Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Ջերմապէս գնահատելի է Ազգ. Վարչութեան հայ ուսուցիչներ պարգեւատրելու մտայղացքը, որոնց կարգին նաեւ զիս, որպէս Ազգային- Զաւարեան Վարժարանի ուսուցչուհի ու նաեւ որպէս Համազգային Մշակութային Միութեան եւ Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամ:

Պարգեւատրումը առաւել հանգամանալից կը դառնայ երբ կ'ըլլայ մեր սիրելի, Ն.Ս. Օ. Տ.Տ. Արամ Ա.ին Շնորհազարդ Վեհափառ Հայրապետի բարձր ներկայութեամբ եւ տուչութեամբ: Առ այդ՝ Խորին եւ ավերապահ շնորհակալութիւններս կը յայտնեմ Ազգային Վարչութեան պատուարժան ատենապետին եւ անդամներուն, իրենց գեղեցիկ եւ ազնիւ նախաձեռնութեան համար:

Այս առթիւ կը փափաքիմ երախտագիտական զգացումներս յայտնել ծնողքիս, որոնք կարելիութիւնը եւ պատեհութիւնը տուին ինծի, Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան մէջ ուսանելու, այլապէս այս հարթակին վրայ պիտի չըլլայի ես այսօր: Այժմ դժբախտաբար,ափսո՜ս «սրբանուէր լոյսի այս տաճար»ը իր դռները փակած է հայութեան առջեւ:
Երախտագիտական խորին զգացումներս կ'ուզեմ յայտնել իմ բոլոր ուսուցիչներուս եւ յանուն բոլորին պիտի յիշատակեմ մէկը, մեծ մանկավարժ եւ յատկապէս մանկավարժական գրքերու հեղինակ Պօղոս ԳԷորգեանը, մանկավարժութեան իմ ուսուցիչս:
Շնորհակալութիւն բոլոր պաշտօնակիցներուս, որոնց հետ մեր գործակցութիւնը եղաւ իրերհասկացողութեամբ եւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ:
Մասնաւոր շնորհակալութիւններ իմ երկարամեայ պաշտօնակիցներուս օր. Գեղանուշ Աւշարեանինին, պրն. Կիրակոս Մկրտիչեանին, տիկին Մարի Թորոսեանին, պրն. Սթաւրոս Ապարեանին, մեր գործակցութեան համար:
Վերջապէս շնորհակալութիւններ իմ սիրելի աշակերտներուս, որոնք իրենց տղու հոգիի գեղեցկութենէն ինծի ալ բաժին մը տուին եւ իմաստաւորեցին ու գեղեցկացուցին իմ կեանքս:
Պօղոս Գէորգեան, մանկավարժութեան մեր ուսուցիչը, Մելգոնեանի երեք մասնագիտական ճիւղերէն մանկավարժութիւնը ընտրող տղոց, որոնց մէջ նաեւ ես համեստաբար, մեր առաջին հանդիպումին ըսած էր.
«Մանկավարժութիւնը շատ դժուար ասպարէզ մըն է. Որովհետեւ անոր գործը կապ չունի նիւթին հետ. այլ տղուն. բնութեան ամենասիրելի եւ ամենաթանկագին էակին հոգիին հետ. բայց իր մէջ կը պարփակէ այնպիսի թաքուն գեղեցկութիւններ որոնք հարկ է փնտռել, գտնել եւ երեւան հանել. այդ պարագային միայն տղուն դաստիարակութեան գործը կը դառնայ աւելի հաճելի եւ օգտաշատ:Մանկավարժութիւնը սիրոյ գործ է »: Եւ ամսուան մը ժամանակամիջոց տուած էր լաւ մտածելու մեր վերջնական որոշումը առնելու համար:
Սեպտեմբերի կիզիչ միջօրէ մըն էր, որպէս ուսուցչուհի այլեւս, մուտք գործեցի, մեր հին Զաւարեանի բակին հնամաշ դռնէն, հանդիպելու համար ուսուցչին, որուն հետ ժամադրուած էինք: Հազիւ երկու քայլ առած, շէնքի դռնէն դուրս ելաւ նաեւ ուսուցիչը եւ գրեթէ միաժամանակ, նոյն դռնէն դուրս թռաւ տղեկ մը, որ ոտքի մատներուն վրայ թեթեւ քայլերով, դէմքը տեսակ մը ծամածռելով եւ տղայական ձեռքի չարաճճի շարժումներով կու գար ուսուցչին ետեւէն: Այս տեսարանին ականատես , ըսի ինքիրենս: «Քաշելիք ունինք»:
