտի ըլլայ հայ դպրոցին բնոյթը՝ յարաբերաբար ազգի հիմնահարցերուն. ազգային-գաղափարախօսականի (կրօնականի, յարանուանականի, կամ հատուածականի մասին չէ խօսքը):
- Ան տեղական-տեղայնական-համայնքային «ձեռնա՞րկ» մը պիտի ըլլայ, թէ՞ պիտի համարկուի «հայեցի կրթութեան» ընդհանուր տեսիլքի մը մէջ, զոր ցարդ աստ եւ անդ մարդիկ իրենց ըմբռնումով սահմանած են, մասնակի ըմբռնումներ:
- Երբ հայ դպրոցը չի յաջողիր հայերէնը իսկական հաղորդակցական լեզու դարձնել, հայ գրականութեան եւ մշակոյթի նուիրեալներու ծնունդ տալ, կեանքի մէջ յաջողակ անձեր արտադրելով հանդերձ, պիտի ըսե՞նք, որ հայ դպրոց ունինք, որ հայ դպրոցը յաջողած է:
Այս հարցումները կրնան կրկնութիւն թուիլ, ոմանք կրնան ըսել՝ վհատեցնող, բայց անոնք կը վերաբերին դպրոցէն անդին ազգի լինելութեան: Ճշմարտութեան մենաշնորհը ոչ ոք ունի՝ ոչ սաւանանման վկայականներով զինուածները, ոչ ղեկավարութիւնները, ո՛չ նախագահները, ո՛չ պետական գործիչները, ո՛չ կրօնականները: Այդ ճշմարիտին հասնելու համար նախ պէտք է խօսիլ, չվախնալ վիճարկումէն, ապաւինել երկխօսութեան ճամբով ձեռք բերուելիք բիւրեղացման:
Հայ դպրոցը ազգի պատկանելիութեան եւ ինքնութեան պատրաստութեան վայրն է: Այդ ինքնութիւնը քանի մը պարով, քանի մը հասկցուած-չհասկցուած արտասանութեամբ եւ երգով չի կերտուիր: Ճիշդ է, արտասահմանի մէջ, հայ դպրոցը պարտաւոր է աշակերտը պատրաստել շրջապատի մշակոյթի ընկալման եւ կեանքի մէջ յաջողութեան: Բայց եթէ այդ պիտի ըլլայ ի հեճուկս հայեցի կրթութեան, եթէ հայերէնի ուսուցումը կանգ պիտի առնէ «հաց-պանիրի հայերէն»-ի սահմանին վրայ, հայ դպրոցը կը պարպուի իր նպատակէն, դպրոցի պատասխանատուները կը դաւաճանեն իրենց իսկական ծրագրին, ի՛նչ որ ալ ըլլան պայմանները. պետական պարտադրանք, ծնողներու (յաճախ անբանիմաց եւ նոր քաղքենիացած): Յաջորդական զիջումները հայ դպրոցը կը տանին հոն, ան կը դադրի հայ դպրոց ըլլալէ, կը դառնայ ընթացիկ տեղական կրթական հաստատութիւն մը, որ բացի ջոջական եւ մրցակցական բաւարարութենէ՝ ուրիշ բան չի խոստանար ազգին:
Հայ դպրոցը հայ ժողովուրդի ներկայի եւ ապագայի երաշխիքն է: Այս ըմբռնումով պէտք է որ անոնք գործեն՝ յաղթահարելով այլազան տուրքերու պարտադրանքը: Օրինակ, երբ հայ դպրոցի յաջողութիւնը կը չափենք միայն պետական քննութիւններու յաջողածներու տոկոսով՝ առանց բառ մը իսկ ըսելու հայերէնի տիրապետողներու տոկոսին մասին: Նման վերաբերում ապազգայնացման ընթացք է, եւ եթէ նման երեւոյթներ չդատափետուին, այդ կ’ըլլայ ղեկավարութեան հեռանկարէ զուրկ ըլլալով՝ նահանջը:
Հայեցի կրթութիւնը սոսկ տեղական պահանջ մը չէ: Ան ինքզինք պէտք է տեղաւորէ համազգային ծրագրումի ծիրէն ներս: Այն օրը, երբ կը սկսինք ըսել, որ ինչ որ կարելի է, օրինակ՝ Սուրիոյ մէջ, կարելի չէ Ֆրանսայի կամ Ամերիկայի մէջ: Այս անհեռանկար քաղաքականութիւն է, որ կը դրսեւորուի տեղատուութիւններու ասպետներու խայտառակ տրամաբանութեամբ:
Կրթական գործը մասնագիտական աշխատանք է: Հայեցի կրթութեան պարագային՝ նաեւ հայերէնի, հայ մշակոյթի տիրապետում, խոր ըմբռնում: Համազգային-համասփիւռքեան կազմակերպութիւն պէտք է մասնակիէն եւ տեղականէ այլ մակարդակ անցնելու համար: Եթէ այս չըլլայ, օր մը կը գտնուինք անելանելի կացութեան մէջ, եթէ հոն չենք:
Ինչ որ կ’ըսեմ, յոռետեսութիւն չէ, իրատես ըլլալու ճիգ է:
Ինչպէ՞ս ունենալ հրապարակային վիճարկում այս հիմնախնդրով:
Ինչպէ՞ս իրականացնել հեռանկարային եւ հա- մապարփակ ծրագրում, որոնցմո՛վ եւ ո՛ր նիւթական միջոցներով, այլապէս կը խրինք մեր աւանդական շատախօսութիւններու ճահիճին մէջ:
Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման հռչակման օրն է: Կը յուզուինք: Այդ տողանցքային յուզումը անբաւարար է ազգ պահելու, եթէ խորքը կորսուի:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