Մենք, ուսուցչին հետ յառաջացանք դէպի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ կից գտնուող Ազգային Վարժարան: Բակի դռնէն ներս մտնելով,դրան ճռնչիւնէն, բնազդաբար, դասարանի դէպի բակ նայող պատուհանէն դուրս, դէպի մեզ դարձան ու նայեցան չորս-հինգ փոքրիկ անուշիկ շատ սիրուն աղջնակներ հետաքրքիր նայուածքով: Նայեցան մեզի, իրարու բաներ մը փսփսացին եւ ժպտեցան ուրախ: Ես ալ ժպտեցայ եւ ձեռքի շարժումով մը բարեւեցի: Հինգ անուշիկ, շատ սիրուն ժպտերես աղջնակներուն այս գեղեցիկ պատկերը խոր տպաւորեց զիս. անօրինակ ուրախութեամբ մը համակուեցաւ սիրտս եւ լաւ սկիզբի մը վստահութիւնը ներշնչեց, ուժ ու եռանդ ստացայ կարծես: Մտայ դասարան եւ հոն գտնուող ուսուցիչը, ներկայացուց զիս, տղոց ըսելով. «Օրիորդ Շաքէ Տէր Արթինեանն է. ձեր ուսուցչուհին եւ լաւ կ'ըլլայ որ Օր. Տէր Արթինեան ըսէք դուք իրեն»:Այդ հինգ աղջնակները որոնք այնքան տպաւորեցին եւ խրախուսեցին զիս, Այտան,Արմենուհին, Լիզան, Անին, Զապէլն էին որոնք պատժուած էին այդ օր...: Իմ առաջին ձագուկներս:
Մեր Մանկավարժութեան ուսուցչին, Պօղոս Գէորգեանին խօսքերը եւ որպէս ուսուցչուհի իմ առաջին օրս, առաջին տպաւորութիւններս դպրոցէն ներս, քառասուն եւ ինը տարիներ պաշտօնավարութեանս ընթացքին եւ մինչեւ այսօր անգունաթափ մնացած են մտքիս ու հոգիիս մէջ. այդ օրը երբ իմ կեանքս նոր հունի մէջ մտաւ. ամբողջական սիրով փարեցայ այդ ասպարէզին. ջանացի շրջանցել դժուարութիւնները, փնտռել ու գտնել գեղեցիկը եւ անով լիցքաւորել կեանքս: Սիրեցի բոլոր տղաքը անխտիր եւ ինչ լաւ ու բարին ունէի իմ մէջս տուի անոնց եւ որոնց փոխարէն ստացայ շատ բաներ. անոնց սէրը, ասպարէզին գեղեցկութիւնները:
Հայ ուսուցչին դերը, առաքելութիւնը պիտի ըսէինք, միայն վաղուան լաւ մարդը պատրաստել չէ. Այլ վաղուան լաւ հայ մարդը: Ինքնութեամբ, հայութեամբ հպարտ, ազգային ոգիով թրծուած մարդը դաստիարակելն է: Ջանացի եւ ջանացինք մեր սիրելի պաշտօնակիցներուն հետ համագործակցաբար մեր անձերուն իսկ օրինակով մեր տղոց հոգիին մէջ ներմուծել հայրենասիրութիւն եւ ներշնչել ազգային պատկանելիութեան հպարտութիւն. Որպէս հայ ուսուցիչ մեր կոչումին արժանի ըլլալու նախանձախնդրութեաբ:
Ուսուցչին համար ուրախութիւն եւ հոգեկան բաւարարութիւն է տեսնել իր աշխատանքին արդիւնաւորումը. ուրախութիւն է տեսնել իր աշակերտներուն յաջողութիւնները. տեսնել մեր գաղութային կեանքի որեւէ բնագաւառէն ներս անոնց ընծայաբերումը, մասնակցութիւնը, որեւէ ձեւով, որեւէ ճամբով, որեւէ մակարդակէ, ուրախութիւն է տեսնել որ անոնք դարձած են ազգային գիտակցութեամբ զինուած օգտակար անհատներ, հայեր:
Ի՝նչ որ տուած եմ, եթէ տուած եմ, կամ որքան որ տուած եմ, ըլլայ դպրոցին, ըլլայ Համազգայինին ըլլայ Եկեղեցւոյ, իմ բարի տրամադրութիւններս, համեստ կարելիութիւններս կամ կարողութիւններս, տուած եմ սրտանց եւ սիրով, այն խոնարհ համոզումով եւ յանձնառութեամբ թէ ես ալ ուրիշ շատերու կարգին, իմ դոյզն մասնակցութիւնս կը բերեմ, մեր գաղութին հայապահպանման հայակերտման, հայօրէն գոյատեւման ուղղութեամբ տարուած եւ տարուող սրբազան անյետաձգելի, գերազանց ճիգին ու պայքարին:
Եւ չենք հարցներ ի՞նչ կու տայ ազգը մեզի, այլ մենք ի՞նչ կու տանք անոր:
Եւ համարելով որ հաշուեյարդարի պահն է հիմա, հարցնենք, Վահան Թէքէեանի խօսքերով:
«Հաշուեյարդար,
Ի՞նչ մնաց կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց,
Ինչ որ տուի ուրիշին տարօրինակ այն մնաց.
Ինչ որ գնաց ուրիշին վերադարձաւ
անուշցած, զօրացած,
Հոգիիս մէջ մնալու յաւիտեան:
Ինչ որ տարաւ սէրն ինձմէ,
չկորսնցուց զայն Աստուած
Տուաւ ինծի ետ ու ըրաւ կեանքս անով միշտ բուրեան»

Շաքէ Տէր Արթինեան- Էլմասեան